Յու­լի­սի այս օ­րը, 89 տա­րի ա­ռաջ, ար­տա­կարգ ու մեծ ե­ռու­զեռ կար ­Փա­րի­զի հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ։ ­Բազ­մա­հա­զար հա­յոր­դի­ներ եւ օ­տար պաշ­տօ­նա­տար­ներ խուռ­նե­րամ հա­ւա­քո­ւած էին՝ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ­Յու­

շար­ձա­նին։

16 ­Յու­լիս 1926 թո­ւա­կանն էր.

- ­Հին Եւ­րո­պան ու ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քը ա­ւե­րած ու հիմ­նո­վին նոր սահ­մա­նագ­ծում­նե­րու են­թար­կած Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ցնցու­մը տա­կաւ «մար­սե­լու» ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր.

- ­Փուլ ե­կած էին հին Եւ­րո­պա­յի ա­ւա­տա­պե­տա­կան կար­գե­րու վեր­ջին միջ­նա­բերդ­նե­րը՝ կայ­սե­րա­կան ­Գեր­մա­նիան եւ Աւստ­րօ-հուն­գա­րա­կան թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թիւնն ու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը.

- ­Պալ­քան­նե­րէն մին­չեւ հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէ եւ Ա­րա­բա­կան ­Թե­րակղ­զի ու կեդ­րո­նա­կան Ա­սիա, կեան­քի կո­չո­ւած էին նոր ազգ-պե­տու­թիւն­ներ եւ թա­փով ըն­թաց­քի մէջ դրո­ւած էր նոր գաղ­թա­տի­րու­թիւ­նը՝ այս­պէս կո­չո­ւած բրի­տա­նա­կան եւ ֆրան­սա­կան հո­գա­տա­րու­թեան աշ­խար­հա­կար­գը...

­Նոյն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝

- Եօ­թը դա­րու գե­րու­թե­նէ ետք, հայ ժո­ղո­վուր­դը նուա­ճած էր իր ան­կա­խու­թիւ­նը՝ շու­տով զայն կորսնց­նե­լու հա­մար։ 28 ­Մա­յիս 1918ին ստեղ­ծո­ւած, բայց եր­կու­քու­կէս տա­րի ետք կոր­ծա­նած էր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը.

- Թր­քա­կան տի­րա­պե­տու­թե­նէն ա­զա­տագ­րո­ւած եւ 1918ին ինք­նա­վա­րու­թիւն հռչա­կած էր հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիան, բայց 1920-1921ի ֆրան­սա­ցի­նե­րու դի­մաշր­ջու­մով եւ քե­մա­լա­կան­նե­րու հետ մեր­ձե­ցու­մով՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս կոր­սո­ւած էր հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան այդ կռո­ւա­նը եւս։

Ա­հա այդ բո­լո­րէն ետք, 1926ի ­Յու­լիս 16ի օ­րը, բազ­մա­հա­զար վե­րապ­րող հա­յեր, ­Փա­րի­զի հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը հա­ւա­քո­ւած, պաշ­տօ­նա­կան-պե­տա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ, բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կին կա­ռու­ցո­ւուծ յու­շար­ձա­նին։

Ինչ­պէս որ ­Գաս­պար Ի­փէ­կեան կը վկա­յէ, ­Յու­շար­ձա­նի կա­ռուց­ման ձեռ­նար­կո­ղը ­Հայ ­Կա­մա­ւոր­նե­րու ­Միու­թիւնն էր. յու­շար­ձա­նին հե­ղի­նա­կը Ն­շան ­Թուր ա­մե­րի­կա­հայն էր. «բա­ցու­մէն ա­ռաջ՝ հո­գե­հան­գիստ, ի ներ­կա­յու­թեան ֆրան­սա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան հրա­ւի­րեալ­նե­րու։ ­Բա­նա­խօս՝ ­Պա­լա­գեան Ե­պիս­կո­պոս, Ս. Ս­վա­ճեան, Ա. ­Չօ­պա­նեան եւ այլն։ ­Հիւ­րե­րուն ժա­մել­քին՝ դրօշ­ներ կը սկսին խո­նար­հիլ։ Եւ մինչ նո­ւա­գա­խում­բը «­Մար­սէ­յէզ»ը կը հնչեց­նէ, ­Սէ­նի հրա­մա­նա­տա­րը՝ ­Լակ­ռիւ, ար­ձա­նը քո­ղա­մեր­կե­լով, ֆրան­սա­կան ազ­գին ե­րա­խտա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ պա­տո­ւոյ դաշ­տին վրայ ին­կած հայ կա­մա­ւոր­նե­րուն, ի դի­մաց ­Զօր. ­Կու­ռո­յի։ ­Ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թիւն»։

Ո­րո՞նք էին ­Հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րը։

­Պատ­մու­թեան ծա­նօթ է, որ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բուռն պա­հու մը, ­Դաշ­նա­կից­նե­րը ո­րո­շե­ցին կեան­քի կո­չել աշ­խար­հա­զօ­րա­յին Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէոն մը (հե­տա­գա­յին ա­նի­կա կո­չո­ւե­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէոն), որ ֆրան­սա­ցի եւ անգ­լիա­ցի սպա­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ պի­տի հա­ւա­քագ­րէր ա­րաբ, հայ եւ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան դէմ պայ­քա­րող այ­լազ­գի կա­մա­ւոր­ներ, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կա­նո­նա­ւոր զօր­քե­րուն կող­քին կռո­ւե­լու հա­մար գեր­մա­նեւ­թուրք բա­նակ­նե­րուն դէմ։

Այդ­պէ՛ս. 1916ի ­Հոկ­տեմ­բեր 27ին, Ֆ­րան­սա­յի ու ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ­Փա­րի­զի ­Հայ Ազ­գա­յին ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ ­Պօ­ղոս ­Նու­պա­րի մաս­նակ­ցու­թեամբ, ­Լոն­տո­նի մէջ հա­մա­ձայ­նու­թեան ե­կան (­Սայքս-­Փի­քո­յի հա­մա­ձայ­նու­թիւն) կազ­մե­լու հայ, ինչ­պէս նաեւ ա­րաբ կա­մա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցած Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէոն ա­նու­նով զօ­րա­միա­ւոր մը, որ իբ­րեւ օ­ժան­դակ ուժ պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն, ֆրան­սա­կան բա­նա­կի կազ­մին մէջ, պի­տի կռո­ւէր բա­ցա­ռա­պէս ա­սիա­կան ­Թուր­քիոյ մաս կազ­մող ­Սու­րիոյ եւ ­Կի­լի­կիոյ տա­րած­քին։ ­Հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէր, նաեւ, որ թուր­քե­րու դէմ յաղ­թա­նա­կէն յե­տոյ, իբ­րեւ խա­ղա­ղա­պահ ուժ, ­Լե­գէո­նը պի­տի ա­պա­հո­վէր - ֆրան­սա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ - ­Կի­լի­կիոյ ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը: Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէո­նի կազ­մա­կերպ­ման ծախ­սե­րը իր վրայ պի­տի վերց­նէր ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ պի­տի հո­գար նաեւ կա­մա­ւոր­նե­րու տե­ղա­փոխ­ման ճա­նա­պար­հա­ծախ­սը, հի­ւան­դու­թեան ու հաշ­ման­դա­մու­թեան ծախ­սե­րը: ­Կա­մա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք պէտք է ներ­կա­յաց­նէին լաւ վար­քի վկա­յա­կան, պի­տի մար­զո­ւէին եւ ղե­կա­վա­րո­ւէին ֆրան­սա­ցի սպա­նե­րու եւ են­թաս­պա­նե­րու կող­մէ։ ­Կա­մա­ւոր­նե­րը պի­տի վար­ձատ­րո­ւէին ֆրան­սա­ցի զի­նո­ւոր­նե­րուն պէս, պի­տի ստա­նա­յին նոյն պա­րէ­նը:

­Լե­գէո­նը սկզբնա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի ­Մո­նար­կա ծո­վե­զե­րեայ սա­րա­հար­թին վրայ, ուր ժա­մա­նե­ցին ­Մար­սէյլ­լի, ­Պոր­տո­յի եւ ­Փոր ­Սա­յի­տի ­Դաշ­նա­կից գրա­սե­նեակ­նե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած՝ տար­բեր վայ­րե­րէ ե­կած հայ կա­մա­ւոր­նե­րը:

­Սայքս-­Փի­քո­յի հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ նշո­ւած էր, որ՝

- «1. ­Կա­մա­ւոր­նե­րը ո՛չ Ֆ­րան­սա­կան, ո՛չ ալ Եւ­րո­պա­կան ու­րիշ ճա­կատ­նե­րու վրայ պի­տի կռո­ւին, այլ միայն ու միայն ա­սիա­կան ­Թուր­քիոյ մէջ պի­տի գոր­ծա­ծո­ւին` ի­րենց դա­րա­ւոր թշնա­միին դէմ պա­տե­րազ­մե­լու եւ ա­զա­տագ­րե­լու ի­րենց մայ­րե­նի հո­ղը:

«- 2. Ֆ­րան­սա, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու յաղ­թա­նա­կէն յե­տոյ, պի­տի նո­ւի­րո­ւի ­Կի­լի­կիոյ ինք­նա­վա­րու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին, իր հո­գա­տա­րու­թեան ներ­քեւ»:

1916ի ­Նո­յեմ­բե­րի 26ին հիմ­նո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան հպա­տակ­նե­րէ կա­մա­ւոր հի­մունք­նե­րով հա­ւա­քագ­րո­ւած Ա­րե­ւե­լեան ­Լե­գէո­նը: ­Կա­մա­ւո­րագ­րու­մը սկսաւ Ե­գիպ­տո­սի մէջ եւ ա­ռա­ջին միա­ւո­րին կո­րի­զը կազ­մե­ցին 600 մու­սա­լեռ­ցի­ներ (Ֆ­րան­սա­յի շնոր­հիւ ­Մու­սա ­Լե­ռէն ­Փոր ­Սա­յիտ ա­պաս­տա­նած­նե­րէն)։ Ա­նոնց միա­ցան նաեւ 300 ե­գիպ­տա­հա­յեր, ինչ­պէս նաեւ օս­մա­նեան բա­նա­կէն ու այլ վայ­րե­րէ փախս­տա­կան 236 հա­յեր:

­Կա­մա­ւոր ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րու շար­ժու­մը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ա­ռա­ջա­ցուց տա­րա­գիր հա­յու­թեան, յատ­կա­պէս` ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան մօտ: ­Կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ, ըն­դա­մէ­նը վեց ա­մի­սէն (1917ի ­Յու­նի­սէն մին­չեւ 9 ­Նո­յեմ­բեր), ֆրան­սա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ սկսած կա­մա­ւո­րա­կան շար­ժու­մին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան 5000 ա­մե­րի­կա­հա­յեր, սա­կայն փո­խադ­րա­կան մի­ջոց­նե­րու սղու­թեան պատ­ճա­ռով (մէկ-եր­կու մեծ փո­խադ­րա­նաւ տրա­մադ­րե­լու փո­խա­րէն յատ­կա­ցո­ւե­ցան ա­ռա­ւե­լա­պէս եօ­թը տաս­նեակ մարդ փո­խադ­րող, ոչ բա­ւա­րար տա­րո­ղու­թեան 17 բեռ­նա­կիր նա­ւեր), մեկ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռո­ւե­ցաւ ըն­դա­մէ­նը 1172ին (ո­րոնց­մէ վե­րապ­րե­ցաւ ըն­դա­մէ­նը 250 լե­գէո­նա­կան հայ):

­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րու բախ­տո­րոշ ռազ­մա­կան ներդ­րու­մը, ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տի վրայ, ­Դաշ­նա­կից­նե­րու յաղ­թա­նա­կին կերտ­ման մէջ։ Այդ հի­ման վրայ ալ, ­Դաշ­նա­կից տէ­րու­թիւն­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին հռչա­կե­ցին ի­րենց «փոք­րիկ դաշ­նա­կի­ցը»:

­Հա­կա­ռակ այդ ներդ­րու­մին եւ հա­րիւ­րա­ւոր հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րու­մին ու նա­հա­տա­կու­թեան, ­Դաշ­նա­կից­ներն ու այդ շար­քին ֆրան­սա­ցի­նե­րը մոռ­ցան ի­րենց «փոք­րիկ դաշ­նա­կից»ը, երբ 1921ին ­Կի­լի­կիան պար­պե­լու ո­րո­շու­մը տո­ւին՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Քե­մա­լի հետ մեր­ձեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րը ի­րա­ւա՛մբ պատ­մու­թիւն կեր­տե­ցին եւ ­Յու­լի­սի այս օ­րը, 1926ին, ­Փա­րի­զի հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ հաս­տա­տո­ւած յու­շար­ձա­նի պե­տա­կան շու­քով բա­ցու­մով՝ ար­ժա­նա­ցան ­Դաշ­նա­կից­նե­րու Եւ­րո­պա­յին հա­մընդ­հա­նուր մե­ծա­րան­քին։

­Պաշ­տօ­նա­կան մե­ծա­րանք մը, ո­րուն կը պակ­սէր սա­կայն քա­ղա­քա­կան ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ դաշ­նա­կի­ցի յանձ­նա­ռու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րուն եւ ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած ան­տե­սու­մի եւ մո­ռա­ցու­մի այդ պա­տե­հա­պաշտ ու մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ոչ ա­ռա­ջինն էր իր տե­սա­կին մէջ, ոչ ալ վեր­ջի­նը պի­տի ըլ­լար դժբախ­տա­բար...

Իսկ ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րու պատ­մա­կերտ դե­րին եւ ար­ժէ­քին լա­ւա­գոյն ար­ժե­ւո­րու­մը, հեգ­նա­կա­նօ­րէն, կա­տա­րեց նոյ­նինքն թուր­քը։

­Վա­ւե­րագ­րո­ւած է, որ 1918ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, երբ Ա­րա­րա­յի ճա­կա­տա­մար­տին ­Հայ ­Լե­գէո­նա­կան­նե­րը պար­տու­թեան մատ­նած էին թուրք-գեր­մա­նա­կան զօր­քե­րը, գե­րե­վա­րո­ւած թուրք հա­զա­րա­պետ մը՝ զար­մա­նա­լով, որ ի­րենց զօր­քին յաղ­թող­նե­րը ֆրան­սա­կան զինո­ւո­րա­կան հա­մազ­գես­տով հա­յեր են, յայ­տա­րա­րած է.

- «­Մի­թէ դեռ հայ կա՞յ աշ­խար­հի ե­րե­սին, մա­շալ­լա՜հ, մա­շալ­լա՜հ, ձեր ազ­գը եր­բեք չի մեռ­նիր ու­րեմն»:

Ա­յո՛, մեր ազ­գը ոչ միայն չմե­ռաւ, այ­լեւ իր ան­կա­խու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեամբ եւ ա­նոր շուրջ բո­լո­րո­ւած աշ­խար­հաս­փիւռ իր սփիւռ­քի հզօր ցան­ցով՝ վե­րապ­րող հա­յու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ ­Ցե­ղաս­պան ­Պե­տու­թե­նէն կը պա­հան­ջէ իր ոտ­նա­կո­խո­ւած բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան հա­տու­ցու­մը։ ­Կը պա­հան­ջէ եւ վե­րա­նո­րո­գո­ւած է ամ­բող­ջա­կան ար­դա­րու­թեան հաս­նե­լու ա­նե­րեր վճռա­կա­նու­թեամբ։

Ն.