­Նո­յեմ­բեր 29ին, 12 տա­րի ա­ռաջ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, տեղ­ւոյն Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հան­դի­սա­շուք տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ըն­թաց­քին, օ­րո­ւան իր պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լէ վայր­կեան­ներ ետք, յան­կար­ծա­մահ շի­ջե­ցաւ եւ հո­գին ա­ւան­դեց ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­ժէ­քա­ւոր ու ար­ժա­նա­ւոր նո­ւի­ րեալ­նե­րէն՝ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի 45 տա­րի­նե­րու Ա­ռաջ­նորդ ­Սա­հակ Ար­քե­պիս­կո­պոս Այ­վա­զեան։

Այդ­պէ՛ս, շրջա­պա­տո­ւած իր այն­քան սի­րած ու գուր­գու­րան­քով ա­ռաջ­նոր­դած հօ­տին զա­ւակ­նե­րով, նաեւ՝ հո­գե­ւո­րա­կան թէ աշ­խար­հա­կան իր հին ու նոր գոր­ծա­կից­նե­րով, ­Սա­հակ Արք. Այ­վա­զեան անխ­ռով հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։ Ինչ­պէս իր կեն­դա­նու­թեան եւ ան­բա­սիր ծա­ռա­յու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, նոյն­պէս եւ յան­կար­ծա­կան իր վախ­ճա­նու­մի պա­հուն, ­Սա­հակ Սրբա­զան միայն բա­րի, ի­րա­տես ու նե­րո­ղա­միտ ժպի­տով փա­կեց աչ­քե­րը՝ հա­յոց ազ­գին եւ հայ­րե­նի­քին մին­չեւ վերջ շունչ պատ­գա­մե­լով, որ պէտք չէ յու­սա­հա­տիլ, ընդ­հա­կա­ռակն՝ ա­մե­նայն հա­ւատ­քով պէտք է ար­ձան­գան­գել հա­յու հո­գիէն բխած ծա­նօթ եր­գի այն լա­ւա­տե­սու­թեան, թէ «ձա­խորդ օ­րե­րը ձմրան նման կու գան ու կ’եր­թան»…

­Նոյն այդ ո­գիով յա­գե­ցած էր մա­նա­ւա՛նդ իր կա­րա­պի եր­գը՝ սրտի կա­թո­ւա­ծի հե­տե­ւան­քով վախ­ճա­նու­մէն վայր­կեան­ներ ա­ռաջ ­Սա­հակ Սր­բա­զա­նի ար­տա­սա­նած պատ­գա­մա­շունչ խօս­քը։

Իր հօ­տին եւ բո­վան­դակ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­մէ­նուր ար­ձա­նագ­րած նո­ւա­ճում­նե­րը, յատ­կա­պէս Ա­զատ ու Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­կանգ­նու­մը ող­ջու­նող եւ հա­մազ­գա­յին ո­գե­ւոր­ման աղ­բիւր հռչա­կող ա­կա­նա­տե­սի վկա­յու­թիւն մը ե­ղաւ ­Սա­հակ Սր­բա­զա­նի վեր­ջին խօս­քը։

Ինչ­պէս որ ամ­բողջ տաս­նա­մեակ­ներ շեշ­տած էր ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րան­նե­րէն եւ հայ կեան­քի հան­դի­սա­ւոր բե­մե­րէն իր տո­ւած քա­րոզ­նե­րով, հո­գե­լոյս Սր­բա­զա­նը վեր­ջին ան­գա­մո­ւան մը հա­մար բո­լո­րին յոր­դո­րեց յա­ռա՛ջ ըն­թա­նալ հա­յու հա­ւատ­քով եւ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ, մին­չեւ որ հա­յոց պան­ծա­լի Ե­ռա­գոյ­նը ի վեր­ջոյ ծա­ծա­նի Ա­րա­րա­տի կա­տա­րին։

Ի վե­րուստ բա­նաս­տեղ­ծա­կան եւ հռե­տո­րա­կան շուն­չով օժ­տո­ւած, մա­նա­ւանդ ե­րաժշ­տա­կան ձիր­քի տէր ­Սա­հակ Արք. Այ­վա­զեա­նի հա­մար միայն սրտա­բուխ խօսք չէր ամ­բողջ կեանք մը ի­մաս­տա­ւո­րած այդ պատ­գա­մը։ ­Շուրջ կէս դա­րու վրայ տա­րա­ծո­ւած ազ­գա­յին-հո­գե­ւո­րա­կան անձն­դիր ծա­ռա­յու­թեան եւ հան­րա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեան ար­գա­սիքն էր բա­րու­թեամբ, նե­րո­ղամ­տու­թեամբ եւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ աշ­խարհն ու հա­յու­թիւ­նը ըն­կա­լե­լու ­Սա­հակ Սր­բա­զա­նի կտա­կը։ ­Կը բխէր ­Լու­սա­ւոր­չի ­Կան­թե­ղին ո­գե­ղէն լոյ­սով աչք բա­ցած եւ ­Կի­լի­կեան Ս. Ա­թո­ռի հա­յա­պահ­պան ա­ւանդ­նե­րով կազ­մա­ւո­րո­ւած եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Սր­բա­զա­նի ­Հա­ւատ­քի ու ­Նո­ւի­րու­մի կեն­սա­փոր­ձէն։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Յա­կոբ Այ­վա­զեան՝ լու­սա­հո­գի Սր­բա­զա­նը ծնած էր ­Կիպ­րոս, 14 ­Դեկ­տեմ­բեր 1929ին, ա­տա­նա­ցի ծնող­քէ։ ­Նի­կո­սիոյ ­Մե­լի­քեան-Ու­զու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խակր­թա­կան իր ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք, քա­նի մը տա­րի յա­ճա­խած էր ­Մել­քո­նեան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան։

1947ին, կու­սակ­րօն ե­կե­ղե­ցա­կան դառ­նա­լու կո­չու­մով եւ ան­սա­լով նոյն­պէս կիպ­րա­հայ ­Խո­րէն Սր­բա­զա­նի (հե­տա­գա­յին ­Կա­թո­ղի­կոս՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց) յոր­դոր­նե­րուն, 18ա­մեայ ­Յա­կոբ Այ­վա­զեան ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ Ան­թի­լիա­սի Դպ­րե­վան­քի ու­սա­նող։ Դպ­րե­վան­քի ­Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցի եւ Ըն­ծա­յա­րա­նի բա­ժին­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­լէ ետք, 1953ին ան ա­բե­ղայ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ՝ կո­չո­ւե­լով ­Տէր ­Սա­հակ, ի յի­շա­տակ ­Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի տա­րագ­րու­թեան օ­րե­րու ­Կա­թո­ղի­կոս ­Սա­հակ Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս ­Խա­պա­յեա­նի։

Այ­նու­հե­տեւ, ե­րաժշ­տա­կան իր ձիրքն ու հե­տաքրքրու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու հե­ռան­կա­րով՝ ­Սա­հակ Ա­բե­ղայ հինգ տա­րի հե­տե­ւե­ցաւ ­Լի­բա­նա­նի ­Պե­տա­կան Ե­րաժշ­տա­նո­ցի դա­սըն­թաց­նե­րուն։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ կրօ­նի դա­սա­ւան­դու­թիւն կա­տա­րեց ­Պէյ­րու­թի «­Վա­հան ­Թէ­քէ­յեան» եւ Ազ­գա­յին «­Սուրբ Ն­շան» վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ ­Նաեւ՝ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ վա­րիչ-տնօ­րէն ­Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի ­Կի­րակ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն։ Այս շրջա­նին ­Սա­հակ Ա­բե­ղա­յին վստա­հո­ւե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան երկ­սեռ երգ­չա­խում­բին, ո­րուն ան­դամ­նե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցաւ հա­րիւ­րի՝ ե­րի­տա­սարդ ե­կե­ղե­ցա­կա­նին ջան­քե­րով։ ­Սա­հակ Ա­բե­ղա­յի ղե­կա­վա­րած բարձ­րո­րակ այդ երգ­չա­խում­բը պատ­մա­կան ե­լոյթ ու­նե­ցաւ 1956ին, երբ նո­րըն­տիր ­Զա­րեհ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ քա­ռա­ձայն ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

Այս­պէ՛ս սկսաւ հո­գե­ւո­րա­կան ու ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան աս­պա­րէ­զը ­Սա­հակ Ա­բե­ղա­յին հա­մար, որ 1957ին ­Կիպ­րո­սի մէջ ստա­ցաւ վար­դա­պե­տա­կան իր տիտ­ղո­սը։ ­Հա­զիւ տա­րի մը ետք, 1958ին, երբ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Թե­մա­կան ­Ժո­ղո­վը պատ­մա­կան ո­րո­շում կա­յա­ցուց միա­նա­լու ­Կի­լի­կեան Ս. Ա­թո­ռի թե­մե­րուն, ­Սա­հակ ­Վար­դա­պետ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ։ ­Զա­րեհ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ձե­ռամբ Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րո­ւե­լէ ետք, ­Սա­հակ Սր­բա­զան նոյն տա­րին իսկ ե­կաւ Ա­թէնք եւ ստանձ­նեց ի­րեն վստա­հո­ւած ծանր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ե­րե­սուն տա­րե­կա­նին նման պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թեան կո­չո­ւե­լով եւ, այդ տա­րի­նե­րուն, հայ կեան­քը ամ­բող­ջա­պէս փո­թոր­կած միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան բուռն պայ­քար­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ գոր­ծե­լով, ­Սա­հակ Սր­բա­զան միայն բա­րու­թեամբ եւ նե­րո­ղամ­տու­թեամբ, այ­լեւ ե­կե­ղե­ցա­կա­նի ու ազ­գա­յին ծա­ռա­յո­ղի իր ան­բա­սիր վար­քով կրցաւ դի­մա­նալ ընդ­հան­րա­պէս ­Կի­լի­կեան ­Սուրբ Ա­թո­ռին, նաեւ անձ­նա­պէս իր դէմ ուղղուած ա­մէն կար­գի վի­րա­ւո­րանք­նե­րուն։

Եւ ­Սա­հակ Սր­բա­զան պա­տո­ւով դուրս ե­կաւ այդ դառն ու դժո­ւա­րին փոր­ձու­թեանց հանգ­րո­ւա­նէն։

Առ ի գնա­հա­տանք ու քա­ջա­լե­րանք ամ­բողջ յու­նա­հա­յու­թեան բա­ցո­ւե­լու եւ, ա­ռանց գա­ղա­փա­րա­կան թէ քա­ղա­քա­կան խտրու­թեան, բո­վան­դակ գա­ղու­թին ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու ­Սա­հակ Սր­բա­զա­նի հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն ու լայ­նա­խոհ մօ­տե­ցում­նե­րուն, ­Խո­րէն Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս 1964ին Ար­քու­թեան տիտ­ղոս շնոր­հեց յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դին։

­Մին­չեւ իր կա­թո­ւա­ծա­հար վախ­ճա­նը, ­Սա­հակ Արք. Այ­վա­զեան միեւ­նոյն ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ գոր­ծեց՝ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին բո­լո­րա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թիւ­նը իր գե­րա­գոյն կո­չումն ու, միա­ժա­մա­նակ, բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը նկա­տե­լով։

­Դի­մա­ցաւ, չյոգ­նե­ցաւ եւ ան­խոնջ շա­րու­նա­կեց գոր­ծել՝ իր սե­փա­կան ու կրթիչ օ­րի­նա­կով բո­լո­րին սոր­վեց­նե­լով, որ մէկ է ու ան­բա­ժա­նե­լի ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին, իսկ ­Լու­սա­ւո­րի­չի ­Կան­թե­ղը հա­ւա­սա­րա­պէս կը պլպլայ եւ հա­ւատք ու լոյս կը բաշ­խէ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րա­պե­տա­կան Ա­թոռ­նե­րուն պատ­կա­նող բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ու խո­րան­նե­րէն։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին, իբ­րեւ ­Լու­սա­ւոր­չի ­Կան­թե­ղին եւ ­Կի­լի­կեան ­Սուրբ Ա­թո­ռին ջեր­մե­ռանդ ջա­հա­կի­րը՝ ­Սա­հակ Արք. Այ­վա­զեան 45 տա­րի նո­ւա­ճեց հայ թէ օ­տար, հո­գե­ւո­րա­կան թէ պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու շրջա­նակ­նե­րու յար­գանքն ու վստա­հու­թիւ­նը։

Ն.