Հա­յոց պատ­մու­թեան ու­սա­նե­լի է­ջե­րէն մէ­կը կը կազ­մէ Տիգ­րա­նա­կեր­տի ճա­կա­տա­մար­տը, որ պատ­մա­բան­նե­րու ճշգրտու­մով տե­ղի ու­նե­ցաւ 2084 տա­րի ա­ռաջ այս­պի­սի օր մը՝ Հոկ­տեմ­բեր 5էն 6ի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան, մեր թո­ւար­կու­թե­նէն ա­ռաջ (ն.ք.) 69 թո­ւա­կա­նին։

Ճա­կա­տա­մար­տը մղո­ւե­ցաւ հռո­մէա­կան եւ հայ­կա­կան զօր­քե­րուն մի­ջեւ ու վերջ գտաւ հա­յոց բա­նա­կի պար­տու­թեամբ եւ նա­հան­ջով։

Հոո­մէա­կան բա­նա­կը կը ղե­կա­վա­րէր Լու­կուլ­լոս զօ­րա­վար, իսկ հայ­կա­կա­նը՝ Տիգ­րան Բ. Մեծ ար­քան։ Թէեւ ճա­կա­տա­մար­տը վերջ գտաւ հա­յոց ար­քա­յին նա­հան­ջով ու հռո­մէա­կան մեծ քա­ղա­քի տես­քով կա­ռու­ցո­ւած մայ­րա­քա­ղաք Տիգ­րա­նա­կեր­տի ա­ւե­րու­մով ու ա­ւա­րու­մով, այ­սու­հան­դերձ՝ հայ-հռո­մէա­կան պա­տե­րազ­մը եր­կար ժա­մա­նակ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ան­կէ ետք եւ միայն նախ­քան Ք­րիս­տոս 67 թո­ւին հա­սաւ իր ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նին, Տիգ­րան Բ.ի ստեղ­ծած հայ­կա­կան կայս­րու­թեան փլու­զու­մով։

Մե­ծա­նուն պատ­մա­բան Յա­կոբ Մա­նան­դեան ամ­բողջ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մը նո­ւի­րած է հա­յոց պատ­մու­թեան բախ­տո­րոշ այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի թէ՛ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյ­թին եւ թէ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հե­տա­զօ­տու­մին ու ար­ժե­ւո­րու­մին՝ «­Տիգ­րան Երկ­րոր­դը եւ Հ­ռո­մը» խո­րագ­րին տակ։ Իսկ Սար­գիս Սարգ­սեան, «­Հայ ռազ­մա­կան ա­րո­ւես­տի պատ­մու­թիւն» խո­րագ­րով իր գոր­ծին մէջ, խո­րազ­նին ու­սում­նա­սի­րու­թեան են­թար­կած է Տիգ­րա­նա­կեր­տի ճա­կա­տա­մար­տը։

Ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տի ճա­կա­տա­մար­տը ե­ղաւ բա­ցա­սա­կան դար­ձա­կէտ մը եւ անկ­ման սկզբնա­ւո­րու­մը Տիգ­րան Բ.ի նա­խա­ձեռ­նած ու նուա­ճած Հայ­կա­կան Կայս­րու­թեան կեան­քին մէջ։

Պատ­մու­թե­նէն ծա­նօթ է, որ Տիգ­րան Բ. գահ բարձրա­ցաւ ն.ք. 95 թո­ւա­կա­նին եւ, օգ­տո­ւե­լով Հ­ռո­մէա­կան Կայս­րու­թեան տկա­րաց­ման մէկ պա­հէն եւ Պար­թեւ­նե­րու ու­ժին ան­կու­մէն ու այդ բո­լո­րի ար­դիւն­քով ստեղծուած մի­ջազ­գա­յին նպաս­տա­ւոր կա­ցու­թե­նէն, յա­ջո­ղե­ցաւ քսան­հինգ տա­րո­ւան մէջ (95էն 70 թո­ւա­կան­նե­րը) ընդ­լայ­նել Հա­յաս­տա­նը Սեւ ծո­վէն ու Քուռ գե­տէն մին­չեւ Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վը եւ Ե­գիպ­տո­սի սահ­ման­նե­րը՝ Մա­րաս­տա­նէն մին­չեւ Կի­լի­կիա ու Կա­պա­դով­կիա։ Այդ­պի­սի լայ­նա­տա­րած պե­տու­թիւն կա­ռա­վա­րե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար պէտք ու­նե­ցաւ հսկա­յա­կան ռազ­մա­կան ու­ժի, ո­րուն զի­նումն ու պահ­պա­նու­մը Տիգ­րան Բ.էն պա­հան­ջեց վիթ­խա­րի նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ ու մար­դուժ։

Կայս­րու­թեան նո­ւա­ճու­մին ան­կաս­կած օգ­նեց այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան աճն ու տնտե­սու­թեան զար­գա­ցու­մը։ Բայց մեր երկ­րի ա­սիա­կան հզօր պե­տու­թեան՝ կայս­րու­թեան վե­րա­ծո­ւե­լու յաղ­թար­շա­ւին մէջ վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ Տիգ­րան Բ.ի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան մեծ տա­ղան­դը, մա­նա­ւանդ որ ան օժ­տո­ւած էր նաեւ կայս­րու­թիւն մը ղե­կա­վա­րե­լու պե­տա­կան գոր­ծի­չի կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ վար­չա­կան ընդգ­ծե­լի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով՝ միա­ժա­մա­նակ խո­րա­պէս տի­րա­պե­տե­լով ժա­մա­նա­կի ռազ­մա­կան ա­րո­ւես­տին։

Տիգ­րան Բ.ի ստեղ­ծած կայս­րու­թիւ­նը խայ­տաբ­ղէտ խառ­նուրդ մըն էր տար­բեր ցե­ղե­րու, լե­զու­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու՝ հա­սա­րա­կա­կան ու ըն­կե­րատն­տե­սա­կան տա­րաբ­նոյթ կա­ցու­թա­ձե­ւե­րով։ Ն­ման կայս­րու­թիւն մը հա­կակշ­ռե­լու հա­մար, Տիգ­րան Բ. ստի­պո­ւե­ցաւ յե­նիլ օ­տա­րազ­գի զօր­քե­րու հա­ւա­քագ­րու­մին վրայ. պար­թեւ­նե­րէն կամ հռո­մէա­ցի­նե­րէն դժգոհ կամ ա­նոնց տի­րա­պե­տու­թեան դէմ ըմ­բոս­տա­ցած տար­րե­րէն հա­յոց ար­քան կազ­մալ­րեց ու հզօ­րա­ցուց իր բա­նա­կը, բայց շու­տով անդ­րա­դար­ձաւ, թէ գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար պէտք ու­նէր միաս­նա­կան, հա­մախմ­բո­ւած, միա­ձոյլ, կա­յուն եւ ա­մուր պե­տու­թեան։ Այդ հա­շո­ւար­կով ալ, Տիգ­րան Բ. վճռա­կա­նօ­րէն ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ իր բա­նա­կի վե­րա­կազ­մու­թեան՝ զայն օժ­տե­լով նոր զէն­քե­րով, լայ­նօ­րէն գոր­ծադ­րե­լով հել­լե­նա­կան քա­ղաք­նե­րու եւ ա­նոնց պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող բեր­դա­քա­ղաք­ներ կա­ռու­ցե­լու ե­ղա­նա­կը։

Այդ­պի­սի քա­ղաք էր Տիգ­րա­նա­կեր­տը (ժա­մա­նա­կա­կից Ֆար­կի­նը), որ կը գտնո­ւէր «ար­քա­յա­կան ճա­նա­պար­հի» վրայ եւ կը դիւ­րաց­նէր Մի­ջա­գետ­քի, Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ կա­պը։ Տիգ­րան Բ. իր մայ­րա­քա­ղա­քը կա­ռու­ցեց ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ե­րեք կա­րե­ւոր ճա­նա­պարհ­նե­րու հան­գոյ­ցին վրայ.

- Ա.) Տիգ­րա­նա­կերտ-­Պարս­կաս­տան «ար­քա­յա­կան ճա­նա­պարհ»։

- Բ.) Տիգ­րա­նա­կերտ-Ար­տա­շատ։

- Գ.) Տիգ­րա­նա­կերտ-Ա­րա­ծա­նիի հո­վիտ։

Յատ­կա­պէս այս վեր­ջի­նը ու­նե­ցաւ ռազ­մա­գի­տա­կան բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն։

Տիգ­րա­նա­կեր­տը կա­ռու­ցո­ւած էր բարձր դիր­քի վրայ։ Ե­րեք կող­մէ՝ հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քէն, հիւ­սի­սէն եւ հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քէն Տիգ­րա­նա­կեր­տը պաշտ­պա­նո­ւած էր բնա­կա­նօ­րէն, ժա­մա­նա­կա­կից Ւ­լի­ջա­յի լեռ­նե­րով, իսկ հա­րա­ւէն՝ խոր կիր­ճը եւ Նի­կե­փո­րիոն գե­տա­փի ան­մատ­չե­լի, բարձր եւ ուղ­ղա­ձիգ ժայ­ռե­րը ստեղ­ծած էին շրջա­պա­տող տա­րած­քին վրայ իշ­խե­լու բնա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն։

Քա­ղա­քը շրջա­պա­տո­ւած էր 20 մեթր բարձ­րու­թիւն ու­նե­ցող պա­րիսպ­նե­րով, ո­րոնց լայն­քը այն­քան մեծ է ե­ղած, որ հոն տե­ղա­ւո­րո­ւած են պա­հես­տա­նոց­ներն ու ա­խոռ­նե­րը եւ ծա­ռա­յած են իբ­րեւ աշ­տա­րակ­նե­րու կա­յա­զօ­րի տե­ղա­շար­ժի ու­ղի։ Քա­ղա­քի կեդ­րո­նը կա­ռու­ցո­ւած էր բեր­դը՝ իր բարձր աշ­տա­րակ­նե­րով ու հրա­պա­րակ­նե­րով։ Տիգ­րա­նա­կեր­տը ու­նե­ցած է զէն­քեր ար­տադ­րե­լու բազ­մա­թիւ ար­հես­տա­նոց­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ զօր­քե­րը սպա­ռա­զի­նո­ւած են լա­ւո­րակ եւ բա­ւա­կա­նա­չափ նոր զէն­քե­րով։ Այդ բո­լո­րը նպաս­տած են Տիգ­րա­նա­կեր­տի բեր­դի ա­նա­ռի­կու­թեան։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ հռո­մէա­կան զօր­քի հրա­մա­նա­տար Լու­կուլ­լոս զօ­րա­վա­րը պա­շա­րեց Տիգ­րա­նա­կեր­տի միջ­նա­բեր­դը, պէտք ու­նե­ցաւ ամ­բողջ վեց ա­միս, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր յա­ջոր­դա­կան գրոհ­նե­րը ի վեր­ջոյ յաղ­թա­նա­կով ա­ւար­տել...

Հայ-Հ­ռո­մէա­կան պա­տե­րազ­մին տուն տո­ւող պատ­ճա­ռը ա­րեւմ­տեան Փոքր Ա­սիան իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ առ­նե­լու Տիգ­րան Բ.ի աշ­խար­հա­կա­լա­կան նկրտում­ներն էին։ Պոն­տո­սի վրայ հռո­մէա­կան տի­րա­պե­տու­թիւ­նը տա­պա­լե­լու եւ իր ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դաշ­նա­կից ու խնա­մի Միհր­դատ Զ. Եվ­պա­տո­րին գա­հա­կա­լու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու նպա­տա­կով՝ Տիգ­րան Բ. Մե­ծը ն.ք. 70 թուա­կա­նին կը նա­խա­պատ­րաս­տո­ւէր եր­կու ուղ­ղու­թեամբ մտնել Փոքր Ա­սիոյ հռո­մէա­կան մար­զը եւ վճռա­կան ճա­կա­տա­մարտ մղել Ե­փե­սո­սի մօտ: Սա­կայն, կան­խե­լով Տիգ­րան Բ. Մե­ծի յար­ձա­կու­մը, ն.ք. 69ի գար­նան հռո­մէա­կան 40 հա­զար­նոց բա­նա­կը՝ Լու­կուլ­լո­սի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, Կա­պա­դով­կիա­յի վրա­յով ներ­խու­ժեց Հա­յաս­տան:

Տիգ­րան Բ. իր մայ­րա­քա­ղա­քէն հե­ռու կը գտնո­ւէր ու զբա­ղած էր Կի­լի­կիոյ եւ Սու­րիոյ տա­րած­քին նոր ար­շա­ւանք­նե­րով, երբ 69 թո­ւի գար­նան հռո­մէա­կան բա­նակ­նե­րը՝ Լու­կուլ­լո­սի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, անց­նե­լով սահ­մա­նա­յին Եփ­րատ գե­տը, ներ­խու­ժե­ցին Հա­յաս­տան: Այդ­պէս սկսաւ Հայ-Հ­ռո­մէա­կան պա­տե­րազ­մը, որ ըն­թա­ցաւ եր­կու փու­լով՝ 69-67 եւ 66 թո­ւա­կա­նին:

Լու­կուլ­լոս զօ­րա­վար մշա­կած էր կայ­ծակ­նա­յին գրոհ­նե­րու պա­տե­րազ­մա­կան ծրա­գիր, ո­րուն հիմ­նա­կան սկզբունք­ներն էին հա­կա­ռա­կոր­դը ա­նակն­կա­լի բե­րելն ու շեշ­տա­կի հա­րո­ւած հասց­նե­լը: Սա­կայն այդ ծրա­գի­րը միայն մա­սամբ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ:

Հ­ռո­մէա­կան բա­նա­կի Հա­յաս­տան ներ­խու­ժու­մը ն.ք. 69 թո­ւին ի­րօք անս­պա­սե­լի էր: Ա­ռանց դժո­ւա­րու­թեան՝ Լու­կուլ­լոս գրա­ւեց Ծոփ­քը եւ սրըն­թաց շար­ժե­ցաւ դէ­պի Աղձ­նիք՝ գրա­ւե­լու հա­մար Տիգ­րա­նա­կեր­տը: Բայց ռազ­մա­վա­րա­կան այս ծրա­գի­րը հիմ­նո­ւած էր սխալ հա­շո­ւար­կի վրայ, ո­րով­հե­տեւ թե­րագ­նա­հա­տած էր հայ­կա­կան բա­նա­կի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, իսկ հռո­մէա­կա­նին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը չա­փա­զանց գե­րագ­նա­հա­տած էր: Հե­տե­ւա­բար, Տիգ­րա­նա­կեր­տը ա­նակն­կալ գրո­հով գրա­ւե­լու ծրա­գի­րը ձա­խո­ղե­ցաւ: Տիգ­րա­նա­կեր­տի կա­յա­զօ­րը, հայ տա­ղան­դա­ւոր զօ­րա­վար Ման­կա­յո­սի (­Մա­նուկ) հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, քա­ղա­քը պաշտ­պա­նեց մեծ հմտու­թեամբ: Գ­րո­հի ձա­խո­ղու­մէն յե­տոյ Լու­կուլ­լոս ստի­պո­ւե­ցաւ պա­շար­ման վի­ճա­կի տակ պա­հել Տիգ­րա­նա­կեր­տը: Ան­ցան ա­միս­ներ, իսկ Տիգ­րա­նա­կեր­տը շա­րու­նա­կեց հե­րո­սա­բար դի­մադ­րել

Հ­ռո­մէա­կան բա­նա­կի Հա­յաս­տան ներ­խուժ­ման լու­րը Տիգ­րան Բ. ստա­ցաւ Պա­ղես­տին գտնո­ւած ժա­մա­նակ, ուր կեդ­րո­նա­ցած էին հայ­կա­կան բա­նա­կի գլխա­ւոր հա­րո­ւա­ծա­յին ու­ժե­րը: Տիգ­րան իր թա­գա­ւո­րա­կան գուն­դով ա­րա­գօ­րէն վե­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տան, իսկ բա­նա­կի հիմ­նա­կան ու­ժե­րը՝ Բա­գա­րատ զօ­րա­վա­րի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ, հե­տե­ւե­ցան հա­յոց ար­քա­յին: Մին­չեւ Հա­յաս­տան հաս­նի­լը, Տիգ­րան Բ. Լու­կուլ­լո­սի դէմ ու­ղար­կեց Մեհ­րու­ժան զօ­րա­վա­րի փոք­րա­թիւ, սա­կայն մար­տու­նակ զօ­րա­ջո­կա­տը: Վեր­ջինս հռո­մէա­ցի­նե­րու գե­րակ­շիռ ու­ժե­րուն հետ ընդ­հար­ման ժա­մա­նակ պար­տո­ւե­ցաւ, իսկ Մեհ­րու­ժան զո­հո­ւե­ցաւ:

Սեպ­տեմ­բե­րի կէ­սե­րուն Տիգ­րա­նի գլխա­ւո­րած հայ­կա­կան բա­նա­կը մօ­տե­ցաւ պա­շա­րո­ւած Տիգ­րա­նա­կեր­տին: Մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ կը գտնո­ւէին նաեւ Տիգ­րա­նի ըն­տա­նի­քը եւ ար­քու­նի գան­ձա­րա­նը: Հայ­կա­կան զօ­րա­մաս մը յան­կար­ծա­կի ու խի­զախ գրո­հով մուտք գոր­ծեց քա­ղաք եւ հոն­կէ դուրս հա­նեց ար­քա­յից ար­քա­յի ըն­տա­նիքն ու գան­ձե­րուն մեծ մա­սը: Այս յա­ջո­ղու­թիւ­նը, ան­շո՛ւշտ, բարձ­րա­ցուց պա­շա­րո­ւած բնակ­չու­թեան հո­գե­կան կո­րո­վը եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ու հա­ւատք ներշն­չեց յաղ­թա­նա­կի նկատ­մամբ: Ի­րա­րու ե­տե­ւէ հա­սան հայ­կա­կան բա­նա­կի նո­րա­նոր զօ­րա­մա­սեր: Ըստ Ա­պիա­նո­սի, Տիգ­րան Բ.ին ռազ­մա­ջո­կատ­ներ էին տրա­մադ­րած նաեւ կայս­րու­թեան են­թա­կայ եր­կիր­նե­րը՝ Ատր­պա­տա­կա­նը (­Մա­րաս­տա­նը), Ա­ղո­ւան­քը, Վիր­քը, Կոր­դու­քը, Ա­դիա­բե­նէն եւ ան­գամ Պար­սից ծո­ցի ա­րաբ­նե­րը: Հայ­կա­կան բա­նա­կին թի­ւը, նոյն պատ­մի­չին վկա­յու­թեամբ, 300 հա­զար զի­նո­ւոր էր: Ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մա­բան­նե­րու կար­ծի­քով՝ այս թո­ւա­քա­նա­կը ի­րա­կա­նու­թեան չէր կրնար հա­մա­պա­տաս­խա­նել: Հա­յոց բա­նա­կին ա­ռա­ւե­լա­գոյն թի­ւը, այլ պատ­միչ­նե­րու տո­ւեալ­նե­րով, 80 հա­զա­րէն 100 հա­զա­րի կը հաս­նի։

Հոկ­տեմ­բեր 5էն 6 լուս­ցող գի­շե­րը, հայ­կա­կան զօր­քի տե­ղա­բաշխ­ման մէջ Տիգ­րան Բ.ի զօ­րա­վար­նե­րուն թոյլ տո­ւած կա­րե­ւոր ան­տե­սում­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով, Լու­կուլ­լոս իր բա­նա­կը դիր­քա­ւո­րեց Պաթ­ման գե­տի աջ ա­փին, ուր գե­տը կը միա­նայ Ֆար­կի­նի հետ։ Լու­կուլ­լոս ման­րազ­նին հե­տա­խու­զած էր Տիգ­րան Բ.ի զօր­քե­րուն մար­տա­կան կար­գե­րուն դա­սա­ւո­րու­մը եւ պար­զած էր, որ Տիգ­րան Բ.ի զօր­քե­րուն ան­մի­ջա­պէս ե­տե­ւը գտնո­ւող բլու­րը գրա­ւո­ւած չէ հայ­կա­կան բա­նա­կին կող­մէ. ուս­տի՝ ինք գրա­ւեց այդ կա­րե­ւոր դիր­քը, որ­պէս­զի գետն անց­նե­լու հար­կադ­րան­քին մատ­նէ հայ­կա­կան զօր­քե­րը եւ ճեղ­քէ ա­նոնց միա­ցեալ գրո­հը։ Դա­սա­ւո­րե­լով հռո­մէա­կան հե­ծե­լա­զօ­րի մար­տա­կան կար­գե­րը Պաթ­ման-­Սու գե­տի աջ ա­փին, Լու­կուլ­լոս իր հե­ծե­լա­զօ­րին հրա­հան­գեց թշնա­մին նե­ղել ճա­կա­տի կող­մէն, հա­յե­րը քա­շել դէ­պի ի­րեն եւ կա­մա­ւոր կեր­պով ետ նա­հան­ջել, որ­պէս­զի հե­տապն­դող­նե­րուն շար­քե­րը քայ­քա­յո­ւին։ Իսկ ին­քը՝ հե­տե­ւա­զօ­րի հետ միա­սին՝ անց­նե­լով հա­յե­րու թի­կուն­քը, գաղտ­նա­բար զար­տու­ղի ճա­նա­պարհ­նե­րով բարձ­րա­ցաւ բլու­րը։

Հե­տե­ւա­բար, երբ Հոկ­տեմ­բե­րի 6ի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան Տիգ­րան Բ. տո­ւաւ գրո­հի հրա­հան­գը, Լու­կուլ­լո­սի բա­նա­կը հիա­նա­լի օգ­տա­գոր­ծեց հայ­կա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան սխալ­ներն ու տե­ղան­քի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը: Շր­ջան­ցե­լով Տիգ­րան Բ.ի բա­նա­կը՝ Լու­կուլ­լոս հա­յոց զօր­քի թի­կուն­քին կեդ­րո­նա­ցուց նշա­նա­կա­լից ու­ժեր, ո­րոնք եւ վճռե­ցին ճա­կա­տա­մար­տին ել­քը: Են­թար­կո­ւե­լով երկ­կող­մա­նի յար­ձակ­ման եւ տա­լով զգա­լի կո­րուստ­ներ, հայ­կա­կան բա­նա­կը ստի­պո­ւե­ցաւ նա­հան­ջել դէ­պի երկ­րի խո­րե­րը:

Հ­ռո­մէա­ցի­նե­րու յաղ­թա­նա­կը ո­րո­շեց նաեւ Տիգ­րա­նա­կեր­տի ճա­կա­տա­գի­րը: Կա­յա­զօ­րի օ­տա­րազ­գի, յատ­կա­պէս յոյն վարձ­կան­նե­րը՝ կա­շա­ռո­ւե­լով Լու­կուլ­լո­սի կող­մէ, Հոկ­տեմ­բե­րի վեր­ջե­րուն ապս­տամ­բե­ցան հայ­կա­կան զօր­քին դէմ եւ քա­ղա­քին դար­պաս­նե­րը բա­ցին թշնա­միին առ­ջեւ: Նո­րա­կա­ռոյց ու հա­րուստ քա­ղա­քը քա­րու­քանդ ե­ղաւ ու թա­լա­նո­ւե­ցաւ: Միայն Լու­կուլ­լոս ինք, ան­ձամբ, ձեռք ան­ցուց ութ հա­զար տա­ղանդ ար­ժո­ղու­թեամբ գան­ձեր:

Տիգ­րա­նա­կեր­տի ճա­կա­տա­մար­տին հե­տե­ւան­քով՝ Տիգ­րան Բ. Մե­ծի Մի­ջերկ­րա­ծո­վեան տի­րու­թիւ­նը՝ Ա­սո­րիք, Փիւ­նի­կիա, Կի­լի­կիա ե­ւայլք ան­ցան Հ­ռո­մին:

Հա­կա­ռակ այդ բո­լո­րին, Լու­կուլ­լոս չկրցաւ յաղ­թա­նա­կով պսա­կել ի­րեն վստա­հո­ւած յար­ձա­կու­մը Հա­յաս­տա­նի վրայ։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ տա­րի մը ետք տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րա­ծա­նիի ճա­կա­տա­մար­տին, ն.ք. 68 թո­ւին, Լու­կուլ­լո­սի բա­նա­կը պար­տու­թիւն կրեց Տիգ­րան Բ.ի զօր­քե­րէն եւ ստի­պո­ւե­ցաւ նա­հան­ջել Հա­յաս­տա­նէն:

Ինչ­պէս որ պատ­միչ­նե­րը կը վկա­յեն՝ հայ­կա­կան հե­ծե­լա­զօ­րը, Տիգ­րան Բ Մե­ծի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ա­րագ եր­թով Ա­րա­ծա­նիի գե­տան­ցին մօտ կան­խեց հռո­մէա­ցի­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­քը։ Կող­մե­րը ան­յա­պաղ մար­տի բռնուե­ցան։ Հայ­կա­կան հե­ծե­լա­զօ­րը նախ դի­մեց խա­բու­սիկ փա­խուս­տի, կոտ­րե­լով թշնա­միին մար­տա­կար­գը, ա­պա սկսաւ հա­կագ­րո­հը։ Հայ թե­թե­ւա­զէն հե­ծեալ­նե­րը, թու­նա­ւոր ու ճան­կա­ւոր նե­տաս­լաք­նե­րով, ծանր կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռե­ցին հռո­մէա­ցի­նե­րուն։

Ա­րա­ծա­նիի ճա­կա­տա­մար­տէն յե­տոյ Լու­կուլ­լո­սի բա­նա­կին մնա­ցորդ­նե­րը նա­հան­ջե­ցին հա­րաւ եւ ա­պաս­տա­նե­ցան Մծ­բին քա­ղա­քի պա­րիսպ­նե­րուն։ Հ­ռո­մէա­կան նո­ւա­ճող­նե­րէն ա­զա­տագ­րո­ւե­ցան ինչ­պէս ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նը, այն­պէս եւ Պոն­տո­սի թա­գա­ւո­րու­թեան զգա­լի մա­սը։ Հ­ռո­մէա­ցի նշա­նա­ւոր զօ­րա­վար Լու­կուլ­լոս հե­ղի­նա­կազր­կո­ւե­ցաւ՝ Ա­րե­ւել­քի գոր­ծե­րը զի­ջե­լով Կ­նէոս Պոմ­պէո­սին։

Ն.