Մայիս 6ի այս օրը, 112 տարի առաջ, Վանի մէջ ապրող Մարտիրոս Գաբուզեան (կամ Գարբուզեան) անուն համեստ հայու մը ընտանեկան յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ մանչ զաւակ մը, որուն անունը դրին Վահրամ։ Մանուկ Վահրամ հազիւ սկսած էր հասակ նետել եւ պատանեկան տարիքը թեւակոխել, երբ 1915էն սկսեալ ճաշակեց թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը... Բազմահազար վանեցիներու հետ, արմատախիլ եղաւ նաեւ Գաբուզեաններու ընտանիքը, որ ռուսական նահանջող զօրքին հետ անցաւ Երեւան եւ հոն բնակութիւն հաստատեց։
Պատանի Վահրամին ոդիսականը այդպիսով վերջ չգտաւ սակայն։
Գրական տաղանդի տէր երիտասարդը, իր աչքին առջեւ կերտուող հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ Հայաստանի անկախութեան արշալոյսը ողջունելէ աւելի, Չարենցի ներշնչումով՝ մեծ յոյսերով փարեցաւ հիւսիսէն բացուող «Այգաբաց»ին, հաւատաց «աշխատաւորական յեղափոխութեան» խոստացած «դրախտին», որպէսզի շուտով անդրադառնար, թէ զոհ գացած էր մեծագոյն ինքնախաբէութեան...
Արդէն Վահրամ Ալազան գրչանուն հաստատուած բանաստեղծ-արձակագիր ու գրական-հասարակական գործիչ էր ան 1936ին, երբ նաեւ ցմահ աքսորի դատապարտուեցաւ՝ Ստալինեան Մաքրագործումներու արշաւին զոհ երթալով եւ շուրջ քսան տարի սիպիրեան կալանավայրերու մէջ իր ողբերգական ճակատագիրը ցմրուր ճաշակելով։
Հանրագիտական ամփոփ տեղեկանքով՝ Վ. Ալազան իր սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայր Վանի Արարք թաղամասի ծխական դպրոցին մէջ։ Անձամբ տեսաւ եւ ապրեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը եւ ընտանիքին հետ ապաստան գտաւ Երեւան, ուր ան, ուսման զուգընթաց, մասնագիտացաւ գրաշարութեան մէջ։ 1918ին, Վահրամ «Ուրարտու» տպարանին մէջ կ’աշխատէր որպէս գրաշար-բանուոր, իսկ 1921 թուականին՝ «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթի գրաշար էր։
Վ. Գաբուզեան ստորագրութեամբ տպագրուեցաւ անոր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Կարմիր Յաղթանակը»։ Այնուհետեւ մամուլի էջերուն լոյս տեսան անոր բանաստեղծութիւնները, պոեմները, պատմուածքներն ու ակնարկները, այս անգամ արդէն «Ալազան» ստորագրութեամբ։
(Գրական իր գործունէութեան առաջին տարիներուն ան ստորագրած է Յորձանք եւ Վ. Անողոք ծածկանուններով։ Յետոյ յարմար գրական անուն որոնելու ժամանակ՝ մտաբերած է տարիներ առաջ իր կարդացած Գէորգ Բաշինջաղեանի «Ալազանի դաշտավայրում» խորագրով յօդուածը։ Վահրամին դուր եկած է Ալազան անունը, որ եւ այնուհետեւ դարձաւ անոր գրական անունը)։
1922 թուականին հրատարակուեցաւ Ալազանի անդրանիկ գիրքը՝ «Տարիների խաղը» պոեմը։ Այդ տարիներուն Ալազան աշխուժօրէն մասնակցեցաւ խորհրդահայ գրական ու քաղաքական կեանքին։ Եղաւ «Ավանգարդ» թերթի հիմնադիրներէն մէկը (1922), «Տպագրական բանուոր» բազմատպաքանակ լրագիրին խմբագիրը (1922-1930), Հայաստանի Պրոլետգրողների Ասոցիացիայի նախագահ (1923-32), Հայաստանի եւ Անդրֆեդերացիայի Կենտգործկոմների անդամ (1923-36), Հայաստանի Գրողների Միութեան վարչութեան առաջին քարտուղար (1933-1936), «Գրական Թերթ»ի խմբագիր (1932-36)։
1936ին, որպէս Անձի Պաշտամունքի ժամանակաշրջանի ապօրինութեանց զոհ, ան 18 տարի ենթարկուեցաւ խիստ ճնշումներու, մինչեւ որ դատապարտուեցաւ ցմահ աքսորի։
1954ին, լրիւ արդարացուելէ յետոյ, Վ. Ալազան վերադարձաւ հայրենիք, բայց բանտերու եւ աքսորավայրերու մէջ իր կրած ահաւոր տառապանքներուն հետեւանքով՝ ան միայն երկու տարի կրցաւ վայելել ազատութիւնը, որովհետեւ 10 տարի (1956-1966), մինչեւ մահը, կաթուածահար գամուած մնաց անկողնի մէջ։
Միայն 1990 թուականին, արդեն Ալազանի մահէն քառորդ դար յետոյ, նոր լոյս տեսաւ անոր «Տառապանքի ուղիներում» գիրքը, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ Ստալինեան Բռնաճնշումների ժամանակ կրած իր տառապանքները։
Վահրամ Ալազան վախճանեցաւ 1966ի Մայիս 17ին եւ թաղուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։
Ալազանի «Մաքառումներ» (1933), «Բանաստեղծի սիրտը» (1954) եւ «Հորիզոններ» (1957) գիրքերուն մէջ ամփոփուած ստեղծագործութիւնները արժէքաւոր նմոյշներ են հայ չափածոյի մէջ։
1934ին հրատարակուած Ալազանի «Վաթսուներորդ հորիզոնում» վէպը իր կարգին կը նկատուի խորհրդահայ արձակի տաղանդաւոր նմոյշներէն մէկը։
Նոյնպէս՝ «Հիւսիսային աստղ» վէպը։
Վ. Ալազան հեղինակ է նաեւ բազմաթիւ քաղաքական-հրապարակախօսական, գրաքննադատական արժէքաւոր յօդուածներու։
Վ. Նորենցի հետ Ալազան կազմած, խմբագրած եւ հրատարակած են Մ. Մեծարենցի «երկերի լիակատար ժողովածու»ն, «Արեւմտահայ բանաստեղծներ» հատընտիրը եւ Պետրոս Դուրեանի «Տաղերը»։
Սիլվա Կապուտիկիան արժեւորումով՝ «Վահրամ Ալազան պատկանում է այն գրողների թուին, որոնք չեն մոռացւում եւ որպէս մարդ ու որպէս ստեղծագործող ապրում են բոլորի հետ:
Իսկ Հրաչեայ Թամրազեանի վկայութեամբ՝ «Վահրամ Ալազանի բանաստեղծութիւններից շատերը վերածուել են երգերի, որոնք տարածուել են ժողովրդի մէջ եւ մասսայականութիւն են վայելում»։
Ն.