9 Յու­նի­սը հայ ժո­ղո­վուր­դի յու­շա­մա­տեա­նին մէջ ան­մո­ռա­նա­լի թո­ւա­կան մը դար­ձաւ 111 տա­րի ա­ռաջ, երբ 1904ի այս օ­րը ֆրան­սա­կան խորհր­դա­րա­նը յա­տուկ նիստ մը նո­ւի­րեց Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան՝ ի զօ­րակ­ ցու­թիւն Հա­մի­տեան Ջար­դե­րուն դէմ թափ ա­ռած հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին։

Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը այդ օ­րո­ւան իր նիս­տը յատ­կա­ցու­ցած էր Մ­շոյ դաշ­տի եւ Սաս­նոյ ան­զէն հայ բնակ­չու­թեան դէմ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծադ­րած լայ­նա­ծա­ւալ կո­տո­րած­նե­րու եւ ա­ւե­րում­նե­րու քննարկ­ման։ Հայ Դա­տի հա­ւա­տա­ւոր պաշտ­պան ֆրան­սա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան եւ Հ.Յ.Դ. հրա­տա­րա­կու­թիւն «Փ­րօ Ար­մե­նիա» ֆրան­սե­րէն պար­բե­րա­կա­նի խմբա­գիր­նե­րէն Ֆ­րան­սիս տը Փ­րե­սան­սէ, օ­րո­ւան ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան գրա­ւոր դի­մում մը կա­տա­րե­լով, պաշ­տօ­նա­պէս հար­ցապն­դեց իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, թէ Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան գոր­ծած ջար­դե­րուն դէմ յան­դի­ման՝ ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եւ ա­նոր եւ­րո­պա­ցի պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը ին­չո՞ւ չեն դի­մեր վճռա­կան քայ­լե­րու, կան­խե­լու հա­մար 1895-1896ի կո­տո­րած­նե­րու տա­րո­ղու­թեամբ նոր ա­ղէ­տի մը կրկնու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ։

Սաս­նոյ Ապս­տամ­բու­թեան օր­հա­սա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։ Կար­միր Սուլ­թա­նը դար­ձեալ սան­ձա­զեր­ծած էր իր կա­տա­ղած փա­շա­ներն ու պէ­կե­րը, որ­պէս­զի ա­մէ­նօ­րեայ խժդժու­թիւն­նե­րով եւ հարս­տա­հա­րու­թիւն­նե­րով սե­փա­կան հո­ղէն ու հօ­րե­նա­կան բնօր­րա­նէն դուրս մղեն հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Բայց 1895ի ար­հա­ւիր­քը ապ­րած Մ­շոյ դաշ­տի եւ Սաս­նոյ քա­ջա­րի հա­յու­թիւ­նը ար­դէն այլ ելք չու­նէր՝ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար կռո­ւիլ պէտք էր, որ­պէս­զի սե­փա­կան ու­ժով ու զէն­քով հաս­նէր փրկու­թեան...

Ա՛յդ վճռա­կա­նու­թեամբ ապս­տամ­բե­ցաւ Սա­սու­նը եւ հե­րո­սա­բար դի­մադ­րեց թուրք եւ քիւրտ զօր­քե­րու գե­րա­զանց ու­ժե­րով գրոհ­նե­րուն։ Գ­րոհ­ներ, ո­րոնք մար­տի դաշ­տե­րուն վրայ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թիւն կրե­ցին, բայց փո­խա­րէ­նը հայ­կա­կան ամ­բողջ գիւ­ղեր, ի­րենց ան­զէն բնակ­չու­թեամբ, քա­րու­քանդ ա­ւե­րե­ցին, կո­տո­րե­ցին եւ հրոյ ճա­րակ դար­ձու­ցին։

Մինչ բուն Երկ­րին մէջ այ­դօ­րի­նակ կե­նաց-մա­հու կռիւ­ներ կը մղո­ւէին, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին նոյն օ­րե­րուն նոյն­քան բուռն ճա­կա­տում մը ի­րա­րու դէմ կը հա­նէր թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւնն ու Հայ Դա­տի պաշտ­պան­նե­րը։ Քա­ղա­քա­կան այդ ճա­կա­տում­նե­րուն ա­մէ­նէն նշա­նա­կա­լի­ցը ե­ղաւ, Ֆ­րան­սա­կան խորհր­դա­րա­նի Յու­նիս 9ի նիս­տին, Ֆ­րան­սիս տը Փ­րե­սան­սէի հար­ցապն­դում­նե­րուն տակ, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տել­քա­սէի կա­տա­րած պատ­մա­կան խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը, թէ սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը «միակ պա­տաս­խա­նա­տուն է» ոչ միայն ան­զէն հա­յե­րու ջար­դին եւ հայ­կա­կան շէ­նե­րու ա­ւեր­ման, այ­լեւ՝ նոյ­նինքն հա­յոց ապս­տամ­բու­թեան բռնկու­մին։

Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ» Յու­նիս 1904ի իր հա­մա­րը յատ­կա­ցու­ցած է հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման բախ­տո­րոշ այս փու­լին, ա­նոր քա­ղա­քա­կան խո­րա­պատ­կե­րի քննու­թեան, մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց ար­ժե­ւո­րու­մին եւ ա­ռա­ջա­ցու­ցած դի­ւա­նա­գի­տա­կան Եւ­րո­պա-Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւն առ­ճա­կա­տու­մին։

«­Դա­տարկ­ման Ծ­րա­գի­րը» խո­րագ­րո­ւած իր խմբագ­րա­կա­նով՝ «Դ­րօ­շակ» ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ.-

«­Սա­սուն - ա­ռանց հա­յե­րի։ Ա­հա «փա­դի­շա­հա­կան» ծրա­գի­րը Ել­դըզ-­Քէօս­կի Մե­նա­կեա­ցին, մշա­կո­ւած պարս­պա­պատ պա­լա­տի մա­հա­շունչ սե­նեակ­նե­րում, ու­ղար­կո­ւած ստրուկ փա­շա­նե­րին՝ գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար»։

Եւ կ­’ա­ւելց­նէ «Դ­րօ­շակ».-

«Ս­րով ու կրա­կով դա­տար­կո­ւող Սա­սու­նի քան­դը­ւած գիւ­ղե­րը - ա­սում է երկ­րից ե­կած նա­մա­կը - կ­’ու­զեն տալ քուրդ ցե­ղե­րուն, որ­պէս­զի բարձր եւ ա­մուր լեռ­նե­րու լան­ջե­րուն այ­լեւս չբու­րէ ա­զա­տու­թեան շուն­չը, իսկ դաշ­տի հո­ղե­րու մի մա­սով կ­’ու­զեն խա­բել հա­լա­ծա­կան լեռ­նա­կան­նե­րը, դրո­ւած այ­սօր եր­կու կրա­կի մէջ»...

Իսկ նոյն հա­մա­րին «­Հայ­կա­կան Հար­ցը Եւ­րո­պա­կան Պար­լա­մենտ­նե­րում» խո­րագ­րո­ւած անդ­րա­դարձ-թղթակ­ցու­թեամբ, «Դ­րօ­շակ» հա­մա­ռօտ պատ­կե­րը կը փո­խան­ցէ ընդ­հան­րա­պէս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, խորհր­դա­րա­նա­կան բե­մե­րէն, հայ ժո­ղո­վուր­դին ի պաշտ­պա­նու­թիւն ծա­ւա­լած զօ­րակ­ցու­թեան շար­ժու­մին։ Միա­ժա­մա­նակ՝ ա­ռաջ­նա­հեր­թա­բար կ­’ընդգ­ծէ.-

Ի տես Մ­շոյ դաշ­տի եւ Սաս­նոյ մէջ գոր­ծո­ւած ջար­դե­րուն, «Եւ­րո­պան չմնաց ան­գի­տակ ու անզ­գայ, ինչ­պէս տա­սը տա­րի ա­ռաջ սրա­նից։ Ո­գե­ւո­րո­ւե­լու տե­ղիք չու­նենք ի հար­կէ - դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր առ­մամբ նոյն հա­կակ­րե­լի ուժն է՝ ոճ­րի դի­մաց ան­շարժ, վա­րա­նոտ - բայց տե­ղիք չու­նենք եւ յու­սա­հա­տուե­լու։ Տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում խնամ­քով պատ­րաս­տուած հան­րա­յին կար­ծի­քի ազ­դե­ցու­թեան տակ՝ դի­ւա­նատներ, գէթ մի քա­նի­սը, ցոյց են տա­լիս այժմ ո­րոշ փութ­կո­տու­թիւն ի­րենց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի մէջ»։

Ա՛յս մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ֆրան­սա­կան խորհր­դա­րա­նի 9 Յու­նիս 1904ի պատ­մա­կան նիս­տը, որ - «Դ­րօ­շակ»ի գնա­հա­տու­մով - ծա­ռա­յեց հայ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման վե­րա­նո­րո­գու­մին, յա­ւե­լեալ ո­գե­ւո­րու­թեամբ յա­ռաջ­խա­ղաց­քին.-

«­Թէ՛ Ֆ­րան­սիս դը Պ­րե­սան­սէի ճա­ռը եւ թէ մի­նիստր Դել­կա­սէի պա­տաս­խա­նը՝ սրտապն­դող ու յու­սա­տու փաս­տեր են ներ­կայ տագ­նա­պի մէջ եւ միա­ժա­մա­նակ շեշ­տա­կի պա­տաս­խան մեր ժո­ղովր­դի այն տա­կանք­նե­րին, ո­րոնք ար­դէն սկսում են աղմ­կել մթնո­լոր­տը հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կան կեղծ ե­րե­միա­կան­նե­րով։

«­Լը Ռո­ւա Բօ­լիո­յի խօս­քե­րը կրկնե­լով, պար­լա­մեն­տի յա­ռա­ջա­դէմ թե­ւե­րի ծա­փա­հա­րու­թեան մէջ՝ Ֆ­րան­սիս դը Պ­րե­սան­սէ շնոր­հա­ւո­րում ու ջա­տա­գո­վում է հայ ժո­ղովր­դին, որ նա «զէնք է վերց­րել՝ նո­ւա­ճե­լու հա­մար իր ա­զա­տու­թեան տար­րա­կան պայ­ման­նե­րը։

«Ես չեմ ա­սում, թէ այդ ա­րիւ­նոտ ող­ջա­կէզ­նե­րը մի­միայն ջար­դեր են. ե­ղել են եւ կռիւ­ներ - եւ ես բարձ­րա­ձայն գո­վում եմ հա­յե­րին - ե­ղել են կռիւ­ներ, ան­հա­ւա­սար կռիւ­ներ, քա­նի որ հա­յե­րը գրե­թէ ան­զէն են ե­ղել, բայց դրանք այն կռիւ­նե­րից են, ա­ռանց ո­րոնց մի ժո­ղո­վուր­դի չի նո­ւա­ճում իր գո­յու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

«Ն­րանք չու­զե­ցին նա­հա­տա­կո­ւել ինչ­պէս 1894ին, ա­ռանց գէթ փոր­ձե­լո­ւ ի­րենց պաշտ­պա­նե­լու եւ բո­ղո­քե­լու։ Ն­րանք պաշտ­պա­նո­ւե­ցին Ապ­րիլ ամ­սից ի վեր, ա­ռանց տա­նե­լու յաղ­թա­նա­կը, որ անհ­նա­րին էր»։

«­Մի­նիստր Դել­կա­սէ նոյն­պէս պա­տաս­խա­նեց մի ճա­ռով։ Միան­գա­մայն ճա­նա­չե­լով հա­յե­րի ի­րա­ւուն­քը ապս­տամ­բե­լու թիւրք կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ, նա յայ­տա­րա­րեց որ կո­տո­րա­ծի մա­սին լու­րե­րը չա­փա­նա­զան­ցո­ւած են... «­Դել­կա­սէն յայտ­նում է, որ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ վրդո­վե­ցու­ցիչ են, որ թիւրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի­րա­ւունք չու­նի ապս­տամբ­նե­րի դէմ ար­շա­ւե­լու մի­ջո­ցին յար­ձա­կո­ւիլ խա­ղաղ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան վրայ։

«... Նա (թիւրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը) շա­րու­նա­կում է պահ­պա­նել մի այն­պի­սի վար­չու­թիւն, ո­րի հան­դէպ ապս­տամ­բու­թիւ­նը հան­դի­սա­նում է միակ ա­պաս­տա­նը յու­սա­հա­տո­ւած ազ­գաբ­նակ­չու­թեան հա­մար»։

Ա­հա՛ պատ­գա­մը Յու­նիս 9ի Ֆ­րան­սա­կան խորհըր­դա­րա­նի պատ­մա­կան նիս­տին։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած հա­յա­թա­փու­մի ու հա­յաջն­ջու­մի հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն էր չա­րեաց աղ­բիւ­րը եւ հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը էա­պէս ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան վեր­ջին զէնքն էր ստոյգ կոր­ծան­ման դէմ։

Ո՛չ, հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը պատ­ճառ չէր Հա­մի­տեան կո­տո­րած­նե­րուն, ընդ­հա­կա­ռակն՝ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­յաջն­ջու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պա­տաս­խան էր Սաս­նոյ հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մը։

Մին­չեւ այ­սօր թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ծա­խու խիղ­ճեր փնտռել մե­ծա­պե­տա­կան աշ­խար­հի տա­րած­քին, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր քա­ջա­րի զա­ւակ­նե­րուն ապս­տամ­բու­թեան վրայ բեռց­նէ իր Մեծ Ո­ճի­րին՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Ֆ­րան­սիս տը Փ­րե­սան­սէ­ներն ու Տել­քա­սէ­նե­րը անլռե­լի եւ ան­մո­ռա­նա­լի վկա­ներն են պատ­մա­կան ան­ժա­ման­ցե­լի ճշմար­տու­թեան՝

Թր­քա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։

Ն.