Յու­լիս 13ի օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցը աշ­խար­հահռ­չակ հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ լու­սան­կա­րիչ Եու­սուֆ Քար­շի։

13 տա­րի ա­ռաջ, այս օ­րը, մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ լու­սան­կար­չու­թիւ­նը ա­րո­ւես­տի մա­կար­դա­կին բարձ­րա­ցու­ցած հայ վար­պե­տը, որ կեանքն ու մար­դի­կը խո­ րա­պէ՛ս դի­տե­լու, մա­նա­ւանդ՝ մե­ծա­նուն անձ­նա­ւո­րու­թեանց նկա­րագ­րին եւ յու­զաշ­խար­հին խո­րա­գոյն ճշմար­տու­թեան պա­հե­րը որ­սա­լու եւ այդ ա­մէ­նը, մե­քե­նա­կան իր ոսպ­նեա­կով, իբ­րեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նե­լու ար­տա­կարգ տա­ղան­դը ու­նէր։

Լու­սան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տը բարձր աս­տի­ճա­նի կա­տա­րե­լու­թեան հաս­ցու­ցած հե­ղի­նա­կու­թիւն էր ա­ւա­զանի ա­նու­նով Յով­սէփ Քար­շեան, որ աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցաւ Եու­սուֆ Քարշ ա­նու­նով՝ կար­ծէք յու­շե­լու հա­մար բո­լո­րին, յատ­կա­պէս թուր­քե­րուն, թէ ինչ­պի­սի՛ հա­սուն, ոս­կեայ հաս­կեր եւ խոստմ­նա­լից՝ նո­րա­բող­բոջ ծի­լեր ա­նոնք ոտ­նա­կո­խե­ցին, փճա­ցու­ցին եւ խամ­րե­ցու­ցին՝ ի­րենց ազ­գայ­նա­մո­լու­թեամբ, մա­նա­ւա՛նդ հա­կա­հայ մո­լուց­քով, ո­րուն ա­ղա­ղա­կող վկա­յու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցաւ Թուր­քիոյ կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, 20րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

14 տա­րե­կան պա­տա­նի էր Քարշ 1922ին, երբ քե­մա­լա­կան­նե­րու եւ ֆրան­սա­ցի­նե­րու մեղ­սակ­ցու­թեամբ, Կի­լի­կիոյ հա­յու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ ու վերջ­նա­կա­նա­պէս դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ իր հայ­րե­նի հո­ղե­րէն տե­ղա­հան ըլ­լա­լու դա­ժան ճա­կա­տագ­րին։ Հե­տա­գա­յին, անդ­րա­դառ­նա­լով այդ ա­ղէ­տին, իր յու­շե­րուն մէջ Քարշ գրեց.- «Ես տե­սայ, թէ ինչ­պէ՛ս կո­տո­րե­ցին հա­րա­զատ­ներս: Քոյրս սո­վա­մահ ե­ղաւ գիւ­ղէ գիւղ տա­րագ­րո­ւե­լով»:

Բայց տա­ղան­դա­ւոր պա­տա­նին վե­րապ­րե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, որ­պէս­զի ողջ աշ­խար­հին վկա­յէ հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րին՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան հո­գեմ­տա­ւոր մեծ ժա­ռան­գու­թեան մա­սին։

Եու­սուֆ Քարշ ան­մա­հա­ցաւ իբ­րեւ լու­սան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տի դի­ման­կար­ներ կեր­տող մեծ վար­պե­տը։

Ք­սա­նե­րորդ դա­րը ի­րենց ան­ձով ու գոր­ծով շնչա­ւո­րած եւ յա­ւերժ խորհր­դան­շող մե­ծա­նուն ան­մահ­նե­րէն շա­տեր, սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ, կը պատ­կե­րա­նան յատ­կա­պէս Քար­շի լու­սան­կար­նե­րով։ Ա­նոնց նկա­րագ­րի տի­րա­կան գի­ծե­րը եւ էու­թեան խո­րա­գոյն ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ոչ ոք կրցաւ լու­սան­կա­րել այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն եւ այն­քան պեր­ճա­խօս ար­տա­յայ­տու­թեամբ, որ­քան հայ վար­պե­տը՝ Եու­սուֆ Քարշ ինք, որ իր այդ տա­ղան­դին հա­մար ալ աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցաւ իբ­րեւ դի­մա­պատ­կե­րի լու­սան­կար­չու­թեան անկրկ­նե­լի վար­պե­տը։

Դի­տե­ցէք իր լու­սան­կար­նե­րը, ոչ միայն գլուխ-գոր­ծո­ցը՝ Ո­ւինս­թըն Չր­չի­լը, այ­լեւ՝ Ըր­նեսթ Հե­մին­կո­ւէյն ու Համֆ­րի Պո­կար­թը, Ալ­պերթ Այնշ­թայնն ու Պեր­նարտ Շոն... Եւ ինչ­պէս շա­տե­րը մեզ­մէ ա­ռաջ, նոյն­պէս եւ բո­լորս՝ մեր կար­գին պի­տի խոս­տո­վա­նինք, որ տար­բեր դէմ­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ չենք կրնար պատ­կե­րաց­նել այդ ան­մահ­նե­րը։ Չենք կրնար ը­սել, թէ այդ լու­սան­կար­նե­րը կը նմա­նին Չր­չի­լի կամ Այնշ­թայ­նի, Հե­մին­կո­ւէ­յի կամ Պեր­նարտ Շո­յի. այլ՝ հիաց­մուն­քով կը հաս­տա­տենք, որ իւ­րա­քան­չիւրն այդ մե­ծե­րէն ճանչ­ցած ենք ճիշդ այն­պէ՛ս, ինչ­պէս որ Քար­շի լու­սան­կար­նե­րով ա­նոնք կը ներ­կա­յա­նան դի­տո­ղին։

Ա­յո՛, ի վե­րուստ՝ դի­տե­լու եւ տես­նե­լու, այ­լեւ խո­րա­նա­լու եւ վեր­ծա­նե­լու տա­ղան­դով օժ­տո­ւած էր 23 Դեկ­տեմ­բեր 1908ին Մեր­տի­նի մէջ ծնած Յով­սէփ Քար­շը, որ իր կար­գին, ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րուն, ցմրուր ճա­շա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւոր ու դառն բա­ժա­կը... Կորսն­ցուց հա­րա­զատ­ներ, կրեց տա­րա­գիր կա­րա­ւան­նե­րու ան­լուր ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը եւ, մա­զա­պուրծ փրկո­ւե­լով, հա­սաւ Սու­րիա։

1924ին, ծնող­քը զինք ղրկեց Քա­նա­տա, Քե­պէ­քի Շերպ­րուք քա­ղա­քը, լու­սան­կա­րիչ հօ­րեղ­բօ­րը՝ Ժորժ Նագ­գա­շի մօտ, որ ամ­բող­ջա­կան հո­գա­ծու­թեան ար­ժա­նա­ցուց պա­տա­նի իր հա­րա­զա­տը։ Յով­սէ­փի լու­սան­կար­չա­կան բնա­տուր շնորհք­ներն ու ա­րո­ւես­տա­գէ­տի թթխմո­րը նկա­տե­լով՝ հօ­րեղ­բայ­րը 1928ին քսա­նա­մեայ Քար­շը ու­ղար­կեց Պոս­թըն, դի­մա­պատ­կե­րի ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ Ճոն Կա­րո­յի մօտ։ Քարշ ե՛ւ աշ­խա­տե­ցաւ Ճոն Կա­րո­յի աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ, ե՛ւ հե­տե­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տից, յատ­կա­պէս նկար­չա­կան ա­րուես­տի ուս­ման։ Չորս տա­րի ետք վե­րա­դար­ձաւ Քա­նա­տա, լու­սան­կա­չա­կան իր սե­փա­կան ա­րո­ւես­տա­նո­ցը բա­ցաւ Օն­թա­րիոյ Օթ­թաո­ւա քա­ղա­քին մէջ, որ­պէս­զի մօտ ըլ­լայ կա­ռա­վա­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն։ Քա­նա­տա­կան հան­րա­ծա­նօթ դէմ­քե­րու իր լու­սան­կար­նե­րը շատ ա­րագ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւե­ցին եւ Եու­սուֆ Քարշ ստո­րագ­րու­թիւ­նը հռչա­կի տի­րա­ցաւ։

Հայ լու­սան­կա­րի­չին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի Քա­նա­տա­յի օ­րո­ւան վար­չա­պե­տը՝ Մը­քեն­զի Քինկ իր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ առ­նէ ե­րի­տա­սարդ ա­րո­ւես­տա­գէ­տը եւ Քա­նա­տա այ­ցե­լող օ­տար ա­նո­ւա­նի հիւ­րե­րուն պա­տո­ւէ Քար­շի լու­սան­կար­նե­րով։ Այդ ճամ­բով եւ այդ ա­ռու­մով՝ Քար­շի ճա­ռա­գայ­թու­մին աս­տե­ղա­յին պա­հը հան­դի­սա­ցաւ 30 Դեկ­տեմ­բեր 1941ը, երբ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով Քա­նա­տա գտնո­ւող Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ վար­չա­պետ Ո­ւինս­թըն Չր­չիլ, Օթ­թաո­ւա­յի մէջ, քա­նա­տա­կան խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ իր ու­նե­ցած ե­լոյ­թէն ետք, ա­կա­մայ հա­ւա­նու­թիւն տո­ւաւ Քար­շի կող­մէ լու­սան­կա­րո­ւե­լու վար­չա­պետ Քին­կի խոր­հուր­դին։

Կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, «Չր­չի­լին նա­խա­պէս չէին զգու­շա­ցու­ցած այդ մա­սին եւ թէեւ ա­ռա­ջին հա­կազ­դե­ցու­թեամբ նման ա­ռա­ջարկ մը այն­քան ալ սրտա­մօտ չէր Չր­չի­լին, այ­սու­հան­դերձ՝ ան չմեր­ժեց լու­սան­կա­րո­ւե­լու հրա­ւէ­րը:

Սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, Չր­չի­լը շրթնե­րուն դրաւ իր սի­կա­րը եւ խիստ հա­յեացք մը նե­տեց 33ա­մեայ լու­սան­կա­րի­չին վրայ՝ հասկց­նե­լով, որ «պատ­րաստ եմ, նկա­րէ՛»: Քատ­րը յա­ջող չէր եւ Քարշ խնդրեց Չր­չի­լէն, որ բեր­նէն հա­նէ սի­կա­րը: Երբ Չր­չիլ մեր­ժեց խնդրան­քը, ե­րի­տա­սարդ լու­սան­կա­րի­չը մօ­տե­ցաւ ա­նոր եւ, «Ես նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրեմ» ը­սե­լով՝ Չր­չի­լի բեր­նէն իր ձեռ­քով հա­նեց սի­կա­րը: Չր­չիլ զայ­րա­ցած դէմ­քով կը նա­յէր Քար­շին, երբ լու­սան­կար­չա­կան սար­քը չխկաց: «­Դուն նոյ­նիսկ գա­զա­զած ա­ռիւ­ծին կրնաս հան­դար­տեց­նել՝ լու­սան­կա­րե­լու հա­մար»,- հե­տա­գա­յին ը­սած է Չր­չիլ՝ Քար­շին»:

Այս լու­սան­կա­րը ե­ղաւ Քար­շի հռչա­կին հաս­տա­տուն պա­տո­ւան­դա­նը: Ա­րո­ւես­տի քննա­դատ­նե­րու կար­ծի­քով՝ Քարշ յա­ջո­ղե­ցաւ Չր­չի­լը պատ­կե­րել այն­պէ՛ս, ինչ­պի­սին ան կ­’ըն­կա­լո­ւէր մար­դոց գի­տակ­ցու­թեան մէջ՝ հզօր, ա­հազ­դու կեր­պար: Ն­կա­րին շուրջ գրո­ւե­ցան բա­զում յօ­դո­ւած­ներ, ա­նի­կա եր­կու ան­գամ տպո­ւե­ցաւ «Life» ամ­սագ­րի կող­մէ: Երկ­րորդ ան­գամ նկա­րը տպո­ւե­ցաւ ամ­սագ­րի՝ Մա­յիս 21ի (1945ին) հա­մա­րին ա­ռա­ջին կող­քին վրայ, երբ կը նշո­ւէր Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը՝ Դաշ­նա­կից­նե­րու յաղ­թա­նա­կով, ո­րուն նո­ւաճ­ման մէջ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցած էր Չր­չիլ: Այդ լու­սան­կա­րին տակ, ա­ռա­ջին ան­գամ, Քար­շի ա­նու­նը գրո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «Օթ­թաո­ւա­յի Քար­շը»: Չըր­չի­լի նկա­րը ա՛յն ե­րեք ե­զա­կի նկար­նե­րէն էր (միւս եր­կու­քը՝ Է­լիա­նոր Ռուզ­վել­թի եւ Պեռ­նարտ Շո­յի լու­սանը­կար­ներն են), զորս շատ կը հաւ­նէր ին­քը՝ հե­ղի­նա­կը: Հե­տա­գա­յին, Չր­չի­լի հան­րա­յայտ նկա­րը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ յու­շա­յին դրոշ­մա­նի­շի, ուր նշո­ւած է.- «­Լու­սան­կա­րիչ՝ Եու­սուֆ Քարշ»:

Իր փառ­քի ու­ղին այս­պէ՛ս հար­թեց լու­սան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տի հայ վար­պե­տը։ Ոչ միայն քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի մե­ծա­մեծ­նե­րը, այ­լեւ գրա­կան ու գի­տա­կան աշ­խար­հի, ֆիլ­մա­րո­ւես­տի եւ ընդ­հան­րա­պէս ա­րո­ւես­տի աշ­խար­հի մե­ծա­նուն ան­մահ­նե­րը, բո­լորն ալ, պահ մը կանգ­նե­ցան Եու­սուֆ Քար­շի ոսպ­նեա­կին առ­ջեւ, որ­պէս­զի հայ վար­պե­տը կա­րե­նայ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցել աշ­խար­հի մե­ծա­մեծ­նե­րուն նկա­րագ­րին եւ էու­թեան ա­մէ­նէն խոր ու վա­ւե­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը բռնող եւ յա­ւեր­ժաց­նող լու­սան­կար­ներ։

2000 թո­ւա­կա­նին հրա­տա­րա­կո­ւած International Who’s Whoի ճշդած քսա­նե­րորդ դա­րու 100 մե­ծա­գոյն դէմ­քե­րէն 51ին լու­սան­կա­րած է Եու­սուֆ Քարշ։ Շարլ Տը Կօլ եւ Նի­քի­թա Խ­րուշ­չով, Սա­մըր­սեթ Մոամ եւ Թո­մաս Մանն, Ճա­ւահ­րա­լալ Նեհ­րու եւ Ֆի­տել Քասթ­րօ, Ճոն Քե­նե­տի եւ Մար­թին Լու­թեր Քինկ, Փապ­լօ Փի­քա­սօ եւ Ճէյմս Ս­թիո­ւըրթ ու շատ-շա­տեր - ան­ցեալ դա­րու մե­ծու­թիւն­նե­րէն - Քար­շին կը պար­տին ի­րենց դէմքն ու նկա­րա­գի­րը խո­րա­պէս ար­տա­յայ­տող լու­սան­կար­նե­րը։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին, իբ­րեւ լոյ­սի եւ ստո­ւե­րի իւ­րա­յա­տուկ ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ դի­ման­կար­ներ ա­րա­րող լու­սան­կա­րիչ, Քարշ իր մնա­յուն տե­ղը գրա­ւած է աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն թան­գա­րան­նե­րուն եւ ա­րո­ւես­տի պա­լատ­նե­րուն մէջ։

Քա­նա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յա­ջոր­դա­բար 1967ին եւ 1990ին պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն կար­գի տիտ­ղոս­նե­րու ար­ժա­նա­ցու­ցին հայ լու­սան­կա­րի­չը, որ իր կեան­քի վե­րջին տա­րի­նե­րը հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Պոս­թըն, ուր եւ մա­հա­ցաւ 13 Յու­լիս 2002ին, վի­րա­բու­ժա­կան գոր­ծո­ղու­թեան մը հե­տե­ւած բար­դու­թեանց հե­տե­ւան­քով։

Թա­ղո­ւե­ցաւ Օթ­թաո­ւա­յի Նոթ­րը Տամ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Կ’անց­նին ժա­մա­նակ­նե­րը, կը փո­խո­ւին սե­րունդ­նե­րը եւ կը տժգու­նին յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը, բայց Քար­շի վար­պե­տու­թեամբ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ան­կորն­չե­լի գոր­ծե­րը կ­’օգ­նեն, որ­պէս­զի գա­լիք սե­րունդ­նե­րը ան­մահ­նե­րուն հետ կար­ծէք ուղ­ղա­կի հան­դի­պե­լու, դէմ դի­մաց կանգ­նե­լու... ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր վա­յե­լեն՝ ա­նոնց դի­ման­կար­նե­րու մտեր­մու­թեան մէջ։

Եւ շատ ու շատ ան­մահ­ներ, ան­կաս­կա՛ծ, գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ պի­տի պատ­կե­րա­ցո­ւին լու­սան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տի հայ մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տին՝ Եու­սուֆ Քար­շի աչ­քե­րով, մար­դոց հո­գի­նե­րը պե­ղող եւ ա­նոնց խո­րա­գոյն ճշմար­տու­թեան պա­հե­րը լոյս աշ­խարհ բե­րող Քար­շի ա­րո­ւես­տով։

Ո­գե­կո­չե­լով մե­ծար­ժէք հայ լու­սան­կա­րի­չին յի­շա­տա­կը՝ ա­հա՛ իր ա­րո­ւես­տին յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը բա­ցատ­րող Քար­շի խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րէն շի­թեր .

- «­Կայ ա­րագ անց­նող պահ մը, երբ այն ա­մէ­նը, ինչ որ կայ մար­դու մտքին, հո­գիին եւ ո­գե­ղի­նու­թեան մէջ, կ­’ար­տա­ցո­լայ ա­նոր աչ­քե­րուն, ձեռ­քե­րուն եւ կե­ցո­ւած­քին մէջ։ Ա­հա ա՛յս է այն վայր­կեա­նը, զոր կ­’ար­ժէ ար­ձա­նագ­րել»։

- «­Լոն­տո­նի մէջ էր, որ սկսայ գոր­ծար­կել մին­չեւ այ­սօր շա­րու­նա­կո­ւող «դասս սոր­վե­լու» վար­ժանքս՝ գտնե­լու հա­մար հնա­րա­ւո­րինս շատ բան այն ան­ձին մա­սին, ո­րուն պի­տի լու­սան­կա­րեմ»։

Ն.