19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժումը եւ յեղափոխական ինքնահաստատումը որքան մարտական ու քաղաքական, նոյնքան գաղափարական ու բարոյական կրակով ու ոգեւորիչ շունչով յատկանշուեցան։
Հայկական Յեղափոխութեան անշէջ բոցը արծարծելու գաղափարական ոգորման մէջ իր անզուգական ներդրումը ունեցաւ Միքայէլ Վարանդեան, որուն մահուան տարելիցը կþոգեկոչենք տարուան Ապրիլ 22ի այս օրը։
Արցախի ծնունդ գաղափարի այս մարտիկը իրաւամբ հանդիսացաւ Հայկական Յեղափոխութեան քարոզիչն ու հայ ազգային-ազատագրական շարժման առաջնորդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոցաշունչ գաղափարախօսն ու տեսաբան դրօշակիրը։
Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան արիւնալի պայքարին աննկուն պատգամաբերը եղաւ Միքայէլ Վարանդեան։
Գաղափարի հուրով համակուած էր Վարանդեանի ողջ էութիւնը եւ անոր գրիչէն լոյս աշխարհ եկած էջերը, ինչ որ ալ ըլլար անոնց բնոյթը, հրապարակագրութիւն թէ պատմագրութիւն, փիլիսոփայութիւն թէ ընկերաբանութիւն, յուշագրութիւն թէ քաղաքական բանավէճ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր գաղափարական հրաբուխի ժայթք էին։
Իրենց ջերմութեամբ ու սիրտ եւ միտք վառող կրակով՝ Վարանդեանի գրութիւնները գաղափարականօրէն կլանեցին, ոգեւորեցին ու պայքարի դաշտ մղեցին մեր ժողովուրդին անձնուէր եւ հերոս զաւակները։
Աւազանի անունով Միքայէլ Յովհաննիսեան՝ ան ծնած էր 1872ին (Վարանդեանի ծննդեան ճշգրիտ թուականին շուրջ տարակարծիք են կենսագիրները. ոմանք կþընդունին 1873ը, իսկ ուրիշներ՝ 1874ը), Արցախի Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղը։ Ծննդավայրի ներշնչումով ալ, հետագային, որդեգրեց Վարանդեան գրչանունը, որ փաստօրէն նաեւ իսկական ազգանուն դարձաւ։
Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ՝ Վարանդեան իր տարրական ու միջնակարգ ուսումը ստացաւ Շուշիի ռէալական վարժարանին մէջ։ Այդ ժամանակներուն Շուշի կը հանդիսանար գաղափարական կազմաւորման հիմնական հնոց մը՝ հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական պայքարով տոգորուած, ինչպէս նաեւ ռուսական թէ եւրոպական յեղափոխական շարժումներու յառաջդիմական գաղափարներով խանդավառ նորահաս սերունդին համար։
Վարանդեան աշակերտական տարիներէն փարեցաւ Երկրի հայութեան ազգային ազատագրումի դատին եւ, գաղափարապաշտ իր էութեամբ, կոչումի ու առաքելութեան վերածեց հայկական յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումը, հունաւորումը եւ ժողովրդականացումը նուաճելու մտաւորական յանձնառութիւնը։
Այդ ներշնչումով եւ ուղղութեամբ 1880ականներու վերջերուն գրուած իր առաջին յօդուածները ան լոյս ընծայեց ժամանակի հայկական ազատախոհ մամուլին՝ Արասխանեանի «Մուրճ»ին եւ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ի էջերուն, EGO ստորագրութեամբ։
Շուշիի ռէալականը աւարտելէ ետք, Թիֆլիս ապրող իր մօրեղբօր՝ յայտնի մեծահարուստ Արամեանցի նիւթական հովանաւորութեամբ, Վարանդեան 1890ին մեկնեցաւ Զուիցերիա, Ժընեւի համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Շուտով դարձաւ Ժընեւի հայ ուսանողական շարժումներու աշխոյժ մասնակիցն ու մղիչ ուժը։ Չբաւարարուեցաւ Ժընեւի համալսարանի ընկերային գիտութեանց անուանի դասախօսներու դասընթացքներուն հետեւելով։ Նաեւ Գերմանիոյ համալսարաններուն ազատ ունկնդիր դարձաւ, մօտէն հետեւեցաւ գերմանացի մեծանուն փիլիսոփաներու եւ ընկերաբաններու դասախօսութեանց ու դասաւանդութեանց։
Եւրոպայի տարածքին ընկերվարական մտքի ու քաղաքական շարժման զարթօնքի տարիներն էին եւ Վարանդեան ոչ միայն ուսանողը եղաւ զուիցերիացի թէ գերմանացի, պելճիքացի թէ ֆրանսացի, ռուս թէ անգլիացի ընկերվարական դէմքերու դասախօսական ելոյթներուն կամ այցելու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ ընկերական սերտ կապեր հաստատեց անոնց հետ։ Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականի կազմութեան եւ արագ ժողովրդականացման տարիներն էին, իսկ Վարանդեան արդէն գտած էր հայ ընկերվարականի իր ուղին։
Միքայէլ Վարանդեանի կեանքին շրջադարձային պահը եկաւ 1892ին, երբ Դաշնակցութեան հիմնադիր Ռոստոմի Ժընեւ ժամանեծց՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործը կազմակերպելու առաքելութեամբ։
Ռոստոմ Վարանդեանի մէջ գտաւ գաղափարապաշտ ու տեսականօրէն լաւագոյնս պատրաստուած այն ուժը, որ ի վիճակի էր արժանաւորապէս ի կատար ածելու նորաստեղծ Դաշնակցութեան ազգային¬յեղափոխական առաջադրանքներուն գաղափարաբանական հիմնաւորման ու քարոզչութեան պատասխանատու գործը։ Իսկ Վարանդեան Ռոստոմի մէջ գտաւ յեղափոխական կենդանի պայքարի ու կազմակերպական գործի մեծ վարպետ մը, որ իր աշխարհայեացքով եւ ընկերային արդարութեան պաշտամունքով այնքան հոգեհարազատ էր իրեն։
Իր ուսման զուգահեռ՝ Վարանդեան տենդագին փարեցաւ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործին, իբրեւ Ռոստոմի աջ բազուկը։ Ոչ միայն «Դրօշակ»ի իւրաքանչիւր համարին յօդուած հասցուց, այլեւ՝ յաճախ միեւնոյն համարին մէջ տարբեր բաժիններով աշխատակցութիւն բերաւ։ Գրեց խմբագրական եւ առաջնորդող յօդուած։ Բանավէճի մէջ մտաւ հայկական յեղափոխութիւնը մրոտելու ելած աջի թէ ձախի գաղափարախօսներուն հետ։ Բանաստեղծի յուզական շունչով եւ փիլիսոփայի խոհուն վերլուծութեամբ ներկայացուց հայ ազատագրական շարժման զոհասեղանին ինկած հերոսները։ Մամուլի տեսութիւններով մնայուն լուսարձակի տակ պահեց եւրոպական ազատախոհ մամուլի հայանպաստ հրապարակումները։ Բայց նաեւ միշտ ժամանակը գտաւ կամ ստեղծեց, որպէսզի պատրաստէ եւ յօդուածաշարքի տեսքով լոյս ընծայէ գիտական աշխատասիրութիւններ՝ պատմագրական, գաղափարաբանական, քաղաքական եւ հասարակագիտական հարցերու եւ նորայայտ զարգացումներու վերաբերեալ, ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային¬գաղափարական գիտակցութեան մշակումին եւ հարստացման։
Այսպիսով Միքայէլ Վարանդեանի անունը կապուեցաւ «Դրօշակ»ին եւ, Հ.Յ.Դ. կեդրոնական պաշտօնաթերթի բազմամեայ խմբագրի վաստակով, նաեւ Դաշնակցութեան տեսաբանն ու գաղափարախօսը, քարոզիչն ու արտասահմանեան լոպիիստը դառնալու լայն ասպարէզին։
«Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը Վարանդեան վարեց, երբեմն նաեւ միանձնեայ, մինչեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթի հրատարակութեան առաջին շրջանի աւարտը, 1914 թուականը։ Իր այդ հանգամանքով կանոնաւորաբար մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին՝ ստանձնելով նախ արտասահմանեան քարոզչութեան, ապա՝ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։ Այդ զոյգ հանգամանքներով՝ Վարանդեան մեծ ներդրում ունեցաւ ֆրանսերէն «Պրօ¬Արմենիա» թերթի հրատարակութիւնը եւ Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականին Դաշնակցութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը իրականացնելու գործերուն մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտին բռնկումը, որ թրքական պետութեան «ընձեռեց» Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին գործադրութեան «յարմար» պահը, միաժամանակ միջազգային տարողութեամբ խորացնելով ընկերվարական կուսակցութիւններուն միջեւ ազգային պառակտումը, ծանրագոյն անդրադարձ ունեցաւ եւ բառին բուն իմաստով ընկճեց իտէալիստ Վարանդեանը։ Գաղափարի բոցաշունչ մարտիկը բնաւ չվերականգնեցաւ Մեծ Եղեռնի հարուածէն։
1915ին Վարանդեան Ժընեւէն անցաւ Կովկաս ու որոշ ժամանակ վարեց Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին խմբագրութիւնը, բայց երկար չկրցաւ մնալ եւ վերադարձաւ Եւրոպա՝ Ֆրանսա, ուր մինչեւ Հայաստանի անկախացումը գործակցեցաւ Պօղոս Նուպարի Ազգային Պատուիրակութեան հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք՝ նշանակուեցաւ Հայաստանի դեսպան Հռոմի մէջ։ Իր այդ պաշտօնին շնորհիւ, նոյնիսկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Նեմեսիսի իրականացման աշխատանքներուն, յատկապէս Հռոմի մէջ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումին։
Բայց ծանրօրէն խոցուած էր գաղափարապաշտ Վարանդեանի հոգին, որ բնաւ չկրցաւ հաշտուիլ ընկերվարական իր գաղափարակիցներու դրսեւորած վարքագծին հետ։ Չկրցաւ տանիլ Հայոց Մեծ եղեռնին նկատմամբ Եւրոպայի անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ յանուն ընկերվարութեան պոլշեւիկ «յեղափոխական»ներու գործած ոճիրները, որոնց ծայրայեղ դրսեւորումներէն մէկը եղաւ, Լենին¬Քեմալ մեղսակցութեամբ, Հայաստանի անկախութեան խորտակումը։
Այդ պատճառով ալ, իր կեանքին վերջին տասնամեակը Վարանդեան անցուց ինքնամփոփ։ Անշուշտ շարունակեց գրել, բայց քաղաքական եւ կազմակերպական երբեմնի աշխուժութիւնը չունեցաւ այլեւս։ Եւ 1934ին, երբ իրեն այնքան հոգեհարազատ ու երկարամեայ գործակիցը՝ Աւետիս Ահարոնեան Վարանդեանի նախաձեռնութեամբ դասախօսական ելոյթի համար հրաւիրուեցաւ Մարսէյլ, բայց բեմի վրայ կաթուածահար ըլլալով չկրցաւ ամբողջացնել իր խօսքը, Վարանդեան վերջնականապէս փուլ եկաւ։
Քանի մը շաբաթ ետք, Ապրիլի 22ին, Վարանդեան ունեցաւ սրտի կաթուած, որ մահացու եղաւ։
Վարանդեան ամբողջ գրականութիւն մը կտակեց մեր սերունդներուն։ Թէեւ հիմնական գործերը լոյս տեսան առանձին հատորներով, բայց «Դրօշակ»ի եւ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած կը մնան մեծ թուով աշխատասիրութիւններ եւ հրապարակագրական էջեր, որոնք աւելի ամբողջական կ՛ընծայեն գաղափարական դիմագիծը այս մեծ հայուն, որ իր մտաւորական ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայկական յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումին ու հունաւորումին, տարածումին եւ ժողովրդականացումին։
Միքայէլ Վարանդեանի «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն»ը, «Հոսանքներ»ը, «Հայկական Շարժման նախապատմութիւն»ը, «Վերածնուած հայրենիքը եւ մեր դերը», «Բողոքը նորագոյն պատմութեան մէջ», «Կրօն եւ գիտութիւն»ը, «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակառակորդները», «Սիմոն Զաւարեան»ը, «Մուրատ»ը, «Համայնավարութիւնը եւ միջազգային յեղափոխութիւնը» եւ բազմաթիւ միւս գործերը գաղափարական սնունդի կենսատու աղբիւր եղան իրերայաջորդ սերունդներու համար։
Միքայէլ Վարանդեանի շունչով մեր սերունդները գաղափարաբանական խորքով ճանչցան ու պաշտեցին հայկական յեղափոխութիւնը, յատկապէսւ անոր մարտունակ առնականութիւնը մարմնաւորող Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
Իր շունչով է, մանաւա՛նդ, որ՝
«Հայաստան կոչուած երկիրը դարձեր է մեզ համար աւելի քաղցր ու հրապուրիչ։ Որովհետեւ... այդ հողը ծնուել, պարարտացել է գաղափարով, որ մեր ըմբոստ նահատակների արիւնն է ու նրանց աճիւնները։ Սոսկ անկենդան մի նիւթ չէ այլեւս հայկական հողը, այլ նա շնչաւորուած է, գաղափարուած։ Նա այլեւս սոսկ նիւթական քաղաքակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմացական քաղաքակրթութեան մի անբաժան մասնիկը, մեր նորագոյն ազգայնականութեան անկիւնաքարը»։
Ն.