Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րէն է տա­ղան­դա­ւոր գրող Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք ­Հոկ­տեմ­բեր 3ին։

­Հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը հա­զիւ 42 տա­րե­կան էր, երբ ե­ղեռ­նա­գործ թուր­քը ա­րեան մէջ խեղ­դեց ա­նոր գե­ղե­ցիկ խօս­քի եւ խո­րազ­գած խո­կու­մի տա­ղան­դա­ւոր ձայ­նը։

Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան օժ­տո­ւած էր իր նե­րաշ­խար­հը՝ յոյ­զերն ու խո­հե­րը ա­մե­նայն պար­զու­թեամբ եւ գե­ղեց­կու­թեամբ ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ բա­նա­լու բնա­տուր ձիր­քով, ինչ­պէս որ կը հաս­տա­տէ, օ­րի­նա­կի հա­մար, «­Կա­րօտ­ներս» խո­րագ­րով 1912ին գրո­ւած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը.

­Հոգ­ւոյս խո­րը կա­րօտ­ներ կան՝

Որ կը քան­դեն զիս օ­րէ օր,

Ինչ­պէս բո­ցին կար­միր լե­զուն՝

­Մո­մին ճեր­մակ մար­մինն ա­ղո­ւո՜ր։

­Կա­րօտ­ներ կան խո­րը մըտ­քիս,

Որ ան­դա­դար զայն կը փո­րեն.

­Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցա­ւե­րուն,

­Լուռ՝ կը խոր­հիմ ես ինք­նի­րեն։

Ու կը լայն­նա՜յ վէր­քը տա­կաւ

­Չը­դար­մա­նո­ւած կա­րօտ­նե­րուն.

Ո՛չ ո՛ք գի­տէ զա­նոնք, - ի՜նչ փոյթ,

Ես դա­գաղն եմ այդ ցա­ւե­րուն։

­Չըն­չի՞ն ցա­ւեր. է՜, ո՜վ գի­տէ.

­Խոր­հուրդ­ներն են ա­նոնք հոգ­ւոյս.

­Մեծ ե­րազ­ներ եւ իղ­ձեր վառ՝

­Կը մա­րին խորն այդ ցա­ւե­րուս։

Ու կա­րօտ­ներն իմ մե­ծա­մոլ

­Կը սպա­ռեն զիս մին­չեւ ըզ­մահ,

Ինչ­պէս բո­ցի կար­միր լե­զուն՝

­Մո­մին մա­քուր մար­մի՜նն ա­ղո­ւոր։

Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան ծնած էր 142 տա­րի ա­ռաջ, ­Ռո­տոս­թո­յի մեր­ձա­կայ Մալ­կա­րա­յի մէջ։ ­Հայ գիւ­ղի հա­րա­զատ ծնունդ էր ան, որ հա­յոց հո­ղին բոյրն ու գոյ­նը, լոյսն ու շա­ղը, համն ու յա­գեց­նող ջու­րը ամ­բող­ջա­պէս իւ­րա­ցու­ցած էր եւ դար­ձու­ցած իր մտքին ու հո­գիին կեն­սա­խինդ շա­ղա­խը։

Ե­ղա՛ւ 1900ա­կան­նե­րու գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դին եւ ա­նոր նո­ւա­ճած ­Հա­յաս­տա­նեա՛ն Գ­րա­կա­նու­թեան բարձ­րա­ճա­կատ դրօ­շա­կիր­նե­րէն, որ, ճիշդ է, ե­թէ չկրցաւ ճա­ռա­գայ­թող աստղ մը դառ­նալ իր մշա­կած քեր­թո­ղու­թեան կամ գրա­կան-քննա­դա­տու­թեան մէջ, բայց ան­վի­ճե­լիօ­րէն կրցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շքե­ղու­թեան հասց­նել հա­յոց աշ­խար­հա­բա­րը։

Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան գրե­թէ ամ­բողջ կեան­քը ապ­րե­ցաւ իր ծննդա­վայ­րին մէջ, թէեւ վա­ղա­ժամ պո­կե­ցին ա­նոր կեան­քին թե­լը։ Հ­նա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նե­ցաւ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու, ո­րով­հե­տեւ ստի­պո­ւե­ցաւ կա­նուխ տա­րի­քէն կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւիլ եւ ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վել։ ­Բայց իր ծննդա­վայ­րի միջ­նա­կարգ դպրո­ցէն ստա­ցած ու­սու­մը եւ ֆրան­սե­րէ­նի ի­մա­ցու­թիւ­նը ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ այն­քան զար­գա­ցուց, որ կրցաւ ոչ միայն ֆրան­սա­կան գրա­կա­նու­թեան նո­րա­շունչ հո­սանք­նե­րուն մօ­տէն հե­տե­ւիլ եւ քայլ պա­հել իր ժա­մա­նա­կին հետ, այ­լեւ` հա­մա­պա­տաս­խան նո­րա­րա­րա­կան շունչ բե­րել քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի հայ գրա­կա­նու­թեան։

Իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ մուտք գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս։ 1890ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սան ա­նոր «Լ­քո­ւած Ք­նար» եւ «Եր­կունք» բա­նաս­տեղ­ծա­կան ժո­ղո­վա­ծու­նե­րը, ո­րոնք այն­քան ալ չգրա­ւե­ցին ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ ­Լե­զո­ւա­կան գե­ղեց­կու­թեամբ, խո­հա­կան պատ­կեր­նե­րով եւ ա­րո­ւես­տա­գէ­տի ճոխ ե­րան­գապ­նա­կով յատ­կան­շո­ւող ո­տա­նա­ւոր­ներ էին, ո­րոնց սա­կայն կը պակ­սէր բա­նաս­տեղ­ծա­կան թռիչքն ու ի­րա՛ւ յու­զա­կա­նու­թիւ­նը։ Գ­րա­կա­նա­գի­տա­կան եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ մշա­կոյ­թի տէր գրո­ղի մը առ­կա­յու­թեան մա­սին վկա­յե­լով հան­դերձ՝ այդ քեր­թո­ւած­նե­րուն կը պակ­սէր սա­կայն ի­րա՛ւ բա­նաս­տեղ­ծի դրոշ­մը, շո՛ւն­չը։ ­Պէտք ե­ղաւ որ ան կտրէ հա­սու­նաց­ման տաս­նա­մեայ ու­ղի մը, որ­պէս­զի 1910ին իր լոյս ըն­ծա­յած բա­նաս­տեղ­ծա­կան եր­րորդ հա­տո­րով` «­Նոր Ք­նար»ով, Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան հայ գրա­կա­նու­թեան ըն­ծա­յէ ու­շագ­րաւ քա­նի մը գոր­ծեր, ո­րոնք զինք ար­ժա­նա­ցու­ցին նա­հա­տակ մեր գրող­նե­րու կրտսեր ար­ժա­նա­ւոր­նե­րու պա­տո­ւան­դա­նին։

1895-96ի հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րը ոչ միայն ֆի­զի­քա­պէս խո­ցե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դը, այ­լեւ մե­ծա­պէս ա­մա­յա­ցու­ցին հայ գրա­կան հրա­պա­րա­կը։ ­Տա­ղան­դա­ւոր մեր գրող­նե­րէն շա­տեր կա՛մ բրտօ­րէն ­Պոլ­սէն աք­սո­րո­ւե­ցան, կա՛մ ա­պաս­տա­նե­ցան եւ­րո­պա­կան ա­փեր՝ ա­զատ ոս­տան­ներ փնտռե­լով ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։

Ա­ռա­ջա­ցած ա­մա­յու­թիւ­նը «լեց­նե­լու» ե­լան ընդ­հան­րա­պէս ա­նո­րակ եւ սուլ­թա­նին ծա­ռա­յա­միտ գրող­ներ։

­Նոյն այդ մթնո­լոր­տին մէջ, սա­կայն, ի յայտ ե­կան նաեւ նո­րա­րար ձայ­ներ, ո­րոնց շար­քին՝ ­Պոլ­սոյ «­Հայ­րե­նիք» օ­րա­թեր­թի է­ջե­րուն գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ընդգր­կուն յօ­դոած­ներ լոյս ըն­ծա­յող մալ­կա­րա­ցի այս ե­րի­տա­սար­դը։ Ա­րեւմ­տա­հայ ար­ձա­կի ի­րենց բարձ­րո­րակ մշա­կու­մով եւ դա­րաշր­ջա­նի ա­մէ­նէն յա­ռա­ջա­պահ շար­ժում­նե­րու ար­ձա­գան­գով` Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի հրա­պա­րա­կում­նե­րը ան­մի­ջա­պէս գրա­ւե­ցին ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի՛ն. իր ստո­րագ­րած նիւ­թե­րը ­Պոլ­սոյ գրա­կան ա­մա­յա­ցած հրա­պա­րա­կը լե­ցու­ցին եւ ջեր­մա­ցու­ցին ­Հա­յաս­տա­նեան Գ­րա­կա­նու­թեան կրա­կը ար­ծար­ծող վեր­լու­ծում­նե­րով, խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով եւ գրա­խօ­սա­կան­նե­րով։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին` Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան մին­չեւ 1908ի ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը բա­ռին լա­ւա­գոյն ի­մաս­տով տե­ղա­պա­հի դեր կա­տա­րեց ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Նո­րա­հաս գրող­նե­րուն եւ ըն­թեր­ցող հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջեւ կա­մուր­ջի դեր ստանձ­նեց։

Եւ­րո­պա­կան մտքի եւ գրա­կան շար­ժում­նե­րուն առ­ջեւ փա­կո­ւած լու­սա­մուտ­նե­րը ետ բա­ցաւ` յա­տուկ ճիգ թա­փե­լով, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նեան Գ­րա­կա­նու­թեան պա­տո­ւաս­տու­մին ծա­ռա­յեն այդ նե­րար­կում­նե­րը։ ­Բայց մա­նա­ւանդ ներ­քին գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան ձայ­նը լսե­լի դար­ձուց հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն` հայ­րե­նի հողն ու տոհ­միկ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը հա­ղոր­դա­կան եւ սի­րե­լի ըն­ծա­յե­լով օս­մա­նեան մայ­րա­քա­ղա­քի հա­յու­թեան։

­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, երբ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դը իր փառ­քի օ­րե­րը ապ­րե­ցաւ, երբ «­Մենք»ն­ ու «­Մե­հեան»ը, «­Նա­ւա­սարդ»ն­ ու «Ա­զա­տա­մարտ»ը նոր ու լայն հո­րի­զոն­նե­րու բա­ցին հայ գրա­կա­նու­թիւնն ու ընդ­հան­րա­պէս ­Հայ ­Միտ­քը, Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան աշ­խոյժ մաս­նա­կիցն ու յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րը մնաց վե­րա­զարթ­նու­մի եւ վե­րա­նո­րոգ­ման այդ բո­լոր շար­ժում­նե­րուն։

1913ին վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս` ա­ւե­լի գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու հա­մար գրա­կան հրա­պա­րա­կի աշ­խու­ժաց­ման։ ­Բայց հա­սու­նաց­ման իր տա­րեր­քին հա­սած Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի եր­թը յան­կարծ խա­փա­նո­ւե­ցաւ 1915ի Ապ­րիլ 24ին, երբ մեր հո­գեմ­տա­ւոր ամ­բողջ սե­րուց­քը բրտօ­րէն ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ, հա­ւա­քա­բար աք­սո­րո­ւե­ցաւ եւ թրքա­կան վայ­րա­գու­թեան ու գա­զա­նու­թեան «խրախ­ճանք­ներ»ու մէջ... նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ։

Ար­տա­շէս ­Յա­րու­թիւ­նեան իր ու­րոյն տե­ղը նո­ւա­ճեց հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Խիտ ու պատ­կե­րա­ւոր, խո­հուն եւ գե­ղե­ցիկ իր աշ­խար­հա­բա­րով ու ի­մա­ցա­կան զե­ղում­նե­րով` ան ու­ղի հար­թեց հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ իր ա­կունք­նե­րով ու ա­ւանդ­նե­րով վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ ար­դիա­կա­նաց­նե­լու շար­ժու­մին առ­ջեւ։

Իր յի­շա­տա­կը վե­րա­թար­մաց­նող այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ'ար­ժէ եզ­րա­փա­կել՝ «ԺԱՅՌԵՐԸ» խո­րա­գի­րը կրող հե­տե­ւեալ քեր­թո­ւա­ծով.

­Սա ժայ­ռե­րը ո­րոնց վը­րայ բա­զէ­նե­րը կը ճախ­րեն,

Ուր օ­ձե­րը՝ գա­լա­րուն՝ կը սո­ղան ու կը սու­լեն,

Եւ մա­մուռ­ներ փաթ­թը­ւած են ա­նոնց խի­զախ կո­ղե­րուն,

Ա­տե­նօք,

Ա­ւան­դու­թիւն մը կ­՛ը­սէ,

Այդ ժայ­ռե­րը մար­դիկ էին մեզ պէս՝ մի­սէ:

Ան­յի­շա­տակ օ­րեր ա­ռաջ, օր մը, հո՛ն,

­Խո­պան ու չոր այդ ա­մա­յի վայ­րե­րէն,

Հ­պարտ ամ­բոխ մը կ­՛անց­նէր.

­Հարս­նե­ւո­րի խու­ժան մը՝ եր­կիր­նե­րէ հե­ռա­ւոր:

Եւ թմբու­կին, դա­փին ձայ­նը յաղ­թա­կան,

Եր­գող­նե­րուն, ծնծղա­նե­րուն հնչիւնն ա­նուշ

Եւ շո­ղիւն­ներն ըզ­գեստ­նե­րուն երփ­նե­րանգ,

­Դէ­պի հե­ռո՛ւն, կ­՛երկն­նա­յին դաշ­տին մէջ:

­Հարսն ալ՝ քօղ­քին տակ ծած­կը­ւած՝

Իր գեղն ա­մուր կը պա­հէր:

­Յան­կարծ, սա­կայն, ան­զուսպ փա­փաք մը՝ հար­սին

Կ­՛ու­ռե­ցը­նէ սիր­տը՝ որ դէմ­քը բա­նայ,

Ու բար­բա­րոս, վայ­րի սի­րով մը ուժ­գին,

Այս ան­ծա­նօթ, այս ա­մա­յի վայ­րե­րուն՝

­Հան­դի­սադ­րէ գե­ղեց­կու­թիւնն իր թրթռուն:

Ու նե­տե­լով իր քողն ան­դին՝

­Հոն ցոյց կու տայ կու­սա­կան չքնաղ դէմք մը՝ Ա­րե­ւին:

Ալ բնու­թիւ­նը զայ­րա­ցած

Ամ­բար­տա­ւան գե­ղեց­կու­թեան այս ցոյ­ցէն,

Այդ ամ­բո­խը կ­՛ա­նի­ծէ իր շան­թե­րուն

Ա­նէծք­նե­րովն ան­կա­րե­կիր.

Ու բո­լորն ալ քար կը դառ­նան, կը սա­ռին՝

­Գա­մո­ւած, ան­շարժ ու լը­ռին:

­Հի­մակ, այն­տեղ, ըս­պա­սու­մով մըշ­տա­կան,

Այդ ժայ­ռե­րը - սա­ռած մար­դիկ – ­կը սպա­սեն:

­Կը նշմա­րո­ւին այն­տեղ շփոթ, աւ­րը­ւած,

Ու խան­գա­րուին դի­մա­գի­ծեր բազ­մա­թիւ

­Մա­նուկ­նե­րու, պար­ման­նե­րու, պա­ռա­ւի:

­Վայ­րագ աչ­քեր կան, ահ­ռե­լի սե­ւեռ­մամբ,

Ու մո­լե­գին կիր­քով մը բաց մը­նա­ցած,

Ու կծկը­ւած, խոր­շո­մած ե­րե­ւոյթ­ներ դի­ւա­հար,

Որ կը թո­ւէր պի­տի լա­յին՝ ու չեն լար՝

­Ցաւ մը ան­հուն կը յայտ­նը­ւի հա­մօ­րէն,

Որ այդ պա­հուն տան­ջեց զա­նոնք ուժգ­նօ­րէն:

Եւ դեռ հոն են, ա­նոնք յա­ւէ՛տ

­Պի­տի մնան դեռ այն­տեղ,

Ար­շա­լոյ­սի ա­րե­ւին տակ ձիւ­նա­ւէտ

­Կամ ի­րի­կո­ւան ցոլ­քե­րուն մէջ ոս­կե­հե­ղեղ:

Ն.