Հայ ժողովուրդի մեծարժէք հոգեւորականներու համաստեղութեան մէջ առանձայատուկ իր տեղը ունի Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան, որուն ծննդեան 149րդ տարեդարձը կը նշենք Մարտ 16ի այս օրը։
Ոչ միայն բանասէրի ու մտաւորականի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով եւ շնորհներով օժտուած հոգեւորական էր Մելիք-Թանգեան Արքեպիսկոպոսը, այլեւ իր առաջնորդութեան վստահուած մեր ժողովուրդի հօտին Քաջ Հովիւն էր՝ բառին ազգային-քաղաքական պահանջատիրութեան, յեղափոխական մարտունակութեան եւ ոգեղէն արժէքներու ժողովրդականացման վաւերական իմաստով։
1866ին ծնած էր Բռնակոթ գիւղը (Զանգեզուր, Սիսիանի մարզ)։ Աւազանի անունով՝ Նիկողայոս, հազիւ իր գիւղի վարժարանը աւարտած, ապագայ Արքեպիսկոպոսը ընդունուած էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, ուր եւ ընտրած էր հոգեւորականի իր կոչման ծառայելու ճանապարհը։
1886ին աւարտած է Գէորգեան Ճեմարանը եւ ստանձնած Էջմիածնի մէջ ուսուցչական ու վարչական աշխատանքներ։ Մտաւորական իր ընդունակութիւնները զարգացնելու նպատակով՝ ուղարկուած է Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանի իրաւաբանական բաժինը յաջողութեամբ աւարտած է 1900ին։ Վերադարձած է Ս. Էջմիածին եւ 1901ին Վարդապետ ձեռնադրուած է՝ Ներսէս վերանուանուելով։ Այդպիսով ալ սկսած է հոգեւորականի իր բազմավաստակ գործունէութիւնը։
1902ին արդէն Զանգեզուր վերադարձած է՝ Տաթեւի վանքի վանահայրի առաքելութեամբ։ Տենդագին լծուած է հայոց հոգեմտաւոր զարգացման դարաւոր այդ մեծ կեդրոնի աւանդներու վերանորոգման ծառայութեան՝ շրջանի ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ բուռն խանդավառութիւն առաջացնելով հայոց հաւատքին ու հայ մշակոյթին նկատմամբ։
Հայկական Յեղափոխութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական ու յեղափոխական առաջադրանքներուն մօտ կանգնած հոգեւորական՝ Ներսէս Վարդապետ գաղափարական իր մկրտութիւնը կը ստանայ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ, երբ կարեւոր ներդրում կþունենայ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան մէջ՝ անոր առաջնորդող ոգին դառնալով։
1906ին Ներսէս Վարդապետ վերստին Ս. Էջմիածին է, ուր երկար չի մնար սակայն, որովհետեւ Զանգեզուրեան իր գործունէութիւնը աննկատ չէ անցած Ցարական իշխանութեանց աչքէն, որոնք Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի ուղղակի միջամտութեամբ կը ստիպեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որ ժամանակաւորապէս Էջմիածնէն հեռացնէ յեղափոխաշունչ հոգեւորականին։ Ներսէս Վարդապետ 1907ին կ’աքսորուի Խրիմ՝ իբրեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Հազիւ երկու տարի կը տեւէ Ներսէս Վարդապետի աքսորը. 1909ին նորօծն Մաթէոս Բ. Կաթողիկոսի կողմէ ետ կը կանչուի Ս. Էջմիածին եւ կը կոչուի Վանքի վարչական պատասխանատուութեան։
1912ը շրջադարձային թուական կը դառնայ Մելիք-Թանգեան հոգեւորականի կեանքին մէջ։ Ատըրպատականի հայութիւնը կը դիմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ներսէս Վարդապետը իբրեւ թեմակալ առաջնորդ Թաւրիզ առաքելու խնդրանքով։ Կաթողիկոսը կ’ընդառաջէ դիմումին եւ, Եպիսկոպոս ձեռնադրելով ու օծելով Ներսէս քաջարի Վարդապետին, կ’ուղարկէ Ատրպատական։
Մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը՝ 1948ի Սեպտեմբեր 29ը, Ներսէս Արքեպիսկոպոս (Արքութեան արժանացաւ 1917ին) Մելիք-Թանգեան մնաց ու գործեց Ատրպատականի մէջ, իբրեւ Ատրպատականի թեմի եւ ողջ Իրանի հայութեան անսահման սիրոյն, յարգանքին եւ հոգեմտաւոր պաշտամունքին արժանացած Քաջ Հովիւ։
Յատկապէս Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ տակաւին Եպիսկոպոս էր, Մելիք-Թանգեան պատմական տարողութեամբ ու նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց՝ տարագրուած ու Երեւան եւ Անդրկովկաս ցիրուցան դարձած Ատրպատականի հայութեան գաղթականական բեկորները գտնելու, հաւաքելու եւ ետ Ատրպատական վերադարձնելու ուղղութեամբ։ Ամէն դուռ բախեց, անհրաժեշտ միջոցները ստեղծեց եւ յաջողութեամբ ի կատար ածեց իր հօտի վերահաւաքման այդ կարեւորագոյն առաքելութիւնը։ Իր այդ ծառայութեան իբրեւ վարձատրութիւն՝ արժանացաւ Արքեպիսկոպոսի պատուական աստիճանին։
Ատրպատականի հայութեան վերականգումը ռազմաքաղաքական առումով հիմնական նշանակութիւն ունեցաւ իր անկախութիւնը նուաճած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ապահովումին մէջ։
Ներսէս Արքեպիսկոպոս սերտ գործակցութեան մէջ գտնուեցաւ նորահաստատ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց հետ՝ մէկ կողմէ հայրենիքի հոգածութեան արժանացնելով Ատրպատականի եւ Իրանի հայութիւնը, իսկ միւս կողմէ մեծապէս սատարելով պարսկական իշխանութեանց հետ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կապերու եւ գործակցութեան ամրապնդումին։
Աւելի՛ն. երբ Հայաստան խորհրդայնացուեցաւ եւ Զանգեզուրի մէջ, անզուգական Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ, բուռն պայքարը շարունակուեցաւ յանուն անկախութեան պահպանման, Ատրպատականի Հայոց թեմակալ առաջնորդը ամէն կարգի օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն հասցուց Զանգեզուր, ի վերջոյ Թաւրիզի մէջ ապաստան տալով խորհրդային սուիններու տակ Հայաստանէն հեռացուած Հանրապետութեան ղեկավարութեան։
Խորհրդայինները, անշո՛ւշտ, երբեք չներեցին Քաջ Հովիւին։ Ամէն միջոցի դիմեցին, մինչեւ իսկ ուղղակի մահափորձ կազմակերպեցին, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուին» Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանէն։ Բայց Քաջ Հովիւը ոչ միայն ձախողութեան մատնեց խորհրդային ոտնձգութիւնները, այլեւ մինչեւ վերջին շուրջ անհաշտ պայքար մղեց Հայոց հաւատքն ու Հայաստանեայց Եկեղեցին կաշկանդելու եւ ոտնակոխելու խորհրդային հետեւողական քաղաքականութեան դէմ։
Խորհրդային լուծի տակ տառապող ու լռութեան դատապարտուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներուն յաղթագոռ ձայնը դարձաւ Մելիք-Թանգեան։ Մնայուն կապ պահպանեց Ս. Էջմիածնի հետ եւ ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի Կրեմլի դրածոյ «կղերականներու» սադրանքներուն դէմ պաշտպանէ ու անսասան պահէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոն Ս. Աթոռը։
Այդ շրջանի իր գործունէութիւնը փաստագրող յուշերու, պաշտօնական եւ անձնական նամակագրութեան ամբողջ ժառանգութիւն մը Ներսէս Արքեպիսկոպոս կտակեց մեր սերունդներուն, որպէսզի հայկական իրաւունքին եւ հայոց հաւատքին սպառնացող որեւէ վտանգի պահուն վերանորոգենք անարգ հարուածները դիմագրաւելու մեր մարտունակութիւնը՝ Քաջ Հովիւին օրինակը մեր աչքին առջեւ ունենալով։
Նաեւ բանասիրական ու պատմաքաղաքական առանձին գործեր հարստացուցին Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանի մտաւորական վաստակն ու սերունդներուն կտակած ժառանգութիւնը։ 1893ին հրատարակուած «Աշխարհաբարի քերականութիւնը», 1894ին լոյս տեսած «Մշակ» եւ «Նոր Դար» կուսակցութիւններ եւ մի քանի խնդիրներ»ը, 1903ին եւ 1905ին յաջորդաբար լոյս տեսած «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» աշխատասիրութեան երկու հատորները յիշատակելիներն են Մելիք-Թանգեան Արքեպիսկոպոսի թողած բանասիրական ժառանգութեան։
Հայ Մարդու եւ Հայ Հոգեւորականի պատկառազդու իր կերպարով՝ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան սերունդ կերտեց, Իրանի հայութեան քաջարի հովիւը դարձաւ եւ իր օրինակով ոգեշնչեց ու խրախուսեց հայ հոգեւորականութիւնը ի Հայաստան (խորհրդային կարգերու տակ անգամ) եւ ի սփիւռս հայաշխարհի։
Խրիմեան Հայրիկի օրինակով՝ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան, իր կենցաղով ու գործով, լուսաւորիչն ու առաջնորդը եղաւ իր հոգատարութեան յանձնուած հայոց հօտի մտքին ու ոգեղէն աշխարհին։
Ն.