137 տա­րի ա­ռաջ, 1878ի Յու­նիս 25ին (հին տո­մա­րով՝ 13 Յու­նի­սին), կայ­սե­րա­կան Գեր­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք Պեր­լի­նի մէջ, վար­չա­պետ Օ­թօ Ֆոն Պիս­մարք պաշ­տօ­նա­պէս կա­տա­րեց բա­ցու­մը այս­պէս կո­չո­ւած «խա­ղա­ղու­թեան» եւ «հաշ­տու­թեան» եւ­րո­պա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին։

Հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ տխրահռ­չակ իր տե­ղը ու­նի 1878ի Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­միս մը տե­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին, 24 Յու­լի­սին, կնքո­ւե­ցաւ Պեր­լի­նի հան­րա­ծա­նօթ Դաշ­նա­գի­րը։ Դաշ­նա­գիր մը՝ որ գլխի­վայր շրջեց Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գա­յին եւ ի­րա­ւա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մը կա­տա­րող Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի Դաշ­նա­գի­րը, ա­նոր հա­յան­պաստ 16րդ յօ­դո­ւա­ծը փո­խա­րի­նե­լով քա­ղա­քա­կա­նա­պէս ա­մուլ եւ հա­յավ­նաս 61րդ յօ­դո­ւա­ծով։

Յու­շա­տետ­րի 24 Յու­լի­սի է­ջով ան­շուշտ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րո­ւի Պեր­լի­նի Դաշ­նագ­րին գոր­ծած այդ ա­նար­դա­րու­թեան։ Մա­նա­ւանդ որ Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վէն 45 տա­րի ետք, դար­ձեալ 24 Յու­լի­սին, բայց ար­դէն 1923 թուա­կա­նին ստո­րագ­րո­ւած Լօ­զա­նի Դաշ­նագ­րով, մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հը նոյն ո­գիով եւ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ մեղ­սակ­ցու­թեամբ՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս թա­ղել փոր­ձեց Հայ­կա­կան Հար­ցը։

Կ’ար­ժէ նշել, որ ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն ան­տես­ման ա­ռու­մով տխրահռ­չակ ե­ղաւ Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վը, այ­լեւ՝ հա­մեւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով, իր գոր­ծած սխալ­նե­րով ու ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րով, Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վը պատ­մու­թեան ան­ցաւ, ըստ ա­մե­նայ­նի, իբ­րեւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­մո­լու­թեան, գաղ­թա­տի­րու­թեան եւ կար­ճա­տե­սու­թեան տխրահռ­չակ բե­մադ­րու­թիւն մը։

Փաս­տօ­րէն Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին գոր­ծած սխալ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ «­Հին Աշ­խարհ»ը թա­ւագ­լոր գա­հա­վի­ճե­ցաւ դէ­պի Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ան­դուն­դը, որ «յար­մար պա­հը» ըն­ձե­ռեց թրքա­կան պե­տու­թեան, որ­պէս­զի գոր­ծադ­րէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իր հրէ­շա­յին ծար­գի­րը։

Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վի գու­մար­ման նա­խա­ձեռ­նեց գեր­ման վար­չա­պետ Պիս­մարք, որ իր վար­չա­պե­տա­կան նստա­վայ­րին՝ եր­բեմ­նի կայ­սե­րա­կան Րա­ցո­ւիլ ա­պա­րան­քին մէջ հիւ­րըն­կա­լեց հա­մա­գու­մա­րին լիի­րաւ մաս­նա­կից վեց մեծ տէ­րու­թեանց՝ Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, Ի­տա­լիոյ, Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիոյ, Ռու­սաս­տա­նի եւ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ միայն ի­րենց ճա­կա­տագ­րին ա­ռըն­չո­ւող օ­րա­կար­գով գու­մարուած նիս­տե­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­լու ի­րա­ւունք ստա­ցած Յու­նաս­տա­նի, Ռու­մա­նիոյ, Սեր­պիոյ եւ Մոն­թե­նեկ­րո­յի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րը։

Վե­հա­ժո­ղո­վին գլխա­ւոր օ­րա­կար­գը Պալ­քա­նեան Թե­րակղ­զիի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր սահ­մա­նագ­ծումն ու ի­րա­ւա­կար­գումն էր։ Բայց շար­ժա­ռի­թը նոյ­նինքն Պալ­քան­նե­րու խռո­վա­յոյզ վի­ճա­կը չէր այն­քան, որ­քան Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ա­րա­գըն­թաց տկա­րա­ցու­մին եւ փլու­զու­մին նոյն­քան եւ ա­ւե­լի ա­րա­գու­թեամբ հե­տե­ւող ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի ու­ժե­ղա­ցումն ու վե­րել­քը՝ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րու ընդ­լայ­նու­մով՝ ա­րեւ­մուտ­քէն դէ­պի Պալ­քան­ներ ու Սեւ Ծով, իսկ հա­րաւ-ա­րե­ւել­քէն դէ­պի հայ­կա­կան նա­հանգ­ներ ու Պարս­կաս­տան։

Ան­շուշտ Պալ­քան­նե­րը, ազ­գայ­նա­կան զար­թօն­քի եւ սլա­ւո­նա­կան-ուղ­ղա­դա­ւան ինք­նա­հաս­տատ­ման շար­ժում­նե­րու բուռն մթնո­լոր­տին մէջ, ինք­նին ստեղ­ծած էին մի­ջազ­գա­յին ա­ռու­մով պայ­թու­ցիկ ի­րա­վի­ճակ մը, որ ե­թէ մէկ կող­մէ ան­խու­սա­փե­լի դար­ձու­ցած էր թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան թօ­թա­փու­մը, միւս կող­մէ ալ, սա­կայն, վտան­գի են­թար­կած էր Աւստ­րօ-­Հուն­գար Կայս­րու­թեան եւ Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ «շա­հե­րը» Պալ­քան­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս ամ­բողջ Ա­րե­ւել­քի մէջ։

Տա­կա­ւին նոր ա­ւար­տած էր 1877-1878ի Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը՝ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նե­լով Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը թէ՛ կով­կա­սեան եւ թէ պալ­քա­նեան ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ։

Մարտ 1878ին կնքո­ւած էր Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի Դաշ­նա­գի­րը, որ ի նպաստ Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի՝ լուրջ զի­ջում­ներ պար­տադ­րած էր Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան։

- Պալ­քան­նե­րու մէջ, Բարձ­րա­գոյն Դու­ռը հա­մա­կեր­պած էր Պուլ­կա­րա­կան ինք­նա­վար եւ ընդ­լայ­նո­ւած սահ­ման­նե­րով Իշ­խա­նա­պե­տու­թեան մը ա­ռա­ջա­ցու­մին, սուլ­թա­նի ա­նո­ւա­նա­կան տի­րա­պե­տու­թեան ներ­քեւ։

- Իսկ Ա­րե­ւե­լեան ճա­կա­տի վրայ, օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ոչ միայն ամ­բողջ նա­հանգ­ներ զի­ջած էր յաղ­թա­կան Ռու­սաս­տա­նին, այ­լեւ՝ դրո­ւած էր հայ­կա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ի­րա­գործ­ման քա­ղա­քա­կա՛ն ճնշու­մին տակ։ Այս­պէ՛ս, մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը լրջօ­րէն խախ­տած էր, բայց ոչ միայն Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ան­կու­մին եւ Ցա­րա­կան ռու­սաս­տա­նի հզօ­րաց­ման ա­ռու­մով։

Ա­րեւմ­տեան կողմն Եւ­րո­պա­յի եւս տե­ղի ու­նե­ցած էին նոյն­քան եւ ա­ւե­լի մե­ծակ­շիռ փո­փո­խու­թիւն­ներ։

Պիս­մար­քի Գեր­մա­նիան կրցած էր պար­տու­թեան եւ նա­հան­ջի մատ­նել Աւստ­րօ-­Հուն­գա­րիան եւ Ֆ­րան­սան։ Այս վեր­ջին­նե­րուն ծանր հա­րո­ւած հաս­ցու­ցած էր նաեւ Ի­տա­լիոյ միա­ւոր­ման ազ­գայ­նա­կան շար­ժու­մը, որ յաղ­թա­կան վե­րել­քի իր տա­րեր­քին մէջ էր եւ եւ­րո­պա­կան գաղ­թա­տի­րու­թե­նէն ա­ւա­րի իր բա­ժի­նը կը պա­հան­ջէր։

Ֆ­րան­սա­յի հա­մե­մա­տա­կան տկա­րա­ցու­մով եւ Գեր­մա­նիոյ հզօ­րա­ցու­մով, փաս­տօ­րէն, Եւ­րո­պա կորսն­ցու­ցած էր իր ֆրան­սամ­ցի «հո­մա­նու­հին» եւ գտած էր իր նոր՝ գեր­մա­նա­ցի «տի­րա­կալ»ը, ինչ­պէս որ 19րդ դա­րա­վեր­ջին եւ­րո­պա­ցի պատ­մա­բան մը պատ­կե­րա­ւոր ձե­ւով բնու­թագ­րած է։

Իսկ Մեծն Բ­րի­տա­նիան, եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սէն հե­ռու՝ ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քի եւ հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի իր գա­ղութ­նե­րուն հո­գե­րով տա­րո­ւած, Կ­լատս­թո­նի կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով ան­տե­սու­մի մատ­նած էր նոյ­նինքն Եւ­րո­պան եւ յան­կարծ կ­’անդ­րա­դառ­նար, որ Պալ­քան­նե­րու մէջ վե­րա­նա­յու­մի կ­՛են­թար­կո­ւէր մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի ընդ­հա­նուր քար­տէ­սը՝ Գեր­մա­նիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի հա­մա­խո­հու­թեամբ ու դաշ­նադ­րու­թեամբ եւ, մա­նա­ւա՛նդ, Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ բա­ցա­կա­յու­թեամբ ու ան­տե­սու­մով։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ յատ­կա­պէս Մեծն Բ­րի­տա­նիա բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի Դաշ­նագ­րին դէմ։ Ան­մի­ջա­պէս օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց Եւ­րո­պա­յի «­Հի­ւանդ Մարդ»ուն։ Գաղտ­նի գոր­ծար­քի մէջ մտաւ Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ եւ, կան­խի՛կ, Կիպ­րո­սը նո­ւէր ստա­նա­լով՝ ի նպաստ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ա­հա­զանգ հնչե­ցուց Պալ­քան­նե­րուն սպառ­նա­ցող սլա­ւո­նա­կան վտան­գին դէմ։

Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի ան­հա­կակշ­ռե­լի հզօ­րա­ցու­մով ան­հանգս­տա­նա­լու պատ­ճառ­ներ ու­նէր նաեւ Գեր­մա­նիան. Պիս­մարք լուրջ մտա­վա­խու­թեամբ կը հե­տե­ւէր ոչ միայն Պալ­քան­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ Ռու­սաս­տա­նի յաղ­թա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին, այ­լեւ Եւ­րո­պա­յի մե­ծա­պե­տա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան խախ­տու­մին եւ Գեր­մա­նիոյ նկատ­մամբ Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ թշնա­մա­կան տրա­մադ­րու­թեանց լա­րու­մին։

Պիս­մարք անհ­րա­ժեշտ հո­տա­ռու­թիւ­նը ու­նէր, որ­պէս­զի ա­րագ շար­ժէր եւ պահ­պա­նէր կա­ցու­թեան տէ­րը ըլ­լա­լու իր ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը։

Այդ­պէս ալ ե­ղաւ։

Պիս­մարք նա­խա­ձեռ­նեց Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին գու­մա­րու­մը եւ ան­ձամբ ղե­կա­վա­րեց ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րը՝ աշ­խար­հի ճա­կա­տա­գի­րը միաս­նա­բար ղե­կա­վա­րե­լու ընդ­հա­նուր հա­մա­խո­հու­թիւն մը ա­ռա­ջաց­նե­լով եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց մի­ջեւ։

Բայց ի՞նչ գնով։

Պեր­լի­նի Դաշ­նա­գի­րը դժգոհ ձգեց ա­ռա­ջին հեր­թին Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, ուղ­ղա­դա­ւան ըլ­լան ա­նոնք թէ կա­թո­լիկ, ո­րոնք Օս­մա­նեան Կայս­րու­թե­նէն ա­զա­տու­թիւն ու ան­կա­խու­թիւն կը պա­հան­ջէին։

Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի մէջ կեան­քի կո­չո­ւած կի­սան­կախ եւ միա­ցեալ մեծ Պուլ­կա­րիան, որ Պալ­քան­նե­րու քրիս­տո­նեայ ազ­գու­թեանց հա­մա­կե­ցու­թեան եւ հե­տա­գայ ան­կա­խաց­ման ե­րաշ­խի­քը պի­տի ըլ­լար, վերս­տին մաս­նա­տո­ւե­ցաւ եւ ամ­բող­ջա­պէս դրո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ։

Պիս­մարք շատ լաւ կ­’անդ­րա­դառ­նար, որ պար­զա­պէս ա­ւա­րի բա­ժան­ման շուրջ գո­յա­ցած հա­մա­խո­հու­թիւն էր իր ձեռք բե­րած... յա­ջո­ղու­թիւ­նը Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին։

Ա­զա­տու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ձայ­նը պար­զա­պէս խեղ­դո­ւած էր մեծ տէ­րու­թեանց նեղ-շա­հա­մո­լա­կան յաղ­թա­գոռ ե­լոյթ­նե­րու ճնշու­մին տակ։

Ա­ւե­լի՛ն. պատ­մա­բան­նե­րու ընդ­հա­նուր եզ­րա­կա­ցու­թեամբ, Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վը պար­զա­պէս ծա­ռա­յեց Պալ­քա­նեան վա­ռօ­դի տա­կա­ռը ծած­կե­լու նպա­տա­կին...

Եւ այ­սօր, Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վի բա­ցու­մէն 137 տա­րի ետք, որ­քան դի­պուկ իր ախ­տա­ճա­նա­չու­մը կը պահ­պա­նէ նոյ­նինքն Պիս­մար­քի մար­գա­րէա­կան նա­խա­տե­սու­թիւ­նը՝ Պալ­քան­նե­րու մէջ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց դրսե­ւո­րած ըն­չա­քաղ­ցու­թեան եւ կար­ճա­տե­սու­թեան հե­տե­ւան­քին վե­րա­բե­րեալ.-

«Եւ­րո­պան այ­սօր վա­ռօ­դի տա­կառ մըն է, իսկ ա­նոր ղե­կա­վար­նե­րը նման են զի­նա­րա­նի մը մէջ ծխող մար­դոց...մէկ հա­տիկ փոքր կայծ մը կրնայ ա­ռա­ջաց­նել այն­պի­սի պայ­թիւն մը, որ պի­տի սպա­ռէ բո­լորս... Չեմ կրնար ը­սել ձե­զի, թէ այդ պայ­թիւ­նը ե՞րբ պի­տի պա­տա­հի, բայց կրնամ ը­սել, թէ ո՞ւր...

«­Պալ­քան­նե­րու մէջ ա­նի­ծեալ ա­պուշ բան մը պի­տի ա­ռա­ջաց­նէ այդ պայ­թիւ­նը...»

Դժ­բախ­տա­բար ի­րա­կա­նա­ցաւ Պիս­մար­քի նա­խա­տե­սու­թիւ­նը։

Ամ­բողջ մարդ­կու­թեան գլխուն պայ­թե­ցաւ Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռա­ջին Պա­տե­րազ­մը՝ աշ­խար­հա­կոր­ծան իր հե­տե­ւանք­նե­րով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դը ծան­րա­գոյն գի­նը վճա­րեց Մե­ծա­պե­տա­կան Խա­ղին՝ զոհ եր­թա­լով թրքա­կան պե­տու­թեան ծրագ­րած ու գոր­ծադ­րած 20րդ դա­րու Ա­ռա­ջին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին ծան­րակ­շիռ դա­սե­րը այ­սօր եւս կը պա­հեն ի­րենց այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը եւ պար­բե­րա­բար պէտք է բա­նալ ա­նոր ծալ­քե­րը, որ­պէս­զի վա­ղը դար­ձեալ չիյ­նանք մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծի տակ։

Այ­սօ­րո­ւան պայ­ման­նե­րը հիմ­նո­վին բա­րե­փո­խո­ւած են ան­շուշտ։

Ե­թէ 137 տա­րի ա­ռաջ, Հայ­կա­կան Հար­ցի մի­ջազ­գայ­նաց­ման ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տե­լու պա­հուն, հայ ժո­ղո­վուրդն ու Հա­յաս­տա­նը իբ­րեւ Մի­ջազ­գա­յին Ի­րա­ւուն­քի լիար­ժէք տէր հաս­տա­տո­ւած չէին, այ­սօր ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում կը վա­յե­լէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը - ա­նոր ընդ­մէ­ջէն նաե՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դը։

137 տա­րի ա­ռաջ Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւնն էր, որ Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի խրա­խու­սան­քով եւ եւ­րո­պա­կան տէ­րու­թեանց հա­ւա­նու­թեամբ՝ յա­տուկ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը կազ­մած էր Խ­րի­մեան Հայ­րի­կի գլխա­ւո­րու­թեամբ, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նէր Հայ­կա­կան Նա­հանգ­նե­րու բա­րե­կարգ­ման պա­հանջ­նե­րը, ո­րոնց ա­ռանց­քը տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման ի­րա­ւա­կար­գումն էր վեր­ջին հա­շո­ւով։

Խ­րի­մեան Հայ­րիկ միայն թուղ­թէ շե­րեփ ու­նէր իր ձեռ­քին, ո­րուն մի­ջո­ցաւ հնա­րա­ւոր չէր ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հաս­տա­տագր­ման Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին Հե­րի­սա­յի Կաթ­սա­յէն հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­սա­նե­լի բա­ժի­նը վերց­նել...

Վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեամբ եւ աշ­խար­հաս­փիւռ Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր ու­նի անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը, որ­պէս­զի Հա­մաշ­խար­հա­յին Նոր Կար­գի «հե­րի­սա­յի կաթ­սայ»էն կա­րե­նայ վերց­նել ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դա­րու­թեան իր անբռ­նա­բա­րե­լի բա­ժի­նը։

Կը բա­ւէ, որ ի­րա­ւա­տի­րու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ճա­կա­տին վրայ դե­դե­ւում­ներ, խո­տո­րում­ներ եւ նա­հանջ չար­ձա­նագ­րենք։

Պեր­լի­նի Վե­հա­ժո­ղո­վին 137ա­մեա­կը պատ­մու­թեան այ­սօ­րի­նակ դա­սե­րուն մշտար­թուն ունկն­դի­րը մնա­լու հրա­մա­յա­կա­նը կը շեշ­տէ։

Ն.