­Սեպ­տեմ­բեր 16ի օ­րը կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին զար­թօն­քին եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան-ա­զա­տագ­րա­կան վե­րած­նուն­դին գլխա­ւոր քա­րո­զիչ­նե­րէն ու մղիչ ու­ժե­րէն ­Ծե­րեն­ցի։

­Մաս­նա­գի­տա­կան ու­սու­մով եւ աս­պա­րէ­զով՝ ­Յով­սէփ ­Շիշ­մա­նեան բժիշկ էր, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին պատ­մու­թիւ­նը յա­ւեր­ժաց­նող իր պատ­մա­վէ­պե­րով՝ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր ու­րոյն տե­ղը գրա­ւեց ու յա­ւեր­ժա­ցաւ ­Ծե­րենց գրչա­նու­նով։

­Հան­դի­սա­ցաւ ա­րեւմ­տա­հայ ազ­գա­յին պատ­մա­վէ­պի նա­հա­պե­տը, որ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­ղան­դա­ւոր մշա­կու­մով յատ­կան­շո­ւող իր գոր­ծե­րով` ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ջամ­բեց սե­րունդ­նե­րուն ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ան­շէջ հու­րը վա­ռեց իր ժա­մա­նա­կի ե­րի­տա­սար­դու­թեան մտքին եւ սրտին մէջ։

­Հայ գրա­կա­նու­թեան պատ­մա­վէ­պի իշ­խա­նին` ­Րաֆ­ֆիի հետ միա­սին, ­Ծե­րենց ամ­բողջ դա­րաշր­ջան մը լու­սա­ւո­րեց եւ խան­դա­վա­ռեց։ ­Տա­րի­քով ա­ւագն էր, բայց վի­պագ­րա­կան աս­պա­րէզ իր ուշ մտքով` ­Ծե­րենց դար­ձաւ ­Րաֆ­ֆիի սերն­դա­կի­ցը, միաս­նա­բար ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան պատ­մա­վէ­պի միեւ­նոյն մե­տա­լին եր­կու ե­րես­նե­րուն վրայ դրոշ­մե­լով ի­րենց դի­ման­կա­րը։ ­Խորհր­դան­շա­կան զու­գա­դի­պու­թեամբ մը` հա­յոց ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան պատ­մա­վէ­պը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բար­ձուն­քի հաս­ցու­ցած եր­կու մեծ գրող­նե­րը նաեւ նոյն տա­րին, 1888ին մա­հա­ցան. ­Րաֆ­ֆի` 51 տա­րե­կա­նին, իսկ ­Ծե­րենց` 66 տա­րե­կան հա­սա­կին։

Ան­մի­ջա­պէս կ’ար­ժէ ընդգ­ծել, որ պատ­մա­վէ­պը` իբ­րեւ գրա­կան սեռ, մինչ այդ ան­ծա­նօթ չէր հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ա­բո­վեան եւ Ա­լի­շան բա­ցած էին ճամ­բան, բայց շեշ­տա­կիօ­րէն հռե­տո­րա­կան եւ քա­րո­զի մշա­կում ու­նէին հայ­կա­կան պատ­մա­վէ­պե­րը մին­չեւ ­Ծե­րենց ու ­Րաֆ­ֆի։ Ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ներշն­չու­մով վէ­պե­րու, յատ­կա­պէս պատ­մա­վէ­պե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մշա­կու­մը ա­ռա­ջին հաս­տատ քայ­լեր նե­տեց ­Ծե­րեն­ցով` ա­րեւմ­տա­հայ, իսկ ­Րաֆ­ֆիով ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։

­Ծե­րենց թէեւ ուշ` 56 տա­րե­կա­նին, 1877ին, լոյս ըն­ծա­յեց իր ա­ռա­ջին պատ­մա­վէ­պը` «­Թո­րոս ­Լե­ւո­նի»ն, բայց մինչ այդ ան ան­ծա­նօթ գրչա­նուն չէր ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Աշ­խար­հա­բա­րի որ­դեգր­ման ու մշակ­ման նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն ե­ղած էր, աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր 1860ա­կան­նե­րու հա­յոց Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հաս­տա­տագր­ման պայ­քա­րին։ ­Նաեւ՝ Մկր­տիչ ­Պե­շիկ­թաշ­լեա­նի հետ, հաշ­տա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած էր կա­թո­լի­կու­թեան շուրջ ծա­ւա­լած ­Հա­սու­նեան եւ հա­կա-­Հա­սու­նեան բուռն պայ­քար­նե­րու շրջա­նին, կա­թո­լիկ ար­մա­տա­կա­նու­թեան եւ ծայ­րա­յե­ղա­կա­նու­թեան (­Հա­սու­նեա­նա­կան շար­ժու­մին) դէմ դիր­քո­րո­շո­ւե­լով, բայց նաեւ կա­թո­լիկ հա­յե­րու դա­ւա­նա­կան ա­զատ ընտ­րու­թեան ի­րա­ւուն­քը պաշտ­պա­նե­լով։

­Յով­սէփ ­Շիշ­մա­նեան ծնած էր կա­թո­լիկ ըն­տա­նի­քի մէջ եւ ծնող­նե­րը 10 տա­րե­կա­նին զինք ղրկած էին ­Սուրբ ­Ղա­զար, ­Վե­նե­տիկ, Մ­խի­թա­րեան­նե­րու մօտ ազ­գա­յին-հո­գե­ւոր ու­սում ստա­նա­լու եւ կու­սակ­րօն դառ­նա­լու հա­մար։ Ու­սում­նա­տենչ ­Յով­սէ­փը Մ­խի­թա­րեան­նե­րէն ա­ռաւ ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր իր սնուն­դը, գրա­կան-մշա­կու­թա­յին ճա­նա­չու­մի եւ գի­տու­թեան հա­րուստ պա­շար հա­ւա­քեց, տո­գո­րո­ւե­ցաւ Մ­խի­թա­րեան­նե­րու ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան շուն­չով, բայց չու­զեց կու­սակ­րօն դառ­նալ 1837ին, երբ ա­ւար­տեց վան­քի ու­սում­նա­կան շրջա­նը. ան նա­խընտ­րեց վե­րա­դառ­նալ ­Պո­լիս։

Ան­մի­ջա­պէս ու­սուց­չու­թեան հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ եւ հա­յե­րէն լե­զու, հայ գրա­կա­նու­թիւն ու հա­յոց պատ­մու­թիւն դա­սա­ւան­դեց։ ­Բայց միայն քա­նի մը տա­րի դի­մա­ցաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զին, ո­րով­հե­տեւ ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան բուռն ապ­րում­նե­րով հա­մա­կո­ւած ե­րի­տա­սարդ ­Յով­սէ­փը ու­զեց շրջիլ հայ­րե­նի իր աշ­խար­հով մէկ եւ մօ­տէն ճանչ­նալ թէ՛ մեր հո­ղը, թէ՛ մեր ժո­ղո­վուր­դը։

1843ին մեկ­նե­ցաւ ­Թիֆ­լիս եւ հոն­կէ ձեռ­նար­կեց Ա­րե­ւե­լեան ու Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին իր եր­կա­րա­տեւ շրջա­գա­յու­թեան։ ­Հե­տա­գայ իր պատ­մա­վէ­պե­րուն հա­մար տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ պա­շար մը հա­ւա­քեց, որ սա­կայն միայն ի­րեն չպա­հեց, այլ ­Ծե­րենց ստո­րագ­րու­թեամբ սկսաւ աշ­խա­տակ­ցիլ ժա­մա­նա­կի մա­մու­լին։

­Պո­լիս վե­րա­դար­ձէն ետք, 1848ին, ո­րո­շեց մեկ­նիլ ­Փա­րիզ եւ բժշկու­թեան հե­տե­ւիլ։ Ֆ­րան­սա­կան մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ յե­ղա­փո­խա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան էր եւ 26ա­մեայ հայ ե­րի­տա­սար­դը, բժշկա­կան իր բարձ­րա­գոյն ուս­ման կող­քին, միտքն ու հո­գին լայ­նօ­րէն բա­ցաւ ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րու գա­ղա­փա­րա­կան խմո­րում­նե­րուն առ­ջեւ` տո­գո­րո­ւե­լով ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­ներն ու ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու սկզբուն­քայ­նու­թեամբ։

­Փա­րի­զեան իր կե­ցու­թիւ­նը նաեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ձե­ռեց, որ­պէս­զի ­Ծե­րենց մօ­տէն շփում ու­նե­նայ եւ մտեր­մա­նայ ֆրան­սա­կան մայ­րա­քա­ղա­քը գտնո­ւող հայ ու­սա­նող­նե­րու հետ, ո­րոնց շար­քին՝ յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քի եւ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան շար­ժու­մի ռահ­վի­րա­նե­րէն ­Նա­հա­պետ ­Ռու­սի­նեան, Գ­րի­գոր Օ­տեան, Ս­տե­փան Ոս­կան եւ ու­րիշ­ներ։

1853ին, ար­դէն բժիշկ վկա­յո­ւած` տոքթ. ­Յով­սէփ ­Շիշ­մա­նեան վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս։ Ամ­բողջ թա­փով նե­տուե­ցաւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան մէջ` հայր­ենա­սի­րա­կան-ա­զա­տագ­րա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան-յա­ռաջ­դի­մա­կան շար­ժում­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նա­կի­ցը դառ­նա­լով։

­Գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն ողջ­միտ եւ լայ­նա­խոհ, զար­գա­ցած ու ազ­նիւ, բայց մա­նա­ւանդ սկզբուն­քա­յին եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան ջա­տա­գով մարդ էր ­Ծե­րենց եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, հաշ­տա­րար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ կեան­քը ջլա­տող պա­ռակ­տիչ վէ­ճե­րու հար­թեց­ման մէջ։ Ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի մէջ ե­ղաւ ընդ­հա­նուր յար­գան­քի ար­ժա­նա­ցած հե­ղի­նա­կու­թիւն։

­Տոքթ. ­Յով­սէփ ­Շիշ­մա­նեան ու­նե­ցաւ նաեւ հա­կա­ռա­կորդ­ներ, ո­րոնք կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ տա­րի­նե­րով չա­րա­խօ­սե­ցին իր հաս­ցէին իբ­րեւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի։ Եւ երբ 1870ա­կան­նե­րուն, նո­րա­կազմ բա­րե­սի­րա­կան «­Հա­մազ­գեաց» ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ան ղրկո­ւե­ցաւ ­Կի­լի­կիա, որ­պէս­զի գիւ­ղատն­տե­սա­կան վար­ժա­րան մը հիմ­նե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը եւ յար­մա­րու­թիւն­նե­րը ու­սում­նա­սի­րէ տեղ­ւոյն վրայ, հա­կա­ռա­կորդ­ներն ու չա­րա­խօս­նե­րը կրցան կաս­կած­ներ սեր­մա­նել կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ` ­Ծե­րեն­ցի «բուն», հա­կա­սուլ­թա­նա­կան դի­տա­ւո­րու­թեանց վե­րա­բե­րեալ։

Իբ­րեւ «յե­ղա­փո­խա­կան»ի ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան վերջ տա­լու նպա­տա­կով` կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 1875ին յար­մար գտաւ զինք ու­ղար­կել ­Կիպ­րոս, կա­ռա­վա­րա­կան բժիշ­կի իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հոն կա­տա­րե­լու հա­մար, ինչ որ աք­սոր էր խոր­քին մէջ։ ­Բայց ­Ծե­րենց աք­սո­րա­կա­նի իր կեան­քը օգ­տա­գոր­ծեց` ա­ւար­տուն տես­քի բե­րե­լու հա­մար իր պատ­մա­վէ­պե­րը։

Ա­ռա­ջի­նը եւ ա­մէ­նէն հռչա­կա­ւո­րը` «­Թո­րոս ­Լե­ւո­նի»ն, որ ­Բիւ­զան­դիո­նի հա­կա­հայ խար­դա­ւանք­նե­րուն դէմ ­Կի­լի­կիոյ հա­յոց ­Թո­րոս իշ­խա­նին մղած եր­կա­րա­մեայ պայ­քա­րին հե­րո­սա­պա­տումն է, 1877ին լոյս տե­սաւ եւ ա­րա­գօ­րէն լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վեց ար­դէն 55ա­մեայ հե­ղի­նա­կին։

­Ծե­րենց աք­սո­րէն վե­րա­դար­ձաւ 1878ին, բայց այ­լեւս չու­զեց ­Պո­լիս ապ­րիլ։ Ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր հարս գա­ցած աղ­ջի­կը կ­’ապ­րէր։ ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի մէջ ու­սու­ցիչ ե­ղաւ։ 1879ին լոյս ըն­ծա­յեց իր երկ­րորդ պատ­մա­վէ­պը` «Եր­կունք Թ. ­Դա­րու»ն, ո­րուն նիւ­թը առ­նո­ւած է ­Բագ­րա­տու­նեաց իշ­խա­նու­թեան շրջա­նէն եւ կը վե­րա­բե­րի ա­րա­բա­կան տի­րա­պե­տու­թեան դէմ ­Յով­նան ­Խու­թե­ցիի (­Սա­սուն­ցիի) ղե­կա­վա­րած ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին։

Իսկ 1881ին լոյս տե­սաւ ­Ծե­րեն­ցի եր­րորդ պատ­մա­վէ­պը` «­Թէո­դորս Ռշ­տու­նի»ն, որ կը վե­րա­բե­րի 7րդ ­դա­րու ա­րա­բա­կան ար­շա­ւանք­նե­րուն ժա­մա­նակ ­Հա­յաս­տա­նի կրած ա­ւե­րա­ծու­թիւն­նե­րուն, հայ նա­խա­րար­նե­րու ան­միա­բա­նու­թեան եւ Թ. Ռշ­տու­նի իշ­խա­նին ա­պար­դիւն ճի­գե­րուն` ի մի խմբե­լու հայ նա­խա­րար­նե­րը, միաս­նա­բար դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար նա­խա­յար­ձակ­նե­րը։

­Ծե­րենց հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցաւ իր այս ե­րեք պատ­մա­վէ­պե­րով, ո­րոնք ի­րենց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­րո­շա­կի թե­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ` ճամ­բայ հար­թող նո­ւա­ճում­ներ ե­ղան թէ՛ իբ­րեւ գրա­կան եր­կեր եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, իբ­րեւ ա­զա­տագ­րա­կան-հայ­րե­նա­սի­րա­կան ապ­րում­նե­րու ներշնչ­ման աղ­բիւր։

Ե­րեք վէ­պե­րու պա­րա­գա­յին ալ, ­Ծե­րեն­ցի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան պատ­գա­մը կը կեդ­րո­նա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քին եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան վրայ։

­Ծե­րեն­ցի հա­մո­զու­մով` հայ ժո­ղո­վուր­դը ի վի­ճա­կի է դի­մադ­րե­լու ա­մէն կար­գի բռնա­կա­լի եւ ներ­խու­ժո­ղի, ո­րով­հե­տեւ ­Յով­նան ­Խու­թե­ցիի օ­րի­նա­կով` նոյ­նինքն հայ ժո­ղո­վուր­դի շի­նա­կան ու խա­ղա­ղա­սէր զա­ւակ­նե­րուն մէջ միշտ ար­թուն է Ազ­գին ու ­Հայ­րե­նի­քին հա­մար պայ­քա­րե­լու եւ յաղ­թե­լու ո­գին։ Եւ ե­թէ պատ­մու­թիւ­նը դա­ժան պար­տու­թիւն­նե­րու դա­տա­պար­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դին, ­Ծե­րեն­ցի ախ­տո­րո­շու­մով` գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը հա­յոց իշ­խան­նե­րու ա­ն­միա­բա­նու­թիւնն է։

Իր պատ­մա­վէ­պե­րու հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ետք եր­կար չապ­րե­ցաւ ­Ծե­րենց։ 1884ին դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ կորսնց­նե­լու իր աղ­ջի­կը, ո­րուն վա­ղա­հաս մա­հը շատ ծանր տա­րաւ. ուղ­ղա­կի ա­ռող­ջու­թիւ­նը քայ­քա­յո­ւե­ցաւ եւ 1888ին կա­թո­ւա­ծա­հար մա­հա­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի մէջ։

Եւ այդ­պէս, 66 տա­րե­կա­նին, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը հայ գրա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան պատ­մա­վէ­պե­րու ար­ժա­նա­ւոր նա­հա­պե­տին` ­Ծե­րեն­ցի, որ իր ամ­բողջ կեան­քը եւ ու­ժե­րը նո­ւի­րեց հա­յու­թիւ­նը միա­ւո­րե­լու եւ միաս­նա­կան պայ­քա­րի մղե­լու նպա­տա­կին` ի խնդիր ա­զատ ու ան­կախ կեան­քի եւ հայ­րե­նի­քի կեր­տու­մին, ի սպաս խա­ղա­ղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­րօր ա­պա­գա­յի նո­ւա­ճու­մին։

­Հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի պատ­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր վէ­պե­րով՝ ­Ծե­րենց յատ­կա­պէս ինք­նավս­տա­հու­թիւն, խի­զա­խու­թիւն, քա­ջու­թիւն եւ յանդգ­նու­թիւն պատ­գա­մեց մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Ն.