alt19 Մա­յի­սը, աշ­խար­հաս­փիւռ յոյն ժո­ղո­վուր­դին եւ քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թեան հա­մար, Պոն­տո­սի յոյ­նե­րուն դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման մի­ջազ­գա­յին օրն է։

Հել­լէ­նա­կան հի­նա­ւուրց քա­ղա­քակր­թու­թեան վե­րապ­րող վկան էր Սեւ Ծո­վու հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ա­փուն­քին տա­րա­ծո­ւած յու­նա­կան Պոն­տո­սը, որ մին­չեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մը կը հան­դի­սա­նար, իր նա­ւա­հան­գիստ-քա­ղաք Տ­րա­պի­զո­նով, Փոքր Ա­սիոյ ա­ռեւտ­րա­կան ա­մէ­նէն կեն­սու­նակ կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը։

Բայց թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, ան­կու­մի եւ փլուզ­ման իր վախ­ճա­նա­կան փու­լին գտնո­ւող Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը իբր թէ փրկե­լու ազ­գա­նա­մո­լա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ, յղա­ցաւ եւ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­ձե­ռած «յար­մար պա­հուն» գոր­ծադ­րու­թեան դրաւ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող ազ­գա­յին միա­ւոր­նե­րը՝ ինչ­պէս հայ, նոյն­պէս եւ յոյն ու ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը բնաջն­ջե­լու ցե­ղաս­պա­նա­կան հրէ­շա­յին ծրա­գի­րը։

1914էն 1923, թէ՛ իթ­թի­հա­տա­կան եւ թէ՛ քե­մա­լա­կան իշ­խա­նու­թեանց օ­րով, յա­ջոր­դա­կան տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րով ու կո­տո­րած­նե­րով, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս յու­նա­թափ դար­ձուց Պոն­տո­սը։

Ինչ­պէս որ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մօտ Մ. Նա­հանգ­նե­րու ա­տե­նի դես­պա­նը՝ Հեն­րի Մոր­կըն­թաու գրեց օ­րին, «­Հա­յե­րը Թուր­քիոյ են­թա­կայ միակ ժո­ղո­վուր­դը չէին, որ տա­ռա­պե­ցան Թուր­քիան բա­ցա­ռա­պէս թուր­քե­րու եր­կի­րը դարձ­նե­լու թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Հա­յե­րու մա­սին իմ պատ­մած վկա­յու­թիւն­նե­րը, ո­րոշ պատ­շա­ճե­ցում­նե­րով, ես կրնամ կրկնել նաեւ յոյ­նե­րուն եւ ա­սո­րի­նե­րուն հա­մար»։

Ա­ւե­լի քան կէս մի­լիոն պոն­տոս­ցի յոյն զոհ գնաց թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնո­րոշ բե­մագ­րու­թեամբ եւ վայ­րագ­րու­թեամբ ի կա­տար ա­ծո­ւե­ցաւ։

- 1914ին սկսաւ զի­նո­ւո­րագ­րու­մը այս­պէս կո­չո­ւած Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան «քրիս­տո­նեայ» քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ե­րի­տա­սարդ տղա­մար­դոց, ո­րոնք դա­ւադ­րա­բար խմբո­ւե­ցան «աշ­խա­տան­քի ջո­կատ­նե­րու» մէջ եւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կո­տո­րո­ւե­ցան։

- Այ­նու­հե­տեւ, իբր թէ պա­տե­րազ­մա­կան գօ­տի­նե­րէն «քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թիւ­նը» ա­պա­հով վայ­րեր փո­խադ­րե­լու հա­մար, թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին զան­գո­ւա­ծա­յին տա­րագ­րու­թեանց՝ օ­րե­րով հե­տիոտն քա­լե­լու պար­տադ­րան­քին տակ դնե­լով կի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը, տա­րեց­ներն ու ան­կար­նե­րը։

- Ինչ որ «բնա­կան մա­հը» ա­րա­գաց­նող խժդուժ պայ­ման­նե­րը չկրցան ը­նել, յատ­կա­պէս այս նպա­տա­կով զի­նո­ւած հրո­սա­կա­յին ջո­կատ­նե­րը «կա­տա­րե­ցին»՝ կի­նե­րը բռնա­բա­րու­մի տակ սպան­նե­լով, մա­նուկ­ներն ու ծե­րե­րը մոր­թե­լով եւ դե­ռա­տի­նե­րը սե­փա­կան հա­րէմ­նե­րը տա­նե­լով...

Պոն­տո­սի յոյ­նե­րուն դէմ կրկնո­ւե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան «բե­մագ­րու­թեան» քե­մա­լա­կան փու­լը, յար ու նման հայ­կա­կա­նին, երբ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք եւ Դաշ­նա­կից­նե­րու ձեռ­նա­ծալ վե­րա­բե­րու­մէն քա­ջա­լե­րո­ւած, այ­սօ­րո­ւան Թուր­քիոյ հիմ­նա­դի­րը կո­տո­րեց եւ տա­րագ­րեց Պոն­տո­սի յոյ­նե­րուն վե­րապ­րող վեր­ջին բե­կոր­նե­րը՝ ամ­բող­ջա­պէս յու­նա­թափ ը­նե­լով Սեւ Ծո­վու հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան ա­փե­րը։

Պատ­մա­կան զու­գա­հե­ռը պահ­պա­նո­ւե­ցաւ նաեւ հա­յե­րու, յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու դէմ Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեանց նկատ­մամբ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու դրսե­ւո­րած քա­ղա­քա­կան ա­մօ­թա­լի վե­րա­բե­րու­մի ճա­կա­տին վրայ։

Թէեւ 1920ի Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րը ամ­րագ­րեց ինչ­պէս հա­յե­րուն, նոյն­պէս եւ պոն­տոս­ցի յոյ­նե­րուն ու ա­սո­րի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու, այ­լեւ ար­դար հա­տու­ցում ի­րա­գոր­ծե­լու մի­ջազ­գա­յին օ­րի­նա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ 1923ի Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րով այդ ա­մէ­նը ու­րա­ցու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ եւ Մուս­թա­ֆա Քե­մալ «ա­ռօք-փա­ռօք» հայ, յոյն եւ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գե­րեզ­մա­նու­մին վրայ հաս­տա­տեց իր «­Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը»։

Եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ ողջ աշ­խար­հին կող­մէ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Նոյ­նինքն Յու­նաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նա­կի պէտք ու­նե­ցաւ, որ­պէս­զի պաշ­տօ­նա­պէս կա­րե­նայ, 1994ին, իր խորհր­դա­րա­նով ո­րո­շում կա­յաց­նե­լու Մա­յիս 19ը Յու­նա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ո­գե­կոչ­ման Օր հռչա­կե­լու մա­սին։

Ա­ւե­լի քան բնա­կան ու հասկ­նա­լի է, հե­տե­ւա­բար, պատ­մա­կան այս զու­գա­հեռ­նե­րու լոյ­սին տակ, որ մեր օ­րե­րուն միաս­նա­բար եւ ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած յա­ռաջ կ­þըն­թա­նան Հա­յոց, Պոն­տո­սի Յու­նաց եւ Ա­սո­րի­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման քայ­լե­րը։ Այդ ա­ռու­մով վճռո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ 2011ին Շո­ւէ­տի խորհր­դա­րա­նին որ­դեգ­րած ծա­նօթ ո­րո­շու­մը, որ իբ­րեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ճանչ­ցաւ եւ դա­տա­պար­տեց ինչ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին, նոյն­պէս եւ պոն­տո­սի յոյ­նե­րուն ու Փոքր ա­սիոյ ա­սո­րի­նե­րուն դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ազ­գա­յին բնաջնջ­ման ո­ճիր­նե­րը։

Այ­նու­հե­տեւ տա­րո­ւէ տա­րի կ­þա­ւել­նայ Պոն­տո­սի Յոյ­նե­րուն Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող եւ դա­տա­պար­տող մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեանց ու ա­ռան­ձին պե­տու­թեանց թի­ւը։

Իր կար­գին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գե­րուն ու դի­մում­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լով եւ ար­ձա­գան­գե­լով, 2015 թո­ւա­կա­նի Մարտ 24ի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նիս­տին, միա­ձայ­նու­թեամբ՝ 117 քո­ւէով որ­դեգ­րեց հե­տե­ւեալ զօ­րակ­ցա­կան բա­նա­ձե­ւը.- «Ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի 1946 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 11ին ըն­դու­նո­ւած 96 (1) բա­նա­ձե­ւով եւ 1948 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 9ի Մ.Ա.Կ.ի «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­խազ­գու­շաց­ման եւ դրա հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած պատ­ժի», ինչ­պէս նաեւ 1968 թո­ւա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րի 26ի «­Մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի եւ ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի վա­ղե­մու­թեան ժամ­կէ­տի ա­նըն­դու­նե­լիու­թեան» մա­սին Ուխ­տե­րով ու Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րի մա­սին բո­լոր այլ մի­ջազ­գա­յին Աք­թե­րի դրոյթ­նե­րով ու սկզբունք­նե­րով, հա­շո­ւի առ­նե­լով հայ, յոյն եւ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րի` դա­րե­րից բխող բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը` Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վը յայ­տա­րա­րում է, որ դա­տա­պար­տում է Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նում ի­րա­կա­նա­ցո­ւած յոյ­նե­րի եւ ա­սո­րի­նե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»:

Հա­յե­րու, Պոն­տո­սի Յոյ­նե­րու եւ Ա­սո­րի­նե­րու պայ­քա­րը տա­կա­ւին եր­կար ճամ­բայ ու­նի, մին­չեւ որ թրքա­կան ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւ­նը դա­տաս­տա­նի առ­ջեւ հա­նո­ւի, ար­դար պա­տիժ կրէ եւ հա­տու­ցում կա­տա­րէ նա­հա­տա­կո­ւած ե­րեք ազ­գե­րուն։

Կա­րե­ւո­րը միա­ցեալ ու­ժե­րով այդ պայ­քա­րը յա­ռաջ մղե­լու վճռա­կա­մու­թիւնն է, որ այ­սօր վա­րա­կած է նա­հա­տակ ծնող­նե­րուն մար­տու­նակ զա­ւակ­նե­րը։

Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, միաս­նա­կան այդ պայ­քա­րը ա­ռաջ­նոր­դող զօ­րակ­ցա­կան ո­գին ար­տա­յայ­տե­լով՝ վա­ղա­մե­ռիկ մեր ըն­կե­րը՝ ա­տե­նի Հ.Յ.Դ. Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Խմ­բակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Վա­հան Յով­հան­նի­սեան Ապ­րիլ 23ին հե­տե­ւեա­լը կը յայ­տա­րա­րէր Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին մէջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման մը ժա­մա­նակ, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին նաեւ Հա­յաս­տա­նի յոյն եւ ա­սո­րի հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը.-

«1915-1922թթ. տե­ղա­հա­նո­ւե­ցին եւ կո­տո­րո­ւե­ցին Փոքր Ա­սիա­յի տա­րած­քում բնա­կո­ւող 2,5 մի­լիոն քրիս­տո­նեա­ներ - 1,5 մի­լիոն հայ, 600 հա­զար յոյն եւ շուրջ 400 հա­զար ա­սո­րի, ե­զի­դի եւ այլ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութ­յուն­ներ զոհ գնա­ցինփ թուր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած ո­ճի­րի հե­տե­ւան­քով։

«Այ­սօր հա­յե­րին, յոյ­նե­րին, ա­սո­րի­նե­րին եւ ցե­ղաս­պա­նո­ւած միւս ժո­ղո­վուրդ­նե­րին հա­մախմ­բում են ընդ­հա­նուր ցաւն ու պայ­քա­րը»։

Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան հա­մար միա­ցեալ պայ­քա­րի այդ պատ­գա­մը փո­խան­ցող օրն է Մա­յիս 19ը։

Ն.