­Մարտ 5ը ծննդեան տա­րե­դարձն է հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող ­Թէո­դի­կի (­Թէո­տո­րոս Գ­րի­գո­րի ­Լէպ­ճին­ճեան), որ ապ­րե­ցաւ եւ գոր­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­ մու­թեան ա­մէ­նէն բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ ­Մեծ Ե­ղեռ­նը կան­խած եւ յա­ջոր­դած տա­րի­նե­րուն։

­Բա­ռին ե՛ւ ուղ­ղա­կի, ե՛ւ ո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տով՝ ­Թէո­դիկ կը հան­դի­սա­նայ ար­ժա­նա­հա­ւատ վկան հայ ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տա­կու­թեան, յա­րու­թեան եւ վե­րապ­րու­մին։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­ւո­րու­թիւնն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը մեր սե­րունդ­նե­րը ճանչ­ցան եւ խո­րա­չա­փե­ցին – ­նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ - ­Թէո­դի­կի մտքի լոյ­սով ու սրտի յոյ­զով։ 1919ին լոյս տե­սած իր «­Յու­շար­ձան Ապ­րիլ ­Տաս­նը­մէ­կին (24ին)» հան­րա­գի­տա­կան գոր­ծով, ­Թէո­դիկ ա­նուն առ ա­նուն՝ հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կան­նե­րով ու ար­ժե­ւոր­ման վկա­յու­թիւն­նե­րով, պատ­րաս­տեց ու հա­յոց վե­րապ­րող սե­րունդ­նե­րուն եւ հա­նուր մարդ­կու­թեան յանձ­նեց վա­ւե­րագ­րու­թիւ­նը նա­հա­տակ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ճի­տո­ւած մտա­ւո­րա­կան սե­րուց­քին։

­Հայ­կա­կան ա­ռա­ջին հան­րա­գի­տա­րա­նի կեն­դա­նի՝ շնչող ու կեն­սու­նակ նա­խա­տի­պը ի­րա­գոր­ծեց ­Թէո­դիկ, որ 1907էն սկսեալ մին­չեւ 1928 իր հրա­տա­րա­կած «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը» ա­նուն տա­րե­գիր­քե­րու հա­րուստ շար­քով՝ ոչ միայն հի­մը դրաւ հայ կեան­քի եւ հո­գեմ­տա­ւոր եր­կուն­քի տա­րեգ­րու­թիւնն ու ա­մե­նա­մեայ ար­գա­սի­քը խտաց­նող գրա­կան¬հրա­պա­րա­կագ­րա­կան բնա­գա­ւա­ռին, այ­լեւ՝ հան­դի­սա­ցաւ հա­յոց «ա­մէ­նուն» մտքի եւ հո­գիի ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան լծո­ւած մե­ծար­ժէք ռահ­վի­րան։

­Պա­տա­հա­կան չէ, որ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին ա­մէ­նուր, վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Ս­փիւռ­քի մեր­ձա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր գօ­տի­նե­րը, ­Թէո­դի­կի նո­րո­վի յայտ­նա­գործ­ման եւ վե­րար­ժե­ւոր­ման ընդ­հա­նուր շար­ժում մը թափ ա­ռած է. կը վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւի «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը» շար­քը, թուրք այ­լա­խո­հը հա­յե­րէն բնագ­րով եւ ա­նոր կցո­ւած թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ լոյս կ­þըն­ծա­յէ ­Թէո­դի­կի «­Յու­շար­ձան Ապ­րիլ ­Տաս­նը­մէ­կին (24ին)» գոր­ծը, իսկ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը լու­սար­ձա­կի տակ կը բե­րէ խո­րի­մաց բա­նա­սէ­րի եւ բա­նա­հա­ւա­քի ­Թէո­դի­կեան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։

­Հայ մտքի եւ մշա­կոյ­թի, գրա­կա­նու­թեան եւ մա­մու­լի եր­բեմ­նի ճա­ռա­գայ­թող կեդ­րո­նի՝ ­Հայ­կա­կան ­Պոլ­սոյ հա­րա­զատ ու ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն է ­Թէո­դիկ։ Ծ­նած է Ս­կիւ­տար, 5 ­Մարտ 1873ին։ ­Յա­ճա­խած է Ս­կիւ­տա­րի ­Ճե­մա­րա­նը, ա­պա՝ ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նը եւ ա­ւար­տած է ­Պոլ­սոյ ա­մե­րի­կեան «­Ռո­պերթ» գո­լէ­ճը։ ­Վաղ հա­սա­կէն սկսած է կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցիլ իր ժա­մա­նա­կի պոլ­սա­հայ թեր­թե­րուն («­Ծա­ղիկ», «­Հան­րա­գի­տակ», «­Ման­զու­մէի Էֆ­քիար», «­Սուր­հան­դակ» ե­ւայլն), գոր­ծա­ծե­լով տար­բեր գրչա­նուն­ներ՝ ­Մո­դո­թէ, Մ­տոս­տիկ, ­Թէո­դիակ եւ Թ.Ա.։

Սկզբ­նա­կան շրջա­նի իր հրա­պա­րա­կում­նե­րը ու­նե­ցած են ու­ղեգ­րա­կան տոմ­սե­րու, նո­րա­վէ­պե­րու եւ դի­մաս­տո­ւեր­նե­րու ներ­կա­յաց­ման բնոյթ։ Ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սած ա­ռա­ջին գոր­ծե­րէն ե­ղած է «­Ճան­չո­ւոր դէմ­քեր» խո­րագ­րով դի­մաս­տո­ւեր­նե­րու շար­քը։ Իր նո­րա­վէ­պե­րը («­Շան խիղ­ճը», «Շր­թունք շրթուն­քի» ե­ւայլն) 1912ին ամ­փո­փո­ւե­ցան եւ հրա­տա­րա­կո­ւե­ցան «­Կա­ղանդ» ա­նու­նով։

1905ին, «­Պոլ­սոյ ­Հա­յե­վա­րը» խո­րագ­րով բա­նա­սի­րա­կան իր ան­տիպ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ ա­տե­նի հե­ղի­նա­կա­ւոր «Իզ­մի­րեան» գրա­կան մրցա­նա­կին։ ­Հայ գրե­րու ստեղծ­ման եւ տպագ­րու­թեան պատ­մու­թեան է նո­ւի­րո­ւած 1912ին լոյս տե­սած ­Թէո­դի­կի «­Տիպ ու տառ» մե­ծար­ժէք ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը։

­Բայց ­Թէո­դի­կի կո­թո­ղա­կան նո­ւա­ճու­մը ե­ղաւ 1907ին իր ձեռ­նար­կած «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը», որ ու­նե­ցաւ հրա­տա­րա­կու­թեան եր­կու շրջան. ա­ռա­ջի­նը տե­ւեց մին­չեւ 1914, երբ տա­րե­գիր­քի այդ տա­րո­ւան հա­մա­րի հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ետք ­Թէո­դիկ իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ. հրա­տա­րա­կու­թեան երկ­րորդ շրջա­նը վերսկ­սաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին հետ եւ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1928ի իր մա­հը՝ նախ ­Պոլ­սոյ մէջ (մին­չեւ 1923ին իր վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը ­Թուր­քիա­յէն), ա­պա՝ ­Փա­րիզ, ուր հաս­տատո­ւե­ցաւ եւ գոր­ծեց հայ մտքի ու գրա­կա­նու­թեան այս ե­րախ­տա­ւո­րը։

Ա­ռան­ձին ու­շադ­րու­թեան եւ յու­շա­տետ­րի ար­ժա­նի է ­Թէո­դի­կի մա­զա­պուրծ փրկու­թիւ­նը թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն։ Մ. Ա­ղա­նա­լեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ դէ­պի ­Տէր ­Զօր աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ, ­Թէո­դիկ ա­զա­տագ­րո­ւած է հայ մար­տիկ­նե­րու խում­բի մը կող­մէ։ Օ­տար անձ­նա­թուղ­թով ընդ­յա­տակեայ կեանք ապ­րած է մին­չեւ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը՝ իբ­րեւ բա­նո­ւոր աշ­խա­տե­լով ­Տաւ­րո­սեան թու­նե­լա­խոր­շի ռազ­մա­կան շի­նա­րա­րու­թեան մէջ։

­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք թափ ա­ռած պոլ­սա­հայ զար­թօն­քի վեր­ջին ճա­ռա­գայ­թու­մին դրօ­շա­կի­րը ե­ղաւ ­Թէո­դիկ։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կումն ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան կեր­տու­մը ոչ միայն խան­դա­վա­ռու­թեան անս­պառ աղ­բիւր մը դար­ձան ­Թէո­դի­կի եւ իր սե­րուն­դի վե­րապ­րող մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան նո­րո­վի եր­կուն­քին հա­մար, այ­լեւ՝ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու գոր­ծու­նէու­թեան մղե­ցին ­Թէո­դի­կին։ ­Յա­ջոր­դա­բար գրեց եւ հրա­տա­րա­կեց «­Յու­շար­ձան»ը, «­Զու­լու­մը եւ մեր որ­բե­րը» (1920ին) եւ «­Գող­գո­թա»ն, որ լոյս տե­սաւ յետ-մա­հու 1966ին։ Աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւող պոլ­սա­հայ մա­մու­լին՝ «­Ժա­մա­նակ», «­Ժո­ղո­վուրդ» եւ «­Վեր­ջին ­Լուր» թեր­թե­րուն։

1923ին ­Փա­րիզ հաս­տա­տո­ւե­լէ ետք ալ ­Թէո­դիկ նոյն թա­փով շա­րու­նա­կեց իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, պահ­պա­նեց «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյ­ցը» եւ վե­րապ­րող վկան ու անլ­ռե­լի ձայ­նը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րին։

­Թէո­դի­կի մե­ծու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ նախ իր ժա­մա­նա­կի հայ կեան­քին մեծ ու փոքր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու խնդիր­նե­րը ման­րա­մասն հե­տա­զօ­տե­լու, տե­ղե­կագ­րե­լու եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն իբ­րեւ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւն ու ժա­ռան­գու­թիւն կտա­կե­լու մտա­ւո­րա­կա­նի ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան մէջ։

­Թէո­դի­կի մե­ծու­թիւ­նը ա­պա - եւ յատ­կա­պէս - կը կա­յա­նայ հայ մտքի եւ մշա­կոյ­թի, հայ գրա­կա­նու­թեան ու ա­րո­ւեստ­նե­րու ժա­մա­նա­կա­կից տա­ղանդ­նե­րը, ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նէն մին­չեւ ­Կո­մի­տաս վար­դա­պետ եւ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան, իր տա­րե­գիր­քին շուրջ հա­ւա­քե­լու, ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը խրա­խու­սե­լու ար­ժա­նի­քին մէջ։

­Թէո­դի­կի ծննդեան 140ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած այս հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձը կ­þար­ժէ եզ­րափ­կել «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»ի հան­րա­գի­տակ խմբա­գի­րին գա­ղա­փար­նե­րու ան­դաս­տա­նէն քա­ղո­ւած հե­տա­գայ ծաղ­կե­փուն­ջով.-

- ­Հայ նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պետ­նե­րու ե­րեք հա­րիւ­րա­մեայ գեր­դաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րից մէ­կը՝ ­Յա­կոբ ­Պա­լեա­նը (1838 -1874) սո­վո­րու­թիւն ու­նէր շա­բա­թա­կան ա­ւելց­նե­լու ռո­ճիկն իր այն գոր­ծա­ւո­րին, որն իր հետ խօ­սած ա­տեն յա­ջո­ղէր օ­տար բա­ռեր չգոր­ծա­ծել։ («Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց», 1921 թո­ւա­կան, էջ 262)։

- ­Գա­ղա­փար­նե­րը ո­լո­րո­ւած մա­գա­ղաթ­ներ են. խօ­սակ­ցու­թիւնն է, որ կը բա­նայ զա­նոնք:

- ­Գա­ղա­փար­ներ ստա­նա­լը կը նմա­նի ծա­ղիկ­ներ քա­ղե­լուն, իսկ խոր­հի­լը՝ ծաղ­կե­փունջ կազ­մե­լուն:

- Ուր որ տես­նէք կար­գա­պա­հու­թիւն՝ ա­ռանց վիշ­տի, խա­ղա­ղու­թիւն՝ ա­ռանց գե­րու­թեան եւ լիու­թիւն՝ ա­ռանց շռայ­լու­թեան, գիտ­ցէք, որ հոն եր­ջա­նիկ էակ մըն է, որ կը կա­ռա­վա­րէ:

- ­Պե­տու­թիւն մը որ­քան ա­պա­կա­նո­ւի՝ այն­քան օ­րէնք­նե­րը կը շատ­նան:

- ­Զի­նո­ւոր­նե­րու դիակ­նե­րը գե­րա­գոյն պա­տուանշան­ներ են, զորս մայ­րեր, քոյ­րեր, այ­րի­ներ և­ որ­բեր ար­ցուն­քով կը կա­խեն ի­րենց ­Հայ­րե­նի­քին կուրծ­քէն՝ Ա­նոր մշտնջե­նա­ւոր փառ­քին հա­մար:

- ­Վախ­կո­տը վտան­գէն ա­ռաջ կը վախ­նայ, վատ մար­դը՝ վտան­գի ժա­մա­նակ, իսկ քա­ջը՝ վտան­գէն յե­տոյ:

- Դ­րա­մին ի՛նչ ըլ­լա­լը ե­թէ գիտ­նալ կ’ու­զես՝ աշ­խա­տէ փոխ առ­նել:

- ­Շա­հը բա­րե­կա­մու­թեան գե­րեզ­մանն է:

- ­Վա­յել­քը եր­ջան­կու­թեան թշո­ւա­ռու­թիւնն է, իսկ յոյ­սը՝ թշո­ւա­ռու­թեան եր­ջան­կու­թիւ­նը:

- ­Հա­ճոյ­քը յի­մար­նե­րու եր­ջան­կու­թիւնն է, իսկ եր­ջան­կու­թիւ­նը՝ ի­մաս­տուն­նե­րու հա­ճոյ­քը:

- Կ’ու­զե՞ս յաղ­թել մո­լուցք­նե­րուդ. մի՛ կռո­ւիր ա­նոնց հետ, փախ­չի՛ր:

- ­Վիշ­տե­րը կտակ­նե­րու նման են՝ ա­մե­նա­վեր­ջի­նը կ­þոչն­չաց­նէ նա­խորդ­նե­րը:

- Ան­թե­րի գե­ղեց­կու­թիւ­նը զտո­ւած ջուր մըն է, որ… համ չու­նի:

- Մր­ջիւ­նի բնա­կա­րա­նին մէջ ջրհե­ղեղ է ցո­ղը:

- ­Ժա­մա­ցույ­ցը կեան­քի խար­տոցն է:

- ­Հա­յը ձի հեծ­նայ՝ Աս­տո­ւած կը մոռ­նայ, ձիէն իջ­նայ՝ ձին կը մոռ­նայ:

Ն.­