Մարտ 3ի այս օ­րը 23 տա­րե­կան կը դառ­նայ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը։

Իր ան­կա­խու­թիւնն ու ա­զա­տու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, 3 ­Մարտ 1992ին, նա­խա­

գա­հա­կան յա­տուկ հրա­մա­նագ­րով՝ կեան­քի կո­չեց «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հա­յա­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը։

 

­Հա­մազ­գա­յին խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ստեղ­ծու­մը «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մին, ո­րով­հե­տեւ ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը նո­րա­ծին մա­նու­կի ան­հաս­տատ իր ա­ռա­ջին քայ­լը կը նե­տէր միա­ցեալ ­Հա­յու­թեան եւ ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ուղ­ղու­թեամբ։

Առ­նո­ւազն ար­տերկ­րի հա­յու­թիւ­նը այ­դօ­րի­նակ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ող­ջու­նեց ­Հիմ­նադ­րա­մին ստեղ­ծու­մը։

­Տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ո­րո­շա­պէս սփիւռ­քեան ա­փե­րու վրայ կազ­մա­ւո­րո­ւած հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, միշտ ալ յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն եւ քա­շո­ղա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցած է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱ­Նի ձգտու­մը։

Այդ­պէ՛ս ե­ղած է յետ-ե­ղեռ­նեան Ս­փիւռ­քի ա­ռա­ջաց­ման, ազ­գա­յին ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան զար­թօն­քի բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն։

Ա­ւե­լի քան եօ­թը տաս­նա­մեակ­նե­րու եր­կայն­քին, թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րէն փրկո­ւած տա­րա­գիր հա­յու­թիւ­նը, գաղ­թա­կա­նի իր ան­ձուկ պայ­ման­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար յաղ­թա­հա­րե­լու ծան­րա­գոյն օ­րե­րէն իսկ, անց­նե­լով ազ­գա­յին ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման ու­ղիին վրայ ինք­նավս­տահ քայ­լեր նե­տե­լու հանգ­րո­ւա­նէն, ա­մէն ան­գամ որ ոս­տում կ’ար­ձա­նագ­րէր ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ կա­ռոյց­նե­րու ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ, միշտ ալ ա­ռաջ­նոր­դող տես­լա­կան ու մղիչ ուժ կ­þու­նե­նար ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ հա­մախմբ­ման ու միա­ւոր­ման հաս­նե­լու ե­րա­զը։

Այս ա­ռու­մով տար­բեր ու ա­ռանձ­նա­յա­տուկ հո­լո­վոյթ ապ­րե­ցաւ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ հա­մախմ­բո­ւած հա­յու­թիւ­նը։

­Խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան եր­կա­թեայ վա­րա­գոյ­րին հե­տե­ւան­քով աշ­խար­հէն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­րա­գիր բազ­մու­թիւն­նե­րէն կտրո­ւած՝ հայ­րե­նի հա­յու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս ան­ցեալ դա­րու քսա­նա­կան­նե­րուն եւ ե­րես­նա­կան­նե­րուն, նոյ­նիսկ հա­լա­ծո­ւե­ցաւ ու մա­հով եւ աք­սո­րով պատ­ժո­ւե­ցաւ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ իր ապ­րում­նե­րուն, ձգտում­նե­րուն եւ համ­պա­տաս­խան ինք­նադր­սե­ւոր­ման նո­ւա­զա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

­Մին­չեւ ան­գամ Խ­րուշ­չո­վեան ­Ձիւն­հա­լէն եւ ­Պաղ ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք, Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թեան հետ Մ­շա­կու­թա­յին ­Կա­պի ­Կո­մի­տէ կեան­քի կո­չե­լով ու ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան թափ տա­լով հան­դերձ, խորհր­դա­հայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րե­ցին քա­ղա­քա­կան հա­շիւ­նե­րով՝ խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մով։

­Խորհր­դա­հայ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ՝ հա­յօ­ճախ­նե­րու վրայ հա­կակ­շիռ հաս­տա­տե­լու ճամ­բով՝ ծա­ռա­յել ար­տա­սահ­մա­նի տա­րած­քին խորհր­դա­յին ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը ըն­դար­ձա­կե­լու հա­շիւ­նե­րուն եւ նկրտում­նե­րուն։

Եւ զար­մա­նա­լի չէր, որ խորհր­դա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան մա­կա­նին տակ դէ­պի Ս­փիւռք թե­ւա­ծող հայ­րե­նի «ծի­ծեռ­նակ­նե­րը» ա­մէ­նուր ան­հաշտ եւ մաղ­ձոտ պայ­քար հրահ­րե­ցին ­Հա­յոց Ե­ռա­գոյ­նով խորհրդան­շո­ւած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ան­փո­խա­րի­նե­լի եւ ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն դէմ՝ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի միա­ւո­րող հան­գա­նա­կը ազ­գա­յին երկ­պա­ռա­կու­թեան գլխա­ւոր «չա­րիք» հռչա­կե­լով...

Այ­դու­հան­դերձ՝ կաշ­կան­դիչ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ան­գամ, հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը իր կար­գին եւ իր ձե­ւով պահ­պա­նեց ու գուր­գու­րաց ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱ­Նին վրայ։

­Մին­չեւ որ ե­կան Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շղթա­յա­զերծ­ման, Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման դա­րա­դար­ձիկ ժա­մա­նակ­նե­րը։

­Մին­չեւ որ նաեւ, իր քա­ղա­քա­կան նո­րա­յայտ ու­ժե­րով եւ պե­տա­կան նո­րա­հաս­տատ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րով՝ ­Հա­յաս­տան պաշ­տօ­նա­պէս ա­ռա­ջին քայ­լը նե­տեց ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ քար­տէ­սի վրայ իր ար­ժա­նի տե­ղը հաս­տա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

3 ­Մարտ 1992ին հիմ­նո­ւած «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը ե­ղաւ ա­ռա­ջին այդ քայ­լը, ո­րով­հե­տեւ Ար­ցա­խեան ­Զար­թօն­քին ա­ռա­ջին իսկ պա­հե­րէն, Ս­փիւռ­քը իր ազ­գա­յին գե­րա­գոյն պարտ­քը հա­մա­րեց ­Հայ­րե­նի­քին ամ­բող­ջա­պէս եւ միաս­նա­կա­նօ­րէն զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Երկ­րա­շար­ժի Ա­ղէ­տը ե­կաւ ա­ւե­լիով շե­շե­տե­լու, որ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը գլխա­ւոր յոյսն ու ա­պա­ւէնն էր հայ ժո­ղո­վուր­դին ու հա­յոց հայ­րե­նի­քին։

­Փաս­տօ­րէն Երկ­րա­շար­ժէն ան­մի­ջա­պէս ետք Ս­փիւռ­քի հա­յօ­ճախ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցան յաղ­թա­հա­րե­լու ­Հա­յաս­տան մուտ­քի օ­րի­նա­կան բո­լոր սեղ­մում­նե­րը։ Ս­կիզբ ա­ռաւ «­Դէ­պի Եր­կիր» հա­մազ­գա­յին շար­ժում մը, ո­րուն նա­խա­ձեռ­նո­ղը թէեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ե­ղաւ, բայց որ ար­ժա­նա­ցաւ սփիւռ­քեան ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան անխ­տիր բո­լոր ու­ժե­րու հա­ւա­նու­թեան ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան՝ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու հա­մար ա­ղէ­տա­հար ­Հայ­րե­նի­քին։

­Հայ­րե­նի­քի օգ­նու­թեան հա­մազ­գա­յին այդ շար­ժու­մը յան­գե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի Տն­տե­սա­կան ­Վե­րա­կանգնու­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեան՝ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր էջ մը բա­նա­լով։ ­Դար­ձեալ Հ.Յ.Դ.ի գլխա­ւո­րու­թեամբ, տար­բեր հա­յօ­ճախ­նե­րու մէջ տե­ղա­կան թէ մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գի­տա­կան մեծ վարկ վա­յե­լող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, կու­սակ­ցա­կան տար­բեր պատ­կա­նե­լիու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լով հան­դերձ, ի մի բերուե­ցան եւ իբ­րեւ աշ­խա­տա­կազմ դրո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեանց - նոյ­նիսկ տա­կա­ւին խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ - տրա­մադ­րու­թեան տակ, որ­պէս­զի փլու­զուող կայս­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ ձեռ­նա­մուխ ըլ­լան ա­ղէ­տա­հար մեր երկ­րին տնտե­սա­կան հա­մընդ­հա­նուր վե­րա­կանգ­նու­մին։

Այս բո­լոր զար­գա­ցում­նե­րուն պսա­կու­մը ե­ղաւ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մին ստեղ­ծու­մը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն եւ խա­ւե­րուն միա­հա­մուռ պա­հան­ջը նո­ւի­րա­գոր­ծե­լով։

­Բայց նաեւ դիւ­րին չե­ղաւ ի­րա­գոր­ծու­մը հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին այս ազ­գա­յին-պե­տա­կան կա­ռոյ­ցին։ ­Յատ­կա­պէս սկզբնա­կան իր փու­լին, ­Հիմ­նադ­րա­մը ծանր ու ան­հար­կի գին վճա­րեց ­Հա­յաս­տա­նի անդ­րա­նիկ նա­խա­գա­հին եւ Հ.Հ.Շ.ա­կան վա­չա­խում­բի հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան հիս­տե­րիա­յին։ ­Հա­զիւ իր ­Հո­գա­բար­ձու­նե­րու ­Խոր­հուր­դը կազ­մած՝ ­Հիմ­նադ­րա­մը յայտ­նո­ւե­ցաւ դժո­ւար կա­ցու­թեան մէջ ­Յու­նիս 1992ին, երբ Հ.Հ. նա­խա­գա­հը սե­փա­կան հայ­րե­նի­քէն վտար­ման հրա­մա­նա­գիր ար­ձա­կեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ա­տե­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին՝ Հ­րայր ­Մա­րու­խեա­նի դէմ։

­Հիմ­նադ­րա­մի ստեղծ­ման նո­ւի­րո­ւած է­ջը ան­շուշտ տե­ղը չէ խո­րա­նա­լու այն պատ­ճառ­նե­րուն եւ հան­գա­մանք­նե­րուն մէջ, ո­րոնք Հ.Հ.Շ.ա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան պայ­քա­րը հաս­ցու­ցին մին­չեւ ընդ­հան­րա­պէս Ս­փիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը իբ­րեւ «­Նա­րինջ ու­տող­ներ» խծբծե­լու, այ­լեւ գործ­նա­պէս Ս­փիւռ­քին հետ իբ­րեւ «կթան կով» վա­րո­ւե­լու պա­ռակ­տիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

­Բայց ­Հիմ­նադ­րա­մի ծննդո­ցին այդ ցա­ւա­գին գա­լա­րում­նե­րը հարկ է յի­շել, հասկ­նա­լու հա­մար թէ ին­չո՞ւ Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­մա­կիր մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ինչ­պէս Հ.Հ. ա­տե­նի իշ­խա­նու­թեանց, նոյն­պէս եւ ­Հիմ­նադ­րա­մի հան­դէպ ընդ­հա­նուր վե­րա­պա­հու­թիւն դրսե­ւո­րո­ւե­ցաւ սկզբնա­կան քա­նի մը տա­րի­նե­րուն։

­Վե­րա­պա­հու­թեան այդ ա­լի­քը ար­գելք չե­ղաւ սա­կայն, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու իր հա­մա­կիր զան­գո­ւած­նե­րը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեն ­Հիմ­նադ­րա­մի կա­յաց­ման եւ ա­նոր ­Հո­գա­բար­ձու­նե­րու ­Խոր­հուր­դի աշ­խու­ժաց­ման, նաեւ՝ հա­մազ­գա­յին նպա­տա­կա­յին նո­ւի­րա­հա­ւաք­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­մին։ ­Յատ­կա­պէս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ սկսաւ Ար­ցա­խի ի նպաստ հա­մազ­գա­յին նո­ւի­րա­հա­ւա­քի ­Թե­լե­թո­նը, որ բնոր­դը դար­ձաւ հե­տա­գայ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Թե­լե­թո­նին։

Ան­շուշտ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մեղ­մա­ցաւ եւ հետզ­հե­տէ փա­րա­տե­ցաւ ան­հե­թեթ հա­կադ­րու­թեան այդ մթնո­լոր­տը եւ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱ­Նին շուրջ հա­մախմ­բումն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը գտան կամր­ջու­մի ա­մուր կռո­ւան­ներ՝ հաս­նե­լու հա­մար այ­սօ­րո­ւան յու­սա­լի պատ­կե­րին։

Ըստ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի կա­նո­նադ­րու­թեան՝ ­Հիմ­նադ­րա­մի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վար մար­մինն է ­Հո­գա­բար­ձու­նե­րու ­Խոր­հուր­դը, ո­րուն կը նա­խա­գա­հէ - ի պաշ­տօ­նէ - ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը: ­Խոր­հուր­դին մաս կը կազ­մեն Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սը, ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Պատ­րիար­քը, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հը, Հ.Հ. եւ Լ.Ղ.Հ. վար­չա­պետ­նե­րը, Հ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի եւ ­Կեդ­րո­նա­կան Դ­րա­մա­տան նա­խա­գահ­նե­րը, նա­խա­րար­ներ, Հ.Յ.Դ.ի, Ռ.Ա.Կ.ի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.ի, բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ­կա­կան ­Հա­մա­գու­մա­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, սփիւռ­քա­հայ ծա­նօթ բա­րե­րար­ներ ու ան­հատ գոր­ծիչ­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն ու Ս­փիւռ­քէն։

­Հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րում աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն եւ մեծ ներդ­րում ու­նին ա­նոր ա­ւե­լի քան 20 տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծեն աշ­խար­հի տա­րած­քին ցրո­ւած գրե­թէ բո­լոր հա­յօ­ճախ­նե­րուն մէջ։

­Տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը սեր­տօ­րէն կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին ի­րենց եր­կիր­նե­րու հայ հա­մայն­քի ե­կե­ղե­ցա­կան, հա­սա­րա­կա­կան ու բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ սփիւռ­քա­հայ ծա­նօթ բա­րե­րար­նե­րու եւ ան­հատ գոր­ծիչ­նե­րու հետ: ­Հիմ­նադ­րա­մի Ե­րե­ւա­նի գոր­ծա­դիր վար­չու­թիւնն ու աշ­խար­հաս­փիւռ տե­ղա­կան մար­մին­նե­րը հա­շո­ւե­տու են ­Հո­գա­բար­ձու­նե­րու ­Խոր­հուր­դին:

­Հիմ­նադ­րա­մի դրա­մա­կան մի­ջոց­նե­րը կը գո­յա­նան տա­րե­կան հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նի, տար­բեր երկ­րի­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող հե­ռա­խօ­սա­մա­րա­թոն­նե­րու, ռա­դիօ-մա­րա­թոն­նե­րու, հե­ծա­նի­ւար­շաւ­նե­րու, ճաշ­կե­րոյթ­նե­րու հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րէն, բա­րե­գոր­ծա­կան հա­մերգ­նե­րու եւ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու հա­սոյթ­նե­րէն, փոս­տա­յին եւ SMS նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ ան­հատ­նե­րու թո­ղած կտակ­նե­րէ եւ նպա­տա­կա­յին յատ­կա­ցում­նե­րէ:

­Հիմ­նադ­րա­մի ա­նու­նին կա­պո­ւե­ցաւ ի­րա­գոր­ծու­մը ի­րե­րա­յա­ջորդ տա­րաբ­նոյթ ծրա­գիր­նե­րու, ո­րոնք կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նեն մեր հայ­րե­նի­քին հա­մար: ­Ճամ­բա­նե­րու, դպրոց­նե­րու, ման­կամ­սուր­նե­րու, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու, ջրագ­ծե­րու եւ կա­զա­տար­նե­րու կա­ռուց­ման զու­գա­հեռ՝ օ­ժան­դա­կու­թիւն-նպաստ կը ստա­նան բազ­մա­թիւ՝ ըն­կե­րա­յին մա­կար­դա­կով խո­ցե­լի ու ան­պաշտ­պան խա­ւեր, ա­նոնց շար­քին՝ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­ներ, ա­նա­պա­հով ըն­տա­նիք­նե­րու ու­սա­նող­ներ:

Աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով, այ­սօր, հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հա­յեր ու­նին տուն, ջուր, կազ, ջե­ռու­ցում, բա­րօր կեան­քի տար­րա­կան պայ­ման­ներ:

­Հիմ­նադ­րա­մի ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնո­ւին նաեւ ա­րո­ւես­տի եւ գի­տու­թեան գոր­ծիչ­ներն ու ե­րի­տա­սարդ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րը:

Ն.