Բառին ամէնէն տարողունակ իմաստով՝ իւրայատուկ Ոդիսական մը վիճակուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազգային ու պետական ինքնութեան, անկախութեան եւ ամբողջականութեան գերագոյն խորհրդանիշին՝ Կարմիր, Կապոյտ եւ Նարնջագոյն դրօշին։
Մարտ 11ին, 72 տարի առաջ, Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնման խորհրդանիշ դրօշը՝ անփոխարինելի Եռագոյնը իր արժանաւոր տեղը գտաւ Փարիզի Ինվալիտի աշխարհահռչակ Զինուորական Թանգարանին մէջ։
Ազատ կարծուած Ֆրանսան, որ 1921ին իր հերթին Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուացած էր հայ ժողովուրդին ազգային օճախ մը ապահովելու իր յանձնառութենէն եւ, Քեմալի նոր բարձրացող աստղը սիրաշահելու մտօք, հայութենէ պարպած էր Կիլիկիան, 11 Մարտ 1923ին ստիպուեցաւ տեղի տալ իր հանրային կարծիքին ճնշումին առջեւ եւ պաշտօնապէս Հայոց Եռագոյնին տուաւ իր արժանի տեղը՝ Էնվալիտի Զինուորական Թանգարանին մէջ միջազգային ճանաչումի արժանացած ազգային ու պետական դրօշներու շարքին։
Քեմալական Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ժամանակաշրջանն էր եւ Առաջին Աշխարհամարտի յաղթական Դաշնակիցները, գաղթատիրական իրենց մրցապայքարով կլանուած, ըստ կամս կը վերաձեւէին աշխարհի մեծ քարտէսը՝ իր մանրամասնութիւններով հանդերձ։
Միաժամանակ Խորհրդային Միութեան պետական ու վարչական հիմնաւորման խառնակ ու դժուարին ժամանակաշրջանն էր։
Կարմիր Բանակի սուիններով բռնագրաւուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ օրերուն կը բռնակցուէր այսպէս կոչուած Անդրկովկասեան Խորհրդային Հանրապետութիւններու Դաշնութեան։
Իր Եռագոյն դրօշով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը զինու զօրութեամբ կը ներառնուէր Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան կազմին մէջ։
Բայց Երկաթէ Վարագոյրով աշխարհէն խզուած խորհրդային սարսափի կայսերական արգելարանէն դուրս, Մեծ Եղեռնէն վերապրած եւ Հայաստանի անկախութիւնը կերտած հայութիւնը, տարագրութեան դաժանագոյն պայմաններուն մէջ անգամ, բոլոր ուժերով մերժեց համակերպիլ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ ժողովուրդներու պարտադրուող ազատազրկումին ու ազգային գերեվարումին։
Ահա՛ այդպիսի ժամանակ եւ նման պայմաններու տակ, իր տեսակին մէջ համաշխարհային մեծ վարկ վայելող Էնվալիտի Զինուորական Թանգարանը պաշտօնական եւ միջազգային ճանաչում շնորհեց Եռագոյնին՝ իբրեւ հայոց ազգային ու պետական Դրօշի։
Այդ քայլով, նաեւ, 11 Մարտ 1923ը ըստ ամենայնի դարձաւ Հայոց Եռագոյնի միջազգային ճանաչման Օրը։
Եւ մենք դարձանք Եռագոյն Դրօշի սերունդ՝ կրկնակի՛ առումով։
Նախ՝ տարագիր հայու ազգային¬գաղափարական կազմաւորման իմաստով, որովհետեւ աշխարհով մէկ հռչակուած Հայոց Եռագոյնը, իր խորհուրդով ու փառքով, եղաւ կենարար աղբիւրը ազգային մեր ինքնաճանաչումին, հպարտութեան եւ տեսլականին։
Եռագոյնի սերունդ դարձանք, ապա, Հայաստանի վերանկախացման ու Եռագոյնին, իբրեւ հայոց պետական դրօշի, պաշտօնական վերարժեւորումն ու վերականգնումը՝ յաւէտ ծածանումը նուաճելու սերունդներու Ուխտին իրականացման մասնակիցը դարձած սերունդի առումով։
Շուրջ եօթանասուն տարի, իրերայաջորդ երեք սերունդ, ազգային¬քաղաքական եւ գաղափարական իր դեգերումներուն, թռիչքներուն եւ հակադրութեանց կիզակէտին ունեցաւ Եռագոյնը։
Յանուն եւ ընդդէմ Եռագոյնի կազմաւորուեցան եւ դրսեւորուեցան հայ քաղաքական մտքի ոգորումները.
¬ Եռագոյնին մէջ իր հոգեմտաւոր թաքուն սրբութիւնը գտաւ եւ աչքի լոյսի պէս պահպանեց հայրենի հողին վրայ, խորհրդային լուծի տակ ապրող Հայը։
¬ Նաեւ՝ ընդդէմ Եռագոյնին շարունակ մոլեգնեցաւ խորհրդային ամբողջատիրութեան, գաղափարական այս կամ այն մղումով, անձնատուր դարձած Հայը։
¬ Յանուն Եռագոյնի՝ Երկաթէ Վարագոյրին այս կողմը եւ աշխարհի մեծ ու փոքր բոլոր փողոցներուն վրայ, Ուխտ Արարատի ներշնչումով՝ միս ու ոսկոր կապեցին, ամէնուր Եռագոյն փնտռեցին եւ Մեր Հայրենիք երգելով Հայ Դատի պայքարի շղթայազերծման ուղին հարթեցին նոր սերունդները սփիւռքահայութեան։
Այդպէ՛ս տարագիր հայ բազմութիւնները բոլորուեցան Դաշնակցութեան շուրջ, որ անվեհեր դրօշակիրը եղաւ Եռագոյնի ծածանումին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ուրացման ու ձաղկման տխրահռչակ փորձերուն դէմ վճռականօրէն կուրծք ցցելով։
Մինչ ընդդէմ Եռագոյնին, սփիւռքեան ափերու վրայ, խորհրդայիններու ամբողջական եւ դաւադիր «օրհնութեամբ», յարդարուեցաւ կեղծ «հայրենասէրներ»ու ճակատը՝ հակադաշնակցական պայքարը իր գոյութեան իմաստ դարձուցած խաժամուժ ճամբարը, որ հայոց Եռագոյնի ուրացման ու վարկաբեկման մէջ փնտռեց իր այսպէս կոչուած «ազգային իրատեսութեան» եւ «քաղաքական ողջմտութեան» դափնեպսակը։
Ողբերգականօրէն, միջազգային ճանաչումի արժանացած Եռագոյնին եւ անոր խորհրդանշած ազգային¬քաղաքական անկորնչելի արժէքներուն ուրացման մաղձով երկար տարիներ մոլեգնեցաւ հակադաշնակցական ճամբարը, որուն մերկացումն ու խարազանումը ամէնէն բուռն կերպով կատարեց անկրկնելի Նժդեհը՝ 1930ականներուն գրելով.
«Ժխտելով Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարականը խորհրդանշող Եռագոյնը, հակադաշնակցականը մատնում է ցեղօրէն կենտրոնախոյս իր հոգեբանութիւնը: Վտարուած հայ ցեղայնութիւնից` նա սարսափում է Եռագոյնի միացուցիչ իդէալից ¬ անկախ եւ ամբողջական հայութեան հեռանկարից: Պատմականօրէն այս տիպը միշտ էլ եղել է պառակտիչ, հատուածական ու այդպիսին է եւ այսօր»:
Անցած¬գացած են այդ ժամանակները։ Անցեալի աղբանոցին մէջ նետուած է գաղափարական դիակը խորհրդային դարաշրջանին։
Կանգուն մնացած՝ վերարժեւորուած է Եռագոյնը եւ իբրեւ Հայոց ազգային ու պետական Դրօշը անխռով կը ծածանի։
Եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին ու երկնակամարին, այլեւ՝ միջազգային ընտանիքի պաշտօնական ատեաններու եւ դիւանագիտական կառոյցներու ճակտին։
Հայոց եռագոյնը նաեւ վերածուած է հայ ժողովուրդի մերօրեայ ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող դրօշի։
Մէկդի նետուած են անմիջական թէ հեռաւոր անցեալի ամէն կարգի նախապաշարումները, ուրացումներն ու հակադրութիւնները։
Իր ամբողջական մաքրութեամբ եւ պարզութեամբ՝ Եռագոյնը ընդգրկուած է հայ ժողովուրդին կողմէ՝ իր երեք գոյներուն վեհ խորհուրդով ու փառքով։
Եռագոյնի բիւրեղեայ այդ խորհուրդը չեն կրնար արատաւորել, նաեւ, մեր օրերուն հայրենի որոշ երգիչներու եւ իշխանաւորներու կողմէ Եռագոյնին «նարնջագոյն»ը այսպէս կոչուած «ծիրանագոյն»ով փոխարինելու անհեթեթ փորձերը։
Հայրենի մտաւորականութիւնը այսօր ինք կը պայքարի նման խեղաթիւրումներու դէմ, որքան ալ բարեմտութեամբ կատարուին անոնք։
Ահա՛ Եռագոյնի աւանդին տէր կանգնող մերօրեայ հայրենական ձայներէն նմոյշ մը.
«Անկախ Հայաստանի դրօշին՝ Եռագոյնի գոյներուն լաւագոյն մեկնաբանութիւնը տուած է Անդրանիկ Ծառուկեանը.
Արիւնից ծորած երիզ մի կարմիր,
Երկնքից պոկուած կտոր մի կապոյտ,
Հասուն հասկերի շողք նարնջագոյն,
Եւ վեց դարերի խաւարի վրայ՝ Դրօշ Եռագոյն:
«Նարնջագոյն, այլ ո՜չ ծիրանագոյն, որ վերջերս որոշ քարոզչական ճիգով նետուած է հրապարակ՝ իբրեւ փոխարինող: Որքան էլ ծիրանը հայկական է ու գոյնը իւրայատուկ, մեր ներաշխարհին մէջ ամուր խարսխուած է նարնջագոյնը՝ իբրեւ Եռագոյնի երրորդ երիզը: Մոռնանք այս ամուլ վէճը ու կեդրոնանանք Եռագոյնին վրայ՝ իբրեւ մեր ազգային դրօշը, որուն հանդէպ սրբազան ակնածանք, սէր ու նուիրուածութիւն ցուցաբերած են տարագիր սերունդներ, եւ որ արդարօրէն վերագրաւեց իր տեղը, իր դիրքը վերանկախացած Հայաստանի մէջ՝ իբրեւ պետական խորհրդանիշ»:
Ինչպէս որ 1918ին Հայաստանի անկախութեան կերտիչները որոշեցին, բազմադարեան գերութենէ եւ պետականազուրկ կեանքէ դուրս եկած եւ ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իր արժանաւորութիւնը նուաճած հայ ժողովուրդը ամբողջ կենսափորձ մը խտացուց ազգային¬պետական մեր դրօշի երեք գոյներուն մէջ.
¬ Կարմիրը միշտ պիտի վկայէ արեան այն գերագոյն զոհաբերումին մասին, որուն հարկադրուեցաւ տուրք տալու Հայը՝ աջէն թէ ձախէն ասպատակող  բռնագրաւողներու հարուածներուն տակ, բայց եւ որուն միշտ պատրաստ գտնուեցաւ՝ ի խնդիր ինքնապաշտպանութեան եւ Իրաւունքի ու Արդարութեան նուաճումին։
¬ Կապոյտը միշտ պիտի յուշէ պայծառ երկինքն ու անեզր հորիզոնը Հայոց աշխարհին, Հայու հոգեմտաւոր պայծառութեան ու խորախորհուրդ արարումներուն, որոնք ազգային մեր ինքնապահպանման եւ ինքնահաստատման անպարտելի զէնքերը եղան, պարտութեան մէջ անգամ բարոյական յաղթանակ ապահովելով, մահացու հարուածներու զգետնումէն անգամ վերստին ոտքի կանգնելու եւ արարելու ուժականութիւն ներշնչելով։
¬ Նարնջագոյնը յաւիտեան պիտի խորհրդանշէ փառաւորումը հայրենի մեր հողին եւ բերքատու դաշտերուն, որոնց Հայը միախառնեց իր ճակտի քրտինքը՝ արդար վաստակն ու համայնական եւ հասարակական համերաշխութիւնը գերագոյն արժէք դաւանելով, այդ ներշնչումով հողը հերկելու ժամանակ մինչեւ իսկ... եղբայրանալով իր եզին հետ։
Ահա ա՛յս գիտակցութեամբ, 11 Մարտ 1923ին, Հայոց եռագոյնը Փարիզի Էնվալիտի Զինուորական Թանգարանին մէջ բարձրացնողները, ամէն բանէ վեր, յարգանքի իրենց տուրքը կը մատուցանէին ամբողջ մարդկութեան մեծ ընտանիքը հարստացուցած՝ Խորենացիի բնութագրումով Հայոց փոքր, բայց խորհուրդով եւ փառքով մեծ Ածուին։

Ն.