9 Յուլիսի այս օրը, 79 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ վերջ գտաւ 35ամեայ կեանքը Աղասի Խանջեանի, որ 20րդ դարասկիզբի հայ քաղաքական ականառու գործիչներու շարքին իր ուրոյն տեղը ունի իբրեւ նահատակուած կերպարը հայ պոլշեւիկ-համայնավար յեղափոխականի ու սովետահայ-պետական ղեկավար գործիչի։
Խորհրդային ժամանակներուն իսկ տարածուած եւ ընդունելութիւն գտած էր այն վարկածը, թէ Խանջեան սպաննուեցաւ Ստալինի մութ՝ ներքին գործերու յանձնակատար Բերիայի ձեռամբ։ Բայց այդ շրջանին պաշտօնապէս ընդունուած էր հաստատել, թէ Աղասի Խանջեան հարցաքննութեան եւ հաւատաքննութեան համար Թիֆլիս կանչուած էր Բերիայի կողմէ, որուն գրասենեակին մէջ Խանճեան - իբր թէ ատրճանակով ինքնասպանութիւն գործելով - վերջ դրած էր իր կեանքին։
Աղասի Խանջեանը սպաննեցի՞ն, թէ՞ ինքնասպան եղաւ հարցը անշուշտ կը ներկայացնէ պատմաքաղաքական կարեւորութիւն։ Բայց յուշատետրի այս օրուան խորհուրդը նուիրուած է նորագոյն մեր պատմութեան Մշակութային Եղեռնը խորհրդանշող Ստալինեան «մաքրագործումներուն», որոնք 1936-1937ին մոլեգնօրէն թափ առին Հայաստանի մէջ եւ գլխատեցին մեր ազգային մտաւորականութիւնը՝ առաջին հերթին գլուխը ուտելով Աղասի Խանջեանի։
Պատմութիւնը արձանագրած է Ա. Խանջեանի քաղաքական վախճանին մասին երկու հիմնական իրողութիւն։
Առաջին. իբրեւ պոլշեւիկ-կոմունիստի եւ «մարտական» յեղափոխականի հռչակին արժանացած «խորհրդահայ հերոս»ի, 1928ին Խորհրդային Հայաստանի պետական ղեկին տիրանալէ ետք, Աղասի Խանջեան ամբաստանուեցաւ եւ մեղադրուեցաւ իբրեւ ազգայնական քաղաքական գործիչի՝ «դաշնակիստ»ի եւ «Թրոցքիստ»ի ու պաշտօնազրկուեցաւ, յետոյ ալ գնդակահարուեցաւ։
Երկրորդ. իր մահէն քսան տարի ետք միայն, 1956ի Յուլիս 17ին, Խրուշչովեան տիրապետութեան այսպէս կոչուած «ձիւնհալ»ի օրերուն, Խանջեան պաշտօնապէս «արդարացուեցաւ»՝ Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկոմի նախագահութեան որոշումով։
Կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը եւս ի՛ր գնահատականը կատարէ Աղասի Խանջեան հայ գործիչին՝ Հայաստանի եւ հայոց պետականութեան ազգային-քաղաքական արժեչափերուն հիման վրայ իր վճիռը կայացնելով անոր անձին ու գործին թէ՛ բացասական, թէ՛ դրական հաշուեկշռին վերաբերեալ։
Անշո՛ւշտ, Աղասի Խանջեանի ողբերգական վախճանը Ազգի եւ Հայրենիքի համար նահատակուած հերոսի լուսապսակով կը զարդարէ անոր դէմքը։ Մանաւանդ որ 1936-1937ի Ստալինեան «մաքրագործումներուն» զոհաբերուած ու ողբերգական միեւնոյն վախճանին դատապարտուած մեր հոգեմտաւոր սերուցքը՝ Չարենցի ու Բակունցի գլխաւորութեամբ, ոչ միայն վայելեցին Խանջեանի ուղղակի հովանաւորութիւնը, այլեւ իրենց գրաւոր վկայութիւններով օրին իսկ մեծարեցին Հայաստանի պոլշեւիկ իշխանաւորին «ազգային վարքագիծ»ն ու հայանուէր ծառայութիւնը։
Այսուհանդերձ՝ արդէն ժամանակն է ամբողջական ճշմարտութեան վերականգնումին եւ վերարժեւորումին, ըսելու համար որ ինչպէս Չարենցները, նոյնպէս եւ Խանջեանները պատանեկան գինովութեամբ տարուեցան պոլշեւիզմի ազգամերժ քանդիչ մոլեգնութեամբ, հայոց ազգային սրբութիւնները քարկոծեցին ու ոտնակոխեցին եւ իրենց գաղափարական-քաղաքական խաբուածութեան ու մոլարանքին անդրադարձան շատ ուշ, միայն այն ատեն, երբ արդէն իրենց իսկ գլուխը ողջ պահելու դժուարութիւն ունէին, որովհետեւ հրէշներ սնուցած էին մեր երկրի եւ ժողովուրդի ծոցին մէջ...
Խանջեան Աղասի Ղեւոնդին ծնած է 30 Յունուար 1901ին Վան, ուր եւ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Մեծ Եղեռնի տարիներուն, Վանի պարպումէն ետք, Խանջեան ընտանիքը եւս գաղթական տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր Խանջեան յաճախեց ու աւարտեց Թեմական դպրոցը եւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը։
Տակաւին 16 տարեկան, 1917ի Ապրիլին, Աղասի Խանջեան արդէն կլանուած համառուսական յեղափոխութեան արձագանգներով, Ղ. Ղուկասեանի հետ, հիմնեց Երեւանի այսպէս կոչուած «Երիտասարդ Մարքսիստ-Ինտերնացիոնալիստների Միութիւնը»։ Իսկ 1919ին, նոյն Ղ. Ղուկասեանի եւ Ա. Բուդաղեանի հետ, Խանճեան հիմնադիր եղաւ «Հայաստանի Երիտասարդ Կոմունիստների Սպարտակ Կազմակերպութեան», որ ամիս մը ետք՝ Մայիսին, սկսաւ լոյս ընծայել իր ընդյատակեայ պաշտօնաթերթը՝ «Սպարտակ» անունով։
1919ի Սեպտեմբերին, հեռակայ կարգով, Աղասի Խանջեան ընտրուեցաւ Կոմունիստական Երիտասարդական Կազմակերպութեան Անդրկովկասի Բիւրոյի անդամ։ 1920ի Յունուարին մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ հայ համայնավարներու ընդյատակեայ առաջին համագումարին, որ հիմնեց Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւնը (Հ.Կ.Կ.) ու որոշեց եւ ծրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան տապալումն ու խորհրդային կարգերու հաստատումը ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
1920ի Մայիս Մէկի խռովութիւններուն մէջ իր ունեցած աշխոյժ գործունէութեան համար, 1920ի Յուլիսին, Ա. Խանջեան ընտրուեցաւ Հ.Կ.Կ.ի Կենտկոմի անդամ եւ ամիս մը ետք, Օգոստոսին, երբ Հ.Հ. Բիւրօ-կառավարութիւնը խստացուցած էր պոլշեւիկ խռովարարներու դէմ իր դիրքորոշումը, Ա. Խանջեան ձերբակալուեցաւ ու 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, ազատ արձակուեցաւ եւ ընտրուեցաւ Հ.Կ.Կ.ի Երեւանի Կոմիտէի քարտուղար՝ Դեկտեմբեր 1920էն մինչեւ Փետրուար 1921ի համաժողովրդական ապստամբութիւնը, որմէ փախուստ տուած հայ պոլշեւիկներու հետ հեռացաւ Հայաստանէն, եւ ուղարկուեցաւ Մոսկուա, որպէսզի ուսումը շարունակէ Սվերդլովի անուան Կոմունիստական համալսարանին մէջ։
1923-1928 տարիներուն, երբ «ռազմական կոմունիզմ»ը աւեր կը գործէր Հայաստանի տարածքին, Ա. Խանջեան ղեկավար աշխատանքի կոչուուեցաւ Լենինկրատի մէջ։ Բայց Օգոստոս 1928ին, Քրեմլի որոշումով, ան ուղարկուեցաւ Երեւան՝ ստանձնելու համար Հ.Կ.Կ.ի Կենտկոմի երկրորդ քարտուղարի պատասխանատուութիւնը։ 1930ին նշանակուեցաւ առաջին քարտուղար եւ մինչեւ պաշտօնազրկումն ու 9 Յուլիս 1936ին Թիֆլիսի մէջ իր խորհրդաւոր մահը՝ մնաց այդ պաշտօնին վրայ։
Կենսագիրները կը վկայեն, որ Աղասի Խանջեան մտաւորական հարուստ պաշարով եւ ազգային արժէքներու խոր ճանաչողութեամբ շնչող մարդ էր, որ սակայն իր սերնդակից պոլշեւիկ աղանդամոլներու ներշնչումով՝ փանջունիական ոճով յեղափոխական մըն էր. իր առջեւ բաց գտած դուռն անգամ կոտրելով մուտք կ’ուզէր գործել, որպէսզի նորն ու գալիքը սկիզբէն կերտելու ինքնավստահութեամբ յագենար եւ միեւնոյն ինքնավստահութեամբ խանդավառէր «Ամբոխները խելագարուած»...
Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ պետական յեղաշրջումի դրօշակիրներէն եղաւ Խանջեան, որ թուրքին մէջ աւելի հոգեհարազատ կուսակից տեսաւ, քան Հայաստանի անկախութիւնը կերտած դաշնակցականին մէջ։
Միաժամանակ Խանջեան յառաջամարտիկներէն մէկը եղաւ «նոր ժամանակներու Հայը»՝ «մարտական մարքսիստը» շնչաւորելու գաղափարական շարժումին, որ ծանրագոյն սխալը գործեց, սակայն, լենինեան Պոլշեւիզմին մէջ տեսնելով մարմնաւորումը գաղափարական իր ինքնորոնումին։
Անկասկած, Նոր Ժամանակներ մուտք գործելու համար Հայը պէտք ունէր համամարդկային մեծ ներշնչումով թռիչքի, որուն թեւերը սակայն Մարքսն ու Էնկելսը չէին կրնար ըլլալ, իսկ գլուխը չէր կրնար ըլլալ, մանաւան՛դ, այսպէս կոչուած «ընկեր Լենին»ը...
Աղասի Խանջեան, ինչպէս եւ Եղիշէ Չարենց, իրենց կեանքին գնով ծանրագոյն գինը վճարեցին հայ մարդոց գաղափարական այդ մոլորութեան։
Յուլիս 9ի այս օրը, ոգեկոչելով յիշատակը Ստալինեան «մաքրագործումներու» առաջին հայ զոհը հանդիսացող՝ Խորհրդային Հայաստանի ատենի Կոմկուսի Առաջին Քարտուղար Աղասի Խանջեանին, հայոց սերունդներուն մենք պարտք ենք յուշելու պատգամը Հայաստանի անկախութիւնը կերտած սերունդներուն, որոնք Պոլշեւիզմին մէջ տեսան անցողիկ փորձանք մը եւ, Խանջեաններու մոլորանքին նկատմամբ, հայու բարութեամբ շարունակ յորդորեցին, որ վարչակարգերը կու գան ու կ’երթան, մնայուն են միայն հայրենիքները։
Ն.