Յու­նի­սի այս օ­րը, 177 տա­րի ա­ռաջ, օրհ­նա­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմտա­ւոր զար­գաց­ման ոս­կե­մա­տեա­նին մէջ։

22 Յու­նիս 1838ին բա­ցո­ւե­ցաւ Շու­շիի թե­մա­կան հո­գե­ւոր դպրո­ցը։

Ա­նի­կա հիմ­նո­ւե­ցաւ Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ, իբ­րեւ հո­գեմ­տա­ւոր ու­սուց­ման կեդ­րոն։

Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի վրայ ռու­սա­կան տի­րա­պե­տու­թեան հաս­տատ­ման ա­ռա­ջին տա­րի­ներն էին։ Պար­սիկ, բայց մա­նա­ւանդ թրքա­ցեղ Խա­նե­րու խա­ւա­րա­միտ լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու մեծ յոյ­սե­րով տո­գո­րո­ւած հա­յու­թիւ­նը կա­րի­քը ու­նէր, ա­մէ­նօ­րեայ հա­ցի եւ ջու­րի չափ, հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սի ջամ­բու­մին։

Իսկ Ներ­սէս Աշ­տա­րա­կե­ցի ջեր­մե­ռանդ հա­ւա­տա­ցողն էր կրթա­կան գոր­ծին նա­խախ­նա­մա­կան ներ­գոր­ծու­թեան։ Նախ­քան Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս իր ընտ­րու­թիւ­նը ար­դէն, իբ­րեւ Թիֆ­լի­սի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ, 1824ին, նա­խա­ձեռ­նած էր Անդր­կով­կա­սի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ հայ թե­մա­կան դպրո­ցի մը հիմ­նադ­րու­թեան, որ իր ա­նու­նով ալ կնքո­ւե­ցաւ Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան վար­ժա­րան։

Կա­թո­ղի­կո­սա­կան գա­հին բարձ­րա­նա­լէ ետք, Աշ­տա­րա­կե­ցի ա­ռաջ­նա­հերթ նշա­նա­կու­թիւն տո­ւաւ իր հօ­տը թե­մա­կան դպրոց­նե­րու ցան­ցով օժ­տե­լու աշ­խա­տան­քին։ Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նին նո­րո­վի թափ տա­լու իր քայ­լե­րուն զու­գա­հեռ՝ Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խա­ձեռ­նեց նաեւ Ե­րե­ւա­նի ու Շու­շիի մէջ, յա­ջոր­դա­բար 1837ին եւ 1838ին, թե­մա­կան հո­գե­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու հիմ­նադ­րու­թեան։

Պա­տա­հա­կան ընտ­րու­թիւն մը չէր Շու­շին։

Ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, Ար­ցա­խեան բեր­դա­քա­ղա­քը կը հան­դի­սա­նար հա­յա­շատ գլխա­ւոր կեդ­րոն։

Ինչ­պէս որ Շու­շիի թե­մա­կան դպրո­ցի հե­տա­գայ սա­նե­րէն Լէօ պի­տի մատ­նան­շէր 1900ա­կան­նե­րուն, «դա աղ­քա­տու­թեան մէջ ծնո­ւած մի փոք­րիկ հիմ­նար­կու­թիւն էր»։

Սկզբ­նա­կան շրջա­նին վար­ժա­րա­նը հա­զիւ քսան ա­շա­կերտ ու­նե­ցաւ։ Գոր­ծեց տնտե­սա­պէս ծայր աս­տի­ճան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ։ Ա­ռա­ջին ու­սու­ցիչ­նե­րը յանձն ա­ռին ծա­ռա­յել՝ ա­ռանց դրա­մա­կան վար­ձատ­րու­թեան։ Բայց գոր­ծե­ցին եւ սե­րունդ հաս­ցու­ցին հայ ու­սու­ցի­չի ան­սա­կարկ կո­չու­մով ու ան­սահ­ման նո­ւի­րու­մով։

Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նի կրթա­կան ծրա­գի­րը, սկզբնա­կան այդ շրջա­նին, կեդ­րո­նա­ցաւ հա­յոց լե­զո­ւի, ռու­սաց լե­զո­ւի, պարս­կե­րէ­նի, թո­ւա­բա­նու­թեուն, «օ­րէնք աս­տո­ւա­ծա­յին»ի, «սրբա­զան պատ­մու­թեուն» եւ եր­գե­ցո­ղու­թեան ու­սուց­ման վրայ։ Բայց ժա­մա­նա­կին հետ, յատ­կա­պէս տես­չա­կան եւ ու­սուց­չա­կան անձ­նա­կազ­մի ո­րա­կի բարձ­րաց­ման բե­րու­մով, վար­ժա­րա­նը քայլ առ քայլ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ գրա­կան եւ գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեան ճա­ռա­գայ­թող կեդ­րո­նի մը։ Մա­նա­ւանդ որ մեր ժո­ղո­վուր­դը, նո­րա­հաս սե­րուն­դի ուս­ման մէջ տես­նե­լով ա­պա­գայ իր զար­գաց­ման մե­ծա­գոյն եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի գրա­ւա­կա­նը, ան­վա­րան փու­թաց նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­լու թե­մա­կան նո­րաս­տեղծ վար­ժա­րա­նին։

Վար­ժա­րա­նի ա­ւե­լի քան ութ­սու­նա­մեայ պատ­մու­թեան մէջ բախ­տո­րոշ՝ շրջա­դար­ձա­յին տա­րի­ներ ե­ղան 1860ա­կան­նե­րը, երբ դպրո­ցը յանձ­նո­ւե­ցաւ Շու­շիի հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ ընտ­րո­ւած հո­գա­բար­ձու­թեան մը խնա­մա­տա­րու­թեան։ Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ զգա­լի չա­փով բա­րե­լա­ւել վար­ժա­րա­նի նիւ­թա­կան կա­ցու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի՛ն. դպրո­ցը մեծ բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցաւ 1863ին, երբ Աշ­տա­րա­կե­ցիի յա­ջոր­դը՝ Մատ­թէոս Կա­թո­ղի­կոս, ըն­դա­ռա­ջե­լով շու­շե­ցի­նե­րու խնդրան­քին, դպրո­ցի տե­սուչ նշա­նա­կեց Թիֆ­լի­սի Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նը հիմ­նո­վին բա­րե­կար­գած կրթա­կան հռչա­կա­ւոր մշակ Պետ­րոս Շան­շեա­նը։ Իսկ տե­սու­չի օգ­նա­կան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ մե­ծար­ժէք գրող ու ման­կա­վարժ Պերճ Պ­ռօ­շեան, որ ստանձ­նեց հա­յոց լե­զո­ւի, հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հա­յոց ազ­գա­յին պատ­մու­թեան դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը։

Շան­շեա­նի եւ Պ­ռօ­շեա­նի միա­ցեալ ջան­քե­րով՝ Շու­շիի թե­մա­կան դպրո­ցը մեծ ծաղ­կում ապ­րե­ցաւ։ Դար­ձաւ եռ­դա­սեան՝ իր եր­կու ծխա­կան դպրոց­նե­րով։ Փո­խո­ւե­ցաւ նաեւ դպրո­ցին ա­նու­նը։ Կո­չո­ւե­ցաւ «Ե­ղի­շէեան Ազ­գա­յին Հո­գե­ւոր Դպ­րոց»՝ Ե. դա­րու մեծ պատ­միչ եւ մա­տե­նա­գիր Ե­ղի­շէի ա­նու­նով։

Մեծ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ յաղ­թա­հա­րե­լու գնով՝ Շու­շիի թե­մա­կա­նը իր ու­ղին հար­թեց եւ դար­ձաւ 19րդ դա­րա­վեր­ջի հա­յա­կերտ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն հնոց­նե­րէն մէ­կը ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

1880ա­կան­նե­րէն սկսեալ, պահ­պա­նո­ղա­կան-յե­տա­դի­մա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան-ա­զա­տա­խո­հա­կան մտա­ծո­ղու­թեանց բե­ւե­ռա­ցու­մը սկսած էր շեշ­տո­ւիլ ինչ­պէս ամ­բողջ Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան, նոյն­պէս եւ կով­կա­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Բուռն հա­կադ­րու­թիւն­ներ եւ բա­խում­ներ կրնկա­կոխ հե­տե­ւե­ցան Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան։ Մինչ ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ա­շա­կեր­տու­թեան մօտ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան գա­ղա­փար­նե­րը ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտան, ան­դին՝ նման մօ­տե­ցում­նե­րը խստա­գոյն մեր­ժու­մի եւ հա­լա­ծան­քի են­թար­կո­ւե­ցան դպրո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ու ընդ­հան­րա­պէս Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։

Շու­շիի թե­մա­կան հո­գե­ւոր վար­ժա­րա­նի վե­րել­քին մէջ ման­կա­վար­ժա­կան ի­րենց ան­փո­խա­րի­նե­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցան ա­տե­նի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն լու­սա­միտ դէմ­քե­րը։ Իսկ Թե­մա­կա­նի Հա­յա­կերտ Հ­նո­ցին ար­գա­սի­քը ե­ղան ինչ­պէս Նի­կոլ Դու­մա­նի, Վա­նայ Իշ­խա­նի եւ Ա­րամ Մա­նու­կեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման հսկա­ներ, նոյն­պէս եւ պատ­մա­բան Լէո­յի, Գա­րե­գին Ա. Յով­սէ­փեան Կա­թո­ղի­կո­սի եւ ար­ձա­կա­գիր Մու­րա­ցա­նի տա­րո­ղու­թեամբ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ։

Փա­կա­գի­ծի մէջ կ’ար­ժէ յի­շա­տա­կել, որ Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նէն ներս տի­րող պահ­պա­նո­ղա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան մտայ­նու­թեանց բե­ւե­ռա­ցու­մին եւ բա­խու­մին հե­տե­ւան­քով պար­բե­րա­բար դպրո­ցէն վտա­րո­ւած ու­սա­նող­նե­րու շար­քին յայտ­նուած է նաեւ հե­տա­գայ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հիմ­նա­դիր Ա­րա­մը, որ ա­շա­կերտ ե­ղած ժա­մա­նակ մղիչ ու­ժը դար­ձած էր դպրո­ցի ու­սա­նո­ղա­կան ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րուն...

Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նը, իր ու­սու­ցիչ­նե­րով եւ ա­շա­կեր­տու­թեամբ, վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ, հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րը բռնագ­րա­ւե­լու 1903ի Ցա­րա­կան Հ­րա­մա­նագ­րին դէմ, ժո­ղովր­դա­յին բուռն ըմ­բոս­տաց­ման ծա­ւա­լու­մին եւ ար­ձա­նագ­րած յաղ­թա­նա­կին մէջ։ Նոյն­պէս եւ ա­նոր յա­ջոր­դած (ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հրահ­րած) հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու ժա­մա­նակ, մեծ ե­ղաւ Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նի յե­ղա­փո­խա­կան ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­շա­կեր­տու­թեան դե­րը հայ­կա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ։

Յատ­կա­պէս ա՛յս դի­տան­կիւ­նէն հայ պատ­մագ­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին շատ բան լու­սա­բա­նե­լու բա­րո­յա­կան մեծ պարտ­քը ու­նի Շու­շիի թե­մա­կան դպրո­ցին նկատ­մամբ։

Հայ Դպ­րո­ցի ա­ւանդ կեր­տե­լու եւ ա­նոր հա­յա­կարտ­ման յե­ղա­փո­խա­շունչ հնո­ցի ար­ժէ­քը հարըս­տաց­նե­լու ա­ռում­նե­րով՝ իս­կա­պէս մեծ է Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նին ներդ­րու­մը, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թիւ­նը, երբ Անդր­կով­կա­սի տա­րած­քին թափ ա­ռաւ խորհր­դա­յին կար­գեր հաս­տա­տե­լու ռուս պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ո­րուն զո­հա­բե­րո­ւե­ցան Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւնն ու հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­զա­տու­թիւ­նը։

Ն.