­altԱ­ւե­լի քան դար մըն է, որ հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը, ազ­գա­յին ի­րենց յի­շո­ղու­թիւ­նը մշտար­ծարծ պա­հե­լու հա­մար, յե­ղա­փո­խա­կան մեր եր­գե­րու շար­քին, շա­րու­նակ ի­րենց շրթնե­րուն վրայ կը վե­րա­թար­մաց­նեն սրտա­ռուչ եր­գը ան­մահն ­Գա­լուստ Ար­խա­նեա­նի.-

Ա­զա­տու­թեան որ­դին եմ,

Ար­խա­նեան ­Գա­լուստն եմ.

Երբ որ բան­տէն ա­զա­տո­ւիմ

­Դար­ձեալ խումբ պի­տի կազ­մեմ։

­Թո­ւով հինգ ըն­կեր էինք,

­Մէկ սիրտ՝ մէկ հո­գի էինք,

­Դար­ձեալ չէինք յանձ­նո­ւեր,

Ա­ւա՜ղ, ա­նօ­թի էինք:

Ա­ռա­ւօտ ար­շա­լոյ­սին,

­Չորս կող­մեր­նիս պա­տե­ցին,

Ամ­բողջ չորս օր, չորս գի­շեր

­Չորս հա­րիւր թշնա­մի­ներ:

­Քա՛ջդ ­Խո­րէն ի՞նչ ե­ղար,

Ե­րեք գնդա­կով ին­կար,

­Մինչ դեռ հո­գի կու­տա­յիր,

­Դար­ձեալ պա­տե­րազ­մե­ցար:

­Զէն­քե­րըս տուր մայ­րի­կըս,

­Սուրս ալ դուն տուր քոյ­րի­կըս,

Եր­թամ կռո­ւիմ վա­տին դէմ,

­Խո­րէ­նին վրէժն լու­ծեմ։

Ար­խա­նեան ­Գա­լուս­տին եր­գը վեր­յի­շե­լու եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու յա­տուկ պատ­ճառ ու­նինք այ­սօր՝ ­Նո­յեմ­բեր 18ին, ո­րով­հե­տեւ 110 տա­րի ա­ռաջ, բան­տա­յին տա­ժան­քի տակ, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան կրա­կու­բոց աչ­քե­րը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման յա­ռա­ջա­մար­տիկ յե­ղա­փո­խա­կա­նին։

­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­ջին «ծի­ծեռ­նակ­նե­րէն» էր ­Գա­լուստ Ար­խա­նեան, որ ­Տեր­սի­մի ­Քե­ռիին (­Ռու­բէն ­Շիշ­մա­նեան) հետ՝ նա­խա­կա­րա­պե­տը ե­ղաւ ­Փոքր ­Հայ­քի հա­յու­թեան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի շղթա­յա­զեր­ծու­մին։ Եր­կու­քով՝ ա­նոնք կազ­մե­ցին Երզն­կա­յի, Ակ­նի եւ ­Տիվ­րի­կի հայ ըմ­բոստ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմ­բող ֆե­տա­յա­կան խում­բեր, ծա­ռա­ցան թուրք ոս­տի­կան­նե­րու եւ ա­ւա­զա­կա­բա­րոյ խու­ժա­նի հա­կա­հայ կե­ղե­քում­նե­րուն ու հարս­տա­հա­րու­թիւն­նե­րուն դէմ, պա­տու­հա­սը դար­ձան հայ մատ­նիչ­նե­րուն եւ դա­ւա­ճան­նե­րուն, մար­տու­նա­կու­թիւն եւ պայ­քա­րի կո­րով ներշն­չե­ցին բազ­մա­չար­չար մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ, ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռի­ւը յա­ռաջ մղե­լու դա­ժան ճա­կա­տագ­րով, բան­տա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ ի­րենց ե­րի­տա­սարդ կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան բա­գի­նին։

­Գա­լուստ Ար­խա­նեան Երզն­կա­յի հայ­կա­կան հի­նա­ւուրց գա­ւա­ռի՝ Մն­ձու­րի Արմ­տան գիւ­ղի ծնունդ էր։ ­Լոյս աշ­խարհ ե­կած էր 1860ին, մե­ծա­տուն Ար­խա­նեան­նե­րու յար­կին տակ։ ­Պա­տա­նի տա­րի­քէն կորսն­ցու­ցած էր հայ­րը եւ պան­դուխտ գա­ցած էր ­Պո­լիս, ուր երզն­կա­ցի­նե­րը հռչակ հա­նած էին իբ­րեւ լաւ փռա­պան­ներ։ ­Գա­լուստ միա­ցած էր ­Պոլ­սոյ մէջ պան­դուխտ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կազ­մած ինք­նա­զար­գաց­ման խում­բե­րուն, ո­րոնք հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման հնոց­ներ էին։

1890ին, ար­դէն ե­րե­սուն տա­րե­կան պար­թե­ւա­հա­սակ ե­րի­տա­սարդ, ­Գա­լուստ Ար­խա­նեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Յու­լի­սին բռնկած ­Գում ­Գա­փո­ւի մեծ ցոյ­ցե­րուն, ո­րոնք կա­տա­ղե­ցու­ցին ­Հա­մի­տեան բռնա­կա­լու­թիւ­նը եւ պատ­րո­ւակ ծա­ռա­յե­ցին հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու դէմ հա­մա­տա­րած հա­լա­ծան­քի կազ­մա­կեր­պու­մին։

Ար­խա­նեան կրցաւ խոյս տալ թուրք ոս­տի­կա­նու­թեան հե­տապն­դում­նե­րէն եւ վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը։ ­Հայ­րը մա­հա­ցած էր ար­դէն, մայ­րը կ­’ապ­րէր, ­Գա­լուստ ա­մուս­նա­ցաւ եւ ըն­տա­նիք կազ­մեց, բայց ոչ մէկ հան­գիստ օր ճանչ­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ամ­բողջ էու­թեամբ հա­մա­կո­ւած էր ընդվ­զու­մով եւ ցա­սու­մով՝ ի տես ան­զէն ու խա­ղա­ղա­սէր իր ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւող թրքա­կան խժդժու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ան­պա­տաս­խան կը մնա­յին եւ ա­ւե­լիով կը սաստ­կա­նա­յին։

­Պոլ­սոյ մէջ Ար­խա­նեան ար­դէն ծա­նօ­թա­ցած էր Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան, իսկ Երզն­կա­յի մէջ մօ­տէն շփում ու­նե­ցաւ նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ շրջա­նը ա­ռա­քո­ւած ա­ռա­ջին գոր­ծիչ­նե­րուն հետ։ ­Միա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ձեռ­նար­կեց իր սե­փա­կան խում­բը կազ­մե­լու եւ, այդ ճամ­բով, շրջա­նի հա­յու­թեան զին­ման գոր­ծը յա­ռաջ մղե­լու եւ ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու աշ­խա­տան­քին։ Իր կազ­մա­կեր­պա­կան տա­ղան­դին եւ ան­վե­հեր նկա­րագ­րին բե­րու­մով՝ ­Գա­լուստ Ար­խա­նեան շու­տով դար­ձաւ Ակ­նի, ­Տիվ­րի­կի, Ա­րաբ­կի­րի եւ Երզն­կա­յի տա­րած­քին ա­րա­գօ­րէն կազ­մո­ւող յե­ղա­փո­խա­կան խմբակ­նե­րը շաղ­կա­պող դէմ­քը։

Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէ­նուր հե­տապնդու­մի տակ ա­ռած էին հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու շար­ժում­նե­րը, իսկ հա­յա­նուն լրտես­ներ ու մատ­նիչ­ներ կը վխտա­յին ա­մէն կողմ։ Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ ­Գա­լուստ Ար­խա­նեա­նին ա­ւե­լի ուշ (ար­դէն բանտ գտնո­ւած շրջա­նին) անձ­նա­պէս՝ իբ­րեւ բանտ ու­տե­լիք տա­նող պա­տա­նի ճանչ­ցած ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նը, ­Հոկ­տեմ­բեր 1891ին Արմ­տա­նի մէջ կ­’ա­հա­բե­կո­ւի տխրահռ­չակ լրտես մը՝ Էօ­մար ­Փէհ­լի­վան ա­նու­նով։

­Թուրք ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը խու­ճա­պի կը մատ­նո­ւի եւ կը ձեռ­նար­կէ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թեան։ ­Կան­խա­տե­սե­լով իր ձեր­բա­կալ­ման մօ­տա­լուտ վտան­գը, Ար­խա­նեան կ­’ո­րո­շէ իր խու­մբով բարձ­րա­նալ լեռ­նե­րը եւ ամ­բող­ջա­պէս նե­տո­ւիլ ֆե­տա­յա­կան կռո­ւի մէջ։

Իր գլխա­ւոր զի­նա­կից­ներն էին ակն­ցի­ներ ­Սա­հակ ­Ժամ­կո­չեան եւ ­Ղու­կաս ­Ճա­նիկ, իսկ արմ­տան­ցի­ներ ­Խո­րէն ­Շիշ­մա­նեան (­Տեր­սի­մի ­Քե­ռիին եղ­բայ­րը) եւ ­Գէորգ ­Վէ­վէ­յեան։

­Գա­լուստ Ար­խա­նեան եւ իր խում­բը ոչ միայն պա­տու­հա­սը դար­ձան թուրք եւ քիւրտ աս­պա­տակ­նե­րուն ու հա­յա­նուն լրտես-մատ­նիչ­նե­րուն, այ­լեւ ե­ղան սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չող ու մար­տու­նա­կու­թիւն ջամ­բող ա­ռաս­պե­լա­տիպ հե­րոս­ներ։ ­Փոքր ­Հայ­քի բարձ­րա­բերձ լեռ­նե­րը ա­պաս­տա­նած էր նաեւ ­Տեր­սի­սի ­Քե­ռին եւ հոն է, ­Սե­պուհ լե­րան վրայ է, որ Ար­խա­նեան եւ ­Քե­ռի կը հա­մա­կար­գեն ի­րենց ու­ժե­րը ու մեծ թա­փով յա­ռաջ կը մղեն թշնա­մի­նե­րու պա­տու­հաս­ման եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան ի­րենց յաղ­թա­կան կռիւ­նե­րը։

­Բայց թրքա­կան բա­նա­կի 3րդ ­զօ­րա­բաժ­նի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը, ո­րուն յանձ­նո­ւած էր Երզն­կա­յի նա­հան­գը, վճռած էր ա­մէն գնով ձեռք ձգել զոյգ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը։ ­Քա­նի մը ան­գամ թուրք զօր­քը կրցաւ, լրտես-մատ­նիչ­նե­րու օգ­նու­թեամբ, գտնել ­Գա­լուստ Ար­խա­նեա­նի խում­բին հետ­քը, պա­շա­րել զա­նոնք, բայց միշտ ալ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը կրցան յաղ­թա­նակ տա­նիլ թշնա­միի ան­հա­մե­մա­տօ­րէն մե­ծա­թիւ ու­ժե­րուն դէմ։

1893ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցան­ ճա­կա­տագ­րա­կան մատ­նու­թիւնն ու պա­շա­րու­մը։ ­Գա­լուստ իր հինգ ըն­կեր­նե­րով ա­պաս­տա­նած էր Արմ­տա­նի մեր­ձա­կայ լե­րան մը քա­րայ­րը, ո­րուն մա­սին հայ մատ­նիչ­ներ տե­ղե­կա­ցու­ցին թուրք զօր­քին։ Ա­ւե­լի քան 400 զի­նո­ւոր­ներ պա­շա­րե­ցին քա­րայ­րը, բայց չկրցան ձեռք ան­ցը­նել հայ ֆե­տա­յի­նե­րը։ Ե­րեք-չորս օր ­Գա­լուստ եւ իր ըն­կեր­նե­րը անվ­հատ կռիւ մղե­ցին, դի­մադ­րե­ցին եւ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­ցին քա­րայր մուտք գոր­ծե­լու թրքա­կան փոր­ձե­րը, բայց չկրցան ճեղ­քել պա­շար­ման օ­ղա­կը։ Օր­հա­սա­կան պա­հը կը մօ­տե­նար, ո­րով­հե­տեւ զի­նա­մա­թերքն ու սննդե­ղէ­նը կը հատ­նէին...

­Նոյ­նիսկ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը վճռե­ցին մին­չեւ վեր­ջին շունչ շա­րու­նա­կել կռի­ւը եւ անձ­նա­տուր չըլ­լալ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ թշնա­մին դի­մեց նեն­գու­թեան։ ­Պար­տադ­րեց ­Գա­լուս­տի մօր, որ քա­րայր մտնէ եւ ­Գա­լուստն ու ըն­կեր­նե­րը հա­մո­զէ՝ անձ­նա­տուր ըլ­լա­լու, խոս­տա­նա­լով որ ա­նոնց դէմ ոչ մէկ բռնու­թիւն պի­տի գոր­ծադ­րո­ւի։ Այդ փոր­ձը քա­նի մը ան­գամ կրկնո­ւե­ցաւ եւ ի վեր­ջոյ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը անձ­նա­տուր ե­ղան թուրք զօր­քին։ ­Թուրք հրա­մա­նա­տա­րը իր խոս­տու­մը չյար­գեց ­Խո­րէ­նի պա­րա­գա­յին եւ սպան­նեց զայն անձ­նա­տո­ւու­թեան պա­հուն, իսկ ­Գա­լուստն ու միւս­նե­րը նե­տեց բան­տե­րը։

­Գա­լուստ Ար­խա­նեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ մա­հա­պա­տի­ժի, որ յե­տոյ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ցկեանս բան­տար­կու­թեան։ 12 տա­րի ան տա­ժա­նա­կիր բան­տար­կու­թիւն կրեց։ Ե­կաւ ժա­մա­նակ, որ բան­տի մէջ շղթա­յա­կապ ա­ռանձ­նա­ցո­ւե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ ոչ միայն մեր­ժեց, ծե­ծի տակ ան­գամ, խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րել, այ­լեւ՝ բան­տար­կեալ թուրք թէ քիւրտ ա­ւա­զակ­նե­րուն դէմ կռիւ մղեց եւ հայ բան­տար­կեալ­նե­րուն պաշտ­պան կանգ­նե­ցաւ։

12 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թե­նէ ետք, ­Գա­լուստ Ար­խա­նեան բռնո­ւե­ցաւ բան­տար­կեալ­նե­րը վա­րա­կած ժան­տա­տեն­դէ, որ մա­հա­ցու ե­ղաւ ու վեր­ջա­կէտ դրաւ ա­ռիւ­ծա­սիրտ հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի 45ա­մեայ կեան­քին։

­Գա­լուստ Ար­խա­նեան հայ ժո­ղո­վուր­դին կտա­կեց «Ա­զա­տու­թեան Որ­դիի» իր ան­մահ օ­րի­նա­կը, ո­րուն հայ մե­ծա­նուն գրող Վր­թա­նէս ­Փա­փա­զեան նո­ւի­րեց «­Հա­ջի ­Բէկ» գոր­ծը, իսկ Ա­բիկ ­Վար­դա­պե­տեան՝ «Մն­ձու­րի Ա­ռիւ­ծը» մե­նագ­րու­թիւ­նը։

­Գա­լուստ Ար­խա­նեա­նի յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լով եւ օ­րի­նա­կը ներշնչ­ման աղ­բիւր դարձ­նե­լով՝ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­զու­գա­կան կեն­սա­գիր ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեան ի­րա­ւա­ցիօ­րէն կը նշէ՝ «­Հայ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը ոչ թէ դուր­սէն հրահ­րո­ւած, այլ ժո­ղովրդա­կան ինք­նա­բուխ շար­ժում մըն էր, ինչ­պէս որ կը վկա­յէ ­Գա­լուստ Ար­խա­նեա­նի կեան­քը»։

­Գա­լուստ Ար­խա­նեան ինք­նու­րոյն մարմ­նա­ւո­րու­մը ե­ղաւ մի­սը մի­սէն եւ ոս­կո­րը ոս­կո­րէն հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն ծնած եւ իր գե­րա­գոյ­նը սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան պաշտ­պա­նու­թեան, հա­յու­թեան ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ծեռք­բեր­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան նուի­րա­բե­րած «Ան­կեղծ ­Զի­նո­ւոր»ի։

Ն.