Նոյեմբեր 16ի օրը, 160 տարի առաջ, հայկական հողի վրայ մղուած ռուս-թրքական հերթական պատերազմի ընթացքին, ցարական զօրքը հայ կամաւոր զօրայիններու աջակցութեամբ՝ երկրորդ անգամ ըլլալով գրաւեց ռազմավարական կարեւոր բերդաքաղաք Կարսը, բայց կրկին անգամ թուրքերուն... վերա դարձուց հայապատկան հինաւուրց աւանը։
Պատմական այդ դրուագը առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ յատկապէս այն լոյսին տակ, որ աշխարհի քաղաքական քարտէսը վերաձեւաւորելու համաշխարհային մրցապայքարին մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի պարագային վերստին օրակարգի վրայ բերուած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու ճշդորոշման խնդիրը՝ թրքական պետութեան կողմէ 1921ին հայ ժողովուրդին պարտադրուած Կարսի Դաշնագիրը վերաճանաչման կամ վերահաստատման ենթարկելու Թուրքիոյ ճնշումով։
Պատմութենէն ծանօթ է, որ ցարական զօրքը Կարս մուտք գործեց առաջին անգամ 1828ի Յունիս 23ին, երբ ընդհանրապէս Անդրկովկասի եւ յատկապէս Արեւելահայաստանի վրայ պարսկական տիրապետութեան վերջ տալով՝ Ցարական Կայսրութիւնը սկսաւ յաղթաքայլ յառաջանալ դէպի «տաք ջուրեր»։
Առաջին այդ գրաւումը քանի մը ամիս տեւեց միայն եւ, պատերազմական գործողութեանց աւարտին, ցարական իշխանութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան զիջեցաւ Արեւմտահայաստանի սահմանային ամրոց քաղաք Կարսը, հակառակ անոր որ ցարական բանակին կամաւոր միացած հայ զօրայիններուն համար Կարսի գրաւումը կարեւոր քայլ մը կը հանդիսանար Արեւմտահայաստանը օսմանեան լուծէն ազատագրելու ճամբուն վրայ։
Կարսի ազատագրման եւ ետ յանձնման դառն այդ պատմութիւնը ի վերջոյ սրբագրուեցաւ ռուս-թրքական 1877-1878ի պատերազմի ընթացքին, երբ ցարական զօրքը՝ հայազգի զօրավար Յ. Լազարեւի հրամանատարութեամբ, երրորդ անգամ ըլլալով եւ հայ զօրայիններու յառաջապահ մասնակցութեամբ, տիրացաւ Կարսին։ Այդ ատեն Ցարական Կայսրութիւնը իրեն կցեց Կարսը՝ հաստատակամ դէմ կենալով Պերլինի Վեհաժողովին մէջ Սուլթանի եւ անոր համախոհներու ճնշումներուն, Կարսը Թուրքիոյ վերադարձնելու ուղղութեամբ։
Այդպէ՛ս, 1878էն սկսեալ, արդի դարաշրջան մուտք գործեց հինաւուրց հայկական Կարսը, որուն անառիկ բերդին պարիսպներուն վրայ հայոց ձեռքով կառուցուած ըլլալու եւ հայ իշխաններու պատկանելու հայերէն արձանագրութեանց մասին վկայութիւններ ունին ոչ միայն հայ մատենագիրներն ու եւրոպացի ճանապարհորդները, այլեւ թուրք հեղինակներ՝ ինչպէս, օրինակ, 17րդ դարու թուրք ուղեգրող Էվլիա Չեչերին։
Հայակերտ «Կարուց քաղաք»ի մասին հայկական առաջին յիշատակութեանց կարելի է հանդիպիլ 9րդ դարէն սկսեալ՝ մատենագիրներ Ստեփանոս Տարօնեցիի, Թովմաս Արծրունիի, Արիստակէս Լաստիվերցիի, Մատթէոս Ուռհայեցիի եւ այլոց գրութեանց մէջ։
«Կարուց բերդ», «Ամրոցն Կարուց» եւ «Ամուրն Կարուց» անուանումներով յիշատակուած Կարսը կը գտնուի Ախուրեան գետի վտակներէն Կարս գետակի աջ ափին։ Հին ժամանակներէն եղած է Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Վանանդ գաւառի անառիկ ամրոցներէն մէկը, որուն ռազմական եւ տնտեսական կարեւորութիւնը մեծապէս շեշտուած էր 9րդ դարուն՝ Բագրատունեաց հարստութեան ինքնահաստատման ժամանակաշրջանին։ 888 թուականին, Վանանդի Սահակ Մլեհն իշխանը ապստամբեցաւ Բագրատունեաց Աշոտ Առաջին թագաւորին դէմ, որ ճզմելով ապստամբութիւնը՝ արքունական կալուածի վերածեց ամբողջ Վանանդը՝ իր ամրոց Կարսով։ 929 թուին Աշոտ Երկրորդ Բագրատունին արքայանիստ կեդրոնի վերածեց Կարսը՝ ամրացնելով անոր միջնաբերդը, կառուցելով Ս. Առաքելոց եկեղեցին եւ շէնացնելով քաղաքը։ 961ին Աշոտ Գ. Ողորմած Բագրատունի թագաւորը արքունի կեդրոնը Կարսէն փոխադրեց Անի, բայց երկու տարի ետք անոր եղբայրը՝ հայոց սպարապետ Մուշեղ Բագրատունի իշխանը ամրացաւ Կարսի մէջ եւ առանձին թագաւորութիւն հռչակեց։ Մուշեղի եւ անոր որդի՝ Աբասի օրով, 11րդ դարուն, Կարսի թագաւորութիւնը մեծապէս հզօրացաւ եւ տնտեսապէս ծաղկում ապրեցաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, իր վրայ կեդրոնացուց ախորժակները արեւելքէն ներխուժող Սելճուք արշաւողներուն՝ յաջորդաբար Տուղրիլ բէկի եւ Ալփ-Արսլանի։ 1054 թուին Կարսի Գագիկ Արծրունի թագաւորը կրցաւ դիմադրել եւ ետ մղել Տուղրիլին, իսկ Ալփ-Ասլանի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքել 1064ին։
Բայց արեւելքէն եկող նորանոր արշաւախումբերուն դիմադրելու իր ուժը հետզհետէ կորսնցնելով՝ Գագիկ Արծրունի ամբողջ Վանանդն ու Կարսը յանձնեց Բիւզանդիոնի Կոնստանդին Ղուկաս կայսեր՝ փոխարէնը ստանալով Կապադովկիան, ուր հաստատեց իր թագաւորութիւնը։ Իսկ 1071ին, Մանազկերտի պատերազմին, երբ բիւզանդական զօրքերը ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին, Վանանդն ու Կարսը ինկան սելճուքեան տիրապետութեան տակ, մինչեւ որ 1206ին, Զաքարեան եղբայրներու հրամանատարութեան տակ հայ եւ վրացական զօրքերը սելճուքներէն ազատագրեցին ամբողջ շրջանը եւ միացուցին Զաքարեաններու թագաւորութեան։ Միայն երեսուն տարի Զաքարեանները կրցան պահել Կարսը, որ 1236ին ինկաւ մոնկոլական տիրապետութեան տակ։ Բայց 1284 թուականին Սադուն Արծրունին կրցաւ դուրս մղել մոնկոլները եւ իր իշխանութեան ենթարկել Կարսը, որ հայկական հարստութիւն մնաց այնուհետեւ մինչեւ 1394, երբ մոնկոլ-թաթար արշաւախումբով Լենկ Թիմուր ներխուժեց, գրաւեց եւ հիմնայատակ կործանեց Կարսը։
Այդպէ՛ս հայկական Կարսը ինկաւ մոնկոլ, թաթար եւ օսմանցի թուրք ասպատակողներու իրերայաջորդ տիրապետութեանց տակ, վերանուանուեցաւ թրքերէն Ղարս եւ դարեր շարունակ, մինչեւ 19րդ դարու սկիզբները, կռուախնձոր դարձաւ օսմանցի բէկերու եւ պարսիկ խաներու միջեւ։
Պատմական զարգացումներու այս պաստառին վրայ, թուրքեւպարսկական իրերայաջորդ տիրապետութեանց դէմ գերազանցապէս հայաբնակ Կարսի ժողովուրդին պարբերական ըմբոստացումներու լոյսին տակ, իր կարեւորութիւնը կը ստանայ 16 Նոյեմբեր 1855ին ռուսական զօրքին երկրորդ անգամ Կարս մուտքը։
Փաստօրէն ռուսական կայսրութեան համար միայն ռազմավարական արժէք ունէր Կարսը՝ իբրեւ այլուր եւ յատկապէս Պալքաններու մէջ ցարական ազդեցութիւնը ընդլայնելու նպատակով գործածուող կարեւոր խաղաթուղթի եւ ճնշամիջոցի։ Նոյնիսկ 1878էն ետք, երբ ռուսական զօրքը երրորդ անգամ գրաւեց Կարսը եւ Ցարական Կայսրութեան սահմանային մարզի վերածեց զայն, բնաւ չունեցաւ անոր հայ բնակչութեան արդար իրաւունքներուն զօրավիգ կանգնելու եւ անոր հայապատկան հանգամանքը վերականգնելու քաղաքականութիւն։ Ընդհակառակն՝ առաջնորդուեցաւ «Հայաստան առանց հայու» գաղթարարական տրամաբանութեամբ եւ երբ 1917ին, պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով, Արեւմուտքին կողմէ Ռուսաստանի վրայ բանեցուող ճնշումները դիմագրաւելու հարկը զգաց, անվարան Թուրքիոյ լքեց Կարսը՝ ամբողջ Արեւմտահայաստանով հանդերձ։
Ռուս կայսերական մտածողութեան շեշտակի դրոշմը կայ, ահա՛, Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի դաշնագրին վրայ, որ նախապէս՝ Մարտ 1921ին կնքուած Մոսկուայի դաշնագրին վերահաստատումն էր, արդէն խորհրդային մականին տակ վերջնականապէս ճնշուած Հայաստանի ստորագրութեամբ ու վաւերացումով, 1923ին։
Պատմական այս առումով դաժան ու դառն դասերու շարքին իր տեղը ունի 16 Նոյեմբեր 1855ին Կարսի գրաւումը ռուսական զօրքին կողմէ ու, քանի մը ամիս ետք, հայկական հինաւուրց ամրոցին վերադարձը թուրքերուն...
Այնքան ատեն որ հայութիւնը, իր սեփական ուժերով, ի վիճակի չէ եղած ազատագրելու կամ պահպանելու հայրենի հողը, ոչ մէկ օտար ուժ մեր փոխարէն հանդիսացած է ապահովութեան երաշխիք։
Եթէ վերանկախացեալ Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր չունին հնարաւորութիւնը սեփական ուժերով վերատիրանալու իրենց արդար իրաւունքը հանդիսացող Կարսին եւ ամբողջ արեւմտահայաստանին՝ ատիկա չի նշանակեր, որ Թուրքիոյ պարտադրած շրջափակումին վերջ տալու համար զիջումներ պէտք է կատարել ազգային մեր անբըռնաբարելի իրաւունքներէն՝ օրինականութիւն շնորհելով Կարսի դաշնագրի օրինակով հայ ժողովուրդին պարտադրուած անարդար կարգադրութիւններու եւ բիրտ ուժով կատարուած իրողութեանց։
Ն.