­altՆո­յեմ­բեր 25ի օ­րը, յի­սու­նե­ւե­րեք տա­րի ա­ռաջ, Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու ­Պոս­թըն քա­ղա­քի հա­յա­հոծ ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն Ուստ­րի մէջ, տե­ղի կ­’ու­նե­նար ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Օ­րո­ւան հան­դի­սա­շուք տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր «­Հայ­րե­նիք» օ­րա­թեր­թի պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գիր ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան։ ­Հայ գրա­կա­նու­թեան, հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան եւ դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ե­րախ­տա­շատ պատ­գա­մա­բե­րը, սա­կայն, չկրցաւ ա­ւար­տել իր բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը. յան­կար­ծա­մահ ին­կաւ բե­մին վրայ եւ այդ­պէս, հան­դի­սա­ւո­րա­պէս, առ­յա­ւէտ հրա­ժեշտ տո­ւաւ իր պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։

­Տա­րա­բախտ սե­րուն­դի մը ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն էր ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա՛ւ ար­ժէք­նե­րու պա­հա­պա­նը, ար­ժե­ւո­րողն ու քա­րո­զի­չը ե­ղաւ իր գրա­կան-քննա­դա­տա­կան վաս­տա­կով եւ հա­սա­րա­կա­կան բե­ղուն ծա­ռա­յու­թեամբ։

­Հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­ռա­ջին փու­լի ա­ւար­տին, 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման շրջա­նին կազ­մա­ւորուած սե­րուն­դին կը պատ­կա­նէր ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան։ ­Հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան մեծ թռիչք­նե­րով յատ­կան­շո­ւած այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Գ. Մ­խի­թա­րեան իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը նե­տեց ազ­գա­յին-հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան եւ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան աս­պա­րէ­զէն ներս։ Թր­ծո­ւե­ցաւ ա­տե­նի հայ մա­մու­լի ան­զու­գա­կան հսկա­յին՝ «Ա­զա­տա­մարտ»ի շուն­չով եւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի ու ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի մտեր­մու­թեան ու հո­գա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։

Ար­մա­տա­խիլ ու հայ­րե­նա­հան ե­ղած ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան հետ՝ ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան իր ե­րի­տա­սար­դա­կան ե­ռանդն ու մտա­ւո­րա­կան պատ­րաս­տու­թիւ­նը ի սպաս դրաւ Ս­փիւռ­քի ինք­նա­պահ­պան­ման ու ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­մին։ Իր ամ­բողջ կեանքն ու հո­գեմ­տա­ւոր նե­րու­ժը նո­ւի­րա­բե­րեց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծէն վե­րա­կանգ­նե­լու, տա­րա­գիր ու ան­տու­նի կեան­քի ար­հա­ւիր­քը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ նո­րա­կազմ Ս­փիւռ­քը հա­յօ­րէն շնչող ու զար­գա­ցող կազ­մա­կերպ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­ծե­լու մա­շեց­նող, բայց Ազ­գի ա­պա­գան փրկող ու ա­պա­հով կռո­ւան­նե­րով օժ­տող սրբա­զան պայ­քարին։

­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան ծնած էր 1890ի ­Յու­լի­սին, ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սար։ ­Լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ճիշդ այն օ­րե­րուն, երբ ­Թիֆ­լի­սի մէջ կը կազ­մո­ւէր ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն հետ ան­քակ­տե­լիօ­րէն կա­պո­ւե­ցաւ ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեա­նի գի­տա­կից տա­րի­քի կեանքն ու վաս­տա­կա­շատ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Իր ծննդա­վայ­րի «­Մու­շե­ղեան» վար­ժա­րա­նը 1907ին ա­ւար­տե­լէ եւ տա­րի մը ու­սուց­չու­թիւն ը­նե­լէ ետք, 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման շրջա­նին, Գ. Մ­խի­թա­րեան ան­ցաւ ­Պո­լիս, շա­րու­նա­կեց եւ ամ­բող­ջա­ցուց իր ու­սու­մը «­Կեդ­րո­նա­կան» վար­ժա­րա­նի մէջ եւ 1912ին նե­տո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ, ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի կող­քին պաշ­տօ­նա­վա­րե­լով «­Հայ­րի­կեան» վար­ժա­րա­նին մէջ։ ­Նոյն շրջա­նին սկսաւ աշ­խա­տակ­ցիլ «Ա­զա­տա­մարտ»ին՝ գրա­կան-քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով, ա­ռա­ջին իսկ հրա­պա­րա­կում­նե­րէն ցու­ցա­բե­րե­լով ի­րա՛ւ ար­ժէք­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման եւ գնա­հատ­ման շեշ­տա­կի հա­կումն ու լրջա­խո­հու­թիւ­նը, ո­րոնք ոչ միայն իր գրա­դա­տա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան վաս­տա­կին, այ­լեւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան բնո­րոշ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը ե­ղան։

Կրտ­սեր գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ի սե­րուն­դին, որ­մէ ներշն­չո­ւե­ցաւ իր խստա­պա­հան­ջու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին, գրա­կան թէ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու գնա­հատ­ման մէջ։ Ե­ղաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Պոլ­սոյ Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան «Եր­կունք» ամ­սագ­րի հիմ­նա­դիր խմբա­գիր­նե­րէն մէ­կը։

1914ի սկիզ­բը զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան կան­չո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան բա­նա­կին մէջ, քա­նի մը ա­միս ծա­ռա­յեց, բայց կրցաւ փա­խուստ տալ եւ վե­րա­դառ­նալ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զին՝ «­Կեդ­րո­նա­կան»ի մէջ, ինչ­պէս նաեւ գրա­կան-հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Բայց 1915ի գար­նա­նա­մու­տին վերս­տին բա­նակ տա­րո­ւե­ցաւ եւ տա­րի մը մնաց Օր­թա­գիւ­ղի սպա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր­կէ դար­ձեալ փա­խուստ տո­ւաւ եւ թաք­նո­ւած կեանք մը ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1918ի զի­նա­դա­դա­րը, որ­մէ ետք ամ­բողջ հա­սա­կով կանգ­նե­ցաւ վե­րապ­րող հա­յու­թեան կեան­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու պայ­քա­րի պատ­նէշ­նե­րուն վրայ։ ­Միա­ցաւ «Ա­զա­տա­մարտ»ի ժա­ռան­գորդ «­Ճա­կա­տա­մարտ»ի խմբագ­րու­թեան եւ Շ. ­Մի­սա­քեա­նի կող­քին հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ մտքի ու գրա­կա­նու­թեան վե­րա­զարթն­ման մէջ։

Ե­րեք տա­րի գոր­ծեց «­Ճա­կա­տա­մարտ»ի մէջ եւ մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ իր գրա­կան-քննա­դա­տա­կան, բայց մա­նա­ւանդ թա­տե­րա­կան քննա­դա­տի իր հրա­պա­րա­կում­նե­րով՝ դրսե­ւո­րե­լով սրա­տես միտք ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձր ճա­շակ։ ­Բայց ­Քե­մա­լա­կան շարժ­ման եւ հա­յա­ջինջ հա­լա­ծան­քի վերսկս­ման հե­տե­ւան­քով՝ ­Պո­լիս մնա­ցած հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան վեր­ջին պա­հա­կա­գուն­դին հետ, ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան 1922ին ինք եւս վերջ­նա­կա­նա­պէս բաժ­նո­ւե­ցաւ ­Պո­լի­սէն ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ, Ե­գիպ­տոս, ուր շու­տով սերտ գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի՝ «­Յու­սա­բեր»ի հրա­տա­րակ­ման եւ ծաղկ­ման ամ­բողջ շրջա­նին։

1947ի վեր­ջե­րուն իբ­րեւ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ ղրկո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ, ուր միա­ցաւ «­Հայ­րե­նիք»ի խմբագ­րու­թեան՝ միա­ժա­մա­նակ Հ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի Կ. ­Կո­մի­տէի քար­տու­ղա­րու­թիւ­նը կա­տա­րե­լով։ 1952ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ «­Հայ­րե­նիք»ի պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գիր եւ մին­չեւ մահ՝ ար­թուն պա­հա­կի պէս հսկեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան ա­պա­հո­վու­թեան, ինք­նահաս­տատ­ման եւ բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման պատ­նէշ­նե­րուն վրայ։

Իր հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան ընդգ­ծե­լի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը ե­ղաւ խո­հա­կա­նու­թիւ­նը, զգա­ցա­կան եւ հռե­տո­րա­կան զե­ղում­նե­րը հե­ռու պա­հեց իր գրի­չէն եւ, միջ-կու­սակ­ցա­կան ա­մէ­նէն բուռն պայ­քար­նե­րու ժա­մա­նակ ան­գամ, կրքոտ բա­նա­վէ­ճե­րէ հե­ռու մնաց ու ի­րա՛ւ ար­ժէք­նե­րու եւ սկզբունք­նե­րու խո­հուն պաշտ­պա­նու­թիւ­նը դար­ձուց իր մտքին ու գրչին մղիչ ու­ժը եւ ա­ռաջ­նոր­դը։

­Մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած իր մե­ծակ­շիռ վաս­տա­կի կող­քին, ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան գրա­կան քննա­դա­տէն ժա­ռանգ կը մնայ 1946ին ­Գա­հի­րէ լոյս տե­սած «­Քա­ռորդ դար գրա­կա­նու­թիւն» ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծը։

1950ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն լոյս տե­սաւ գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր յօ­դո­ւած­նե­րու ժո­ղո­վա­ծուն՝ «­Հերկ ու ցան» խո­րագ­րով։

Ինչ­պէս որ ­Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան դի­տել տո­ւած է՝

«Խմ­բագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը կլա­նեց նաեւ տա­ղան­դա­ւոր այս գրա­գէտն ու քննա­դա­տը, հան­րա­յին մեր կեան­քին հա­մար բա­րի­քի մը վե­րա­ծե­լով ա­նոր խոն­ջէնքն ու սպա­ռու­մը, ու մեր գրա­կա­նու­թեան հա­մար՝ ա­ւա­ղե­լի կո­րուստ հո­չա­կե­լով մե­կու­սա­ցու­մը կո­չու­մով ա­րո­ւես­տա­գէտ-վեր­լու­ծո­ղին։ Ը­սինք տեղ մը, թէ ճա­կա­տագ­րա­կան մեր ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ ա՛յս ե­ղաւ, Ե­ղեո­նէն ու 1921ի փլու­զու­մէն ետք։ ­Բե­նիա­մին ­Թա­շեան, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան..., ո՞ր մէ­կը յի­շել»։

Ն.