­Յու­լիս 4էն 5ի լուս­ցող գի­շե­րը, 107 տա­րի ա­ռաջ, մեր աշ­խար­հէն առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն գե­ղա­պաշտ բա­նաս­տեղ­ծը՝ Մի­սաք Մե­ծա­րենց։

Գե­ղե­ցի­կի պաշ­տա­մուն­քը կա­տա­րե­լու­թեան հասցը­նող բա­ռե­րու, պատ­կեր­նե­րու եւ զգայ­նու­թիւն­նե­րու ա­ռինք­նող աշ­խարհ մը ա­րա­րեց Մե­ծա­րենց, որ ճա­կա­տագ­րո­ւած էր ապ­րե­լու միայն 22 տա­րի...

Որ­քան ժա­մա­նա­կը կ’­անց­նի, այն­քան հա­յոց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման մէջ միտք ու հո­գի ազ­նո­ւաց­նող իր շունչն ու բա­բա­խու­մը զգա­լի կը դարձ­նէ Մե­ծա­րենց, ո­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան վաս­տա­կը թէեւ զրկո­ւե­ցաւ քա­նա­կով ա­ճե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն, բայց անկրկ­նե­լի բար­ձունք մը նո­ւա­ճեց իր հան­ճա­րեղ ո­րա­կով։

Հա­յոց գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հան­ճա­րի ա­մէ­նէն բո­ցա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծը՝ Ե­ղի­շէ Չա­րենց ա­մե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ կ­’ար­տա­յայ­տէր Մե­ծա­րեն­ցի հան­դէպ մեր ժո­ղո­վուր­դին տա­ծած պաշ­տա­մուն­քը, երբ կը գրէր՝

Ա­րիւն է ե­ղել աշ­խար­հում: - Ե­ղել է ե­ղեռն ու կռիւ:

Լեռ­նա­ցել են ու­ժեր վիթ­խա­րի՝ ա­մե­հի ե­լած ի­րար դէմ:

Աշ­խար­հից հե­ռու մի գիւ­ղում, ե­ղէգ­նեայ մի սրինգ կտրած,

Ա­րեւ է եր­գել ու գա­րուն այս հի­ւանդ, հան­ճա­րեղ պա­տա­նին:

Ճիշդ այդ­պէ՛ս, բնու­թիւնն ու մարդ էա­կը, գե­ղեց­կու­թիւնն ու սէ­րը Մե­ծա­րենց վե­րա­ծեց յա­ւեր­ժա­կան եր­գի եւ, իբ­րեւ ա­նեզր ու ան­հուն՝ խո­րա­խոր­հուրդ մէկ աշ­խարհ, ժա­ռանգ կտա­կեց հա­յու հո­գիին՝ սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րուն զար­դը դարձ­նե­լով իր անկրկ­նե­լի «­Սի­րերգ»ը.

Գի­շերն ա­նուշ է, գի­շերն հեշ­տա­գի՜ն,

Հա­շի­շով օ­ծուն ու բա­լա­սա­նով.

Լու­սե­ղէն ճամ­բէն ես կ­’անց­նիմ գի­նով՝

Գի­շերն ա­նուշ է, գի­շերն հեշ­տա­գի՜ն...

Համ­բոյր­ներ կու գան հո­վէն ու ծո­վէն,

Համ­բոյր՝ լոյ­սէն որ չորս դիս կը ծաղ­կի,

Այս գի­շեր Տօն է հոգ­ւոյս՝ Կի­րա­կի՜,

Համ­բոյր­ներ կու գան հո­վէն ու ծո­վէն:

Բայց լոյսն իմ հոգ­ւոյս քիչ քիչ կը մա­շի՜,

Շր­թուն­քըս են ծա­րաւ միակ համ­բոյ­րին...

Ցն­ծա­գին գի­շերն է լոյս ու լու­սին՝

Բայց լոյսն իմ հոգ­ւոյս քիչ քիչ կը մա­շի...

1886 թո­ւա­կա­նի Յու­նո­ւա­րին Ակ­նայ (­Խար­բերդ) Բին­կեան գիւ­ղը ծնած էր Մե­ծա­տու­րեան Մի­սաք, որ նախ­նա­կան իր կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի Մես­րո­պեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ակ­նայ շրջա­նը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Մե­ծա­րեն­ցի բա­նաս­տեղ­ծա­կան կազ­մա­ւոր­ման վրայ. մէկ կող­մէ կա­նա­չա­զարդ եւ ջրա­ռատ իր բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով, իսկ միւս կող­մէ ա­րեւմ­տա­հայ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու («Ան­տու­նի­ներ») իր հա­րուստ յու­զաշ­խար­հով՝ Ակ­նը հիմ­նա­րար դեր ու­նե­ցաւ գե­ղե­ցիկ Բա­նի, գե­ղա­գէտ Պատ­կե­րի եւ գե­ղա­պաշտ Յոյ­զի այն ե­զա­կի հա­մադ­րու­մին մէջ, որ մայր ա­կունքն ու տի­րա­կան ա­ռանձ­նա­յա­տու­թիւ­նը ե­ղաւ Մի­սաք Մե­ծա­րեն­ցի թարմ ու նո­րա­րար գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան։

Ակ­նայ աշ­խար­հին գե­ղեց­կու­թեան Մե­ծա­րեն­ցեան քան­դա­կումն է «­Հիւ­ղը», որ միա­ժա­մա­նակ ա­դա­ման­դա­կուռ վկա­յու­թիւնն է հա­յու անս­պառ բա­րու­թեան, հիւ­րըն­կալ մար­դա­սի­րու­թեան.

Դաշ­տի ճամ­բու մը վրան,

Կամ՝ ստո­րո­տը լե­րան,

ու­ղե­ւո­րին ժա­ման­ման

սպա­սող հիւղն ըլ­լա­յի:

Ու գգո­ւան­քիս կան­չէի

ես ճամ­բորդ­ներն ան­ժա­ման,

Եւ ճամ­բուն վրայ մե­նա­ւոր

Ու ճամ­բուն վրայ ոս­կե­ման,

Ե­կո­ւոր­նե­րուն դի­մա­ւոր՝

ծխա­նիս ծուխն ամ­պէի:

Ու գրգան­քիս կան­չէի

Ու­ղե­ւոր­ներ պար­տա­սուն

Ու բա­րե­ւի մը փո­խան

Հա­զար բա­րիք ես տա­յի,

Հա­զար բա­րիք ես տա­յի

Գո­լը կրա­կին ճար­ճա­տուն,

Կութ­քը բեր­րի դաշ­տե­րուն,

Բո­լոր մրգերն ա­շու­նի,

Ու մեղր ու կաթ ու գի­նի...

Ու լսէի ես ցայ­գուն,

Քո­վը կրա­կին ճար­ճա­տուն՝

Երգն ի­րի­կո­ւան ե­կո­ւո­րին,

Ու ճամ­բէի ես ցայ­գուն

Ե­րազ­նե­րով պա­տա­րուն

Նինջ՝ ի­րի­կո­ւան ե­կո­ւո­րին:

Ու լսէի ես այ­գուն,

Սր­տա­պա­տար ու տրո­փուն

Գովքն ի­րի­կո­ւան ե­կո­ւո­րին,

Ու դի­տէի ես այ­գուն,

Ու խո­կա­յի օրն ի բուն

Երթն ի­րի­կո­ւան ե­կո­ւո­րին...

Ու ձմեռ­ներն ալ համ­բուն,

Հ­րա­ւի­րակ զո­ւար­թուն,

Կանգ­նէի քո­վը ճամ­բուն

Ու ձիւ­նա­պատ հէք մար­դուն

Ես հայ­րօ­րէն, լայ­նա­բաց

Եր­կու թեւս պար­զէի,

Մի՜շտ քաղց­րա­գին, նիւ­թա­ցած

Հ­րա­ւէ՜րն ես ըլ­լա­յի:

Ա՝հ, ըլ­լա­յի՜, ըլ­լա­յի՜,

Դաշ­տի ճամ­բու մը վրան

Կամ՝ ստո­րո­տը լե­րան,

Ու­ղե­ւո­րին ժա­ման­ման

Ս­պա­սող հի՜ւղն ըլ­լա­յի:

1895ին, Մե­ծա­տու­րեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը տե­ղա­փոխուե­ցաւ Սե­բաս­տիա, ուր Մի­սաք յա­ճա­խեց Ա­րա­մեան վար­ժա­րա­նը: Եր­կու տա­րի ետք, 11ա­մեայ Մի­սաք ղրկո­ւե­ցաւ Մար­զո­ւան, որ­պէս­զի հե­տե­ւի «Ա­նա­տո­լիա» գի­շե­րօ­թիկ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն։

Մե­ծա­րեն­ցի գրա­կան կազ­մա­ւոր­ման մէջ օրհ­նա­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ 1902ին ըն­տա­նի­քին Պո­լիս տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։ 16ա­մեայ պա­տա­նին յա­ճա­խեց Կեդ­րո­նա­կան վարժա­րա­նը, ուր ու­սու­ցիչ ու­նե­ցաւ Հ­րանդ Ա­սա­տու­րը, ո­րուն շուն­չին տակ Մե­ծա­րենց դրսե­ւո­րեց եւ զար­գա­ցուց իր գրա­կան կան­խա­հաս ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը։

1902ը նաեւ ան­բու­ժե­լի իր թո­քախ­տին ա­ռա­ջին ախ­տան­շան­նե­րու բա­ցա­յայտ­ման տա­րին ե­ղաւ։

Հա­կա­ռակ թո­քախ­տին, բայց նաեւ ա­նոր չա­րա­գու­շակ ան­բու­ժե­լիու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ մե­ծա­րենց թա­փով փա­րե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի։ 1902-1903ին իր գրած ո­տա­նա­ւոր­նե­րը, խմբե­լով «­Բա­բա­խում­ներ» ա­նու­նով տետ­րի մը մէջ, յանձ­նեց Հ. Ա­սա­տու­րի ու­շադ­րու­թեան եւ դա­տո­ղու­թեան։ Ար­ժա­նա­ցաւ իր ու­սու­ցի­չին ամ­բող­ջա­կան քա­ջա­լե­րան­քին եւ 1903ին մաս­նակ­ցե­ցաւ «­Մա­սիս» հան­դէ­սի գրա­կան մրցա­նա­կին՝ շա­հե­լով 5րդ մր­ցա­նա­կը:

Բայց թո­քախ­տը ան­տա­նե­լի դար­ձած էր եւ 1905ին Մե­ծա­րենց ստի­պո­ւե­ցաւ դադ­րեց­նել ու­սու­մը ու հե­ռա­նալ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նէն։

1905էն մին­չեւ իր կեան­քին վախ­ճա­նը՝ 1908ին, Մե­ծա­րենց ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի։ Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան վե­րել­քի, գրա­կան հա­սու­նաց­ման եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ըմբռ­նում­նե­րու մշակ­ման բեղմ­նա­ւոր շրջա­նը ե­ղան իր կեան­քին այդ վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րը։

1907ի գար­նան Մե­ծա­րենց լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Ծիա­ծան» գիր­քը, որ մեծ աղ­մուկ բարձ­րա­ցուց պոլ­սա­հայ գրա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն։ Գ­նա­հա­տա­կան­նե­րու կող­քին յար­ձա­կում­նե­րու բուռն պայ­քար մը ծա­ւա­լե­ցաւ Մե­ծա­րեն­ցի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան շուրջ։

1907ի աշ­նան լոյս տե­սաւ իր երկ­րորդ գիր­քը՝ «­Նոր տա­ղեր»ը, որ ա­ւե­լիով բոր­բո­քեց Մե­ծա­րեն­ցի շուրջ ծա­ւա­լած գրա­կան բա­նա­վէ­ճը: Մե­ծա­րեն­ցին ի պաշտ­պա­նու­թիւն հրա­պա­րակ ի­ջան ոչ միայն ա­տե­նի ա­նո­ւա­նի գրա­կա­նա­գէտ­ներ, այ­լեւ ինք՝ Մե­ծա­րենց, որ այդ առ­թիւ բա­նա­ձե­ւեց ու խո­րա­ցուց իր գրա­կան ըմբռ­նում­նե­րը. այդ յօ­դո­ւած­նե­րու շար­քին գրա­կա­նա­գի­տա­կան մնա­յուն գործ մը ե­ղաւ «Ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան փորձ մը...» խո­րագ­րով իր տե­սա­բա­նա­կան յօ­դո­ւա­ծը:

1908ի Յու­լիս 4էն 5ի լուս­ցող գի­շե­րը, ընդ­միշտ դադ­րե­ցաւ բա­բա­խե­լէ Մե­ծա­րեն­ցի սիր­տը, որ այն­քա՜ն լոյս եւ գե­ղեց­կու­թիւն բաշ­խեց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ:

1934ին, Մե­ծա­րեն­ցի կեն­սա­գիր Թ. Ա­զա­տեան, իր «Մ­շա­կոյթ» հրա­տա­րակ­չա­կա­նով, լոյս ըն­ծա­յեց վա­ղա­մե­ռիկ հայ հան­ճա­րին ան­տիպ գոր­ծե­րը՝ «Ոս­կէ Ա­րի­շին Տակ» խո­րագ­րով։ Մ. Մե­ծա­րենց թա­ղո­ւե­ցաւ Պոլ­սոյ Պա­լիք­լի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը: Գե­րեզ­մա­նին վրայ յու­շար­ձան մը կա­ռու­ցո­ւե­ցաւ՝ «Իր ըն­կեր­նե­րէն եւ հա­մա­կիր­նե­րէն» մա­կագ­րու­թեամբ:

Մե­ծա­րեն­ցին նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ­’ար­ժէ պսա­կել Հա­յու Մար­դա­սի­րու­թեան իր կտա­կը հան­դի­սա­ցող «Ար­դի մար­դուն Հայր Մե­րը» բա­նաս­տեղ­ծու­թե­նէն հե­տե­ւեալ հա­տո­ւա­ծով.

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,

Ծա­ղիկ­նե­րո՜ւ պէս զայն ժո­ղո­ւեմ ճամ­բուս վրան`

Նա­յո­ւածք­նե­րուն մէջ ա­մէ­նուն եւ ա­մէն օր:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,

Եւ ես` հան­գոյն երփ­նա­լուց­կի վա­ռող ման­կան`

Զայն գու­նաժ­պիտ տես­նեմ ու­րիշ դէմ­քի մը վրան:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,

Զան­գակ­նե­րո՜ւ պէս զայն կա­խեմ ա­մէն դը­րան`

Ու զերթ նա­րօտ ա­մէն դը­րան զայն պը­սա­կեմ:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան,

Ճ­րագ­նե­րու պէս զայն բո­ցեմ բազ­մաս­տեղ­նեան`

Խա­ւա­րին մէջ ա­մէն երդ ու խրճիթ­նե­րու:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.

Ու սե­ղա­նիս վը­րայ դրո­ւած մէն մի նը­կան`

Զույգ մը խին­դե՜ր գէթ ու­նե­նայ թող խա­չա­նիշ:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.

Զայն իբր անձ­րեւ ցօ­ղեմ ա­մէն դաշ­տի վը­րան,

Զայն իբր ա­րեւ բաշ­խեմ ա­մէն հո­րի­զո­նի:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.

Զայն ընդգր­կած՝ ի­տէա­լի՜ն ըլ­լամ սրսկան.

Զայն լաստ ը­րած ես Լոյ­սե­րու նա­ւո՜րդն ըլ­լամ:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.

Ժող­վել` հոգ­ւոյն մէջ ծե­րե­րուն, կոյ­սին, ման­կան,

Պարզ մար­դե­րուն` գեղ­ջուկ­նե­րուն ու բա­նո­ւո­րին:

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան.

Ժող­վել` հոգ­ւոյն մէջ ա­մէ­նո՜ւն, հա­մայ­նա­կան

Հոգ­ւոյն ա­մէն մաս­նիկ­նե­րուն մէջ` ա­մէն ժամ:

Ճամ­բա­նե­րէն, ու գե­տե­րէն, ու դաշ­տե­րէն,

Ան­տառ­նե­րէն, ու լեռ­նե­րէն, ու ձո­րե­րէն,

Տա­նիք­նե­րէն, ու տու­նե­րէն, ու դուռ­նե­րէն`

Տո՜ւր ին­ծի, Տէ՜ր, ու­րա­խու­թիւնն ա­նանձ­նա­կան:

115 տա­րի ան­ցած է Մե­ծա­րեն­ցի վա­ղա­ժամ հե­ռա­ցու­մէն աս­դին, բայց հա­յու հո­գիին մէջ ան­վերջ կը թրթռայ ե­րաժշ­տա­կան գե­ղեց­կա­գոյն բա­բա­խու­մը ա­նոր ա­րա­րած բա­նաս­տեղ­ծու­թեան, ո­րով­հե­տեւ Մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կա­նի իսկ բնու­թագ­րու­մով

«...­Մեր երկ­րին նկա­րա­գեղ քաղց­րու­թիւն­նե­րը, մեր հո­գիին ըն­դո­ծին դալ­կու­թիւն­նե­րը, մեր շնորհն ու տրտմա­նուշ ե­րա­զանք­նե­րը սքան­չե­լի ծա­ղիկ­նե­րու նման կը բուս­նին ա­նոր ար­նա­շա­ղախ է­ջե­րուն»:

Ն.