Նոյեմբեր 24ի այս օրը կը նշենք ծննդեան տարեդարձը սփիւռքահայ առաջին սերունդի երախտաշատ ներկայացուցիչներէն Մինաս Թէօլէօլեանի, որ իր գրականագիտական ժառանգութեամբ, խմբագրական վաստակով եւ մանկավարժական ծառայութեամբ՝ շուրջ վեց տասնամեակ հոգեմտաւոր սնունդ հասցուց տարագիր հայութեան ցի րուցան զաւակներուն, աշխարհի չորս ծագերուն։
Մինաս Թէօլէօլեան միաժամանակ եղաւ թէ՛ համայնագիտական պաշարով օժտուած գրականագէտն ու քննադատը, թէ՛ հայ մտքի գաղափարական արժէքներուն անկաշառ պահապան ու հաւատաւոր քարոզիչը, թէ՛ օտար ափերու վրայ կազմաւորուող սերունդներուն հայեցի նկարագիր ու ազգային հպարտութիւն ջամբող նուիրեալ ուսուցիչը։
Իր սերունդի երախտաշատ արժանաւորներուն պէս, Մինաս Թէօլէօլեան մարմնաւորեց յատկապէս Սփիւռքին բնորոշ հայ մտաւորականի այն կերպարը, որուն մէջ լիարժէք ներկայացուած ու համադրուած էին, այլեւ ինքնատիպ ու ճառագայթող՝ միաձոյլ անհատականութիւն դարձած էին հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը, հայ մշակոյթի ջահակիր գրագէտը եւ ազգային-կուսակցական հաւատաւոր գործիչը։
Աւելի քան 18 տարի է արդէն, որ սփիւռքահայ ու մանաւանդ դաշնակցական մամուլի հաւատարիմ ու տարեց ընթերցողները զրկուած են Մինաս Թէօլէօլեանի ամէնօրեայ շունչէն՝ խօսքէն ու պատգամէն, որոնք տարբեր գրչանուններով ստորագրուած իր խմբագրականներուն, ակնարկներուն եւ յօդուածներուն միջոցաւ ուղղակի կը խօսէին մտքին ու սրտին աշխարհով մէկ սփռուած հայ մարդոց։
Թէօլէօլեան ստեղծեց հրապարակագրական իր դպրոցը, որուն լեզուն պարզ էր ու անսեթեւեթ, ոճը՝ ջղուտ ու խոհական, մտածելակերպով՝ ինքնաքըննադատութեան եւ քննադատութեան ուժգնօրէն փարած, անցեալի արժէքներու պաշտամունքով շնչող, բայց միաժամանակ հայ կեանքէն ներս եղածով բնաւ չբաւարարուող, այլեւ նորահաս սերունդներուն միշտ հաւատքով նայող, սպասող եւ լաւատեսութեամբ զեղուն։
Թէօլէօլեան ծնած էր Պարտիզակի մէջ, 1913ի Նոյեմբեր 24ին:
Մեծ Եղեռնի օրերուն, Թէօլէօլեան ընտանիքին մեծ մասը աքսորուեցաւ Գոնիա: Հազիւ 2 տարեկան էր Մինաս, երբ պարագաներու բերմամբ, ծնողքէն բաժնուած, ան մնաց իր հօրեղբայրներուն եւ հօրաքրոջ հոգածութեան տակ՝ Իզմիր:
1922ին, Իզմիրի ջարդերէն ետք, պատանի Մինաս ղրկուեցաւ Պոլիս, ուր յաճախեց Մխիթարեաններու Լիսէն։ Մխիթարեաններու մօտ աշակերտութեան շրջանին էր, որ 13 տարեկանին Թէօլէօլեան գրեց իր առաջին ոտանաւորը։ Իսկ հազիւ 17 տարիքը թեւակոխած՝ ընկերոջ մը հետ, Թէօէօլեան սկսաւ հրատարակել «Արձան» գեղարուեստական պարբերաթերթը:
1933ին աւարտեց Մխիթարեաններու վարժարանը եւ ներկայացուց աւարտաճառ մը՝ Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան մասին:
Զօրակոչուեցաւ թրքական բանակ եւ զինուորական ծանր ծառայութիւնը կատարելէ ետք, Թէօլէօլեան ուսուցչական աշխատանքի կոչուեցաւ Մխիթարեաններուն մօտ՝ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար:
1937ին, սփիւռքահայ մամուլին արդէն աշխատակից՝ Մինաս Թէօէօլեան ստիպուեցաւ հեռանալ Թուրքիայէն, որովհետեւ իր դէմ սկսան ոստիկանական հետապնդումներ, նաեւ՝ ոստիկանական հարցաքննութեան տարուեցաւ, Ֆրանսայի եւ Մ. Նահանգներու դաշնակցական թերթերուն՝ «Յառաջ»ին եւ «Հայրենիք»ին հետ իր ունեցած կապերուն համար:
Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ Պուլկարիոյ մէջ: Տարի մըն ալ դասաւանդեց Ռումանիոյ հայկական վարժարաններուն մէջ: Բայց 1939ի վերջերուն վերադարձաւ Պոլիս, ուր կանոնաւոր աշխատակիցը դարձաւ պոլսահայ թերթերուն եւ մնաց մինչեւ 1944, երբ ազգային-քաղաքական ու գաղափարական իր հրապարակումներուն համար դարձեալ հետապընդումի տակ առնուեցաւ։ Այս անգամ վերջնականապէս հեռացաւ Թուրքիայէն եւ հաստատուեցաւ Սուրիա:
Նոյն տարին իսկ, Հալէպի մէջ, Մինաս Թէօլէօլեան պաշտօնապէս միացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Ուսուցչութեան կոչուեցաւ Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ՝ միաժամանակ վարելով Հ.Յ.Դ. Սուրիոյ պաշտօնաթերթ «Արեւելք»ի խմբագրութիւնը: Օրուան Բերիոյ թեմի առաջնորդ եւ հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա. Փայասլեանի եւ Հ.Յ.Դ. ղեկավար գործիչ ու պետական երեսփոխան Հրաչ Փափազեանի առաջարկով՝ Թէօլէօլեան 1948ին նշանակուեցաւ նորաստեղծ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի առաջին տնօրէն եւ այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 1956:
1956ին, քաղաքական պատճառներով, արտաքսուեցաւ Սուրիայէն եւ հաստատուեցաւ Գահիրէ, ուր Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք մէկ տարի ստանձնեց Հ.Յ.Դ Եգիպտոսի պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի խմբագիրի պաշտօնը: 1957ին հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր երեք տարի վարեց Ազգ. Ս. Նշան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այս շրջանին կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ինչպէս Լիբանանի «Ազդակ», նոյնպէս եւ Փարիզի «Յառաջ» դաշնակցական թերթերուն:
1960ին, կուսակցական գործիչի առաքելութեամբ, Մինաս Թէօլէօլեան գործուղղուեցաւ ու հաստատուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: 1962էն սկսեալ մինչեւ 1979 վարեց «Հայրենիք»ի խմբագրի պաշտօնը՝ միաժամանակ մաս կազմելով «Հայրենիք» գրական ամսագրի խմբագրութեան։ Այնուհետեւ, խմբագրի պաշտօնէն հանգստեան կոչուելով հանդերձ, Թէօլէօլեան մինչեւ իր վերջին շունչը կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ «Հայրենիք»ին ու Քալիֆորնիոյ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին։
Հրապարակագրական իր երկարամեայ ծառայութեան շրջանին, Մինաս Թէօլէօլեան կանոնաւոր աշխատակիցը եղաւ յատկապէս Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին՝ 1969ին Պէյրութի մէջ իբրեւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անոր վերահրատարակութեան առաջին օրերէն մինչեւ, 1986էն սկսեալ, Աթէնքի մէջ ուղղակի «Դրօշակ» անունով անոր հրատարակութեան շրջանը։
Մինաս Թէօլէօլեան Դաշնակցութեան գաղափարական պատնէշին վրայ արթուն պահակի իր առաքելութեան տէր կանգնեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը, մինչեւ 18 Մարտ 1997, երբ առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի անկորնչելի արժէքներուն վրայ միշտ սեւեռուն պահած իր հայեացքը։
Մինաս Թէօլէօլեանի յիշատակը վառ կը մնայ բոլոր անոնց համար, որոնք առաջնորդուեցան գաղափարի մարտիկի անոր մարտունակ շունչով՝ սփիւռքահայ կեանքի պատմակշիռ վերիվայրումներու գլխաւոր հանգրուաններուն։ Թէօլէօլեան գլխաւոր բանբերներէն մէկը եղաւ Դաշնակցութեան գաղափարական պայքարին՝ ընդդէմ Սփիւռքը Կրեմլեան քաղաքականութեան հլու-հնազանդ լծակին վերածելու խորհրդայիններու փորձերուն։
- Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, խորհրդայիններու նախաձեռնած Ներգաղթին մութ ծալքերը եւ պառակտիչ սադրանքները մերկացնող գլխաւոր հրապարակախօսներէն եղաւ Թէօլէօլեան։
- 1956էն սկսեալ, երբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խորհրդային հակակշռի տակ առնելու պառակտիչ փորձը կատարուեցաւ, Թէօլէօլեան ոչ միայն Անթիլիասի Կիլիկեան Աթոռին եւ այդ ճամբով Սփիւռքի անկախութիւնը պահպանելու Հ.Յ.Դ. գաղափարական պայքարին դրօշակիրներէն եղաւ, այլեւ՝ պատմաքաղաքական լուսարձակի տակ առաւ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային ու ժողովրդային նկարագիրը պահպանելու եւ արմատաւորելու մեծ օրակարգը՝ յատուկ աշխատասիրութիւն մը նուիրելով համազգային կարեւորութեամբ հարցին։
- Սփիւռքի քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման տասնամեակներուն, 1970էն սկսեալ, Թէօլէօլեան նորահաս սերունդին պահանջատիրական ոգեւորութիւն ներշնչող եւ երկարաշունչ պայքարի կամք ու յանդգնութիւն ուսուցանող գաղափարախօսը եղաւ։
Մինաս Թէօլէօլեանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած կրտսեր գործընկերոջ այս վկայութիւնը անկասկած թերի պիտի ըլլայ, եթէ ըստ արժանւոյն լուսարձակի տակ չբերուի անոր գրականագիտական եւ քննադատական մեծարժէք վաստակը։
Թէօլէօլեանի «Դար մը Գրականութիւն – 1850-1950» երկհատորեակը նաեւ այս օրերուն կը հանդիսանայ հայ գրականութիւն ջամբող որեւէ դասագրքի անբաժան ընկերակիցը եւ լրացուցիչը։ Թէօլէօլեան իր ընդգրկած ժամանակաշրջանի հայ գրականութեան կապուած բոլոր հարցերուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ գրողի մասին խօսք եւ խորհուրդ կը փոխանցէ, որոնք հիմնական նշանակութիւն կը ներկայացնեն նորահաս սերունդին հայեցի լիարժէք կազմաւորման համար։
Վերջապէս, հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներու ողջ գանձարանը ամէնօրեայ ներշնչման եւ հաղորդութեան աղբիւր դարձնելու առաջադրանքով, Մ. Թէօլէօլեան «Հայրենիք»ի էջերուն տարիներով պահեց իր «Երբ ետ կը նայինք» վերտառութեամբ սիւնակը, որպէսզի ամէն օր թերթի ընթերցողին հասցնէ առօրեայէն անդին անցնող եւ վեր բարձրացող արժէքներու «հանապազօրեայ հաց»ը։ (Նաեւ Մինաս Թէօլէօլեանի ներշնչումին արգասիքն է «Յուշատետր»ը)։
Ի գնահատանք հայ մտքի, գրականութեան եւ հրապարակագրութեան երախտաւորին, Մ. Նահանգներու Արեւելեան Շրջանի «Համազգային»ը երեք տարի առաջ հաստատեց յատուկ գրական մրցանակ՝ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» անունով (Մեկենասութեամբ Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու)։ Մրցանակը այդ առումով նաեւ արտայայտութիւնն է այն երախտագիտութեան, որ հայ ուսուցիչի կոչումը միշտ բարձր պահած եւ արժանաւոր սերունդ հասցուցած իրենց Թէօլէօլեան ուսուցիչին եւ ուսուցչուհիին հանդէպ կը տածեն, աշխարհով մէկ ցրուած, անոնց երբեմնի աշակերտները։
Սփիւռքահայ եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլի դպրոցին մէջ կազմաւորուած հայոց սերունդներուն համար ներշնչման անխառն աղբիւր մը կը հանդիսանայ Մինաս Թէլէօլեանի ժառանգութիւնը։
Ն.