9 ­Հոկ­տեմ­բե­րին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րին՝ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի, որ իր յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով, ազ­գա­յին լու­սա­ւո­րու­մի մեծ գոր­ծով, քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րու­նա­կու­թեամբ ու անձ­նա­զո­հու­թեան վար­քով՝ հու­նա­ւո­րեց հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քը դէ­պի նոր ժա­մա­նակ­ներ։

­Թէեւ մաս­նա­ւո­րա­բար Ար­մե­նա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ստեղ­ծու­մին կա­պո­ւե­ցաւ իր ա­նու­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս հան­դի­սա­ցաւ ընդ­հան­րա­պէս հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան պայ­ծա­ռա­տես նա­խա­կա­րա­պե­տը։

­Յատ­կա­պէս հայ ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թեանց եր­կուն­քի շրջա­փու­լը փա­կած ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դը, ներշնչ­ման իր աղ­բիւր­նե­րու շար­քին, ըստ ար­ժան­ւոյն մե­ծա­րեց Մ. ­Փոր­թու­գա­լեա­նի դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին ո­գե­ւոր­ման մէջ։

Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեան պոլ­սե­ցի էր, ծնած էր 9 ­Հոկ­տեմ­բեր 1848ին ­Գում ­Գա­բու։ ­Հայ­րը սե­ղա­նա­ւոր մարդ էր, բայց ի տար­բե­րու­թիւն ժա­մա­նա­կի սե­ղա­նա­ւոր­նե­րու մեծ մա­սին՝ յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն ու­նէր հայ գի­րի ու գրա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ։ ­Պա­տա­նի ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման մէջ վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ իր հօր սե­փա­կան գրա­դա­րա­նը։

­Յա­ճա­խեց ­Գում ­Գա­բո­ւի ­Մայր վար­ժա­րա­նը, որ այդ շրջա­նին նաեւ իբ­րեւ ժո­ղո­վա­տե­ղի կը ծա­ռա­յէր ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը մշա­կող ­Պատ­րիար­քա­րա­նի յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րուն։ 1860ա­կան­նե­րու ­Սահ­մա­նադ­րա­կան եւ հա­կա-­Սահ­մա­նադ­րա­կան բուռն պայ­քա­րի օ­րե­րուն, ­Գում ­Գա­փո­ւի ­Մայր վար­ժա­րա­նը ին­կաւ Ա­մի­րա­յա­կան՝ հա­կա-­Սահ­մա­նադ­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն ձեռ­քը եւ պա­տա­նի ­Փոր­թու­գա­լեան, հա­մակ­րան­քով հա­կո­ւած ըլ­լա­լով ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րուն կող­մը, նա­խընտ­րեց իր դպրո­ցը փո­խել եւ յա­ճա­խել ­Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ գտնո­ւող ­Սա­մա­թիոյ ­Սա­հա­կեան վար­ժա­րա­նը։

1859ին կորսն­ցուց հայ­րը, իսկ 1865ին՝ մայ­րը։ Որ­բա­ցած՝ հա­զիւ ­Սա­հա­կեան վար­ժա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ, 1867ին նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ։ ­Կարճ ժա­մա­նակ մը գրա­վա­ճառ-թեր­թա­վա­ճա­ռի մօտ աշ­խա­տե­ցաւ, բայց կ­’ու­զէր ու­սուց­չու­թեան նո­ւի­րո­ւիլ։ Սկ­սաւ հա­րուստ հա­յե­րու զա­ւակ­նե­րուն մաս­նա­ւոր դա­սեր տալ։ Եւ երբ ­Պո­լիս ապ­րող եւ­դո­կիա­ցի­նե­րը ի­րենց ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին հա­մար յար­մար ու­սու­ցիչ մը կը փնտռէին եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին մօ­տե­ցան ­Փոր­թու­գա­լեա­նի, ան բնաւ չվա­րա­նե­ցաւ եւ տե­ղա­փոխո­ւե­ցաւ Եւ­դո­կիա:

­Բայց Եւ­դո­կիա ուղ­ղա­կի ա­ղա­յա­կան մտայ­նու­թեանց բոյն էր եւ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի նման լու­սա­միտ ու­սու­ցիչ մը շատ շու­տով բա­խու­մի մէջ պի­տի գտնո­ւէր։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ եւ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ու­սուց­չա­կան եր­կա­րա­մեայ աս­պա­րէ­զը, ա­ռա­ջին այդ հանգրո­ւա­նէն սկսեալ, յատ­կան­շո­ւե­ցաւ մէկ կող­մէ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի կա­տա­րած բա­րե­կար­գում­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ ա­ղա­յա­կան խա­ւե­րու կող­մէ հա­լա­ծան­քով եւ կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ իր­բեւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րով։

Այդ օ­րե­րուն ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք ընտ­րո­ւած Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ ուղ­ղա­կի իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ ա­ռած էր անձ­նո­ւէր ու­սու­ցի­չին, այ­դու­հան­դերձ՝ խա­ւա­րա­միտ տար­րին ճնշու­մը շատ ու­ժեղ էր եւ ­Փոր­թու­գա­լեան կան­չո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս։

1874ին Խ­րի­մեան հրա­ժա­րած էր ­Պատ­րիար­քու­թե­նէն եւ ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան յա­ջոր­դած էր ա­նոր։ ­Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիարք եւս դրա­կան կար­ծիք ու­նէր ե­րի­տա­սարդ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի մա­սին, որ այդ օ­րե­րուն ստանձ­նած էր «Ա­սիա» թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը եւ սկսած էր բուռն պայ­քար մղել հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան դէմ։ ­Փոր­թու­գա­լեան դար­ձեալ ին­կաւ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի տակ եւ այն աս­տի­ճան, որ ­Ներ­սէս ­Վար­ժա­պե­տեան իր մօտ կան­չեց եւ խոր­հուրդ տո­ւաւ ա­նոր, որ ա­ւե­լի զուսպ ըլ­լայ։ ­Բայց ­Փոր­թու­գա­լեան գտած էր իր ու­ղին եւ անդր­դո­ւե­լի մնաց։ ­Պահ­պա­նո­ղակն­նե­րու պա­հան­ջին ան­սա­լով՝ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փա­կեց ինչ­պէս ­Փոր­թու­գա­լեա­նի «Ա­սիա»ն, նոյն­պէս եւ ­Պա­րո­նեա­նի «­Թատ­րոն»ը։

­Փոր­թու­գա­լեան վերջ­նա­կա­նա­պէս իր յոյ­սե­րը կտրեց ­Պո­լի­սէն եւ նա­խընտ­րեց եր­թալ գա­ւառ­նե­րը, ուր բուն ժո­ղո­վուր­դը կ­’ապ­րէր՝ եր­կու կրա­կի մէջ ին­կած. մէկ կող­մէ օս­մա­նեան կե­ղե­քում­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու ճնշում­նե­րը անշն­չե­լի կա­ցու­թեան մատ­նած էին գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թիւ­նը։

Ա­միս­ներ տե­ւող շրջա­գա­յու­թիւն մը կա­տա­րեց ­Փոր­թու­գա­լեան հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն մէջ։ ­Հա­սաւ մին­չեւ ­Թիֆ­լիս՝ «Մ­շակ»ի խմբա­գիր Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հետ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հի­մեր դնե­լու հա­մար՝ ի խնդիր երկ­րի տա­րած­քին հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման ու գա­ւա­ռի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քին։ ­Նոյն մի­ջո­ցին եւ նոյն ճամ­բով էր, նաեւ, որ Մկր­տիչ ­Փոր­թու­գա­լեա­նի եւ Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի մի­ջեւ սկսաւ սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն մը, որ պի­տի պսա­կո­ւէր Ար­մե­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րու­մով։

Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լէ ետք, 1870ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, ­Փոր­թու­գա­լեան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Վան՝ իբ­րեւ տեղ­ւոյն նո­րա­բաց ­Վար­ժա­պե­տա­նո­ցի ու­սու­ցիչ։ ­Շուրջ չորս տա­րի ան­նա­խըն­թաց ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նող գործ կա­տա­րեց ­Փոր­թու­գա­լեան։ Այդ շրջա­նին Խ­րի­մեան ­Հայ­րիկ իր կար­գին վե­րա­դար­ձած էր ­Վա­րա­գայ վանք՝ կրթա­կան ընդ­հա­նուր շարժ­ման թա­փը ու­ժե­ղաց­նե­լով։ ­Նաեւ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին եւ ­Պեր­լի­նի ­Դաշ­նագ­րին հե­տե­ւող ե­ռե­ւե­փու­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր, ինչ որ ­Փոր­թու­գա­լեա­նին առ­ջեւ լայն բա­ցած էր ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի իր գա­ղա­փար­նե­րը ա­ւե­լի յան­դուգն կեր­պով տա­րա­ծե­լու ու­ղին։

­Փոր­թու­գա­լեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով ոտ­քի հա­նեց ­Վա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ ­Պահ­պա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ ան դար­ձեալ պե­տու­թեան մօտ ամ­բաս­տա­նո­ւե­ցաւ իբ­րեւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րու քա­րո­զի­չի, բայց ­Փոր­թու­գա­լեան այ­լեւս տե­ղի տո­ւո­ղը չէր։ ­Նոյ­նիսկ երբ ­Վար­ժա­պե­տա­նո­ցը փա­կել տո­ւին, ­Փոր­թու­գա­լեան զօ­րա­կից­ներ գտաւ, որ­պէս­զի ա­նոնց օգ­նու­թեամբ իր սե­փա­կան դպրո­ցը՝ ­Վա­նի ­Կեդ­րո­նա­կա­նը հիմ­նէ եւ յա­ւե­լեալ խի­զա­խու­թեամբ շա­րու­նա­կէ նո­րա­հաս սե­րուն­դի գա­ղա­փա­րա­կան ո­գե­ւոր­ման գոր­ծը։

Այս ան­գամ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կարծ­րու­թեամբ մի­ջամ­տեց եւ 1885ին ուղ­ղա­կի Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն դուրս՝ Ֆ­րան­սա աք­սո­րեց ­Վա­նի յե­ղա­փո­խա­կան շունչն ու ո­գին դար­ձած ­Փոր­թու­գա­լեա­նը։ Ան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Մար­սէյլ, հիմ­նեց «Ար­մէ­նիա» թեր­թը եւ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով փա­րե­ցաւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան կրա­կը հա­մայն հա­յու­թեան հասց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։

­Նոյն տա­րին, ­Վան մնա­ցած իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն հետ, ­Փոր­թու­գա­լեան հիմ­նեց «Ար­մե­նա­կան» կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն գա­ղա­փա­րա­կան հու­նա­ւոր­ման ծա­ռա­յե­ցուց իր թերթն ու գրի­չը։

­Մին­չեւ 1921ի իր մա­հը, ­Փոր­թու­գա­լեան հա­ւա­տա­րիմ մնաց հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի կրա­կը ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թեան հասց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։

­Պատ­մա­կան ծա­նօթ ի­րո­ղու­թիւն է, որ «Ար­մե­նա­կան» ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս զի­ջե­ցաւ նախ Ս.Դ. Հն­չա­կեան ­Կու­սակ­ցու­թեան եւ, ա­պա, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ՝ ա­նոնց ծա­ւա­լած յե­ղա­փո­խա­կան-կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծի յան­դուգն մա­կըն­թա­ցու­թեան տակ։ Այ­դու­հան­դերձ՝ Մկր­տիչ ­Փոր­ծու­գա­լեա­նի ցա­նած գա­ղա­փա­րա­կան սեր­մե­րը պայ­քա­րի դաշտ մղե­ցին հա­յոց ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը եւ, այդ­պէ՛ս, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը նո­ւա­ճեց հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի մեծ ոս­տու­մը։

­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րին ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս հա­կիրճ ակ­նար­կը կ­’ար­ժէ ա­ւար­տել՝ Հ.Յ.Դ. ա­ռա­ջին սե­րուն­դի ա­կա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Շահ­րի­կեա­նի վկա­յու­թեամբ.-

«Ինձ թւում է, թէ 1875-1885 թո­ւա­կան­նե­րի թրքա­հայ սե­րուն­դի այն փոք­րա­թիւ մա­սը, որ նո­ւի­րո­ւել է հա­սա­րա­կա­կան դա­տին եւ գնաց միա­նա­լու ե­րեք յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րից մէկն ու մէ­կին, ան­պայ­ման կրել է ­Փոր­թու­գա­լեա­նի ու նրա «­Հա­ւա­տամք»ի սկզբնա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի՛ն կ’ա­սեմ. ­Փոր­թու­գա­լեան մե­նա­կը ե­ղաւ թրքա­հա­յոց մէջ եւ մե­նա­կը մնաց իբ­րեւ հիմ­նա­դիր ու կազ­մա­կեր­պիչ ըմ­բոս­տաց­ման՝ ընդ­դէմ բռնա­տի­րու­թեան։

«Եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին եմ տես­նում նրա մե­ծու­թիւնն ու ար­ժա­նի­քը, եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին եմ բե­րում նրան իմ ակ­նա­ծան­քի եւ յար­գան­քի հա­ւաս­տի­քը»։

Ն.