­­Նո­յեմ­բեր 17ի օ­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր մե­ծա­նուն եւ ե­րախ­տա­շատ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն ու մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րէն ­Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի։

­Բա­նա­սէր, բա­նա­հա­ւաք եւ շնոր­հա­լի ար­ծա­կա­գիր է հայ մտքի եւ մշա­կոյ­թի ան­խոնջ մշակ ­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեանց, որ հա­յոց խօսքն ու գի­րը, ազ­գա­յին հա­ւատքն ու ա­զա­տու­թիւ­նը պաշ­տա­մուն­քի ար­ժա­նա­ցուց եւ, անձն­դիր իր նո­ւի­րու­մով ու մե­ծա­վաս­տակ աշ­խա­տան­քով, կո­րուս­տէ փրկեց հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի գո­հար­ներ։

­Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս ամ­բողջ կեանք մը շրջե­ցաւ ողջ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հը, ապ­րե­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րուն հետ եւ հա­յոց շրթնե­րէն քա­ղե­լով՝ թուղ­թին յանձ­նեց ու գի­րի եւ գրա­կա­նու­թեան վե­րա­ծեց սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւած ու բա­նա­ւոր պահ­պա­նո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմտա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

­Տա­ղան­դա­ւոր ար­ձա­կա­գիր ու շնոր­հա­լի գրող՝ ­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեանց, իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չով եւ ­Վա­նի բար­բա­ռով հա­մե­մո­ւած գե­ղեց­կա­գոյն աշ­խար­հա­բա­րով, 1870ա­կան­նե­րուն եւ 1880ա­կան­նե­րուն, գրա­ւեց հա­յոց գրա­կան ան­դաս­տա­նը։ ­Հայ­րե­նի հողն ու ջու­րը, ի­րենց հա­րա­զատ ջեր­մու­թեամբ ու հա­մով-հո­տով, ինչ­պէս եւ հայ շի­նա­կանն ու աշ­խա­տա­ւո­րը, ի­րենց տոհ­մա­կան կեն­ցա­ղով ու ար­ժէք­նե­րով, ու­րա­խու­թիւն­նե­րով ու տա­ռա­պան­քով, հպար­տու­թեամբ ու ա­զա­տու­թեան տեն­չով՝ լե­զու ա­ռին եւ գիր ու գրա­կա­նու­թիւն դար­ձան Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի գոր­ծե­րով։

­Նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ անձն­դիր հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչն է ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեանց՝ ոչ միայն հո­գե­ւո­րա­կա­նի իր բո­լո­րա­նո­ւէր ու ան­բա­սիր ծա­ռա­յու­թեամբ, այ­լեւ՝ իբ­րեւ ու­սու­ցիչ եւ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան տա­րա­ծիչ, իբ­րեւ Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռա­ջին դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը։

Ծ­նած էր ­Վան եւ հա­զիւ պա­տա­նի մտած էր ­Վա­րա­գայ վանք՝ ­Ժա­ռան­գա­ւո­րաց վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կեր­տե­լով Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կին, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր գոր­ծա­կիցն ու գա­ղա­փա­րա­կի­ցը ե­ղաւ հե­տա­գա­յին, իր ամ­բողջ կեան­քի եւ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին։

Գ­րա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան իր ա­ռա­ջին գոր­ծերն ու յօ­դո­ւած­նե­րը լոյս տե­սան Խ­րի­մեա­նի «Ար­ծո­ւի ­Վաս­պու­րա­կա­նի» հան­դէ­սին մէջ, ո­րուն խմբագ­րի տե­ղա­կա­լի պաշ­տօ­նը վա­րեց իր ու­սուց­չի կող­քին։ Իսկ երբ 1860ա­կան­նե­րուն Խ­րի­մեա­նի յանձ­նո­ւե­ցաւ ղե­կա­վա­րու­մը Մ­շոյ ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ վան­քին, ­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեանց դար­ձեալ կանգ­նե­ցաւ ա­նոր կող­քին՝ «Ար­ծո­ւիկ ­Տա­րօ­նոյ» թեր­թի խմբագ­րու­թեան եւ վան­քի մէջ ու­սուց­չու­թեան նո­ւի­րո­ւե­լով։

­Նոյն տա­րի­նե­րուն, երբ Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ իբ­րեւ նո­ւի­րակ շրջե­ցաւ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի ողջ տա­րած­քին, Ս­րո­ւանձ­տեանց ա­նոր ան­բա­ժան ըն­կե­րա­կի­ցը ե­ղաւ եւ մեծ պաշ­տա­մուն­քով հա­ւա­քեց մեր ժո­ղո­վուր­դին պահ­պա­նած բա­նա­ւոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, նաեւ՝ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ հայ­րե­նի բնաշ­խար­հին եւ պարզ ու մեծ մեր ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղին, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ հա­ւա­տամ­քին։

Այդ շրջա­նի իր գրա­ռում­նե­րով՝ ­Գա­րե­գին Ս­րուանձ­տեանց հան­դէս ե­կաւ ժա­մա­նա­կի ­Պոլ­սոյ, ­Թիֆ­լի­սի եւ Զ­միւռ­նիա­յի հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն («­Մա­սիս», «Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­մուլ», «Կ­ռունկ ­Հա­յոց Աշ­խար­հին», «­Մե­ղու ­Հա­յաս­տա­նի» ե­ւայլն)։

­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեանց, դեռ կու­սակ­րօն չդար­ձած, նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու հիմ­նու­մին։ 1866ին լոյս ըն­ծա­յեց հա­յե­րէ­նի «­Նոր Ըն­թեր­ցա­րան» դա­սա­գիր­քը, որ մին­չեւ 1880ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րը օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կող­մէ։

1867ին, ­Կար­նոյ մէջ, վար­դա­պետ ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ եւ իբ­րեւ ազ­գա­յին-յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած ու մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ պա­շա­րի տէր ե­րի­տա­սարդ հո­գե­ւո­րա­կան՝ քա­րո­զի­չի ա­ռա­քե­լու­թեամբ շրջե­ցաւ ու գոր­ծեց ­Վա­նի, ­Մու­շի եւ ­Կար­նոյ մէջ։ 1872ին, ­Վա­նի մէջ իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին, Ս­րո­ւանձ­տեանց հիմ­նա­դիր մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ «­Միու­թիւն ի փրկու­թիւն» ա­նու­նով ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան խմբա­կի ստեղծ­ման մէջ։

­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան եւ գրա­կան-բա­նա­հա­ւաք­ման գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մեծ ոս­տում ար­ձա­նագ­րեց 1878ի ­Պեր­լի­նի ­Վե­հա­ժո­ղո­վէն յե­տոյ, երբ իբ­րեւ յա­տուկ նո­ւի­րակ շրջե­ցաւ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րը՝ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան վի­ճա­կագ­րա­կան ճշգրիտ պատ­կե­րը կազ­մե­լու եւ հա­յոց ինք­նա­վա­րու­թեան պա­հան­ջը հիմ­նա­ւո­րե­լու պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

­Կար­ճա­տեւ կեանք վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեան­ցին։ 17 ­Նո­յեմ­բեր 1892ին, 52 տա­րե­կա­նին, բա­բա­խե­լէ առ­յա­ւէտ դադ­րե­ցաւ սիր­տը ­Մեծ ­Հա­յուն, որ իր ջա­նա­սի­րու­թեամբ եւ անձ­նո­ւի­րու­մով՝ կեան­քի այդ կարճ ժա­մա­նա­կը բազ­մա­պա­տիկ ա­ւե­լիով ի­մաս­տա­ւո­րեց ու ար­դիւ­նա­ւո­րեց։

Գ­րա­կան-բա­նա­սի­րա­կան իր վաս­տա­կը հա­ւա­քո­ւած է «­Մա­նա­նայ», «­Հա­մով-­Հո­տով», «Գ­րոց-Բ­րոց», «­Թո­րոս Աղ­բար», «Հ­նոց-­Նո­րոց» եւ այլ ա­նուն­նե­րով տաս­նեա­կա­ւոր հա­տոր­նե­րու մէջ։

Ս­րո­ւանձ­տեանց մե­ծար­ժէք ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին մեծ դիւ­ցազ­նա­վէ­պը՝ «­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թը» գրի առ­նե­լու եւ կո­րուս­տէ փրկե­լու գոր­ծին մէջ։ Ի­րեն կը պատ­կա­նի դիւ­ցազ­նա­վէ­պի ա­ռա­ջին գրա­ւոր տար­բե­րա­կին մշա­կու­մը՝ «Մ­հե­րի ­Դուռ» խո­րագ­րով, որ հե­տա­գայ 170է ա­ւե­լի գրա­ռում­նե­րու շար­քին աչ­քի կը զար­նէ իր հա­յե­րէ­նի հա­րա­զատ մշա­կո­ւա­ծու­թեամբ ու մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­բա­խուն սիր­տը վեր­ծա­նող բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չով։

­Թէ՛ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն եւ թէ՛ հե­տա­գայ քննա­դատ­նե­րու վկա­յու­թեամբ, ­Գա­րե­գին Ս­րո­ւանձ­տեանց իր ա­նու­նին կա­պեց կո­թո­ղա­կան ժա­ռան­գու­թիւն մը, որ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձաւ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի հայ գրող­նե­րուն հա­մար։

Իր­մով նոր դա­րաշր­ջան բա­ցո­ւե­ցաւ աշ­խար­հա­բա­րի եւ գրա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քի հա­յաց­ման ա­ռու­մով։ Ե­թէ մինչ այդ եւ­րո­պա­կա­նաց­ման ճի­գը տի­րա­կան էր թէ՛ հա­յե­րէ­նի մշակ­ման եւ թէ՛ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան ապ­րում­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կա­նաց­ման մէջ, Ս­րո­ւանձ­տեան­ցով սկսաւ հայ­րե­նի հո­ղին ու մար­դուն հա­րա­զա­տու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լու մօ­տե­ցու­մը, ո­րուն ար­գա­սի­քը ե­ղան հայ գե­ղա­պաշտ գրա­կա­նու­թեան հե­տա­գայ նո­ւա­ճում­նե­րը։

­Մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան շնչա­ւոր «հան­րա­գի­տա­րան»ն­ է ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեանց, որ հա­յոց ա­ռակ­ներն ու ա­ռած­նե­րը, հե­քիաթ­ներն ու դիւ­ցազ­նա­պա­տում­նե­րը, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գերն ու տեն­չե­րը քա­ղեց իր ժո­ղո­վուր­դին շրթնե­րէն, իր սրտին եւ մտքին հնո­ցով մշա­կեց ու յղկեց զա­նոնք եւ, ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը, հա­րա­զա­տօ­րէն ժա­ռանգ յանձ­նեց մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Իր ծննդեան տա­րե­դար­ձը նշե­լու եւ շնչա­ւո­րե­լու թող ծա­ռա­յէ «Գ­րա­բար-Աշ­խար­հա­բար վէ­ճը» խո­րագ­րով ­Գա­րե­գին Եպս. Ս­րո­ւանձ­տեան­ցի հե­տա­գայ սրա­միտ յօ­դո­ւա­ծը.

«ԳՐԱԲԱՐ.- ­Տօ՜, Աշ­խար­հա­բար, մի ան­գամ մտա­ծէ չա­փիդ ու հա­սա­կիդ վրայ։ Ա՜հ, ի՜նչ ա­սեմ, բար­կա­նամ՝ տղայ ես, զար­նեմ՝ որ­դիս ես, սպան­նեմ՝ իմս ես, բայց կը խնա­յեմ. սրտիս մէջ ո՛չ գութ թո­ղիր, ո՛չ սէր. յան­դուգն ես, յան­դուգն, ինձ­մէ ծնար ու իմ կե­նաց եւ ի­րա­ւաց յափշ­տա­կող ե­ղար։

«ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- ­Տա­կա­ւին պի­տի եր­կա­րե՞ս խօսքդ. հնա­ցար ան­ցար։ ­Պարտ է մե­ծաց մեղ­մա­նալ եւ փո­քունց ա­ճիլ։ Այժ­մեան կեն­դա­նիք նո­րու­թիւն կը սի­րեն։ ­Հին ես, պէտք է թա­ղո­ւիս։ Գ­լո­րո­ւե­ցաւ քո ա­նիւ, թէ­պէտ հայր՝ բայց դու ար­դէն ին­կար, եր­բոր զիս ծնար։

«ԳՐԱԲԱՐ.- Հ­նա­ցայ ու ան­ցա՞յ, հը, ի՞նչ կը բար­բան­ջես, անշ­նո՜րհք, գի­տե՞ս ով եմ ես, սուրբ ­Մես­րով­բայ ոս­կոր­ներ ողջ կը քա­շեմ, դուրս կը հա­նեմ շի­րի­մից, թող վկա­յեն թէ Աս­տո­ւած ի՜նչ սքան­չե­լի հրաշ­քով շի­նեց ու շնոր­հեց զիս ­Հա­յաս­տա­նին, իմ Աշ­խար­հին։

«ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Աս­տո­ւած հո­գիդ լու­սա­ւո­րէ, ի­րա՛ւ, քո սքան­չե­լիք եւ ա­րած բա­րիք չեմ ու­րա­նար ես, քո դա­րը կը յար­գէ զքեզ։ Գ­նա՛, մտիր ե­կե­ղե­ցին, դռնից դուրս մ­’ել­ներ, այն բա­ւա­կան հա­մա­րէ, քո իշ­խա­նու­թիւն եւ սահ­մանդ ե­կե­ղե­ցին է միայն։

«ԳՐԱԲԱՐ.- ­Կարկտ­նած լու­սա­ւո­րու­թիւն վրադ ա­ռած կը շրջիս, Ս­տամ­բօ­լու մէջ կոր ես, ­Կար­նոյ մէջ՝ կը ես, Մ­շոյ մէջ զի­մա՞լ ես, ­Վա­նայ մէջ՝ խո­րոտ-մո­րոտ ես, ­Փոքր ­Հա­յոց մէջ առ­հա­սա­րակ տաճ­կա­կա­նով խառն զան­գո­ւած մի ես։ ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ գնում-գա­լիս ես, ­Թիֆ­լի­սի մէջ՝ վո՛ւնց ես, ­Ղա­րա­բաղն եր­թաս՝ «Ա­տա յի՞նչ ա­նե­լա­կան ես», Ա­գու­լիս՝ «զոկ» ես։ ­Տէ՜ հպար­տա­ցի՛ր քո ժա­մա­նա­կով, քո լու­սա­ւո­րու­թիւ­նով։

«ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ.- Ո՞ր մէկ գործ­քերս ու փառ­քերս յի­շեմ։ ­Միով բա­նիւ լու­սա­ւո­րու­թիւն եմ ես։

«Այս վեր­ջին ժա­մա­նակ ա­հա ժա­մա­նա­կը իւր հզօր փառ­քով ու յաղ­թա­կան կառ­քով այս հան­դէ­սի մէ­ջը մտաւ, եր­կու հա­կա­ռակ զօ­րու­թիւն­նե­րը իր առ­ջեւ կան­չեց եւ այս վճի­ռը կնքեց ու հաս­տա­տեց.-

«Գ­րա­բա­րին միշտ յար­գանք եւ ան­մա­հու­թիւն։ Աշ­խար­հա­բա­րին՝ կեանք եւ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն»։

Ն.