Հայ Ազգի եւ Հայաստան Հայրենիքի արդարադատ՝ վրիժառո՛ւ բազուկը կը խորհրդանշէ Սողոմոն Թեհլիրեան, որ մեր ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին արդար, քաղաքական եւ ամբողջական հատուցումը պահանջելու ազգային մեր իրաւատիրութեան անմահ մարմնաւորումը եղաւ։
Սողոմոն Թեհլիրեան միակ արդարադատ ու վրիժառու բազուկը չեղաւ Հայկական Նիւրեմպերկին։ Արամ Երկանեան, Արշաւիր Շիրակեան, Միսաք Թոռլաքեան եւ անմահութեան արժանի հերոսական անուններու ամբողջ փաղանգ մը գաղափարականօրէն միաձուլուեցաւ՝ միս ու ոսկոր տալով Դաշնակցութեան որոշած «Նեմեսիս» գործողութեան, որուն առաքելութիւնն էր գործադրել անհնար թուացող մահապատիժը Թուրքիայէն փախուստ տուած եւ թագստոց մտած Երիտթուրքերու հայասպան պարագլուխներուն։
Հաւասարապէս պանծալի հայ ազգային հերոսներու եւ դաշնակցական ահաբեկիչներու այդ փաղանգին ներկայացուցչական անունը դառնալու բախտը վիճակուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի, որուն մահուան 55րդ տարելիցն է այսօր։
Մայիս 23ի օրը, 1960ին, հեռաւոր Մ.Նահանգներու արեւմտեան ափին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, 64 տարեկանին այս կեանքէն բաժնուելով՝ յաւիտենական իր անդորրը գտաւ անմահութեան պատուանդանին արդէն յաղթաբար կանգնած Սողոմոն Թեհլիրեան։
Թեհլիրեան յաւերժացաւ իբրեւ հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառո՛ւ բազուկը։
Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած դաշնակցական ահաբեկիչը ծնած էր 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը։ Հօր՝ Խաչատուրի եւ մօր՝ Հնազանդի հինգ մանչ զաւակներուն կրտսերն էր։ Հազիւ երկու տարեկան էր Սողոմոն, երբ հայրը պանդխտութեան մեկնեցաւ Սերպիա։ 1905ին, հայրենի տուն վերադարձին, Տրապիզոնի մէջ Խաչատուր Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ՝ 1898ին Երզնկայէն ռուսական նաւով մեկնած ըլլալու մեղադրանքով։ Վեց ամիս բանտ մնաց, բայց երբ ազատ արձակուեցաւ՝ անոր արգիլուեցաւ ծննդավայր վերադառնալ եւ աքսորուեցաւ Սերպիա։
Հօր ճակատագրին կապուած այս դրուագը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ Սողոմոնի կեանքին վրայ, որովհետեւ Թեհլիրեաններու բազմանդամ տոհմէն ակամայ հեռացուած Խաչատուր Սերպիայէն դասաւորեց այնպէս, որ կինն ու զաւակները տեղափոխուին Երզնկա, ուր Սողոմոն իր ուսումը ստացաւ նախ Բողոքականաց, ապա՝ Եզնիկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը ունեցաւ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ հազիւ երիտասարդ դարձած՝ փարեցաւ Դաշնակցութեան։
1913ին Սողոմոն գնաց իր հօր մօտ, Սերպիա, որպէսզի տարի մը ետք անցնի Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց 1914ին պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ 18ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին լրիւ փոխուեցաւ։ 1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չտրուեցաւ Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան յաջողեցաւ, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը իր կամաւոր արձանագրուելուն։
Այդպէ՛ս, Հոկտեմբեր 1914ին, իբրեւ կամաւորական, Սողոմոն հասաւ Թիֆլիս եւ միացաւ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։
Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս թրծեց Սողոմոն Թեհլիրեանի՝ դաշնակցական մարտի՛կի կերպարը։ Իսկ երբ Արեւմտահայաստանը ժամանակաւորապէս ազատագրուեցաւ ռուսական զօրքին եւ Հայ Կամաւորական Գունդերուն կողմէ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը ունեցաւ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս ցնցեցին զինք ահաւոր ծանրօրէն։
Իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ Թեհլիրեան «ուշաթափ կþիյնայ գետին։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները - մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները - սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։
Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համակեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը։
Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք ծառայեց, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան Քըրթ Նայմէյըրի (Քոլոնեը համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս) կառուցած պաշտպանողականին։
1917ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան անցաւ Կովկաս։ Շրջեցաւ հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Ժամանակի թաւալումին հետ, փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով բորբոքեցան։ Արդէն դաշնակցական գործիչ՝ Թեհլիրեան ուղարկուեցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ գործադրելով Դաշնակցութեան վճռած մահապատիժը Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ Յարութիւն Մկրտիչեանի դէմ, որ գլխաւոր մատնիչն ու մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։
Ահաբեկումէն ետք Թեհլիրեան պարտաւորուեցաւ անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն սորվեցաւ։ Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուեցաւ Ուաշինկթըն, Մ. Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որուն վստահուած էր պատասխանատուութիւնը Հ.Յ.Դ. Իններորդ Ընդհ. Ժողովի որոշած ցեղասպան թուրք ջարդարարներու ահաբեկման «Նեմեսիս գործողութեան» ծրագրումին եւ կազմակերպումին։ Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ Իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ, այդպէս է, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակուեցաւ Թալէաթի ահաբեկումին գործադրութիւնը։ Պատահական չէ, հետեւաբար, որ «Թեհլիրեանի բախտը բացուեց» նշումը կը կատարուի Թալէաթի ահաբեկման նուիրուած ու «Գինի լից» յանկերգով յատկանշուող յեղափոխական ծանօթ երգին մէջ։
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը։ Ջարդարար պարագլուխը Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած կþապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը վարձեց Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։
Եւ 15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօտեցաւ ջարդարարին եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց զայն։ Անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ, խոշտանգեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռուած էր անծանօթ... անցորդ մը։
Սողոմոն Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ, աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ, դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ, իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։
3 Յունիս 1921ին Սողոմոն Թեհլիրեան անպարտ հռչակուեցաւ եւ ազատ արձակուեցաւ ու մեկնեցաւ Մ.Նահանգներ։
Թեհլիրեան երկար չմնաց Մ.Նահանգներ։ Վերադարձաւ Եւրոպա՝ Սերպիա, Պելկրատ ապրող իր հօր եւ հօրեղբայրներուն միանալու համար։ Ամուսնացաւ երզնկացի Նշան Թաթիկեանի դստեր Անահիտի հետ, որուն ծանօթացած էր Կովկասի մէջ, որբահաւաքի իր գործունէութեան շրջանին։ Ունեցան երկու զաւակներ՝ Զաւէն ու Շահէն։ Թեհլիրեան Պելկրատի մէջ ապրեցաւ Սարօ Մելիքեան անցագրով։
Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1949-1950ին, Թեհլիրեան որոշեց ընտանեօք հեռանալ Պելկրատէն։ Կարճ ժամանակ մը ապրեցաւ Քազապլանքա (Մարոք), ուրկէ անցաւ Փարիզ եւ ի վերջոյ հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր մնաց մինչեւ մահը՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով Հ.Յ.Դ. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի կազմակերպական կեանքին։ Տարիներով մաս կազմեց շրջանի՝ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կ. Կոմիտէին։
Հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկը 64 տարեկան էր, երբ ուղեղի արիւնախռնման հետեւանքով անկողին ինկաւ եւ, ամիս մը տառապելէ ետք, Մայիս 23ին աւանդեց իր վերջին շունչը։
Քալիֆորնիոյ հայութիւնը Ազգային Հերոսի արժանի փառաշուք յուղարկաւորութեան արժանացուց Թեհլիրեանին, որ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի Արարատ գերեզմանատան ճիշդ ա՛յն գերեզմանափոսին մէջ, որ 1927ին նախատեսուած էր Անդրանիկի թաղման համար, բայց որ՝ Տարօնի Արծիւին Փէր Լաշէզ թաղումով, թափուր մնացած էր...
Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան գոյժը հեռարձակուեցաւ ատենի արեւմտեան զանգուածային բոլոր լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Լռութիւն պահեցին եւ Ազգային Հերոսին նկատմամբ ուրացումի իրենց վարքագիծը շարունակեցին միայն խորհրդային կողմն հայաշխարհի։ Հակադաշնակցական ջղագար պայքարի տխրահռչակ ժամանակներ էին 1960 թուին եւ Արարատի փէշերուն ծուարած հայ ժողովուրդին տակաւին արգիլուած էր արժանին մատուցել իր Արդարադատ՝ Վրիժառո՛ւ Բազուկին։
Բայց միայն ժամանակաւոր էր այդ արգելքը, որովհետեւ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով շղթայազերծուած հայկական պահանջատիրութեան հայրենական պոռթկումի հուժկու ալիքին տակ, ընդհանրապէս Հայ Դատի պայքարին շուրջ հիւսուած լռութեան պատի քանդումին հետ, փուլ եկաւ նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի անուան շուրջ հիւսուած ուրացման եւ լռութեան պատը.- Ազգային Հերոսի եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ ու վրիժառու բազուկի անմահ պատուանդանին արժանացաւՍողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական ահաբեկիչը՝ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։
Ազգային մեր ինքնավստահութիւնն ու արժանաւորութիւնը ջրդեղած Մեծ Հերոսի յիշատակին կþարժէ անգամ մը եւս վերադառնալ իր գրած յուշերուն, որպէսզի հայոց պատմութեան յաւերժ օրհնաբեր օրուան՝ 15 Մարտ 1921ի Թալէաթի ահաբեկման խորհուրդը, Թեհլիրեանի իսկ բառերով, վերանորոգէ հայոց ազգային յիշողութեան մէջ սրբազան մեր պարտքը անձնուիրաբար ու աներեր վճռականութեամբ կատարելու յանձնառու ուխտը.-
«Մօտենում էինք իրար: Նա գալիս էր ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով: Մի կարճ տարածութիւն մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն համակեց էութիւնս: Հաւասարուելու վրայ՝ Թալէաթը շեշտակի նայեց ինձ. աչքերի մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեց. մի քիչ թեքուեց, որ խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխին պարպելս մէկ եղաւ...
«Թալէաթը հարուածից կարծես ցցուեց ու մի ակնթարթ հզօր մարմինը պրկուեց ձիգ, բայց երերուն. ապա՝ սղոցուած կաղնու բունի պէս երեսի վրայ տապալուեց թնդիւնով... Քիչ դէնը մի կին ճչաց ու գետին փռուեց. մի մարդ վազեց դէպի նա... բնաւ չէի կարող երեւակայել, որ այդպիսի դիւրութեամբ գետին պիտի փռուի գազանը: Մի վայրկեան մղում ունեցայ բոլոր գնդակները պարպելու մէջքին, բայց փոխանակ կրակելու, ատրճանակս նետեցի: Սեւ, թանձր արիւնը վայրկեանապէս լճացաւ Թալէաթի գլխի շուրջ. կարծես ջարդուած անօթից մազութ էր դուրս թափւում...
«- Մարդ սպաննե՜ց,- լսեցի...
«Նայեցի վեր, վար, դիմացը, ամէն կողմ մարդիկ կանգ առած՝ նայում էին ինձ...
«- Մարդ սպաննեց, բռնեցէ՛ք,- ճչաց մէկը՝ ցանցաձեւ պարզելով դէպի ինձ ձեռքերը...
«Բայց լճացող արիւնը կարծես դիւթել էր ինձ»...
Ա՛յս ապրումով եւ վկայութեամբ, հայոց ազգային յիշողութեան մէջ, անմահացաւ անունը Սողոմոն Թեհլիրեան հայ ազգային հերոսին, որ գաղափարի ու զէնքի իր անձնուէր ընկերներուն հետ՝ մարմնաւորեց խորհուրդը Հայկական Նեմեսիսի։
Ն.