Հոկտեմբերի առաջին օրը հայոց ուսումնական տարեշրջանի սկիզբ յայտարարուեցաւ 97 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր ժողովին՝ Հայաստանի Խորհուրդի 11 Սեպտեմբեր 1918ի «Դպրոցական Օրէնք»ով։
Միայն քանի մը տարի կիրարկուեցաւ Հոկտեմբեր 1ին դպրոցական տարեշրջանը սկսելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրէնքը։ Հայաստանի անկախութեան կորուստին եւ խորհըրդային կարգերու հաստատման հետ, հայ ժողովուրդը եւս պարտաւորուեցաւ կրթական տարին սկսելու Սեպտեմբեր 1ին՝ հետեւելով ռուսական օրինակին, որ «Կարմիր» հռչակած էր դպրոցական վերամուտի բացման օրը։
Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակեց ուսումնական տարին Սեպտեմբեր 1ին սկսելու խորհրդային-ռուսական սովորոյթը։ Արեւմտեան կողմն աշխարհի եւս Սեպտեմբերին կը սկսէր կրթական տարուան վերամուտը։
Յամենայնդէպս, տասնամեակներու կենսափորձով՝ հայաստանեան կողմն հայաշխարհի այսօր արդէն ազգային նկարագիր ստացած աւանդութիւն է Սեպտեմբեր 1ին ուսումնական տարուան սկիզբը տօնելը՝ «Առաջին Զանգ»ը յատկանշող ինքնատիպ արարողութիւններով եւ տօնական մթնոլորտով։
Յատկանշականօրէն, ուսումնական տարեշրջանը Հոկտեմբեր 1ին սկսելու Հայաստանի Հանրապետութեան 1918ի որոշումը պահպանուեցաւ տարագիր հայութեան կողմէ, որոշապէս հայրենամերձ գօտիներու հայօճախներուն մէջ։
Թէեւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ իրականութեան մէջ, ժամանակի ընթացքին, կրթական վերամուտի սկզբնաւորումը կապուեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տօնացոյցին եւ Հոկտեմբերի առաջին Կիրակին նշուող Թարգմանչաց Տօնին հետ, այսուհանդերձ՝ ուսումնական տարեշրջանը Հոկտեմբերի 1ին սկսելու աւանդութիւնը շարունակուեցաւ։
Պատմական տեղեկանքի կարգով կ’արժէ ընթերցողի ուշադրութեան յանձնել Սիմոն Վրացեանի փոխանցած ամփոփ վկայութիւնը՝ 11 Սեպտեմբեր 1918ին հաստատուած «Դպրոցական Օրէնք»ին հիմք կազմող եւ ընդհանրապէս կրթական հաստատութիւններուն առընչուած հայեցակարգին մասին.-
«Հաստատուեց դպրոցական օրէնքը, որով «իւրաքանչիւր հասարակական կամ համայնական կազմակերպութիւն, խմբակցութիւն, ընկերակցութիւն, ինչպէս եւ առանձին անհատ, իրաւունք ունին անարգել դպրոց բանալու եւ անկախօրէն վարելու սեփական միջոցներով»։ Պետութեան վերապահւում էր ընդհանուր հակակշիռը»։
Այսինքն՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը օրէնքով կը քաջալերէր պետական, հանրային եւ մասնաւոր սեփականատիրութեամբ գործող կրթական համացանցի որդեգրումը։
Աւելի ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ՝ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան օրով, Լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի նախաձեռնութեամբ եւ 1919ի գարնան ընտրուած Հայաստանի Խորհրդարանի հաստատումով՝ ամբողջական մշակումի արժանացաւ Հայաստանի Կրթական Օրէնքը, պետական, հանրապարտադիր եւ անվճար ուսման տիրանալու իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքը նուիրագործելով։
Կ’արժէ ընդգծել, վերջապէս, որ Հոկտեմբերի թէ Սեպտեմբերի 1ին ուսումնական տարին սկսելու մտադրութիւնը, ամբողջ մարդկութեան մօտ, հիմնուած է մանուկներն ու պատանիները աշնանամուտին հետ դպրոց ուղարկելու աւանդութեան վրայ։
Նկատի ունենալով, որ հին ժամանակ մարդկութիւնը գերազանցապէս երկրագործութեամբ կ’ապրէր, ուշ գարնան օրերէն մինչեւ վաղ աշնան օրերը, մարդիկ մեծով-պզտիկով կը նուիրուէին հողի մշակումին ու ցանքին եւ ոչ ոք կրնար մտածել ուսման մասին։ Այդ ժամանակներէն ալ եկած է թեւաւոր այն խօսքը, որ «Գիրք սորվիլը ուտելիք չ’ապահովեր ճաշասեղանին»...
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ ուսումը անցեալին բացառապէս մարդ անհատի հոգեմտաւոր զարգացման՝ ճանաչողութեան մշակման եւ մտապաշարի հարստացման միջոցն էր։
Միայն արդի ժամանակներուն է, որ ուսումը արագընթաց վերածուեցաւ մարդ անհատը կեանքի ասպարէզի եւ աշխատանքի պատրաստելու ընկերային միջոցի եւ կռուանի։
Հետեւաբար, բնութեան եւ կեանքի պարտադրանքով՝ ուսումնական տարեշրջանը բոլոր ազգերուն մօտ սկսած է վաղ աշնանամուտին եւ աւարտած է ուշ գարնան կամ վաղ ամառնամուտին։
Նոյն պատճառով ալ, Հարաւային Կիսագունդի մարդկութիւնը իր ապրած տարուան եղանակներու օրացոյցին պատշաճեցուցած է ուսումնական տարեշրջանի միեւնոյն պատկերացումը՝ ընդհանրապէս Մարտին (վաղ աշնանամուտին) սկսելով եւ Դեկտեմբերին (վաղ ամառնամուտին) աւարտելով դպրոցական տարեշրջանը։
Կրթական տարեշրջանի սկզբնաւորման նուիրուած յուշատետրի այս սիւնակը եզրափակենք՝ Հայ Դպրոցին վիճակուած բախտորոշ առաքելութիւնը շեշտելով ինչպէս հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ ընթացքին, նոյնպէս եւ աւելիով մեր օրերուն։
Եթէ անցեալին - մօտ թէ հեռաւոր - արտաքին ճնշումն ու հալածանքը կը սպառնային Հայ Դպրոցի առաքելութեան, մեր օրերուն գլխաւոր սպառնալիքը կը ներկայանայ տնտեսական մեծ բացերը դիմագրաւելու անկարողութեան ու մեր վարժարաններու փակման վտանգով։
Հայ Դպրոցի առաքելութիւնը անխափան շարունակելու եւ մեր ժամանակի ոգիով արդիականացնելու մարտահրաւէրը այսօր գլխաւոր օրակարգն է հայապահպանման պայքարին։
Մարտահրաւէրը իր կարգին - եւ աւելիով սուր կերպով - կը դիմագրաւէ յունահայութիւնը, որ Յունաստանի պետական սնանկացման պայմաններուն մէջ յայտնուած է տնտեսական մատակարարման ծանր ճգնաժամի մէջ։
Պետութիւնը ի վիճակի չէ, ըստ նախկինի, ստանձնելու հայ ուսուցիչներու թոշակները վճարելու հոգատարութիւնը
Մեզ կանխող սերունդները նմանօրինակ ճգնաժամեր կրցան յաղթահարել գաղութին գօտիները սեղմելով, անսակարկ զոհաբերութեամբ իրենց կոչումին տէր կանգնող Հայ Ուսուցիչներով եւ, մանաւա՛նդ, իրենց համեստ օրապահիկէն առաւելագոյնը Հայ Դպրոցին նուիրող հայ ծնողներով։
Պիտի կարենա՞նք տէր կանգնիլ Հայ Դպրոցը կանգուն պահելու մեր ժառանգութեան։
Ն.