Ապ­րիլ 1ին ար­ձա­նագ­րո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մա­տեա­նին ա­մէ­նէն սեւ ու ար­նա­ներկ է­ջե­րէն մէ­կը։

106 տա­րի ա­ռաջ, Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին այս օ­րը մո­լեգ­նե­ցաւ թրքա­կան ար­նա­խում բար­բա­րո­սու­թիւ­նը։ Չք­նաղ Ա­տա­նա քա­ղաքն ու Կի­լի­կիոյ հա­յաբ­նակ քա­ղաք­ներն ու գիւ­ղե­րը ե­րե­սուն հա­զար ան­մեղ հա­յե­րու ա­րեամբ ներ­կո­ւե­ցան, հա­յե­րու տու­նե­րը, խա­նութ­նե­րը եւ ինչ­քե­րը քա­րու­քանդ ե­ղան ու հրոյ ճա­րակ դար­ձան։

Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի բա­ռե­րով՝ հայ­կա­կան շքեղ Կի­լի­կիան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ մեծ մոխ­րա­կոյ­տի մը։

Ա­տա­նա­յի եւ Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան կո­տո­րա­ծը նա­խա­տի­պը հան­դի­սա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան կող­մէ վեց տա­րի ետք գոր­ծադ­րու­թեան դրո­ւած 1915ի ցե­ղաս­պա­նա­կան Մեծ Ե­ղեռ­նին։

Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը ե­ղաւ ամ­բո­խա­յին մո­լեգ­նու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող նա­խա­տիպ մը, ո­րուն դա­սե­րը ի չարս օգ­տա­գոր­ծե­ցին թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը՝ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դը պե­տա­կա­նօ­րէն ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կե­լու ի­րենց հրէ­շա­յին ծրա­գի­րը եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան մի­ջոց­ներն ու ե­ղա­նակ­նե­րը։

Հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց ա­ռու­մով 1909ին ո­րե­ւէ ուղ­ղա­կի շար­ժա­ռիթ կամ մի­ջա­դէպ չկար, որ­պէս­զի հա­յու­թեան դէմ այդ­պէս յան­կար­ծա­կի բոր­բո­քէր թրքա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ 1908ի 3 Յու­լի­սին, Ե­րի­տա­սարդ Թուրք պա­րագ­լուխ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ, օս­մա­նեան բա­նա­կը ըմ­բոս­տա­ցած էր եւ ա­նա­րիւն յե­ղա­փո­խու­թեամբ պար­տադ­րած էր սուլ­թան Ապ­տիւլ Հա­մի­տին, որ­պէս­զի վե­րա­հաս­տա­տէ 1876ին իր կող­մէ առ­կա­խո­ւած Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը եւ վերս­տին կեան­քի կո­չէ Օս­մա­նեան խորհր­դա­րա­նը։

Ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան կար­գա­խօս­նե­րով ու խոս­տում­նե­րով խան­դա­վա­ռո­ւե­լու ընդ­հա­նուր գի­նո­վու­թեան օ­րեր էին։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով թուրքն ու հա­յը, ա­րաբն ու յոյ­նը, հրեան եւ պուլ­կա­րա­ցին ի վի­ճա­կի էին ի­րա­րու կող­քին կանգ­նե­լու՝ միաս­նա­բար լծո­ւե­լու հա­մար Օս­մա­նեան «ընդ­հա­նուր տան» բա­րե­կար­գու­մին եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան։

Յոյ­սե­րու եւ խան­դա­վա­ռու­թեան այդ ա­լի­քը խա­բու­սիկ էր սա­կայն։

Ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ բռնա­տէր սուլ­թա­նը տա­կա­ւին բազ­մած կը մնար գա­հին վրայ եւ իր ձեռ­քը ու­նէր բռնիշ­խա­նու­թեան բազ­մա­դա­րեան ա­հա­ւոր վար­չա­մե­քե­նան՝ իր լրտես­նե­րով ու սադ­րիչ­նե­րով։

Այլ նաեւ ու ո­րո­շա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ նոյ­նինքն Իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ու­ղե­ղին մէջ կը խմո­րո­ւէին Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նը ա­մէն գնով, ի հար­կին կո­տո­րած­նե­րու ճամ­բով, ԹՐՔԱՑՆԵԼՈՒ հի­ւան­դա­գին ծրա­գիր­ներ, ի­րենց հա­մաթր­քա­կան ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան յա­գուրդ տո­ւող «ցե­ղա­յին մաք­րա­գործ­ման» սադ­րանք­ներ։

Պատ­մա­կան փաս­տե­րը, նոյ­նինքն թրքա­կան պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ Ապ­տիւլ Հա­միտ ձեռ­նա­ծալ չմնաց եւ, մու­թին մէջ ան­դուլ դա­ւադ­րե­լով, սպա­սեց կա­տա­րո­ւած ըմ­բոս­տա­ցու­մին իր հա­կա­հա­րո­ւա­ծը տա­լու յար­մար պա­հուն։

1909ի Մարտ 31ին ներ­կա­յա­ցաւ այդ յար­մար պա­հը եւ Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րէն դժգոհ բա­նա­կա­յին զօ­րա­մա­սեր ապս­տամ­բե­ցան նոր իշ­խա­նու­թեանց դէմ եւ մայ­րա­քա­ղաք Պո­լի­սը ի­րենց հա­կակշ­ռին են­թար­կե­ցին։

Միայն տա­սը օ­րո­ւան կեանք ու­նե­ցաւ այդ հա­կա­հա­րո­ւա­ծը եւ Իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րը կրցան, ա­ւե­լիով ամ­րապն­դո­ւած դիր­քե­րէ, վե­րա­հաս­տա­տել ի­րենց իշ­խա­նու­թիւ­նը՝ գա­հազր­կե­լով ու աք­սո­րե­լով Հա­մի­տը եւ ա­նոր կրտսեր եղ­բայ­րը բազ­մեց­նե­լով սուլ­թա­նա­կան գա­հին։

Խ­ռո­վա­յոյզ այդ օ­րե­րուն Պոլ­սոյ մէջ հա­յու ա­րիւն չհո­սե­ցաւ, ոչ ալ հա­յե­րու տու­ներն ու ինչ­քե­րը թի­րախ դար­ձան թրքա­կան մո­լեգ­նու­թեան։

Մինչ­դեռ Մարտ 31ի հա­կա­հա­րո­ւա­ծին յա­ջորդ օրն իսկ, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան չոր­րորդ մեծ նա­հան­գը հան­դի­սա­ցող Ա­տա­նա­յի Վի­լա­յէ­թին մէջ, իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ զի­նո­ւած թուրք բազ­մա­հա­զա­րա­նոց խու­ժա­նը, ղե­կա­վար ու­նե­նա­լով թրքա­կան բան­տե­րէն յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ ա­զատ ար­ձա­կո­ւած ա­ւե­լի քան 500 ոճ­րա­գործ­ներ, սկսե­լով Ա­տա­նա քա­ղա­քէն եւ ան­մի­ջա­պէս տա­րա­ծո­ւե­լով դէ­պի Տէօրթ Եոլ, Հա­ճըն, Սիս, Զէյ­թուն եւ Կի­լի­կիոյ հայ­կա­կան միւս ա­ւան­նե­րը, չորս օր ա­նընդ­մէջ ջար­դեց ու կո­տո­րեց, հրկի­զեց եւ փո­շիա­ցուց հայ­կա­կան ա­մէն շունչ, ի­րե­ղէն կամ հարս­տու­թիւն, որ ձեռ­քը ին­կաւ... Թր­քա­կան մո­լեգ­նու­թիւ­նը չխնա­յեց մին­չեւ իսկ եւ­րո­պա­ցի եւ ա­մե­րի­կա­ցի մի­սիո­նար­ներն ու կրթա­կան մշակ­նե­րը, ո­րոնք հա­յե­րու հետ առն­չու­թիւն ու­նէին։

Վ­կայ՝ Ողբն ու Եր­գը Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րուն.

 

«­Կո­տո­րածն ան­գութ, հա­յե­րը թող լան,

Ա­նա­պատ դար­ձաւ շքեղ Ա­տա­նան:

Կ­րա­կը, սու­րը ու ան­խիղճ թա­լան,

Ռու­բէ­նեաց տու­նը, ա՜խ, ը­րաւ վե­րան:

 

Ալ մի՛ տար լոյսդ, պայ­ծառ ա­րե­գակ,

Լու­սին, շուրջ կա­պէ դուն սու­գի մա­նեակ,

Ան­ցաւ մեր երկ­րէն հա­րա­ւի խոր­շակ,

Չոր­ցուց, թոռ­մե­ցուց ծառ-ծա­ղիկ հա­մակ:

 

Րո­պէ մը չան­ցաւ ու հա­յոց խեղ­ճեր,

Ին­կան սու­րին տակ խու­ժա­նին ա­հեղ:

Ժա­մեր ու դպրոց բո­ցի մեջ կո­րան,

Բիւ­րա­վոր հա­յեր անխ­նայ մե­ռան:

 

Պա­րապ է ա­ւա՜ղ, հա­րուստ Ա­տա­նան,

Մո­խիր է դար­ձեր ամ­բողջ Կի­լի­կիան,

Միայն ապ­րե­ցաւ Հա­ճը­նը սի­րոյն,

Ին­չո՞ւ չի շար­ժիր ա­պա­ռաժ Զէյ­թուն:

 

Ե­րեք օր գի­շեր կրա­կը մէ­ջէն,

Թշ­նամ­ւոյն սու­րը, գնդա­կը դրսէն,

Ջն­ջե­ցին հա­յը երկ­րին ե­րե­սէն,

Ա­րիւն կը վա­զէ մեր ջինջ գե­տե­րէն:

 

Ալ բաւ է որ­քան վա­տե­րուն լու­ծը

Կ­րե­ցինք, թո­ղունք մեր լացն ու կո­ծը,

Օ­տա­րին տու­նը ալ չէ ա­պա­հով,

Հայ հո­ղի վրայ մեռ­նինք մենք փառ­քով»:

 

Իսկ Ապ­րիլ 12ին, իբր թէ խռո­վու­թեանց վերջ տա­լու նպա­տա­կով, Ե­րի­տա­սարդ Թուրք կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­նո­նա­ւոր զօր­քեր ու­ղար­կեց Ա­տա­նա­յի եւ Հա­լէ­պի Վի­լա­յէթ­նե­րը, ուր գոր­ծո­ւած էին հա­յե­րու դէմ ջար­դերն ու քան­դում­նե­րը։ Կա­նո­նա­ւոր զօր­քե­րու ե­րե­ւու­մը ոչ միայն չօգ­նեց ջար­դա­րա­րու­թեան դադ­րե­ցու­մին, այ­լեւ նո­րո­վի թափ տո­ւաւ թուրք խու­ժա­նի մո­լեգ­նու­թեան, մա­նա­ւանդ որ բա­նա­կա­յին­նե­րը ի­րենք եւս միա­ցան ջար­դա­րար ամ­բո­խին։

Այս բո­լո­րը ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թեամբ հաս­տա­տագ­րո­ւած են ա­տե­նի թրքա­կան, ա­րա­բա­կան, եւ­րո­պա­կան թէ ա­մե­րի­կեան մա­մու­լի է­ջե­րուն, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ար­խիւ­նե­րու մէջ պահ դրո­ւած զե­կու­ցագ­րե­րով։

Եւ ան­հիմն ու ան­հե­թեթ են ինչ­պէս օ­րին նոյ­նինքն իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րուն կող­մէ հնչած, այն­պէս ալ մեր օ­րե­րու թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան նեն­գա­փո­խու­թեան հնա­րած այն «չքմե­ղանք»նե­րը, թէ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը «մեղք չու­նի» թուրք ամ­բո­խի գոր­ծած ջար­դին մէջ, թէ իբր Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն եւ «­Հիւր­րի­յէթ»էն դժգոհ թուրք ամ­բո­խի աչ­քին հայ յե­ղա­փո­խա­կան­ներն են նկա­տո­ւած Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան «փլուզ­ման» պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ թէ, մա­նա­ւանդ, իբր թուր­քե­րու ի­րա­ւազրկ­ման հաշ­ւոյն հա­յե­րու հարս­տա­ցու­մը ե­ղած է թրքա­կան զայ­րոյ­թին խոր­քա­յին պատ­ճա­ռը։

Պատ­մա­կան դառն ու դա­ժան ի­րո­ղու­թիւ­նը այն է, որ քա­նի մը շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հա­զար ան­մեղ հա­յեր զոհ գա­ցին թրքա­կան ար­նա­խում մո­լեգ­նու­թեան եւ սե­րունդ­նե­րու ծով քրտին­քով ձեռք բե­րո­ւած տուն ու հարս­տու­թիւն փճա­ցան։

Ապ­րիլ 1 է դար­ձեալ եւ Կի­լի­կիոյ Ա­ղէ­տին վեր­յի­շու­մը խո­րա­գոյն կսկի­ծով կը հա­մա­կէ սրտե­րը ողջ հա­յու­թեան։

Կը վե­րա­նո­րո­գէ նաեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքին այն խոր հա­մո­զու­մը, ա­րեան դա­ժա­նա­գոյն հե­ղու­մով ձեռք բե­րո­ւած այն դառն ի­մաս­տու­թիւ­նը, որ մե­րօ­րեայ այս­պէս կո­չո­ւած հա­յեւ­թուրք երկ­խօ­սու­թիւ­նը պէտք չէ մոռ­նայ, որ գործ ու­նինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­ռան­գորդ, բայց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաստն իսկ ու­րա­ցող թրքա­կան պե­տու­թեան հետ, որ ե­թէ նոյ­նիսկ ան­հա­ւա­տա­լի օր մը մէկ ձեռ­քով պի­տի ող­ջու­նէ Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը եւ իբր թէ պի­տի խո­նար­հի բիւ­րա­ւոր մեր նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, միւս ձեռ­քով վստա­հա­բար դար­ձեալ պի­տի փոր­ձէ կռնա­կէն դա­շու­նա­հա­րել հայ ազ­գա­յին ի­րա­ւա­տի­րու­թիւնն ու պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը։

Ու­րաց­ման վար­քա­գիծ որ­դեգ­րած ոճ­րա­գոր­ծէն ու­րիշ բան կա­րե­լի չէ սպա­սե­լ։

Ն.