Մա­յիս 21ի այս օ­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ մահուան տա­րե­լի­ցը իր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մե­ծա­նուն կեր­տիչ­նե­րէն Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի, որ 46 տա­րի ա­ռաջ, Պէյ­րու­թի մէջ, յետ-եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան, յոգ­նա­բեկ ու մա­րած իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց։

Ա­զատ, Ան­կախ եւ Միա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նը ազ­գա­յին-պե­տա­կան ան­սա­սան հիմ­նա­քա­րով ամ­րագ­րած Սե­րուն­դին ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն է Սի­մոն Վ­րա­ցեան։

Հա­յոց Պատ­մու­թեան է­ջե­րուն Սի­մոն Վ­րա­ցեան ա­նու­նը միշտ պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի եւ մե­ծա­րո­ւի իբ­րեւ վեր­ջին վար­չա­պե­տը 28 Մա­յիս 1918ին կեր­տո­ւած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­ւուն, որ 2 Դեկ­տեմ­բեր 1920ին, Խորհրդա­յին ու Քե­մա­լա­կան զոյգ խա­րակ­նե­րուն մի­ջեւ ճզմո­ւե­լով ու խոր­տա­կո­ւե­լով, ամ­բողջ 70 տա­րի գե­րե­վա­րո­ւած մնաց պոլ­շե­ւի­կեան ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան մա­կա­նին տակ։

Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ նաեւ ծանր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րե­լու Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան Կո­մի­տէն, որ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ 18 Փետ­րո­ւար 1921ին՝ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու Յեղ­կո­մին դէմ բռնկած հա­մա­ժո­ղովրդա­յին ապս­տամ­բու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան այդ դժո­ւա­րին հանգրուա­նին դէ­պի ա­պա­հով ափ ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար։

Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան դար­ձա­կէ­տա­յին այդ բախ­տո­րոշ Պա­հը լիո­վին՝ իր փառ­քով ու ող­բեր­գու­թեամբ, իր քաղց­րու­թեամբ ու դառ­նու­թեամբ ցմրուր ճա­շա­կած դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր կեն­սա­փոր­ձով է, որ Սի­մոն Վ­րա­ցեան Հա­յա­տա­նի ա­զա­տու­թիւ­նը, ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը հիմ­նա­կան եւ մնա­յուն ար­ժէք հռչա­կեց՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն պատ­գա­մե­լով.-

«­Պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն է, որ... Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նը շա­րու­նա­կու­թիւնն է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան: Ե­թէ տե­ղի չու­նե­նաին այն մա­քա­ռում­նե­րը, ո­րոնք յան­գեց­րին հայ­կա­կան ան­կախ պե­տու­թեան ստեղծ­ման 1918թ. Մա­յի­սի 28ին, ե­թէ գո­յու­թիւն չու­նե­նար Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իր ազ­գա­յին կազ­մով ու նկա­րագ­րով, այ­սօր գո­յու­թիւն չէր ու­նե­նայ եւ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նը ազ­գա­յին կազ­մով ու դի­մագ­ծով:

«­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յին վար­չա­ձե­ւը շատ ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի ա­զա­տագ­րո­ւի հայ ժո­ղովր­դի քա­ղա­քա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նից. մեր­ժեց ըն­դու­նել «ա­մե­նայն հա­յոց կա­ռա­վա­րու­թեան» դե­րը, հրա­ժա­րո­ւեց Հայ­կա­կան Հար­ցի հե­տապն­դու­մից, ու­րա­ցաւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի գո­յու­թիւ­նը: Ի զուր։ Ժա­մա­նա­կը պար­տադ­րեց նրան ճա­նա­չել ե՛ւ Հայ­կա­կան Հար­ցը, ե՛ւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քը, եւ անբ­նա­կան չի լի­նի, ե­թէ վա­ղը իր վրայ առ­նէ եւ «ա­մե­նայն հա­յոց կա­ռա­վա­րու­թեան» պատ­մու­ճանն էլ:

«­Ժա­մա­նա­կը ու­նի եւ իր խոր­հուր­դը: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տութ­յան սե­րուն­դը եւ իր յա­ջորդ­նե­րը այդ օ­րո­ւան են սպա­սում եւ պայ­քա­րում են այդ օ­րո­ւայ հա­մար:

«­Վար­չա­ձե­ւե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր ե­րե­ւոյթ են:

«­Ժա­մա­նա­կա­ւոր են վա­րիչ­նե­րը:

«­Յա­ւեր­ժա­կան են ազ­գերն ու հայ­րե­նիք­նե­րը՝ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ նստած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը:

«­Յա­ւեր­ժա­կան է ա­զա­տա­տենչ հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ մա­հո­ւամբ մա­հը կոխկռ­տե­լով՝ կեր­տեց հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թիւ­նը:

«­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը շա­րու­նա­կում է ապ­րել հայ ժո­ղովր­դի սրտում, որ­պէս մշտա­վառ յուշ ան­ցեա­լի եւ իբ­րեւ կեն­դա­նի յոյյս ա­պա­գա­յի»:

Գա­ղա­փա­րա­կան այդ ու­ղիով՝ եր­կար ապ­րե­ցաւ եւ մին­չեւ 87 տա­րե­կան հա­սա­կը պատ­նէ­շի վրայ մնաց Սի­մոն Վ­րա­ցեան։ Գոր­ծեց եւ պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ ստանձ­նեց ա­մէ­նու­րեք եւ այն բո­լոր մար­զե­րուն մէջ, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք ու­նե­ցաւ ի­րեն եւ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պար­տա­կա­նու­թեան գլուխ կո­չեց զինք։

Ս. Վ­րա­ցեան ո՛ւր որ ե­ղաւ եւ ի՛նչ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն որ ստանձ­նեց՝ ան­վի­ճե­լիօ­րէն մնա­յո՛ւն ներդ­րում ու­նե­ցաւ եւ վա­ւե­րա­կա՛ն իր դրոշ­մը դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման եր­թին վրայ։

Ճա­կա­տա­գի­րը դա­սա­ւո­րեց այն­պէս, որ Վ­րա­ցեան յայտ­նո­ւե­ցաւ հայ կեան­քի հան­գու­ցա­յին պա­հե­րուն՝ պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ զար­գա­ցում­նե­րու յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։

Ծ­նած էր 1882ին, Մեծ Սա­լա գիւ­ղը, Նոր Նա­խի­ջե­ւան (հիւ­սի­սա­յին Կով­կաս)։ Տեղ­ւոյն հայ­կա­կան եւ ռու­սա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ տար­րա­կան ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք, 1900ին ան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը, ո­րուն փայ­լուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ։

Իր ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու վա­րա­կիչ մթնո­լոր­տով, ինչ­պէս եւ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման շուն­չով՝ Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նը վճռո­րոշ անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­ւոր­ման եւ ա­նոր քա­ղա­քա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան ու մտա­ւո­րա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վրայ։

Վ­րա­ցեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան նկա­րա­գիրն ու դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քը կո­փե­ցին՝

- 1903ի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րա­ւու­մին դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովրդա­յին ըմ­բոս­տաց­ման մէջ Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նի ու­սա­նո­ղու­թեան բո­ղո­քի բուռն ե­լոյթ­նե­րը,

- Նոյն շրջա­նին Հ.Յ.Դ. Կով­կա­սեան գոր­ծու­նէու­թեան Նա­խա­գի­ծի որ­դեգր­ման մէջ Ճե­մա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը,

- Նաեւ 1905ի հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան եւ, ա­նոր զու­գա­հեռ, հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րուն դաշ­նակ­ցա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան յանձ­նա­ռու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։

Այս­պէ՛ս, Վ­րա­ցեան ար­դէն դաշ­նակ­ցա­կան պատ­րաս­տո­ւած գոր­ծիչ էր 1906ին, երբ ա­ւար­տեց Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նը։

1907ին Վիեն­նա­յի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին, որ բախ­տո­րոշ ե­ղաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու ա­ռու­մով, Սի­մոն Վ­րա­ցեան մաս­նակ­ցե­ցաւ իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան պատ­գա­մա­ւոր։

Հ.Յ.Դ. Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը Ա­րեւմ­տա­հայ եւ Ա­րե­ւե­լա­հայ Դա­տե­րու մի­ջեւ խա­չա­ձեւ­ման ու թրքա­հա­յու եւ ռու­սա­հա­յու հա­կադ­րու­թեան բուռն մթնո­լոր­տին մէջ գու­մա­րո­ւած դժո­ւա­րին ժո­ղովն էր, որ­մէ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը դուրս ե­կաւ ա­ւե­լիով միա­ձոյլ եւ միա­կամ։ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի ջան­քե­րով ձեռք բե­րո­ւած գա­ղա­փա­րա­կան այդ միաս­նա­կա­նու­թիւնն ու կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րա­ցու­մը ամ­րա­կուռ հիմ­քը կազ­մե­ցին Վ­րա­ցեա­նի հե­տա­գայ ո­գո­րում­նե­րուն։

Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վէն ետք ան ան­ցաւ Ս. Փե­թերս­պուրկ, ուր հե­տե­ւե­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­ման՝ ի­րա­ւա­գի­տու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ ման­կա­վար­ժու­թեան մէջ։ 1910ին, երբ ցա­րա­կան հա­լա­ծան­քը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած էր դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու դէմ, Սի­մոն Վ­րա­ցեան ան­ցաւ Կա­րին, ուր Ռոս­տոմ հաս­տա­տո­ւած էր՝ իր քով մէկ­տե­ղե­լով Դաշ­նակ­ցու­թեան փոր­ձա­ռու եւ խոստմ­նա­լից ու­ժե­րը, միաս­նա­բար լծո­ւե­լու հա­մար բուն Երկ­րի հա­յու­թեան հա­սա­րա­կա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման, ինչ­պէս եւ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­մին։

Տա­րի մը Կար­նոյ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Յա­ռաջ»ը խմբագ­րե­լէ ետք, 1911ին, Ռոս­տու­մի յան­ձա­րա­րու­թեամբ, Սի­մոն Վ­րա­ցեան ղրկո­ւե­ցաւ Պոս­թըն, Մ. Նա­հանգ­ներ, իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հայ­րե­նիք»ի խմբա­գիր։ 1914ին, իբ­րեւ Ա­մե­րի­կա­յի շրջա­նէն պատ­գա­մա­ւոր, Վ­րա­ցեան վե­րա­դար­ձաւ Կա­րին, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. Ու­թե­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին, ո­րու ա­ւար­տին ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ ան­ցաւ Թիֆ­լիս։ Ս­տանձ­նեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հո­րի­զոն»ի խմբագ­րու­թիւ­նը՝ զու­գա­հե­ռա­բար Թիֆ­լի­սի Հա­յոց Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դին ան­դամ ընտ­րո­ւե­լով եւ լծո­ւե­լով Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին։

Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծու­նէու­թեան թիֆ­լի­սեան այս աշ­խոյժ շրջա­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 28 Մա­յիս 1918ի Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մը։

Հուսկ, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի եւ Ազ­գա­յին Խոր­հուր­դի խառն նիս­տին կող­մէ վար­չա­պետ նշա­նա­կո­ւած Յով­հան­նէս Քա­ջազ­նու­նիի աջ բա­զու­կը դառ­նա­լով՝ Վ­րա­ցեան իր կար­գին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ Կա­ռա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր բա­նագ­նաց­նե­րէն ե­ղաւ ինչ­պէս Պա­թու­մի մէջ թուր­քե­րու հետ հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, այն­պէս ալ հա­մա­տա­րած սո­վին յաղ­թա­հար­ման հա­մար Մ. Նա­հանգ­նե­րու հետ տա­րո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ Պա­րէ­նի ա­պա­հով­ման նպա­տա­կով։

Միա­ժա­մա­նակ՝ ընտ­րո­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան անդ­րա­նիկ խորհր­դա­րա­նին՝ Հա­յաս­տա­նի Խոր­հուր­դի պատ­գա­մա­ւոր եւ տեն­դա­գին լծո­ւե­ցաւ նո­րա­հաս­տատ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հի­մե­րու վրայ հաս­տա­տե­լու եւ միջ-կու­սակ­ցա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ օժ­տե­լու աշ­խա­տան­քին։ Ի­րա­ւա­գէ­տի եւ գիւ­ղատնտե­սի իր մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ ալ նշա­նա­կա­լի ներդ­րում ու­նե­ցաւ աշ­խա­տան­քի եւ տնտե­սա­կան յա­ռաջ­դի­մա­կան օ­րէնսդ­րու­թեան մշա­կու­մին մէջ։

Պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան գոր­ծին Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի փա­րու­մը ե­ղաւ ամ­բող­ջա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւոր։ Ե­ղաւ սերտ գոր­ծա­կի­ցը Ա­լեք­սանդր Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան։ Իսկ երբ Մա­յիս 1920ին կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, Վ­րա­ցեան ստանձ­նեց աշ­խա­տան­քի եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, մին­չեւ որ Հոկ­տեմ­բեր 1920ին, Հայ-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ծանր օ­րե­րուն, իր ու­սե­րուն դրո­ւե­ցաւ ծանր բե­ռը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին վար­չա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։

Վ­րա­ցեան ինք ե­ղաւ թէ՛ 2 Դեկ­տեմ­բեր 1920ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւ­նը Յեղ­կո­մին զի­ջե­լու պայ­մա­նա­գի­րը ստո­րագ­րող վար­չա­պե­տը, թէ՛ Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թե­նէն ետք կազ­մո­ւած Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան Կո­մի­տէին նա­խա­գա­հը։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վերջ­նա­կան խորհըր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, Սի­մոն Վ­րա­ցեան իր կար­գին ան­ցաւ Թաւ­րիզ, Պարս­կաս­տան, ուր­կէ մեկ­նե­ցաւ Փա­րիզ եւ ստանձ­նեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի վե­րահրա­տա­րա­կու­թեան խմբագ­րու­թիւ­նը։ Մին­չեւ 1933 շա­րու­նա­կո­ւած «Դ­րօ­շակ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան այս շրջա­նը պա­տո­ւան­դա­նը կազ­մեց Վ­րա­ցեա­նի գա­ղա­փա­րագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան։

Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի եւ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ յա­ռաջ ե­կած բե­կում­նե­րու, խզում­նե­րու եւ խո­տո­րում­նե­րու դժո­ւա­րին այդ հանգ­րո­ւա­նին, «Դ­րօ­շակ»ի շուրջ հա­մախմ­բո­ւած ու­ժե­րու ստո­րագ­րած յօ­դո­ւած­նե­րով թէ ուղ­ղա­կի իր ա­ռաջ­նոր­դող­նե­րով՝ Սի­մոն Վ­րա­ցեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով ու­ղի հար­թեց տա­րա­գիր հա­յու­թեան եւ նոյն­պէս տա­րագ­րո­ւած Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ։ Ե­ղաւ ոչ միայն ար­թուն պա­հա­պա­նը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րուն, այ­լեւ նո­րա­րար ու լայ­նա­խոհ դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ ծան­րա­գոյն ցնցում­նե­րէ վե­րա­կանգ­նող աշ­խար­հի մը մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին նոր տեղն ու դե­րը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն հու­նա­ւո­րե­լու շար­ժու­մին։

Միեւ­նոյն այդ շրջա­նին Սի­մոն Վ­րա­ցեան գրեց նաեւ իր կո­թո­ղա­կան գոր­ծը՝ «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն»ը, որ մնա­յուն ա­ւանդ մը կազ­մեց ոչ միայն պատ­մագ­րա­կան ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ինք­նու­րոյն ուղ­ղու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին ա­րե­ւե­լու­մը հիմ­նա­ւո­րե­լու ի­մաս­տով։

«Դ­րօ­շակ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան ընդ­հա­տու­մէն ետք, Վ­րա­ցեան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Պէյ­րութ, Լի­բա­նան, ուր խմբագ­րեց Պատ­մու­թեան եւ Մ­շա­կոյ­թի հան­դէս «­Վէմ»ը, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դի ժա­մադ­րա­վայ­րը դար­ձաւ, նոյն­պէս եւ սփիւռ­քա­հայ ա­ռա­ջին սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ինք­նադր­սե­ւոր­ման բե­մը։ «­Վէմ»ը փրկա­րար դեր կա­տա­րեց հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը խորհր­դա­յին նեն­գա­փո­խում­նե­րու դէմ ա­նա­ղարտ պա­հե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի ճա­կա­տին վրայ։

Վ­րա­ցեա­նի քա­ղա­քա­կան վաս­տա­կին սփիւռ­քեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րո­ւան­նե­րէն մէ­կը կազ­մեց, Մ.Ա.Կ.ի կազ­մու­թեան հիմ­նա­դիր ժո­ղով­նե­րու շրջա­նին, Հայ Դա­տի վե­րար­ծարծ­ման ուղ­ղու­թեամբ Սան Ֆ­րան­սիս­քո­յի մէջ տա­րո­ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն իր աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը թէեւ ան­մի­ջա­կան ար­դիւն­քի չյան­գե­ցան, այ­սու­հան­դերձ՝ ա­մուր նա­խադ­րեալ­ներ հաս­տա­տե­ցին Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան հե­տա­գայ նա­խա­ձեռ­նու­թեանց հա­մար։

Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի աշ­խա­տու­նա­կու­թիւնն ու ե­ռան­դը յոգ­նու­թիւն չճանչ­ցան նաեւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին։ 1952ին, Լե­ւոն Շան­թի մա­հէն ետք, Վ­րա­ցեան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն եւ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­կան այդ մեծ հաս­տա­տու­թեան տնտե­սա­կան հի­մե­րու

ամ­րապն­դու­մին մէջ։ Նաեւ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տեց եւ լոյս ըն­ծա­յեց իր յու­շե­րը՝ «­Կեան­քի Ու­ղի­նե­րով» վեց-հա­տո­րեա­կը, որ հա­մադ­րու­մը ե­ղաւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր իր ժա­ռան­գու­թեան ու պատ­գա­մին։

Եւ մին­չեւ վեր­ջին շունչ, մին­չեւ 21 Մա­յիս 1969ի իր մա­հը, Սի­մոն Վ­րա­ցեան թէ՛ մեր մա­մու­լի է­ջե­րէն, թէ՛ հրա­պա­րա­կա­յին հան­դի­սու­թեանց բե­մե­րէն, անլ­ռե­լի վկան ու պատ­գա­մա­խօ­սը դար­ձաւ այն պատ­մակ­շիռ եր­թին, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը կտրեց քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին քա­ռոր­դին։

Լի­բա­նա­նի հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին-պե­տա­կան ղե­կա­վա­րի բարձ­րա­գոյն հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­յին խուռ­նե­րամ թա­փօ­րով թա­ղու­մի ար­ժա­նա­ցուց հա­յու­թեան մեծ զա­ւա­կին՝ Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին վար­չա­պե­տին, որ իր կեան­քով ու գոր­ծով, նո­ւի­րու­մով եւ գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ մարմ­նա­ւո­րեց դաշ­նակ­ցա­կան մե­ծու­թիւ­նը՝ հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի, պե­տա­կան ղե­կա­վա­րի եւ ներ­հուն մտա­ւո­րա­կա­նի։

Ն.