Մարտ 18ի օրը վախճանած է հայ ժողովուրդի գաղափապաշտ զաւակներու փաղանգին մէջ իր յատուկ տեղն ու արժէքը ունեցող անձնուէր դէմք մը՝ Սահակ Տէր-Թովմասեան։
Փարիզեան հիւանդանոցի մը մէջ, 55 տարի առաջ, սրտի հիւանդութեամբ վատառողջ եւ ընդհանրապէս քայքայուած առողջութեամբ անկողին գամուած՝ առյաւէտ աչքերը փակեց պայքարի երկար ճամբայ կտրած երախտաշատ դաշնակցականը։
Կը պատկանէր Դաշնակցութեան երկրորդ սերունդին, որ հայ իրականութեան մէջ իր աչքերը բացաւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակին։ Սերունդ՝ որ մանուկ եւ պատանի տարիքին տեսաւ, լսեց ու ապրեցաւ Հայկական Յեղափոխութեան ալեկոծումներն ու վերիվայրումները, պանծալի սլացքներն ու ահաւոր անկումները եւ, թրծուելով Դաշնակցութեան անդրանիկ սերունդի շունչով ու հետեւելով անոր անկեղծ զինուորի վառ օրինակին, հազիւ երիտասարդ տարիքին հասած, իր կարգին անմնացորդ նետուեցաւ պայքարի դաշտ։
Այդ սերունդի ինքնատիպ ներկայացուցիչներէն եղաւ Սահակ Տէր-Թովմասեան, որուն անունը անջընջելիօրէն կապուած կը մնայ 1921ի Փետրուար 18ի համաժողովրդական ապստամբութեան՝ խորհրդային նորահաստատ կարգերուն դէմ հայոց առաջին ազգային ծառացումին։ Փետրուարեան ապստամբութեամբ կեանքի կոչուած եւ Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ գործած Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի քարտուղար-պաշտօնատարն էր Սահակ Տէր-Թովմասեան՝ մտերիմ գործակիցն ու աջ բազուկը Վրացեանի, որուն հետ կապուած մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը։
Սահակ Տէր-Թովմասեան ծնած էր 1892ին, Վասպուրականի Շատախ գաւառի Ջերմաձոր գիւղը։ Միջնակարգ ուսումը ստացաւ Վանի մէջ եւ անմիջապէս վերադարձաւ իր ծննդավայր գիւղը, ուր եւ անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Իշխանի, Ռուբէնի եւ Արամ Մանուկեանի շունչով կազմաւորուեցաւ անոր դաշնակցականի հաւատաւոր ու անձնուէր կերպարը։
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, տակաւին 16ամեայ հազիւ երիտասարդ՝ Սահակ ուշադրութիւն գրաւեց հանրային իր աշխոյժ գործունէութեամբ։ Օսմանեան Սահմանադրութեան «աւետած» ազատութեան, եղբայրութեան եւ հաւասարութեան խոստումներուն հաւատք չընծայող նորահաս սերունդի դրօշակիրներէն եղաւ՝ Շատախի «Տիգրիս» եւ «Նոր Տիգրիս» խմորատիպ պարբերականներուն իր բերած աշխատակցութեամբ։ Դարձաւ Շատախի հայութեան զինման եւ ինքնապաշտպանութեան համար անդուլ պայքարող դաշնակցական գործիչ մը։
Պատահական չէր, որ 1909ին Ատանայի կոտորածին եւ Արեւմտահայաստանի տարածքին գործուած հակահայ խժդժութեանց դէմ ընդվզող ու իթթիհատական խոստմնադրուժ իշխանութեանց դէմ ըմոստացման դրօշը պարզող առաջին շրջաններէն եղաւ Շատախի հայութիւնը։ Սահակ Տէր-Թովմասեան գաղափարի մարտիկի իր մկրտութիւնը ստացաւ Շատախի ըմբոստացման շարժումին մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտի օրհասական օրերուն, Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութեան ինքնապաշտպանութեան դժուարին կռիւներու կազմակերպումին եւ ղեկավարումին մէջ ան ունեցաւ իր ներդրումը։ Շատախի մարտունակ հայութեան հետ, Սահակ Տէր-Թովմասեան թէ՛ վայելեց թրքական զօրքերը պարտութեան մատնելու եւ Վասպուրականը ազատագրելու յաղթանակին բերկրանքը, թէ՛ ցմրուր ճաշակեց յաղթանակին յաջորդած՝ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ Երկիրը թողնելու եւ, իբրեւ գաղթական, Արեւելահայաստան ապաստանելու վերապրող արեւմտահայութեան դաժան ճակատագրին դառն բաժակը։
Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտներու ընթացքին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաւորման ու շինարարութեան ամբողջ տեւողութեան, Սահակ Տէր-Թովմասեան արթուն պահակի պէս կանգնեցաւ Շատախի գաղթական հայութեան կողքին։ Եւ երբ քեմալական Թուրքիոյ սալին ու պոլշեւիկեան Ռուսաստանի մուրճին միջեւ իյնալով՝ կործանուեցան Հայաստանի անկախութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ սկսան պոլշեւիկեան խժդժութիւնները, Սահակ Տէր-Թովմասեան գլխաւորեց շատախցիներու ապստամբական շարժումը եւ միացաւ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէին։
Ապստամբութեան անկումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, ինք եւս անցաւ Թաւրիզ (Ատրպատական), ուր շատ կարճ ժամանակ մնալէ ետք վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն 18 Մարտ 1960ին։
Սահակ Տէր-Թովմասեանի փարիզեան քառասնամեայ գործունէութիւնը յատկանշուեցաւ անձնուիրումով եւ անսակարկ ծառայութեամբ։ Մինչեւ վերջին շունչ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Դաշնակցութեան տարագիր կազմակերպութեան ուժեղացման, ընդլայնման եւ արմատաւորման գործին՝ հետեւողականօրէն Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի կառոյցին ղեկավար մարմիններուն մաս կազմելով, Հ.Յ.Դ. իրերայաջորդ Ընդհանուր Ժողովներուն իբրեւ շրջանէն պատգամաւոր ընտրուելով։
Դաշնակցականի կարգապահութիւնը, գաղափարական յանձնառութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, ինքնահաւատարմութիւնը նկարագրի տիրական յատկանիշները եղան Հայ Ազգային-Ազատագրական Շարժման այս արժէքաւոր երախտաւորին։
Հայաստանի անկախութեան կորուստին եւ հայ ժողովուրդի հայրենի հողի վրայ վերապրող հատուածին պարտադրուած խորհրդային բռնատիրութեան հետ երբեք չհաշտուեցաւ։ Տարագիր իր գործունէութեան ամբողջ շրջանին, իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, մշտական կապի եւ գործակցութեան մէջ մնաց Կովկասեան տարագիր ազգերու կազմակերպութեանց հետ։ Իսկ երբ բռնկեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտը եւ նացիական տիրապետութեան տակ ինկաւ Արեւելեան Եւրոպայի ու Պալքաններու հայութիւնը, Սահակ Տէր-Թովմասեան կոչուեցաւ անոր օգնութեան հասնելու դժուարին գործին։ Յատկապէս Զինադադարէն ետք, կուսակցական առաքելութեամբ, Սահակ Տէր-Թովմասեան ուղարկուեցաւ Գերմանիոյ Շթութկարտ շրջանը, ուր աւելի քան երեք հազար հայ ռազմագերիներ ու տարագիրներ խմբուած էին։ Անոնց ազատ արձակման, տեղափոխման եւ տեղաւորման աշխատանքներուն մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ ան։
Սփիւռքեան իր գործունէութեան 40ամեայ ամբողջ շրջանին, Սահակ Տէր-Թովմասեան նաեւ բեղուն մասնակցութիւն բերաւ դաշնակցական մամուլին, յատկապէս «Յառաջ»ին, ոչ միայն հայ ազգային-ազատագրական շարժման անցեալին նուիրուած յուշագրութիւններով, այլեւ՝ հայ ժողովուրդի քաղաքական ուղին յուզող հարցերու քննարկումով։
Սահակ Տէր-Թովմասեան նաեւ գործիչային առաքելութեամբ շրջեցաւ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայօճախները՝ Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին շուրջ համախմբելով եւ խանդավառելով նորահաս սերունդները։
Ն.