1918ի այս օրը՝ Յունիս 4ին, ռազմաճակատներուն վրայ տակաւին շարունակուող կռիւներու իրավիճակին մէջ, Հայաստանի անկախութիւնը կերտած ու իր ազգային ազատութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը ստիպուեցաւ ստորագրելու իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն նուաստացուցիչ, բայց նաեւ իբրեւ Հայկական Պետութիւն առաջին միջ-պետական դաշնագիրը։
Յունիս 4ի այս օրը, 97 տարի առաջ, Սեւ Ծովու նաւահանգիստ Բաթումի մէջ, մէկ կողմէ Առաջին Աշխարհամարտը կորսընցնելու ստոյգ վախճանին առջեւ կանգնած Օսմանեան Կայսրութեան եւ, միւս կողմէ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ թրքական զօրքը պարտութեան մատնած նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչներուն միջեւ, ստորագրուեցաւ անուանապէս «Խաղաղութեան եւ Բարեկամութեան», բայց խորքով ու ըստ ամենայնի՝ Հայկական Զիջումներու խայտառակ դաշնագիրը։
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ ռազմի դաշտին վրայ իր յաղթական երթը սկսած հայութիւնը ստիպուեցաւ ստորագրելու նման խայտառակ դաշնագիր մը...
Հայաստանի վերջին բեկորին վրայ Մարտ 1918ին յարձակած թրքական բանակին դէմ, Մայիս 22էն 30 հերոսաբար դիմադրելէ, յաղթելէ, նահանջի մղելէ եւ Հայաստանի անկախութիւնը հռչակելէ ետք, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը, Մայիսի սկիզբէն Բաթում ուղարկուած Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարական պատուիրակութեան հայ մասնակիցներուն, այլեւս արդէն իբրեւ ինքնուրոյն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն, յանձնարարեց ստորագրել Օսմանեան Կայսրութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ «Հաշտութեան եւ Բարեկամութեան պայմանագիր»ը, որ պատմութեան անցաւ Բաթումի Դաշնագիր անունով։
Պատմական տարողութեամբ ծանրակշիռ եւ բախտորոշ իրադարձութիւններու ընդգրկուն խճանկարին մէջ կը տեղադրուի Բաթումի Դաշնագիրը, որ օրին իսկ եւ զայն ստորագրած հայ քաղաքական գործիչներուն կողմէ որակուեցաւ «խայտառակ» ու «նուաստացուցիչ» փաստաթուղթ մը։
Աւելի՛ն. պատմութեան դառն հեգնանքով, Բաթումի Դաշնագիրը եղաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրած միջազգային առաջին փաստաթուղթը, որ եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկրի իրաւավիճակը տուաւ Օսմանեան Կայսրութեան, միւս կողմէ սակայն, իրաւականօրէն, նսեմացուց թէ՛ անկախ Հայաստանի պետական տարածքը, թէ՛ նոյնինքն անկախութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան։
Բաթումի Դաշնագրով՝ փաստօրէն հազիւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթրի մէջ սահմանափակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, թուրքերուն զիջելով, Արեւմտահայաստանի կողքին, նաեւ Արեւելահայաստանի մեծագոյն մասը, որոնք իրողապէս թրքական գրաւման տակ կը գտնուէին անշուշտ։ Նոյնպէս սահմանափակումի ենթարկուեցաւ եւ նսեմացաւ, Դաշնագրին մէջ տեղ գտած պայմանադիր յօդուածներով, «հայկական անկախութիւնը»՝ այն առումով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու որոշ իրաւունք ստացան թուրքերը...
Հայկական պատուիրակութեան կողմէ «Պայմանագիր»ը ստորագրող գլխաւոր դէմքերն էին Ալեքսանդր Խատիսեան, Յովհաննէս Քաջազնունի եւ Մ. Պապաջանով, իսկ թրքական կողմէ՝ Խալիլ ու Վեհիպ Փաշաները։
Թէեւ Բաթումի Պայմանագիրը իր ստորագրութեան պահէն իսկ իրողապէս չյարգուեցաւ եւ քաղաքական իմաստ ու կեանք չունեցաւ, բայց ինչպէս օրին, նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի անկախութեան խորտակումէն ետք տեւաբար չարաշահուեցաւ հայ քաղաքական մտքի այն հոսանքներուն կողմէ, որոնք Հայաստանի Անկախութիւնն ու Հանրապետութիւնը կերտած սերունդին եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան դէմ իրենց մղած վարկազրկման պայքարին մէջ ուզեցին կարեւոր «յաղթաթուղթի» վերածել Պայմանագրին ստորագրումը։
Նաեւ մեր օրերուն կը յամենան Բաթումի Պայմանագրին չարաշահումով հակադաշնակցական արշաւը վերանորոգելու փորձեր, որոնք սակայն սնանկացած խորհըրդային գաղափարական զինանոցէն դուրս հիմնաւորումներ չեն գտներ եւ իրենց կարգին դատապարտուած են... սնանկութեան։
Բայց ինչո՛ւ ստորագրուեցաւ Բաթումի Պայմանագիրը։
Պատասխանը կարեւոր է նախ նորագոյն պատմութեան հանգուցային այդ պահը ըմբռնելու եւ ճանչնալու, ապա եւ յատկապէս պատմութեան դառն ու դաժան դասերը սերտելու համար, որպէսզի այսօր կամ վաղը ազգովին չյայտնուինք միեւնոյն օրհասական վիճակին մէջ։
Ինչո՛ւ օրուան դաշնակցական ղեկավարութիւնը ստորագրեց խորքին մէջ պարտութեան, այլ ոչ թէ «հաշտութեան եւ բարեկամութեան» այդ պայմանագիրը։
Չէ՞ որ Մայիս 22էն սկսեալ, հայկական մարտունակութիւնն ու Դաշնակցութիւնը յաղթահասակ մարմնաւորող Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, Արարատեան դաշտի մէջ կծկուած հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ծառացաւ թրքական զօրքերու մահացու ներխուժումին դէմ եւ Ղարաքիլիսայի, Բաշ Աբարանի ու Սարդարապատի ռազմաճակատներուն վրայ պարտութեան մատնեց եւ նահանջի մղեց թրքական զօրքերը։
Չէ՞ որ Մայիս 28ին արդէն շրջուած էր թաւալգլոր անկումի պատմական անիւը. աշխարհէն լքուած եւ հայասպան Թուրքիոյ արշաւող բանակին դէմ առանձինն ծառացած՝ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը, Յունուար 1918էն սկսեալ շարունակաբար ընկրկելէ եւ մինչեւ մահուան անդունդը նահանջելէ ետք, կրցաւ իր մէջ գտնել հրաշազօր Կամքն ու հերոսական խոյանքը, որպէսզի վերջին կռիւը մղողի օրհասական լարումով դէպի ռազմաճակատ ուղղուի եւ քաջերու օրէնքով վերջակէտ դնէ դարաւոր ոսոխի մահասփիւռ արշաւանքին։
Անշուշտ որ յաղթարշաւի օրեր կ’ապրէինք Մայիս 1918ի վերջին օրերուն, բայց թրքական նահանջը չէր նշանակեր, որ թշնամին ջախջախուած էր։ Ընդհակառակն՝ թրքական զօրքը իր գրաւման տակ կը պահէր Ալեքսանդրապոլը եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Մայիս 29ին, Սարդարապատի ռազմաճակատի հրամանատար զօր. Սիլիկեանը կոչ կ’ուղղէր բոլորին, որ վերջին գրոհով մը թրքական գրաւման բանակէն ազատագրեն նաեւ Ալեքսանդրապոլը։
Այդպէ՛ս էր, որ ազատագրուած Ալեքսանդրապոլով ճշդուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը Բաթումի Պայմանագրին կողմէ։
Բայց պատմական իրողութիւնները աւելի ամբողջական խորապատկերով ընկալելու համար, պէտք է տեսնել, թէ ռազմաճակատներու վրայ յաղթանակող հայութիւնը ինչո՛ւ պարտաւորուած էր ստորագրելու քաղաքական պարտութիւն խորհրդանշող Բաթումի Պայմանագիրը։ Եւ ինչպէ՞ս եղաւ, որ պատերազմը կորսնցնող Թուրքիան, այդպէ՛ս, քաղաքական յաղթանակ ձեռք ձգեց...
Չմոռնանք, որ 1917ի Դեկտեմբերին պոլշեւիկեան Ռուսաստանը տուն կանչած էր իր զօրքերը՝ կովկասեան ճակատին վրայ մինչ այդ պարտութիւն կրած թրքական բանակին ընծայելով Անդրկովկասի վրայ նորովի յարձակումի ձեռնարկելու ոսկի պատեհութիւնը։ Հակառակ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ աւագ դաշնակից Գերմանիոյ միջեւ տարուող պատերազմի դադրեցման բանակցութիւններուն, որոնք Մարտ 1918ին յանգեցան Փրեսթ-Լիթովսքի Պայմանագրի ստորագրութեան, թրքական իշխանութիւնները յարմարագոյն պահը գտած էին ի գործ դնելու Պաքու հասնելու եւ հոնկէ դէպի Կեդրոնական Ասիա բացուելու համաթրքական տիրապետութեան իրենց ծրագիրը։ Այդ ճամբուն վրայ թուրքերը իրենց թիկունքին ունէին Գերմանիոյ օրհնութիւնը, որ կը հիմնուէր Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու եւ Արեւմտեան ռազմաճակատին իր զօրքերուն պակսող վառելանիւթը ապահովելու ռազմավարական հաշուարկին վրայ։ Եւ այդ ճամբուն վրայ մնացած վերջին պատուարը հայ ժողովուրդն էր, որովհետեւ Անդրկովկասեան Սէյմի միւս երկու ժողովուրդները՝ վրացիներն ու թաթարները, իրենց տարբեր հաշիւներով հանդերձ, թրքական յարձակումին դիմադրելու պատճառ չունէին։ Ընդհակառակն՝ թաթարներու պարագային նոյնիսկ ողջունողն էին ազգակից թուրքերու յաղթական յառաջխաղացքը դէպի Պաքու...
Ահա թէ ի՛նչ քաղաքական յաղթանակի մասին է խօսքը։ Թէեւ Սարդարապատի մէջ պարտուած ռազմականօրէն, այսուհանդերձ՝ Թիֆլիսի մէջ, ուր կեդրոնացած էր Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութիւնը, թուրքերը պարարտ հող գտած էին օգտուելու Ռուսաստանի ժամանակաւոր բացակայութենէն եւ լեցնելու... պարապը։
Պատահական զուգադիպութիւն չէր, հետեւաբար, որ Յունիս 4ին Բաթումի մէջ «հաշտութեան» Պայմանագիր ստորագրող Հայաստանի դաշնակցական ղեկավարութիւնը Յունիս 7ին ամբողջ թափով եւ Ռոստոմի ղեկավարութեամբ կռուի դաշտ նետուեցաւ Պաքուի մէջ՝ թրքական արշաւանքը ձախողութեան մատնելու համար։ Բայց Պաքուի հերոսամարտին մասին՝ կ’արժէ առանձի՛ն անդրադարձ։
Վերադառնալով հայաստանեան ճակատին, մինչ 1918ի Յունուար եւ Փետրուար ամիսներուն թուրքերը իրե՛նք խաղաղութեան եւ հաշտութեան կը հրաւիրէին Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութիւնը, որ շտապելու եւ դրականօրէն ընդառաջելու պատճառ չունէր, Մարտին Պրեսթ-Լիթովսքի Պայմանագրի կնքումէն ետք ճիշդ հակառակ ընթացքը պարզուեցաւ։ Այնուհետեւ թրքական կողմը ինք սկսաւ խուսափողական պատասխաններ տալու Սէյմի կողմէ իրեն ուղղուած բանակցութեանց հրաւէրներուն։ Աւելի՛ն. ուղղակի անձնատուութեան տանող պայմաններ սկսաւ դնել, որոնց շարքին Կովկասի տարածքին իր զօրքերուն ազատ տեղափոխութիւնը կը պահանջէր, բայց նաեւ ու յատկապէս վերջնագրի ձեւով կը պահանջէր, որ Անդրկովկասը իր անկախութիւնը յայտարարէ Ռուսաստանէն։
Եւ ճիշդ այն օրերուն, որ Երեւանի դռներուն հայ ժողովուրդը կենաց-մահու իր կռիւը կը մղէր թրքական զօրքերուն դէմ՝ ռազմական դիրքերու դասաւորումը ի նպաստ իրեն շրջելով, վրացիք եւ թաթարները ընդառաջեցին թրքական վերջնագրին ու հռչակեցին իրենց պետական անկախութիւնը։ Անդրկովկասեան Սէյմը քայքայուեցաւ մէկ-երկու օրէն եւ հայ ժողովուրդը դարձեալ, եւ այս անգամ քաղաքականօրէն, առանձինն դէմ յանդիման գտնուեցաւ թրքական վերջնագրին։
Թիֆլիս կեդրոնացած հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը պարտաւորուեցաւ, Մայիս 30ին հրապարակուած Հայոց Ազգային Խորհուրդի յայտարարութեամբ, ինքզինք հռչակելու հայկական հողերուն իշխանութիւնը։ Այդ հանգամանքով ալ իր կազմէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Յովհաննէս Քաջազնունին եւ Ալեքսանդր Խատիսեանը ուղարկեց Բաթում, որպէսզի թուրքերուն հետ բանակցութիւններ վարեն զինադադարի եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։
Բաթումի բանակցութեանց սկզբնաւորումին հետ Երեւան ստացաւ նաեւ Հայկական Կորպուսի ընդհանուր հրամանատար զօր. Նազարբէգեանի ուղարկած եւ ռազմական գործողութեանց դադրեցման վերաբերող հրահանգը։
Շարունակութիւնը՝ պատմութեան դաժան ու դառն խաղերէն հայութեան բաժին հանուած Բաթումի նուաստացուցիչ Դաշնագիրն է։ Դաշնագիրը ստորագրուեցաւ Յունիսի 4ին եւ, հեգնականօրէն, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւական ճանաչումը հաստատագրող միջազգային առաջին փաստաթուղթը եղաւ։
Բաթումի Դաշնագրին 14 յօդուածներն ալ կը վերաբերին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած հողային, քաղաքական եւ ռազմական զիջումներու, որոնց փոխարէն Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւականութիւնը, միաժամանակ պատերազմական գործողութեանց վերջ տալու յանձնառութեան տակ մտնելով։
Բաթումի Դաշնագրի ստորագրութեան ժամանակ հայկական զօրամասերը հազիւ տասը հազար զինուոր կը հաշուէին, որոնց դիմաց թրքական բանակը շարժման մէջ դրած էր աւելի քան երեսունհինգ հազար զինուոր։
Բայց ժամանակը շատ արագ եկաւ փաստելու, որ առանց ռազմական յաղթանակի ձեռք բերուած քաղաքական յաջողութիւնները ընդհանրապէս չեն դիմանար կեանքի քննութեան։
Այդպիսին եղաւ ճակատագիրը նաեւ Բաթումի Դաշնագրին։ Սարդարապատի մէջ ռազմականօրէն պարտուած Թուրքիան չէր կրնար եւ չկրցաւ մնայուն բնոյթ տալ Բաթումի Դաշնագրով իր ձեռք բերած քաղաքական յաջողութեան։ Երբ Հոկտեմբեր 1918ին Մուտրոսի մէջ Դաշնակիցները խաղաղութեան դաշնագիր կնքեցին թուրքերուն հետ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն վերածուած էր յիսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ հայոց երկրի ու պետականութեան։
Ն.