22 Յու­լի­սին, 118 տա­րի ա­ռաջ, Վա­նի հիւ­սիս ա­րե­ւել­քը գտնո­ւող Ս­պա­հան (նաեւ՝ Սա­պա­հան կո­չո­ւած է) լի­ճը եւ զայն շրջա­պա­տող հա­յոց բարձ­րա­բերձ լեռ­նե­րը լուռ վկա­նե­րը դար­ձան հայ ֆե­տա­յի­նե­րու հե­րո­սա­կան խո­յան­քին ու ան­կոտ­րե­լի մար­տու­նա­կու­թեան։

1897ի Յու­լիս 20էն 24 եր­կա­րող օ­րե­րուն, Հ.Յ.Դ. անդ­րա­նիկ սե­րուն­դի ար­ժա­նա­ւոր խմբա­պետ­նե­րէն Վազ­գէ­նի եւ Գուր­գէ­նի ղե­կա­վա­րած 30 հո­գի­նոց դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու խում­բը յաղ­թա­կան կռիւ մղեց քիւրտ աս­պա­տա­կող­նե­րու եւ թուրք զապ­թիէ­նե­րու միա­ցեալ յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ՝ ծան­րա­գոյն վնաս­ներ պատ­ճա­ռե­լով ա­նոնց։

Յաղ­թա­կան այդ ճա­կա­տու­մին շնոր­հիւ, ֆե­տա­յա­կան խում­բը կրցաւ կտրել ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նը եւ անվ­նաս՝ իր զի­նամ­թեր­քով՝ կրցաւ հաս­նիլ Եր­կիր եւ միա­նալ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու մղած ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով պայ­քա­րին՝ Կար­միր Սուլ­թա­նի հա­յա­ջինջ բռնա­տի­րու­թեան դէմ։

Վազ­գէ­նը նոյ­նինքն Վա­նի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու Տիգ­րան Տէ­րո­յեանն է, որ մեր­ժեց իր ծննդա­վայ­րէն հե­ռա­նալ 1896ի Յու­նի­սին, երբ հա­մի­տեան ջար­դա­րար յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ Այ­գես­տա­նի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռիւ­նե­րը դադ­րե­ցո­ւե­ցան՝ կռո­ւող հա­յոր­դի­նե­րու քա­ղա­քէն հե­ռա­նա­լու հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։

Պատ­մու­թիւ­նը ծա­նօթ է. ար­մե­նա­կան Ա­ւե­տի­սեա­նի, հնչա­կեան Մար­տի­կի եւ դաշ­նակ­ցա­կան Պե­տո­յի միա­ցեալ հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ կռո­ւած վա­նե­ցի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, որ­պէս­զի Այ­գես­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին փրկէ գա­ւառ­նե­րու հա­յու­թեան վի­ճակուած ջար­դե­րու ճա­կա­տագ­րէն, ըն­դա­ռա­ջեց եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց կող­մէ տրո­ւած ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րուն եւ յանձն ա­ռաւ հե­ռա­նալ Վա­նէն։

Բայց դէ­պի Պարս­կաս­տան ի­րենց ճամ­բուն վրայ, հա­րիւ­րա­ւոր հայ մար­տիկ­նե­րը են­թար­կո­ւե­ցան թրքա­կան զօր­քե­րու, մա­նա­ւա՛նդ Սուլ­թա­նի կող­մէ կա­շառուած քրտա­կան Մազ­րիկ ցե­ղա­պե­տին ու ա­նոր զինեալ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րուն, ո­րոնց դէմ հայ հե­րոս­նե­րը հե­րո­սա­բար կռո­ւե­ցան մին­չեւ վեր­ջին շուրջ եւ նա­հա­տա­կո­ւե­ցան, երբ մնա­ցին ա­ռանց փամ­փուշ­տի...

Հա­րիւ­րա­ւոր հայ մար­տիկ­նե­րու կո­տո­րա­ծը ուղ­ղա­կի ցնցեց ողջ հա­յու­թիւ­նը։ Հարկ էր թէ՛ պատ­ժա­կան հա­տու պա­տաս­խան տալ ջար­դա­րար Մազ­րիկ ցե­ղի աս­պա­տա­կող­նե­րուն, թէ՛ վե­րա­կանգ­նել խոր յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դին ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը, թէ՛ ազ­դա­րա­րել եւ­րո­պա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը այ­լեւս չի կրնար հա­ւատք ըն­ծա­յել մեծ տէ­րու­թեանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն տո­ւած ա­պա­հո­վու­թեան... ե­րաշ­խիք­նե­րուն։

Ցա­սու­մի եւ յու­սա­բե­կու­թեան, բո­ղո­քի եւ ընկր­կու­մի այդ մթնո­լոր­տին մէջ էր, որ Հ.Յ.Դ. 1896-1897ի Ռա­յո­նա­կան Ժո­ղո­վը տո­ւաւ Մազ­րիկ ցե­ղը մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բով մը պատ­ժի են­թար­կե­լու եւ, այդ օ­րի­նա­կով, հա­կա­հայ բո­լոր տար­րե­րուն ազ­դա­րա­րու­թիւն ուղ­ղե­լու ո­րո­շու­մը։

Բայց նոյ­նինքն դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու շար­քին նկա­տա­ռե­լի թիւ կը կազ­մէին ա­նոնք, ո­րոնք նման ցու­ցա­կան քայ­լով ու պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բով չէին պատ­կե­րաց­ներ Պե­տո­նե­րու վրէ­ժը լու­ծե­լու յար­մա­րա­գոյն եւ հա­տու պա­տաս­խա­նը։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ար­շա­ւա­խում­բի գա­ղա­փա­րին ընդ­դի­մա­ցող­նե­րը կը շեշ­տէին, թէ անհ­րա­ժեշտ է նո­րո­վի եւ լայն թափ տալ զէն­քի, զի­նամ­թեր­քի եւ մար­տիկ ու­ժե­րու Եր­կիր ա­ռա­քու­մին՝ լուռ եւ ա­նաղ­մուկ զի­նե­լու հա­մար նոյ­նինքն Երկ­րի մեր ժո­ղո­վուր­դը եւ զայն պատ­րաս­տե­լու հե­տա­գայ հա­րո­ւած­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման։

Յատ­կա­պէս Վազ­գէն դրօ­շա­կիր­նե­րէն էր ժո­ղովըր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռո­ւան­նե­րու հզօ­րա­ցու­մին նա­խա­պա­տո­ւու­թիւն տա­լու տե­սա­կէ­տին։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ 23ա­մեայ յե­ղա­փո­խա­կա­նը գա­ղա­փա­րա­կան ու մար­տա­կան իր կրա­կի մկրտու­թիւ­նը ստա­ցած էր Պե­տո­յի շուն­չին տակ եւ լի էր ա­մե­նայն վճռա­կա­նու­թեամբ՝ լու­ծե­լու Պե­տո­նե­րու վրէ­ժը, այ­սու­հան­դերձ՝ Վազ­գէն հա­մո­զո­ւած էր, որ Պե­տո­յի սկսած սուրբ գոր­ծը լա­ւա­գոյնս կրնար շա­րու­նա­կո­ւիլ Երկ­րի հա­յու­թեան յա­րա­ճուն զի­նու­մով եւ մար­տու­նակ կազ­մա­կեր­պու­մով։

Այդ մղու­մով եւ Վա­նի մէջ Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի իր հան­գա­ման­քով՝ Վազ­գէն շա­րու­նակ եր­թե­ւե­կեց թուրք-պարս­կա­կան սահ­մա­նին վրայ, Սալ­մաստ ու Թաւ­րիզ հաս­նե­լու եւ զէնք, զի­նամ­թերք եւ զի­նա­տար խում­բեր դէ­պի Վան ա­ռաջ­նոր­դե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։

Պար­բե­րա­կան այդ ա­ռա­քե­լու­թեանց շար­քին յատ­կա­պէս յի­շա­տա­կե­լի դար­ձաւ Յու­լիս 1897ի սկզբնա­ւո­րու­թեան Վազ­գէ­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Սալ­մաս­տի մէջ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հա­ւա­քին՝ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւա­խում­բին վե­րա­բե­րեալ վերջ­նա­կան ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն։

Երբ վճռո­ւե­ցաւ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին ճա­կա­տա­գի­րը՝ ար­շա­ւա­խում­բի հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մի նշա­նա­կու­մով, զօ­րա­միա­ւոր­նե­րու յստա­կա­ցու­մով եւ յար­ձակ­ման գոր­ծադ­րու­թեան ժամ­կէ­տի ճշդու­մով, խորհր­դակ­ցու­թեանց մաս­նա­կից Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի լիա­զօր Յա­րու­թիւն Շահ­րի­կեանն ու Հ.Յ.Դ. Ատր­պա­տա­կա­նի Կ. Կո­մի­տէն յար­մար գտան, որ միա­ժա­մա­նակ կազ­մո­ւի 30 հո­գի­նոց լա­ւա­պէս զի­նո­ւած խումբ մը՝ Պարս­կաս­տան-­Թուր­քիա սահ­մա­նը հիւ­սի­սէն հա­տե­լու եւ, Բերկ­րի ուղ­ղու­թեամբ յա­ռա­ջա­նա­լով, զի­նամթերք ու մար­տիկ­ներ Վան հասց­նե­լու եւ հոն­կէ ալ Սա­սուն անց­նե­լու հա­մար։

Խում­բը դրո­ւե­ցաւ Վազ­գէ­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ եւ ա­նոր օգ­նա­կան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ նոյն­պէս ե­րի­տա­սարդ՝ 24ա­մեայ Գուր­գէ­նը (­Պաղ­տա­սար Մա­լեան), որ Վա­նէն ան­ցաւ Սա­սուն իբ­րեւ Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հոն մնաց մին­չեւ 1899ի իր նա­հա­տա­կու­թիւ­նը եւ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ Տա­րօ­նի շրջա­նի յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ։

Միեւ­նոյն խում­բին մէջ էր նաեւ Անդ­րա­նիկ, հե­տա­գայ մե­ծա­նուն հայ­դու­կա­պե­տը, որ 1897ին իբ­րեւ նո­րա­գիր ֆե­տա­յի մուտք գոր­ծեց Եր­կիր։

Հ­րաչ Տաս­նա­պե­տեա­նի վկա­յու­թեամբ, խում­բը դէ­պի Վան ճամ­բայ ե­լաւ Յու­լիս 14ին։ Այդ­քան մե­ծա­թիւ խում­բի մը հա­մար օ­րեր պէտք ե­ղան, որ­պէս­զի սահ­մա­նա­յին լեռ­նե­րը կտրե­լով յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի Բերկ­րի (այժ­մու ա­նո­ւա­նու­մով՝ Մու­րա­տիէ), որ Վան քա­ղա­քին հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քը կը գտնո­ւի, 77 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ։

Բերկ­րիի մեր­ձա­կայ Ս­պա­հան լճա­կը շրջա­պա­տող բարձր լեռ­նե­րը կտրել պէտք ե­ղաւ, որ­պէս­զի ֆե­տա­յի­նե­րու խում­բը կա­րե­նայ անն­կատ շա­րու­նա­կել իր ճամ­բան։ Բայց ամ­բողջ ձմե­ռը սա­ռոյց կա­պող եւ մին­չեւ ամ­րան սկիզ­բը սա­ռոյ­ցի տակ մնա­ցող լեռ­նե­րը հնա­րա­ւոր չե­ղաւ անն­կատ անց­նիլ։ Քիւրտ խաշ­նա­րած­ներ նկա­տե­ցին հայ ֆե­տա­յի­նե­րու շար­ժում­նե­րը, հա­ւար փրցու­ցին մին­չեւ հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րը եւ քիւրտ զի­նեալ­ներ ու թուրք զապ­թիէ­ներ փու­թա­ցին հա­շո­ւե­յար­դար տես­նե­լու հայ քա­ջե­րուն հետ։ Ա­հեղ կռիւ­ներ մղո­ւե­ցան, բայց թէ՛ ի­րենց գրա­ւած դիր­քե­րով եւ թէ քա­ջասր­տու­թեամբ հայ հե­րոս­նե­րը կրցան ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նել թշնա­միին։ Ծանր կո­րուստ­ներ տա­լով՝ քիւրտ ու թուրք փա­խուս­տի դի­մե­ցին, իսկ Վազ­գէն իր խում­բով շա­րու­նա­կեց իր ճամ­բան դէ­պի Վան։

Ս­պա­հա­նի կռի­ւին մաս­նա­կից հայ ֆե­տա­յի մը ան­մա­հա­ցուց հայ­կա­կան հե­րո­սա­պա­տու­մի այս դրո­ւա­գը՝ Վա­նէն ղրկո­ւած ու «Դ­րօ­շակ»ի 1897ի թիւ 12 հա­մա­րով (1 Հոկ­տեմ­բեր 1897 թո­ւա­կիր) հրա­տա­րա­կո­ւած «­Ֆե­դա­յի­նե­րը Վա­նի մէջ» խո­րագ­րով անս­տո­րա­գիր իր թղթակ­ցու­թեամբ։

Ս­պա­հա­նի կռո­ւին ման­րա­մասն նկա­րագ­րա­կա­նին կող­քին, անս­տո­րա­գիր թղթա­կի­ցը կ­þանդ­րա­դառ­նայ նաեւ խում­բի Վան հաս­նե­լուն։ Ս­պա­հա­նի կռո­ւի պա­հուն թղթա­կի­ցը կ­þափ­սո­սայ, որ մինչ այ­լուր՝ ի­րենց ըն­կեր­նե­րը կ­þի­րա­կա­նաց­նեն Մազ­րիկ ցե­ղի պատ­ժա­կան ար­շա­ւան­քը, այդ­տեղ՝ Ս­պա­հա­նը ե­զե­րող լեռ­նե­րուն վրայ, ի­րենք ստի­պո­ւած են կռիւ մղե­լու երկ­չոտ, ու­ժե­ղին դէմ փա­խուստ տա­լու պատ­րաստ քիւրտ յե­լու­զակ­նե­րու եւ թուրք զապ­թիէ­նե­րու դէմ...

Իսկ Ս­պա­հա­նի կռի­ւէն ե­րեք օր ետք, թղթա­կի­ցը դի­տել կու տայ, որ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին լու­րը ար­դէն տա­րա­ծո­ւած էր՝ ահ ու սար­սա­փի մատ­նե­լով քրտա­կան շրջան­նե­րը, ո­րոնց­մէ անց­նե­լով՝ Վազ­գէ­նի խում­բը հա­սաւ Վան։

Յա­մե­նայն­դէպս, Վազ­գէ­նի խում­բին մղած Ս­պա­հա­նի հե­րո­սա­կան կռի­ւը եւ յաղ­թա­կան Վան մուտ­քը, գու­մա­րո­ւե­լով Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին լայն ար­ձա­գան­գին եւ գոր­ծած շշմե­ցու­ցիչ տպա­ւո­րու­թեան վրայ, հիմ­նո­վին փա­րա­տե­ցին Վաս­պու­րա­կա­նի հա­յու­թեան մօտ ա­ռա­ջա­ցած 1896ի յու­սա­հա­տու­թեան եւ ընկր­կու­մի մթնո­լոր­տը։

Վա­նի կու­սա­կա­լը ի զուր սպառ­նաց եւ պա­հան­ջեց, որ Վազ­գէ­նը կա՛մ յանձ­նո­ւի կա­ռա­վա­րու­թեան, կա՛մ հե­ռա­նայ քա­ղա­քէն։ Բայց Վազ­գէն անդր­դո­ւե­լի մնաց հայ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու իր վճռա­կա­մու­թեան մէջ։

Ֆե­տա­յի­նե­րու խում­բին մղած Ս­պա­հա­նի յաղ­թա­կան կռիւ­նե­րը մէկ կող­մէ ծա­ռա­յե­ցին հայ հե­րոս­նե­րու ան­պար­տե­լի ու­ժը շեշ­տե­լու նպա­տա­կին, իսկ միւս կող­մէ՝ վեր­ջա­կէտ դրին քիւրտ հրո­սակ­նե­րու քա­ջա­րի կռո­ւող­ներ ըլ­լա­լու ա­ռաս­պե­լին, միա­ժա­մա­նակ մեր­կաց­նե­լով թուրք զի­նո­ւոր­նե­րու երկ­չո­տու­թիւ­նը՝ տկա­րին դէմ գայլ կտրե­լու եւ ու­ժե­ղին դէմ վախ­կոտ նա­պաս­տակ­նե­րու պէս փա­խուստ տա­լու ա­նոնց տխուր հռչա­կը շեշ­տե­լով։

Տխ­րահռ­չակ երկ­չոտ­նե­րու վեր­ջին զէն­քը - մատ­նու­թեամբ հայ ֆե­տա­յին սպան­նե­լու դա­ւա­դիր քայ­լը - այս պա­րա­գա­յին եւս ի զօ­րու դար­ձաւ, դժբախ­տա­բար։

Վազ­գէ­նի դէմ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չհա­մար­ձա­կե­ցաւ ուղ­ղա­կի հա­րո­ւա­ծի դի­մե­լու՝ զգու­շա­նա­լով ոչ միայն հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հա­տու հա­կա­հա­րո­ւա­ծէն, այ­լեւ շրջա­նի հա­յու­թեան ըմ­բոս­տա­ցու­մէն։ Փո­խա­րէ­նը՝ դի­մեց հա­յա­նուն մատ­նիչ­ներն ու դա­ւա­ճան­նե­րը կա­շա­ռե­լու «զէնք»ին եւ, միայն ա­նարգ մատ­նու­թեան մի­ջո­ցաւ, կրցաւ յաղ­թա­կան դուրս գալ ա­միս­ներ տե­ւած առ­ճա­կա­տու­մէն։

Յու­նո­ւար 2ին, 1898ին, մատ­նու­թեան հե­տե­ւան­քով, թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ ա­նակն­կա­լի բե­րել ու պա­շա­րել Վազ­գէնն ու իր քա­ջա­րի եր­կու ըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք մին­չեւ վեր­ջին շունչ կռո­ւե­լով նա­հա­տակուե­ցան՝ ա­նարգ մա­հը ար­հա­մար­հե­լով։

Ս­պա­հա­նի յաղ­թա­կան կռո­ւին հե­րո­սա­կան ար­ժէ­քը ա­ւե­լիով շեշ­տե­լու ծա­ռա­յեց՝ թշնա­միի դա­ւա­դիր հարուա­ծէն իյ­նա­լու Վազ­գէ­նի նա­հա­տա­կու­թեան ան­մո­ռա­նա­լի խոր­հուր­դը։

Ն.