1983 թո­ւա­կա­նի ­Յու­լիս 27ի օ­րը ա­րեամբ գրուած անջն­ջե­լի թո­ւա­կան մը դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­րօ­րեայ պատ­մու­թեան մէջ՝ խորհրդան­շե­լով ­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րին նո­րա­գոյն զար­թօն­քին ա­րե­ւա­մա­րը...

­Յու­լիս 27ի այս օ­րը, 32 տա­րի ա­ռաջ, ­Փոր­թու­կա­լի մայ­րա­քա­ղաք ­Լիզ­պո­նի մէջ, թրքա­կան դես­պա­նու­թեան պատ­կա­նող հա­մա­լի­րը թա­տե­րա­բեմ դար­ձաւ հայ­կա­կան իւ­րօ­րի­նակ Ող­ջա­կիզ­ման։

­Հինգ ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­ներ, Հ.Յ.Դ. ­Լի­բա­նա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­ներ, յա­նուն ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, ու­ժա­նա­կով պայ­թե­ցու­ցին եւ օ­դը հա­նե­ցին թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը խորհր­դան­շող շէն­քը՝ ինք­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ մը եւ հե­րո­սա­կան գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ ի­րենց գե­րա­գոյ­նը, դե­ռա­տի կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րե­լով հա­յոց Ազ­գա­յին ­Դա­տին շուրջ քա­շո­ւած լռու­թեան պա­տը քան­դե­լու պայ­քա­րին։

«­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Բա­նակ»ին զի­նո­ւո­րագ­ուած գա­ղա­փա­րի մար­տիկ­ներ էին Ա­րա ­Քըր­ճը­լեան, ­Վա­չէ ­Տաղ­լեան, ­Սի­մոն Եահ­նիեան, ­Սեդ­րակ Ա­ճէ­մեան եւ ­Սար­գիս Աբ­րա­հա­մեան։

­Սի­մոն նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ գոր­ծո­ղու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին, դես­պա­նու­թեան հա­մա­լի­րը գրա­ւե­լու գրո­հի ըն­թաց­քին։ Ա­րա, ­Վա­չէ, ­Սեդ­րակ եւ ­Սար­գիս չու­շա­ցան միա­նա­լու մար­տի­րո­սա­ցած ի­րենց ըն­կե­րոջ՝ յա­նուն Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի վե­րա­տի­րաց­ման հա­յոց պայ­քա­րին Ող­ջա­կիզ­ման ա­ւանդ մը կտա­կե­լով մեր սե­րունդ­նե­րուն։

Այդ­պէ՛ս, 1983ի յու­լի­սեան այս օ­րը ա­րե­ւա­մար մը խորհր­դան­շեց ­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ։ 1975ին, ­Մեծ Ե­ղեռ­նի վաթ­սու­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րին կի­զիչ ա­րե­ւը անս­պա­սե­լիօ­րէն ծա­գե­ցաւ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար­նե­րու հո­րի­զո­նին վրայ եւ, ա­մե­նայն ճա­ռա­գայ­թու­մով, Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան իր բո­ցա­վառ ճշմար­տու­թիւ­նը տա­րա­ծեց ա­մէ­նուր։

Ութ տա­րի շա­րու­նակ, թրքա­կան ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն դէմ ուղ­ղո­ւած իր պար­բե­րա­կան հա­րո­ւած­նե­րով, ­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րը փշրեց ա­նարգ լռու­թեան պա­տը եւ հրկի­զեց հա­յաս­պան ու­րա­ցու­մի ու մե­ծա­պե­տա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան խա­ւա­րա­նիստ բո­լոր որ­ջե­րը։

­Հայ ­Դա­տին մի­ջազ­գա­յին այժ­մէա­կան հնչե­ղու­թիւն ա­պա­հո­ված այդ հա­տու հա­րո­ւած­նե­րուն վեր­ջի­նը ե­ղաւ ­Լիզ­պո­նի ող­բեր­գա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, խորհր­դան­շեց մայ­րա­մու­տը պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի ու­ժա­կան ա՛յդ ե­ղա­նա­կին, որ իր նպա­տա­կին հա­սած էր՝ ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը, մա­նա­ւանդ հայ ժո­ղո­վուր­դին քա­ղա­քա­կան ար­դար հա­տու­ցում կա­տա­րե­լու Թր­քա­կան ­Պարտ­քը այժ­մէա­կան օ­րա­կար­գի վե­րա­ծե­լով։

­Շատ գրո­ւած է եւ տա­կա­ւին եր­կար ժա­մա­նակ ու միշտ պի­տի գրո­ւի ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին մա­սին, ա­նոնց գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան մէջ խտա­ցած գա­ղա­փա­րա­կան ան­կորն­չե­լի խոր­հուր­դին եւ պատ­գա­մին մա­սին։

Ա­նոնք «խենթ»եր էին, կեն­սու­րախ զա­ւակ­ներն էին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած, հայ­րե­նա­զուրկ դար­ձած հայ­րե­րու, ո­րոնք կրցած էին յաղ­թա­հա­րել տա­րագ­րու­թեան հետ ե­կած կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րը, ճա­շա­կած էին հիւ­ղա­ւան­նե­րու եւ թի­թե­ղա­շէն դպրոց­նե­րու դա­ժան պայ­ման­նե­րը եւ կրցած էին հա­յու աշ­խա­տա­սի­րու­թեան, ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան ու ստեղ­ծա­գործ ո­գիին կեն­սա­յորդ աշ­խու­ժու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րել եւ ազ­գա­յին ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան շուն­չով սե­րունդ թրծել։

Ա­րա, ­Վա­չէ, ­Սի­մոն, ­Սեդ­րակ եւ ­Սար­գիս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած տա­րա­գիր հա­յու­թեան եր­րորդ սե­րուն­դին կը պատ­կա­նէին։

Ա­մէն հիմք ու­նէին կեան­քին փա­րե­լու եւ վա­յե­լե­լու ի­րենց աշ­խա­տան­քին պտուղ­նե­րը, բայց Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի սպան­դին ու տե­ղա­հա­նու­թեան, բռնագրա­ւու­մին եւ կոր­ծան­ման մեծ ու խո­րա­գոյն խո­ցը, այ­լեւ՝ հայ­կա­կան Ի­րա­ւուն­քին ու Ար­դա­րու­թեան դէմ հիւսուած Լ­ռու­թեան ­Պա­տը մեծ «Օ­տա­րա­կան»նե­րու վե­րա­ծած էր ա­նոնց ամ­բողջ սե­րուն­դը։

­Սե­փա­կան ու մայ­րե­նի լե­զո­ւով եւ մշա­կոյ­թով լիար­ժէք ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու ներ­քին կրա­կը, պա­պե­նա­կան հո­ղին վրայ հա­յա­շունչ կեանք ու ա­զատ ա­պա­գայ կեր­տե­լու եւ վա­յե­լե­լու բուռն պա­հան­ջը եւ, մա­նա­ւանդ, ա­րե­ւուն տակ հա­յու հպար­տու­թեամբ քա­լե­լու ան­յագ ծա­րա­ւը ­Լիզ­պոն ա­ռաջ­նոր­դե­ցին գրո­հա­յին մար­տու­նա­կու­թիւ­նը ­Հինգ ­Խեն­թե­րուն, որ­պէս­զի ի­րենց ՊԱՏԳԱ­Մը ա­ռա­ւե­լա­գոյն ու­ժա­կա­նու­թեամբ փո­խան­ցեն նախ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի ի­րենց սերն­դա­կից­նե­րուն, ա­պա՝ ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րուն եւ, վեր­ջա­պէս, լուռ ու ան­տար­բեր հա­յեաց­քով հա­յոց ող­բեր­գու­թեան նա­յող հա­նուր մարդ­կու­թեան։

Ո­րո­շա­կի ժա­մա­նակ պէտք ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թիւ­նը հա­յե­րուս եւ ողջ աշ­խար­հին հասկ­նա­լի դառ­նայ ի­րենց իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ՝ նախ­քան գրո­հը կա­տա­րո­ւած տե­սագ­րու­թեամբ.

-«Ա­ռանց հայ­րե­նի­քի, ա­ռանց մայր հո­ղին՝ ո՛չ ա­պա­գայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ըն­տա­նիք կ­՛ըլ­լայ: Ա­ռանց մայր հո­ղին, ա­ռանց ազ­գին, ո­րե­ւէ ըն­տա­նիք գո­յու­թիւն չ­՛ու­նե­նար»,-հա­ւա­տաց Ա­րա։

-«­Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, ո­րով­հե­տեւ հայ պի­տի մեռ­նիմ: ­Շատ ու­րախ եմ այս գոր­ծո­ղու­թեամբ: ­Հի­մա մեր ապ­րած կեան­քը իս­կա­պէս որ կեան­քէ զատ՝ ա­մէն ին­չի կը նմա­նի: Կ­՚ապ­րինք ու­րի­շին տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ու­րի­շին խա­մա­ճիկ­ներն ենք»,-ա­ւել­ցուց ­Սի­մոն:

-«Ինչ­պէս որ կ’ը­սէ եր­գը՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խեն­թերն են գտնում հնար»: Ա­յո՛, մենք խեն­թեր ենք, բայց չա­կեր­տեալ խեն­թեր: Ե­կէ՛ք, միա­ցէ՛ք մե­զի: ­Կը հա­ւա­տամ, որ կը տի­րա­նանք մեր հայ­րե­նի­քին»,-յայ­տա­րա­րեց ­Սա­գօ։

-«Ես բնա­կան մա­հով պի­տի չմեռ­նիմ. զո­հը պի­տի չըլ­լամ ճա­կա­տագ­րի խա­ղե­րուն: Ես ­Հայ ­Դա­տի զինուոր եմ. կեանքս պի­տի զո­հեմ այդ ճամ­բուն վրայ»,-ընդգ­ծեց ­Վա­չէ։

-«­Մենք ա­ռա­ջին­նե­րը չենք, որ կը քա­լենք, մեզ­մէ ա­ռաջ շա­տեր քա­լած են եւ կը յու­սամ, որ մեզ­մէ ա­ւե­լի լա­ւերն ալ պի­տի գան, մեզ­մէ ա­ւե­լի գոր­ծեր պի­տի ը­նեն»,-պատ­գա­մեց ­Սեդ­րա­կը։

«Ա­հա ա՛յս հա­ւատ­քով ար­շա­ւե­ցին ­Լիզ­պոն զո­հո­ւած քաջ ըն­կեր­ներ»ը։

Այդ­պէ՛ս, ­Լիզ­պո­նի մար­տի­րո­սա­ցու­մը դար­ձաւ նո­րօ­րեայ վկա­յու­թիւ­նը «ի­մա­ցեալ մա­հով ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­լու» հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան։

Ե­ղա՛ւ պատ­գա­մա­բե­րը ա­զատ, ան­կախ ու միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս կեան­քի բո­լոր հե­ռան­կար­նե­րը մեր­ժե­լու նո­րօ­րեայ ­Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան ան­դառ­նա­լի ուխ­տին։

­Խորհր­դան­շե՛ց դաշ­նակ­ցա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան անձ­նա­կան օ­րի­նա­կով շրջե­լու պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կու­մի ա­նի­ւը եւ վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­յոց ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, սե­փա­կան ու­ժով վե­րա­կանգ­նե­լու ան­փո­խա­րի­նե­լի Ի­րա­ւունքն ու Ար­դա­րու­թիւ­նը։

27 ­Յու­լիս 1983ը հա­յոց յու­շա­տետ­րին ­Լիզ­պո­նի Ող­ջա­կիզ­ման խորհր­դա­նիշ էջն է։

Օրն է՝ յա­նուն ­Հայ ­Դա­տին եւ Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի նո­ւա­ճու­մին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնո­ւե­լու ամ­բողջ սե­րուն­դի մը ան­կորն­չե­լի պատ­գա­մին, ա­րեամբ նո­ւի­րա­գոր­ծած գա­ղա­փա­րա­կան յանդգ­նու­թեան։

Եւ տա­րագ­րու­թեան դա­տա­պար­տո­ւած հա­յը, այ­սօր թէ վա­ղը, երբ իր զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­ցի շունչ ու գա­ղա­փա­րա­կան թռիչք կը նե­րար­կէ, ան­պայ­ման պի­տի յի­շէ եւ միշտ պի­տի յի­շեց­նէ օ­րի­նա­կը ­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին՝ իբ­րեւ յա­ւեր­ժին մէջ ար­ձա­գան­գող պոռթ­կու­մը հա­յոց ար­դար ցա­սու­մին։

Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը իր հո­գիին խո­րը հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կը կա­տա­րէ եւ կը խո­նար­հի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ Ազ­գի ու ­Հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան բա­գի­նին զո­հա­բե­րո­ւած Ող­ջա­կէզ­նե­րուն՝ Ա­րա­յին, ­Վա­չէին, ­Սի­մո­նին, ­Սեդ­րա­կին եւ ­Սա­գո­յին։

­Լիզ­պո­նի ­Հին­գին հետ մեր էու­թեան կեն­սու­րախ մէկ բջի­ջը ող­ջա­կի­զո­ւե­ցաւ, որ­պէս­զի եր­բեք չմոռ­նանք հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նինք Ազգն ու ­Հայ­րե­նի­քը ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու գա­ղա­փա­րա­կան մեր մե­ծա­գոյն պարտ­քին։

Ն.