alt20 Մա­յի­սին հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­'ո­գե­կո­չէ իր ան­զու­գա­կան ծնունդ­նե­րէն՝ Ար­դա­րու­թեան ու Ա­զա­տու­թեան հե­րոս դաշ­նակ­ցա­կան նո­ւի­րեալ­նե­րէն Եփ­րե­մի մար­տի­րո­սաց­ման տա­րե­լի­ցը։

103 տա­րի ա­ռաջ, 1912ի այս օ­րը, երբ Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մը իր վճռո­րոշ յաղ­թա­նա­կը կ­՛ար­ձա­նագ­րէր հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րուն դէմ, Հա­մա­տան քա­ղա­քի մեր­ձա­կայ­քը, դա­ւա­դիր գնդակ մը վերջ տո­ւաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ջա­րի հե­րո­սի կեան­քին։

Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րու յաղ­թա­կան հրա­մա­նա­տարն էր Եփ­րեմ, ո­րուն ճա­կա­տա­գի­րը սա­կայն վե­րա­պա­հած էր բախ­տո­րոշ յաղ­թա­նա­կի պա­հուն յա­ւեր­ժու­թեա՜ն անց­նե­լու հե­րո­սի մա­հը...

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պատ­մու­թեան բախ­տո­րոշ է­ջե­րէն մէ­կը կը կազ­մէ Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան Շար­ժու­մին Դաշ­նակ­ցու­թեան բե­րած աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Այդ մաս­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան դար­բի­նը Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ռոս­տոմն էր։ Իսկ մար­տա­կան-զի­նո­ւո­րա­կան ճա­կա­տի վրայ, ան­վի­ճե­լիօ­րէն Եփ­րե­մի հե­րո­սա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ յա­ռաջ մղո­ւե­ցաւ ամ­բողջ շրջա­նի մէջ Ար­դա­րու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան հա­մար մղո­ւած այդ պայ­քա­րը։

Ե­րե­ւոյթ է Եփ­րեմ՝ ե՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դի, ե՛ւ Ի­րա­նի պատ­մու­թեան մէջ։ Միայն Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի հան­ճա­րեղ գրի­չը կրնար Եփ­րեմ ե­րե­ւոյ­թին խոր­հուրդն ու մե­ծու­թիւ­նը խտաց­նել այս­պէ՛ս.

Եփ­րե՜մ... ա­նունդ ա­ւա­սիկ քան­դա­կո­ւե­ցաւ խո­րա­սոյզ

Ար­ծիւ­նե­րուն կուրծ­քին վրայ, եւ ճա­կա­տին վրայ դա­րուս,

Ա­նուն մ­þոր միշտ կայ­ծա­կո՛վ փո­րագ­րո­ւած պի­տի մնայ

Ա­զա­տու­թեան սու­րին վրայ։

Ե­րի­վա­րիդ վրայ ան­ցար՝ ինչ­պէս ամպ­րո­պը կ­'անց­նի՝

Տա­նե­լով կրակն երկ­նա­յին իր ծո­ցին մէջ հո­լա­նի.

Դուն լոկ պա­տանք ըզ­գե­ցար, սըփ­ռե­ցիր քու ծի­րա­նին

Ժողþվուրդ­նե­րու քա­մա­կին։

Կա­րի­պալ­տին՝ Հ­ռով­մինն է, եւ Բո­նա­բարդ՝ Ո­ճի­րին.-

Կը պատ­կա­նիս դո՛ւն միայն Ա­զա­տու­թեան Ո­գիին։

Ըզ­քեզ խրճիթ մը ծը­նաւ, հայ վիշ­տը քեզ օ­րօ­րեց.-

Այդ վշտին չափ ե­ղար մեծ։

Այդ­պէ՛ս, 20 Մա­յիս 1912ին ան­մահ հայ հե­րոս­նե­րու փա­ղան­գին միա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն ծնած ու սնած դաշ­նակ­ցա­կան ռահ­վի­րան։

Ան­մա­հա­ցաւ Եփ­րեմ Խան ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած լու­սա­ւոր աստ­ղը, որ գա­ղա­փա­րա­կան իր հու­րով եւ հե­րո­սի իր մար­տու­նա­կու­թեամբ պայ­ծա­ռա­ցուց ճա­կա­տը եւ շտկեց մէջ­քը հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ յա­նուն ար­դա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան անմ­նա­ցորդ անձ­նո­ւի­րու­մի հայ­կա­կան փառ­քը քան­դա­կե­լով Ի­րա­նի ար­դի պատ­մու­թեան է­ջե­րուն։

Սիւ­նեաց աշ­խար­հէն էր Եփ­րեմ Դաւ­թեանց. ծնած էր Գան­ձա­կի Բար­սում գիւ­ղը. ծննդեան թո­ւա­կա­նը ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ 1868ն­ է, թէեւ կեն­սա­գիր­նե­րը կու տան նաեւ 1869 եւ 1871 թո­ւա­կան­նե­րը։

Հայ­րա­զուրկ ման­կու­թիւն ու­նե­ցաւ. ծե­րու­նի մօր մը միակ զա­ւա­կը, որ հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ՝ 17 տա­րե­կա­նին, ու­սու­մը կի­սատ թո­ղած, հե­ռա­ցաւ իր ծննդա­վայ­րէն եւ միա­ցաւ Եր­կիր անց­նող ու թրքա­կան լու­ծին դէմ ըմ­բոս­տա­ցած ա­ռա­ջին հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հրո­սա­կա­յին շար­ժու­մին։ Գոր­ծեց Մ­շոյ դաշ­տի, Սաս­նայ աշ­խար­հի, Վա­նի եւ Կար­նոյ (Էրզ­րում) մէջ։

Գաբ­րիէլ Լա­զեան, իր «­Յե­ղա­փո­խա­կան Դէմ­քեր»ուն մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով Եփ­րե­մի գոր­ծու­նէու­թեան սկզբնա­կան շրջա­նը, մե­ծա­նուն հե­րո­սին կրա­կի մկրտու­թիւ­նը կը կա­պէ Մ­շոյ Սուրբ Կա­րա­պետ Վան­քի շրջա­կայ­քը գոր­ծող՝ «Ղլ­լի­տի Տ­ղայ» ա­նու­նով ծա­նօթ յե­ղա­փո­խա­կան հրո­սա­կա­պե­տի մղած կռիւ­նե­րուն, ո­րոնց ըն­թաց­քին 19ա­մեայ Եփ­րեմ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց իր խի­զա­խու­թեամբ եւ մար­տա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով։

Եփ­րեմ ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղաւ, որ միա­ցաւ նո­րա­կազմ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ Յու­նո­յի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ, իբ­րեւ տաս­նա­պետ, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Սար­գիս Կու­կու­նեա­նի ար­շա­ւա­խում­բին։ Երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ հա­լա­ծան­քը սկսաւ ար­շա­ւա­խում­բին դէմ եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ցա­րա­կան բան­տե­րը նե­տո­ւե­ցան, պաշ­տօ­նա­պէս 1871ի ծնունդ ար­ձա­նագ­րո­ւած Եփ­րե­մը, ան­չա­փա­հաս իր տա­րի­քին բեր­մամբ, Կար­սի մէջ բան­տար­կո­ւե­լէ եւ դա­տո­ւե­լէ ետք, միայն հինգ տա­րո­ւան (տա­սի փո­խա­րէն) աք­սո­րի դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ։

1892ին աք­սո­րո­ւե­ցաւ Սի­պիր, Սա­խա­լին, ուր եր­կու տա­րի մնա­լէ ետք. յղա­ցաւ գե­րան­նե­րով նա­ւակ մը շի­նե­լու եւ գե­տը նե­տո­ւե­լով փա­խուստ տա­լու ծրա­գիր մը, որ գոր­ծադ­րեց հայ ըն­կե­րոջ մը եւ ե­րեք ռուս ճա­կա­տագ­րա­կից բան­տար­կեալ­նե­րու հետ։ Եր­կու ա­միս եւ 23 օր տե­ւողու­թեամբ ար­կա­ծախնդ­րա­լի ճամ­բոր­դու­թե­նէ մը ետք՝ Եփ­րեմ վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նիք։

1895-1897 տա­րի­նե­րուն, իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. Բա­գո­ւի Ոս­կա­նա­պատ Կ. Կո­մի­տէի գոր­ծիչ, Եփ­րեմ ու­սուց­չա­կան աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ։ Հա­յե­րէ­նի կող­քին ռու­սե­րէն, պարս­կե­րէն եւ թրքե­րէն լե­զու­նե­րուն իր ծա­նօ­թու­թիւ­նը օգ­նեց, որ­պէս­զի շրջա­գա­յի հայ­կա­կան գիւ­ղե­րով եւ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը՝ «­Դէ­պի Եր­կիր» ուղ­ղե­լով ա­նոնց քայ­լե­րը։ Իր կար­գին ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ատր­պա­տա­կան, Թաւ­րիզ, որ սահ­մա­նը կտրող հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու եւ զի­նա­տար խում­բե­րու խա­րիսխն էր՝ Դաշ­նակ­ցու­թեան զէն­քի գոր­ծա­րա­նով եւ հայ­դու­կա­յին պատ­րաս­տո­ւած գոր­ծիչ­նե­րու կեդ­րո­նա­ցու­մով։

1897ին Եփ­րեմ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին, իբ­րեւ ձիա­ւոր խում­բի տաս­նա­պետ՝ մար­տա­կան իր խի­զա­խու­թեամբ ու հե­րո­սա­կան քայ­լե­րով մեծ հռչա­կի ար­ժա­նա­նա­լով։ Ար­շա­ւան­քի յա­ջող ա­ւար­տէն ետք Եփ­րեմ վե­րա­դար­ձաւ Ար­ցախ, քա­նի մը տա­րի եւս շա­րու­նա­կեց շրջիկ ու­սու­ցիչ-գոր­ծի­չի իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մին­չեւ որ 1902ին, Ռոս­տո­մի խոր­հուր­դով, վերջ­նա­կա­նա­պէս ան­ցաւ Ատր­պա­տա­կան ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ռաշ­տի մէջ, ուր ա­մուս­նա­ցաւ, աշ­խա­տե­ցաւ ճամ­բու շի­նա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թեան մը մէջ, մին­չեւ որ հաս­տա­տեց ա­ղիւ­սի ար­տադ­րու­թեան իր սե­փա­կան գոր­ծը։

1906ին, երբ Ի­րա­նի մէջ Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րը ե­րե­ւան ե­կան, Եփ­րեմ ղե­կա­վար դէմ­քե­րէն էր Ռաշ­տի Հ.Յ.Դ. «Վ­րէժ» Կո­մի­տէու­թեան, ո­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի հան­գա­ման­քով մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ատր­պա­տա­կա­նի Կ. Կո­մի­տէու­թեան խորհր­դակ­ցա­կան ժո­ղով­նե­րուն, ուր հա­սու­նա­ցաւ Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման Դաշ­նակ­ցու­թեան լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րը։

Եփ­րեմ հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցաւ, հա­մա­դաշ­նակ­ցա­կան ա­ռու­մով, այդ գա­ղա­փա­րին որ­դեգր­ման ու ի­րա­կա­նաց­ման մէջ՝ Ռոս­տո­մը ու­նե­նա­լով իբ­րեւ միեւ­նոյն այդ գա­ղա­փա­րին ջեր­մե­ռանդ պաշտ­պա­նը։

Հ.Յ.Դ. Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վը, 1907ի գար­նան գու­մա­րո­ւած Վիեն­նա­յի մէջ, ո­րո­շում կա­յա­ցուց լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մին եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թիւ­նը վստա­հե­ցաւ յե­ղա­փո­խա­կան մեծ վար­պե­տին՝ Ռոս­տո­մին։

1907ի Դեկ­տեմ­բե­րին Ռոս­տոմ հա­սաւ Թաւ­րիզ՝ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու հա­մար Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման պար­սիկ ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Ոչ միայն Ի­րա­նը բռնա­պե­տա­կան լու­ծէ ա­զա­տագ­րե­լու նպա­տա­կը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հայ­կա­կան Ատր­պա­տա­կա­նի գրաւ­ման թրքա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը ի­րենց սաղ­մին մէջ խեղ­դե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան հրա­մա­յա­կա­նը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Ռոս­տո­մը, մին­չեւ Յու­նո­ւար 1908 եր­կա­րած այդ բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին։

Իր կող­մէ՝ Եփ­րեմ, գլխա­ւո­րե­լով Հ.Յ.Դ. Ռաշ­տի կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, գործ­նա­պէս ար­դէն լծո­ւած էր Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման մար­տա­կան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մին, ֆե­տա­յա­կան կռո­ւի մէջ թրծո­ւած հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի իր փոր­ձա­ռու­թեամբ ինք­նավս­տա­հու­թիւն ներշն­չե­լով պար­սիկ նո­րըն­ծայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն։

1908ի գար­նան ընդ­հա­րում­նե­րը սկսան Շա­հի բռնա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն հետ։ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը զէն­քով ու փոր­ձա­ռու մար­տիկ­նե­րով նե­տո­ւե­ցաւ կռո­ւի դաշտ՝ Եփ­րե­մին վստա­հե­լով դաշ­նակ­ցա­կան ու­ժե­րուն ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։ Մին­չեւ 13 Յու­լիս 1909ի Թեհ­րա­նի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մը եւ Շա­հի գա­հըն­կէ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւած կռիւ­նե­րուն ըն­թաց­քին, Եփ­րեմ դրսե­ւո­րեց Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման իս­կա­կան հրա­մա­նա­տա­րի փա­ռա­հեղ գոր­ծու­նէու­թիւն, ո­րուն հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ ոչ միայն Խա­նի տիտ­ղո­սին, այ­լեւ՝ Սար­դա­րի (Ընդ­հա­նուր Հ­րա­մա­նա­տար) զի­նո­ւո­րա­կան աս­տի­ճա­նին։ Սահ­մա­նադ­րա­կան նո­րա­հաս­տատ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ նախ մայ­րա­քա­ղաք Թեհ­րա­նի, ա­պա նաեւ ամ­բողջ Ի­րա­նի Ոս­տի­կա­նա­պետ։

Թէեւ ոս­տի­կա­նա­պե­տի այդ պաշ­տօ­նին հա­մար Եփ­րեմ մե­ղադ­րո­ւե­ցաւ իր կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ՝ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան յե­ղա­փո­խա­կա­նին ան­յա­րիր պաշ­տօ­նա­տա­րի, մին­չեւ իսկ Ռոս­տոմ՝ Եփ­րե­մին ուղ­ղո­ւած իր մէկ նա­մա­կին մէջ, ըն­կե­րա­բար խոր­հուրդ տո­ւաւ ա­նոր, որ ձե­ւը գտնէ հրա­ժա­րե­լու այդ պաշ­տօ­նէն, այ­սու­հան­դերձ՝ Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մը պէտք ու­նէր թա­գա­ւո­րա­կան ու­ժե­րու յա­մե­ցող սպառ­նա­լի­քին դէմ յե­ղա­փո­խու­թեան ձեռք­բե­րում­նե­րը պաշտ­պա­նող եր­կա­թեայ բա­զու­կի, ո­րուն ա­մէ­նէն յու­սա­լի եւ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող մարմ­նա­ւո­րու­մը ինք՝ Եփ­րե՛մն էր։

Եփ­րեմ իր կեանքն ու ա­նու­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս կա­պեց Ի­րա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մին։ Շա­րու­նա­կեց մնալ Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման քա­ղա­քա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը պաշտ­պա­նո­ղի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։

Նո­րան­շա­նակ Շա­հը իր կար­գին սկսաւ դա­ւել Սահ­մա­նադ­րա­կան­նե­րու դէմ, պա­տա­հե­ցան շարք մը քա­ղա­քա­կան սպա­նու­թիւն­ներ Սահ­մա­նադ­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն դէմ, բայց այդ բո­լոր սադ­րանք­ներն ալ ի­րենց դէմ գտան Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման մշտար­թուն պա­հա­կին՝ Եփ­րե­մի վճռա­կան եւ զսպիչ, այ­լեւ ան­պար­տե­լի բա­զու­կը։

Մին­չեւ 1912 Մա­յիս եր­կա­րած ընդ­հա­րում­նե­րուն եւ Սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միշտ բե­րաւ իր կազ­մա­կեր­պա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Դաշ­նակ­ցա­կան Խե­չո­յի եւ Քե­ռիի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ու­ժե­րու նո­րո­վի կեդ­րո­նա­ցում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան՝ Եփ­րե­մի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը փոր­ձա­ռու մար­տիկ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ ու­ժե­ղաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։ Ար­դիւն­քը ե­ղաւ հե­րո­սա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րու նոր շղթա­յի մը նո­ւա­ճու­մը Եփ­րե­մի կող­մէ, ո­րուն Ի­րա­նի ժո­ղո­վուր­դը ար­դէն ան­պար­տե­լի հռչա­կած էր։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը տար­բեր խաղ սահ­մա­նած էր մե­ծա­նուն հե­րո­սին հա­մար։

20 Մա­յի­սին, 1912ին, թա­գա­ւո­րա­կան Սա­լար-էլ-­Տաու­լէի զօր­քե­րուն դէմ փայ­լուն յաղ­թա­նակ մը տա­նե­լէ ետք, երբ Եփ­րեմ օգ­նու­թեան կը փու­թար իր վի­րա­ւոր զի­նա­կի­ցին, դա­րա­նա­կալ գնդա­կը վերջ տո­ւաւ ա­նոր կեան­քին՝ Հե­րո­սի մա­հով։

«­Վա­հա­նով, կամ Վա­հա­նի վրայ» ռազ­մա­դաշ­տէն վե­րա­դառ­նա­լու դաշ­նակ­ցա­կան պա­տո­ւէ­րով ճամ­բայ ե­լած ան­զու­գա­կան Եփ­րե­մի ան­կեն­դան մար­մի­նը, Թեհ­րա­նի հա­յոց ե­կե­ղե­ցին բե­րո­ւե­ցաւ վա­հա­նի վրայ։ Ար­ժա­նա­ցաւ ազ­գա­յին հե­րո­սի ու Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման ան­վի­ճե­լի հրա­մա­նա­տա­րի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ թա­ղու­մին։

Հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռու­մով ազ­գա­յին հե­րո­սի փառ­քին ար­ժա­նի ե­ղաւ Եփ­րեմ, ո­րուն Ար­դա­րու­թեան ու Ա­զա­տու­թեան Մար­տի­կի հե­րո­սա­կան կեր­պա­րը չկրցան ու­րա­նալ կամ սեւց­նել մին­չեւ ան­գամ խորհր­դա­յին­նե­րը։ Բայց ինչ­պէս Անդ­րա­նի­կի, այն­պէս ալ Եփ­րե­մի պա­րա­գա­յին, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի մէջ տաս­նա­մեակ­նե­րով փոր­ձե­ցին մրո­տել դաշ­նակ­ցա­կան կեր­պա­րը Եփ­րե­մի՝ Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն ան­ջա­տել եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­կադ­րա­բար ար­ժե­ւո­րել փոր­ձե­լով Եփ­րե­մի անձն ու գոր­ծը։ Խորհր­դա­յին­նե­րու «դաս­տիա­րա­կու­թեամբ» սնած գրող­ներ այ­սօր ալ պար­բե­րա­բար փորձ կը կա­տա­րեն շա­րու­նա­կե­լու նոյն նեն­գա­փո­խու­մը՝ սե­ւով ճեր­մա­կի վրայ գրե­լով, թէ իբր Եփ­րե­մի «­Կա­պը Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ ոչ միայն սերտ չէր, այ­լեւ շա­րու­նակ հա­լա­ծո­ւել է վեր­ջի­նիս կող­մից»...

Զո՜ւր են նման ցե­խար­ձա­կում­նե­րը։

Եփ­րե­մը կայ ու կը մնայ իբ­րեւ Ար­դա­րու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան նո­ւի­րեալ Դաշ­նակ­ցա­կան Հե­րո­սը։

Եփ­րե­մի յի­շա­տա­կին՝ վե­րա­նո­րո­գենք Գա­ղա­փա­րի Մար­տիկ­նե­րու ու­ղիով հայ ժո­ղո­վուր­դին եր­թը յա­ռաջ մղե­լու Սի­մոն Զա­ւա­րեա­նի պատ­գա­մը, որ այն­քան հնչե­ղու­թեամբ տեղ գտած է Ար­դա­րու­թեան եւ Ա­զա­տու­թեան Հե­րո­սին մար­տի­րո­սաց­ման նո­ւի­րո­ւած Զա­ւա­րեա­նի մա­հագ­րա­կան վկա­յու­թեան մէջ.-

«Ն­րան կռիւ ու­ղար­կե­լիս, ողջ­դար­ձի առ­թիւ, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­ղեկ­ցեց Եփ­րե­մին՝ հին դիւ­ցազ­նա­կան պատուէ­րով.

«- Կա՛մ վա­հա­նը ձեռ­քիդ, կա՛մ վա­հա­նի վրայ։

«Եւ նա հա­ւա­տա­րիմ մնաց այդ պատ­գա­մին։

«­Չորս տա­րի ան կե­ցած էր վա­հա­նը ձեռ­քին՝ միշտ էլ յաղ­թող, եւ այ­սօր նա պառ­կած է վա­հա­նի վրայ...նո­րէն յաղ­թող...

«Եփ­րեմ­նե­րը, հրա­մա­նա­տար­նե՛­րը կ­’ընկ­նին եւ պէտք է որ ընկ­նին։ Ն­րանց մա­հով բա­նակն է, որ կը յաղ­թա­նա­կէ, Հա­յու­թեան, ամ­բողջ Մարդ­կու­թեան Ա­զա­տու­թեան օրն է, որ կը մօ­տե­նայ...»։

Ն.