Ապ­րիլ 20ի ծնունդ է հայ գրա­կա­նու­թեան հան­ճա­րեղ մե­ծե­րէն Դա­նիէլ Վա­րու­ժան։

1884ին ծնած՝ Դա­նիէլ Վա­րու­ժան միայն 31 տա­րի կրցաւ վա­յե­լել ի­րեն տրո­ւած կեան­քի ժա­մա­նա­կը։

 

Թր­քա­կան պե­տու­թիւ­նը բրտօ­րէն կտրեց կեան­քի թե­լը Հայ­կեան Հան­ճա­րի ա­մէ­նէն շքեղ ու վսե­մա­շուք քեր­թո­ղին։

Դա­նիէլ Վա­րու­ժան դար­ձաւ ա­ռա­ջին նա­հա­տակ­նե­րէն մէ­կը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Ե­ղաւ 24 Ապ­րիլ 1915ին ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ մա­հո­ւան ճի­րան­նե­րուն մէջ նե­տո­ւած հա­րիւ­րա­ւոր հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու ե­ղե­րա­բախտ փա­ղան­գին գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը։

Ինչ­պէս ա­րո­ւես­տի ու գրա­կա­նու­թեան, այն­պէս ալ նա­հա­տա­կու­թեան մէջ ճա­կա­տա­գի­րը ի­րա­րու կա­պեց Հայ­կեան Հան­ճա­րին ճա­ռա­գայ­թող եր­կու դէմ­քեր՝ Դա­նիէլ Վա­րու­ժանն ու Ռու­բէն Սե­ւա­կը։ Ա­միս­ներ տե­ւած չար­չա­րան­քէ ետք, 1915ի Օ­գոս­տոս 26ին, «­Ցե­ղաս­պան Թուրք»ը մարմ­նա­ւո­րող ոճ­րա­գործ­ներ ուղ­ղա­կի դա­շոյն­նե­րով մոր­թո­տե­ցին զա­նոնք։

Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ Թուր­քիոյ կող­մէ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին մա­սին պատ­մագ­րա­կան եւ ար­խի­ւա­յին հսկա­յա­կան գրա­կա­նու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի։ Հաս­տա­փոր հա­տոր­ներ կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րը։ Թէեւ այդ վկա­յու­թեանց շար­քին հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն կը հան­դի­պինք 24 Ապ­րիլ 1915ին ձեր­բա­կա­լո­ւած, աք­սո­րո­ւած եւ նա­հա­տա­կո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ան­հատ առ ան­հատ դի­մագ­րա­ւած ա­հա­ւոր վախ­ճա­նը նկա­րագ­րող ար­խի­ւա­յին նիւ­թե­րու, այ­սու­հան­դերձ՝ մե­ծա­նուն մեր ար­ժէք­նե­րէն ո­մանց նա­հա­տա­կու­թեան պա­րա­գա­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ վկա­յու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին, ո­րոնք ուղ­ղա­կիօ­րէն սահմռ­կե­ցու­ցիչ են՝ գոր­ծո­ւած ո­ճի­րին բար­բա­րո­սա­կան, վայ­րագ եւ ան­մարդ­կա­յին բնոյ­թը պար­զե­լու ա­ռու­մով։

 

Այդ վկա­յու­թեանց շար­քին է հայ գրա­կա­նու­թեան հպար­տու­թիւ­նը կազ­մող Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի եւ Ռու­բէն Սե­ւա­կի միա­ցեալ նա­հա­տա­կու­թեան քստմնե­լի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը նկա­րագ­րող Հա­սան ա­նու­նով թուրք կա­ռա­պա­նի մը ա­կա­նա­տե­սի պա­տու­մը։ «­Շամ­տան­ճեա­նի Յու­շագ­րու­թե­նէն» առ­նո­ւած եւ Մու­շեղ Իշ­խա­նի «Ար­դի Հայ Գ­րա­կա­նու­թիւն» դա­սա­գիր­քե­րու շար­քին եր­րորդ հա­տո­րով (էջ 120-121) տրո­ւած այդ վկա­յու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ.-

«­Պատ­մողն է Հա­սան ա­նու­նով կա­ռա­պան մը, որ հա­յե­րու Չան­ղը­րը աք­սո­րո­ւած մի­ջո­ցին նոյն քա­ղա­քին մէջ կը գտնո­ւի։ Ի­րի­կուն մը, երբ նստած է ա­խո­ռին առ­ջեւ, ան­ծա­նօթ եւ դա­ժան դէմ­քով ձիա­ւոր մը, ա­ռանց ասպն­ջա­կա­նու­թիւն խնդրե­լու, կու գայ իր ձին կը կա­պէ Հա­սա­նի ա­խո­ռին մէջ ու, հե­ռա­նա­լէ ա­ռաջ, յի­շեա­լին կը հրա­մա­յէ խնա­մել իր ձին եւ պատ­րաս­տել յա­ջորդ առ­տո­ւան հա­մար։ Հա­սան գաղտ­նի կը հե­տե­ւի ան­ծա­նօ­թին, որ կը մտնէ ծա­նօթ իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րէն մէ­կուն տու­նը, ուր քա­նի մը օ­րէ ի վեր ժո­ղով­ներ կը գու­մա­րո­ւին ե­ղեր։

«Այժմ թո­ղունք, որ թուրք կա­ռա­պա­նը ինք խօ­սի.-

«­Հե­տե­ւեալ օ­րը, ա­րե­ւա­ծա­գէն ա­ռաջ ու­րիշ անձ մը ե­կաւ ձին առ­նե­լու։ Այդ մար­դը ին­ծի միա­ժա­մա­նակ ազ­դա­րա­րեց, թէ պար­տա­ւոր էի կառ­քովս միա­սին եր­թալ գիւ­ղէն քա­ռորդ ժամ հե­ռու տեղ մը եւ ինք­զինքս դնել ոս­տի­կա­նու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ։ Հ­րա­ման մըն էր, որ ին­ծի կը հա­ղոր­դէր. հար­կադ­րո­ւե­ցայ հնա­զան­դիլ։ Ա­ռա­ջադ­րո­ւած տե­ղին մէջ ու­րիշ կառք մը կե­ցած էր։ Հոն կը գտնո­ւէին ոս­տի­կա­նա­կան պաշ­տօ­նեայ մը՝ ոս­տի­կան զի­նո­ւո­րի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Պոլ­սէն Չան­ղը­րը աք­սո­րո­ւած հինգ է­ֆէն­տի­ներ։ Ա­նոնց­մէ մէ­կը ե­րի­տա­սարդ մըն էր, սեւ մօ­րու­քով ու վառվ­ռուն աչ­քե­րով։ Ա­նոնք ա­մէնքն ալ քա­ղա­քի պէ­յե­րուն պէս լաւ հա­գո­ւած էին։ Ձեռ­քեր­նին կա­պո­ւած էր։ Մ­տա­հոգ եւ ընկ­ճո­ւած ե­րե­ւոյթ մը ու­նէին։ Ոս­տի­կա­նա­կան պաշ­տօ­նեան զա­նոնք ա­ռաջ­նոր­դեց իմ կառքս եւ ինքն ալ մտաւ միւ­սին մէջ՝ ոս­տի­կան-զի­նո­ւոր­ներն ալ միա­սին։ Մե­զի հրա­ման տրո­ւե­ցաւ ճամ­բայ ել­լել Թիւ­նէյ գիւ­ղի ուղ­ղու­թեամբ, որ Չան­ղը­րըէն վեց ժամ հե­ռու է։

«­Ժամ մը յա­ռա­ջա­ցած էինք, երբ ճամ­բու դար­ձած մէկ կէ­տին վրայ տես­նո­ւե­ցաւ ի­րի­կո­ւան ձիա­ւո­րը, որ մեր ճամ­բան խա­չա­ձե­ւեց եւ ա­ռաջ ան­ցաւ ա­ռանց բառ մը ար­տա­սա­նե­լու։ Քիչ վերջ կրկին ու երկ­րորդ ան­գամ խա­չա­ձե­ւեց մեր ճամ­բան՝ մեր շուրջ դե­գե­րե­լու ե­րե­ւոյ­թով մը։ Թիւ­նէ­յի կէս ժամ մօ­տե­ցած էինք, երբ յան­կարծ միեւ­նոյն ան­ձը մեր առ­ջեւ տնկո­ւե­ցաւ։ Շի­տակ կառ­քիս վրայ ե­կաւ, ի­ջաւ ձիէն եւ իմ ձիե­րուս սան­ձե­րը բռնե­լով՝ ու­զեց կառ­քը ա­ռաջ­նոր­դել ճամ­բէն դուրս, բլու­րին տա­կը, հե­ղե­ղա­տէ գո­յա­ցած խո­րունկ ձո­րա­մէ­ջը։ Գե­տին ցատ­կե­ցի, նոյ­նը ը­րաւ նաեւ ոս­տի­կան-զի­նո­ւո­րը. կար­ծե­ցինք, որ ա­ւա­զակ­նե­րէ յար­ձա­կում պի­տի կրենք եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կը պատ­րաս­տո­ւէինք, բայց վրայ հա­սաւ ոս­տի­կա­նու­թեան պաշ­տօ­նեան եւ մե­զի հրա­մա­յեց քա­շո­ւիլ ու միա­ժա­մա­նակ մեծ ակ­նա­ծան­քով ան­ծա­նօ­թին բա­րե­ւեց։ այդ ռո­պէին մեր առ­ջեւ ցցո­ւե­ցան չորս հո­գի­ներ՝ մին­չեւ ի­րենց ակ­ռա­նե­րը զի­նո­ւած։

«Ան­ծա­նօ­թը, որ կը թո­ւէր թէ ա­նոնց պետն էր, նշան մը տո­ւաւ։ Այս մար­դի­կը բռնե­ցին զիս եւ միւս կա­ռա­պա­նը, մեր ձեռ­քե­րը կա­պե­լէ ետք՝ կառ­քէն վար ի­ջե­ցու­ցին հինգ աք­սո­րա­կան­նե­րը, ո­րոնց հրա­մա­յե­ցին ի­րենց ու­նե­ցած դրամ­նե­րը յանձ­նել։ Եւ ո­րով­հե­տեւ ձեռ­քեր­նին կա­պո­ւած էր, զա­նոնք խու­զար­կե­լու գոր­ծը ստանձ­նե­ցին ոս­տի­կան­նե­րը, ո­րոնք ա­նոնց­մէ կո­ղոպ­տե­ցին ինչ որ ու­նէին - դրամ, զա­նա­զան ա­ռար­կա­ներ, սի­կառ­նիկ, թղթա­պա­նակ, համ­րիչ։ Ոս­տի­կա­նը քա­նի մը բա­ռեր փսփսաց չե­թէ­նե­րու պե­տին ա­կան­ջին։ Կþե­րե­ւայ, թէ վեր­ջի­նէս խնդրեց կո­ղո­պու­տը ի­րեն եւ ոս­տի­կան-զի­նո­ւո­րին թո­ղուլ։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւնն ալ ա­ւար­տե­լէն ետք, ոս­տի­կա­նը եւ ոս­տի­կան-զի­նո­ւո­րը միւս կառ­քը նստե­լով մեկ­նե­ցան։ Իմ ձեռ­քերս ալ քա­կե­լով ար­տօ­նե­ցին, որ քա­ղաք վե­րա­դառ­նամ։ Գա­լով աք­սո­րա­կան­նե­րուն, չորս չե­թէ­նե­րուն եւ ա­նոնց պե­տին կող­մէ հրա­մա­յո­ւե­ցաւ ի­րենց հե­տե­ւիլ։

«­Զա­նոնք հե­ռո­ւէն կը դի­տէի. հե­տաքրք­րու­թիւ­նը զիս ան­հան­գիստ կ­(ը­նէր... ար­դեօք այդ է­ֆէն­տի­նե­րը ո՞ւր կը տա­նէին։ Ձո­րա­մէ­ջը կտրե­լով ան­ցան միւս եզ­րը, ուր փոքր ան­տա­ռիկ մը բլու­րը կը զար­դա­րէ։ Քիչ մը ա­ւե­լի յա­ռա­ջա­նա­լով՝ ա­նոնց պե­տը ար­տա­սա­նեց քա­նի մը բա­ռեր, ո­րոնք չկրցի հասկ­նալ, քա­նի որ ես ա­նոնց­մէ բա­ւա­կան հե­ռու էի։ Աս­կէ ետք մար­դի­կը յար­ձա­կե­ցան է­ֆէն­տի­նե­րուն վրայ, ա­նոնց զգեստ­նե­րը հա­նե­ցին եւ բո­լո­րո­վին մեր­կա­ցու­ցին... չեմ կրնար նկա­րագ­րել այն տե­սա­րա­նը, ո­րուն ներ­կայ ե­ղայ... Այս խեղճ զո­հե­րը մէ­կիկ-մէ­կիկ ծա­ռե­րուն կա­պո­ւե­ցան։ Ի­րենց ձեռ­քե­րը կա­պո­ւած ըլ­լա­լով՝ չէին կրնար ինք­զինք­նին պաշտ­պա­նել։ Յե­տոյ չե­թէա­պե­տը եւ իր մար­դի­կը ի­րենց դա­շոյն­նե­րը մեր­կա­ցու­ցին եւ սկսան դան­դա­ղօ­րէն ու հան­դարտ կեր­պով զա­նոնք մոր­թո­տել։ Դա­տա­պար­տեալ­նե­րու ա­ղա­ղա­կը եւ ա­նոնց յու­սա­հատ կա­տա­ղու­թիւ­նը սիրտս կը ճմլէին...»

100 տա­րո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն իսկ, քստմնե­լի ո­ճի­րի այդ պա­հո­ւան պար­զա­գոյն նկա­րագ­րու­թիւ­նը այ­սօր ալ կը փշա­քա­ղէ հայ մար­դուն ողջ էու­թիւ­նը։

Այս­պէ՛ս նա­հա­տա­կո­ւե­ցան Վա­րու­ժանն ու Սե­ւա­կը։

Այ­դօ­րի­նակ նա­հա­տա­կու­թեան վախ­ճան ու­նե­ցան հա­րիւ­րա­ւոր մեր մտա­ւո­րա­կան­նե­րը։

Այդ­պի­սի՛ Գող­գո­թա կազ­մա­կեր­պեց թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ՝ ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս մի­լիոն հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­լով։

Այս­պէ՛ս ին­կան, բայց չմե­ռա՜ն մեր նա­հա­տակ­նե­րը։

Վե­րապ­րող հա­յու­թիւնն ու վե­րած­նո­ւած Հա­յաս­տա­նը ոչ միայն յի­շա­տա­կի անլ­ռե­լի զան­գա­կա­տունն են՝ թրքա­կան ծան­րա­գոյն յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը վկա­յող, այ­լեւ ա­նե­րեր պա­հան­ջա­տէրն են մեծ Հա­տուց­ման՝ Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մի­ն։

Ն.