«­Մարդս որ աշ­խար­հիս մէջ կը թա­ւա­լի ու կեան­քի պա­տե­րազ­մը կը մղէ, պի­տի տես­նէ պայ­ծառ ու զո­ւարթ օ­րեր, այ­լեւ շատ ան­գամ՝ անձ­րե­ւոտ օ­րեր. հողմ ու փո­թո­րիկ պի­տի փչեն ու կայ­ծակ պի­տի գո­ռայ, ու սլաք­ներ ու ռում­բեր պի­տի գո­ռան չորս կող­մը, եւ եր­բեմն ալ պի­տի հա­րո­ւա­ծեն զին­քը։

«Ա՛յս է բա­ժի­նը ա­մէն մար­դու որ կ­’ապ­րի։ ­Կեան­քը պա­տե­րազմ մըն է թէ՛ նիւ­թա­պէս եւ թէ բա­րո­յա­պէս։ Այն մար­դը որ միշտ լսած է իր ներ­սի­դին Աս­տու­ծոյ ձա­յնը՝ եւ այն ձայ­նին միշտ հնա­զան­դած, ան կը վա­յե­լէ ներ­քին ե­րա­նու­թիւն մը, ո­րուն չեն հաս­նիր ու չեն ազ­դեր փո­թո­րիք­ներն ու սլաք­նե­րը. ան կը վա­յե­լէ խղճմտան­քի զո­ւար­թու­թիւ­նը զոր ոչ ոք կրնայ կապ­տել իր­մէ։

«­Մարդս այն­քա՜ն վտանգ­նե­րով շրջա­պա­տո­ւած է, այն­քա՜ն թշնա­մի­ներ ու­նի եւ իր ա­մէ­նէն մեծ թշնա­մին ի՛նք է, իր տկա­րու­թիւն­նե­րը՝ իր մո­լու­թիւն­ներն են։ Իյ­նա­լէն ետք նո­րէն ո՞վ պի­տի կանգ­նէ զին­քը, ե­թէ ոչ ա­ղօթ­քը»…

Այս­պի­սի՛ խո­հա­կա­նու­թեամբ, ի­մաս­տու­թեամբ եւ հա­ւատ­քով իր կեան­քը ար­ժե­ւո­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին ա­մէ­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քե­րէն Գ­րի­գոր Օ­տեան, որ 5 Օ­գոս­տո­սի այս օ­րը, 128 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի մէջ վտա­րան­դի կեան­քի դա­տա­պար­տո­ւած, 53 տա­րե­կա­նին առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ մեր աշ­խար­հէն։

Օ­տեան­նե­րու հռչա­կա­ւոր տոհ­մէն սե­րած էր Գ­րի­գոր. ծնած էր ­Պո­լիս, 1834ին. զա­ւակն էր ­Պօ­ղոս Օ­տեա­նի, ո­րուն հիմ­նած դպրո­ցին մէջ ալ ստա­ցաւ իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը։

­Բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­ցաւ ­Փա­րիզ, որ 1840ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն դար­ձեալ կ­’ապ­րէր յե­ղա­փո­խա­կան բուռն վե­րի­վայ­րում­նե­րու մէջ։ Ա­զա­տա­կան եւ ըն­կեր­վա­րա­կան հո­սանք­նե­րու մա­կըն­թա­ցու­թեան ժա­մա­նակ­ներն էին՝ ­Մարք­սը կը հրա­պա­րա­կէր իր «­Կո­մու­նիս­տա­կան ­Մա­նի­ֆեստ»ը, իսկ Ֆ­րան­սա­յի մէջ ա­զա­տա­կան­նե­րը կը հաս­նէին իշ­խա­նու­թեան՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րը ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան հու­նով յա­ռաջ մղե­լու հա­մար։

Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւո­րու­մը հու­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ 1848ին Եւ­րո­պան ցնցած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բա­րե­կար­գու­թեանց ու ա­զա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ու­ղիով։ Գ­րո­ղի, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի եւ քա­ղա­քա­կան մար­դու հա­րուստ պա­շա­րով զի­նո­ւած՝ 1851ին ան վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս եւ ան­մի­ջա­պէս նե­տո­ւե­ցաւ ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին զար­թօն­քի բուռն շար­ժու­մին մէջ։

Իր գա­ղա­փար­ներն ու հա­մո­զում­նե­րը տա­րա­ծե­լու հա­մար դար­ձաւ կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տա­կի­ցը ­Յա­րու­թիւն Ս­վա­ճեա­նի «­Մե­ղու» թեր­թին, որ այդ շրջա­նին կը հան­դի­սա­նար յա­նուն աշ­խար­հա­բա­րի մղո­ւող պայ­քա­րին գլխա­ւոր բե­մե­րէն մէ­կը։ Գ­րի­գոր Օ­տեան զգա­լի ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ընդ­հան­րա­պէս «­Մե­ղու»ի եւ ո­րո­շա­պէս Յ. Ս­վա­ճեա­նի գա­ղա­փա­րա­կան ուղ­ղու­թեան վրայ։ Ա­րեւմ­տա­հայ ա­զա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մշակ­ման, տա­րած­ման ու զար­գաց­ման մէջ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցան Օ­տեան եւ Ս­վա­ճեան, ո­րոնք 1860ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան՝ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան պատ­րաս­տու­թեան եւ հաս­տատ­ման թէժ պայ­քար­նե­րու շրջա­նին, ի­րար­մէ ո­րո­շա­կի հե­ռա­ւո­րու­թիւն ա­ռին՝ գա­ղա­փա­րա­կան ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րուն մէջ հետզ­հե­տէ շեշ­տո­ւած տա­րա­կար­ծու­թեանց հե­տե­ւան­քով։

Գ­րի­գոր Օ­տեան ար­մա­տա­կան յե­ղաշր­ջում­նե­րու մար­դը չէր, մինչ Ս­վա­ճեան կողմ­նա­կից էր ժո­ղովըր­դա­յին խա­ւե­րու իշ­խա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը մին­չեւ վերջ տա­նե­լու մտա­ծո­ղու­թեան։

­Նաեւ շնոր­հա­լի հռե­տոր էր Օ­տեան, որ իր հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րով ու մշա­կո­ւած ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րով ա­ռա­ջա­ցուց հա­մա­խոհ­նե­րու եւ հե­տե­ւորդ­նե­րու ազ­դե­ցիկ շար­ժում։ ­Յատ­կա­պէս մշա­կու­թա­յին կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ մե­ծակ­շիռ ե­ղաւ Օ­տեա­նի ներդ­րու­մը, որ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րու վրայ կանգ­նե­ցաւ` յա­նուն հա­յոց լե­զո­ւի բիւ­րե­ղաց­ման, աշ­խար­հա­բա­րի յղկման եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յոց մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման։

Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ միայն հայ ի­րա­կա­նու­թեամբ։ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան լայն ընդգր­կու­մով եւս Օ­տեան աշ­խոյժ եւ ազ­դե­ցիկ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րով ու գա­ղա­փար­նե­րով յա­ռաջ ե­կած եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան-ա­զա­տա­կան շար­ժում ծա­ւա­լած թուրք քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պայ­քա­րին։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ 1875-1876 թո­ւա­կան­նե­րուն, Գ­րի­գոր Օ­տեան աջ բա­զու­կը դար­ձաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը բա­րե­կարգ­չա­կան-սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րով օժ­տե­լու դրօ­շը պար­զած ­Միտ­հաթ փա­շա­յի՝ ճար­տա­րա­պե­տի դեր ստանձ­նե­լով 1876ի հռչա­կա­ւոր ­Թան­զի­մա­թի (­Սահ­մա­նադ­րու­թեան) մշակ­ման մէջ։

­Նոյն տա­րի­նե­րուն, երբ ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տո­ւէր ­Պեր­լի­նի վե­հա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յաց­նե­լու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հա­յե­րուն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րը, Գ­րի­գոր Օ­տեան ե­ղաւ հայ­կա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու իր սե­փա­կան պատ­կե­րա­ցու­մը մշա­կող հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը։ Այդ­պէ՛ս գրո­ւե­ցաւ «Ծ­րա­գիր կազ­մա­կեր­պա­կան կա­նո­նագ­րի Օս­մա­նեան ­Հա­յաս­տա­նի» խո­րագ­րով իր ա­ռա­ջար­կած բա­րե­կար­գու­թեանց նա­խա­գի­ծը։

Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ծանր հա­րո­ւած ստա­ցաւ 1880ին, երբ ­Սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­միտ առ­կա­խեց ­Միտ­հա­թեան սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ կա­տա­ղի հա­լա­ծանք սկսաւ բա­րե­կարգ­չա­կան շարժ­ման պա­րագ­լուխ­նե­րուն դէմ։ Օ­տեան իր կար­գին հե­ռա­ցո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թե­նէն եւ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ վտա­րան­դի կեան­քի՝ ­Փար­իզի մէջ։

Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ գոր­ծի­չը բնա­կա­նա­բար վար չդրաւ իր զէն­քե­րը։ ­Փա­րի­զէն շա­րու­նա­կեց իր պայ­քա­րը յա­նուն թէ՛ օս­մա­նեան ընդ­հա­նուր բա­րե­կար­գու­մին, թէ՛ ա­րեւմ­տա­հա­յոց ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան։ Եւ երբ 1885ին հիմ­նո­ւե­ցաւ Ար­մե­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, Գ­րի­գոր Օ­տեան ան­վա­րան իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րեց Մկր­տիչ ­Փոր­թու­կա­լեա­նին՝ Ար­մե­նա­կան­նե­րու հիմ­նա­դիր խոր­հուր­դին մաս կազ­մե­լով։

­Բայց 1887ին վա­ղա­ժամ ընդ­հա­տո­ւե­ցաւ կեան­քի թե­լը ար­ժա­նա­ւոր եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր այս մե­ծա­նուն հա­յուն։ Գ­րի­գոր Օ­տեան աչ­քե­րը փա­կեց ­Փա­րի­զի մէջ եւ թա­ղո­ւե­ցաւ ­Փեր ­Լա­շէզ։

­Յետ մա­հու հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի «­Սահ­մա­նադ­րա­կան խօս­քեր ու ճա­ռեր» (1910ին) եւ «Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի գո­հար­նե­րը» (1931ին, եր­կու հա­տոր) գոր­ծե­րը։

Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին այս մե­ծար­ժէք պատ­գա­մա­բե­րին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չու­մի այս է­ջը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել ա­նոր հե­տե­ւեալ խոս­տո­վա­նու­թեամբ.-

«... Ազ­գը ա­ռա­ջին բառն էր, զոր ար­տա­սա­նե­ցին ­Պա­լեան եւ ­Ռու­սի­նեան, երբ միա­ցան տո­ղերս գրո­ղին հետ։ Այդ օ­րե­րուն՝ Ազ­գը վար­չու­թեան պէս բան մը ու­նէր, լե­զո­ւի պէս բան մը, ու դպրո­ցի պէս բան մը։ ­Սո­քա ձեռն ար­կին կեր­պա­րա­նել այս ե­րեք բա­ներն, որ ե­րեք էա­կան պայ­ման­ներն են ազ­գա­յին յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան։

Այս ձեռ­նար­կու­թե­նէն ծնած ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, Ուղ­ղա­խօ­սու­թիւ­նը եւ 1854ի Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դը, ա­ւե­լի եր­կունք, տքնու­թիւն եւ զո­հո­ղու­թիւն պատ­ճա­ռած են հե­ղի­նա­կաց, քան(1863ի) ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը...։

Երբ այն­քան տա­րի­նե­րէ ետք մտքովս կը յա­ծիմ այն ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, ուր լաւ պա­տե­րազ­մը պա­տե­րազ­մե­ցանք,...­ երբ աչ­քիս առ­ջեւ կը բե­րեմ այն­քան խո­չըն­դոտ­նե­րը, այն­քան սպառ­նա­լիք­նե­րը, այն­քան ահ ու դո­ղը, կը պա­տէ զիս ու կ­՛ը­սեմ.- Ի՛նչ վեհ է ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը»։

Ն.