­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն, 27 տա­րի ա­ռաջ, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ սահմռկած աչ­քե­րով հե­տե­ւե­ցան ազ­գա­յին «մաք­րազտ­ման» քստմնե­լի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մը, որ պատ­մու­թեան սեւ ու ան­մո­ռա­նա­լի է­ջե­րէն մէ­կը դար­ձաւ՝ «­Սում­կա­յի­թի փոկ­րո­մը» ա­նու­նով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար մինչ այդ գրե­թէ ան­ծա­նօթ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ծո­վե­զե­րեայ քա­ղաք մը՝ ­Սում­կա­յի­թը «ման­րան­կար» հո­մա­նի­շը դար­ձաւ... ­Տէր-­Զօ­րի։

Այ­սօր ար­դէն ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն փաս­տագ­րո­ւած են ա­հա­ւո­րու­թիւնն ու բար­բա­րո­սու­թիւ­նը Խ. Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թեանց ի­րա­գոր­ծած թրքա­տիպ Ո­ճի­րին՝ ­Սում­կա­յի­թի հայ բնակ­չու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դին։

­Բայց 26-28 ­Փետ­րո­ւար 1988ին ոչ ոք, ո՛չ իսկ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը կրնար հա­ւա­տալ, թէ քսա­նե­րորդ դա­րա­վեր­ջին փաս­տօ­րէն կը կրկնո­ւէր դա­րաս­կիզ­բի մեծ Ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ այս ան­գամ թէեւ ման­րան­կա­րա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, այ­սու­հան­դերձ ցե­ղաս­պա­նա­կան միեւ­նոյն մղում­նե­րով ու ան­պա­տիժ մնա­ցած վայ­րա­գու­թեան սան­ձար­ձակ մո­լուց­քով։

­Մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ձե­ւա­ւո­րող եւ ա­ռաջ­նոր­դող շրջա­նակ­նե­րը օ­րին կմկմա­լով, բայց քա­նի մը տա­րի ետք ար­դէն բարձ­րա­ձայն ի­րենք կը հաս­տա­տէին, թէ ­Սում­կա­յի­թի մէջ ա­զե­րի խու­ժա­նը հա­ւա­քագ­րո­ւած, զի­նո­ւած եւ ղե­կա­վա­րո­ւած էր քա­ղա­քի ատրպէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ, որ­պէս­զի 1988ի փետ­րո­ւա­րեան այս օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պո­ւած յար­ձակ­ման են­թար­կէին քա­ղա­քի հայ բնակ­չու­թիւ­նը։

­Մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի է­ջե­րուն այ­սօր ալ կը յա­մե­նան, թէեւ հա­զո­ւա­դէպ, 27 տա­րի ա­ռաջ հրա­պա­րակուած այն­պի­սի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց՝ իբր թէ նախօ­րէին ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­ւա­լած Ար­ցա­խեան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը պատ­ճառ ե­ղած էր ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թեան բոր­բո­քու­մին… հա­յե­րու եւ ա­զե­րի­նե­րու մի­ջեւ։

Իբր թէ ­Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ ծրագրուած ու կազ­մա­կեր­պո­ւած չէր ­Սում­կա­յի­թի ­Ջար­դը՝ ազ­դա­րա­րե­լու եւ սար­սա­փեց­նե­լու հա­մար ինք­նո­րոշ­ման իր սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւուն­քը պա­հան­ջող ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը։

­Բայց նոյ­նիսկ նման ան­հիմն վե­րագ­րում­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը չեն կրնար ու­րա­նալ փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ կը խոս­տո­վա­նին, որ ­Հա­յաս­տա­նէն փա­խուստ տո­ւած եւ Ատր­պէյ­ճա­նի տար­բեր շրջան­ներն ու, ա­նոնց կար­գին, ­Սում­կա­յիթ թա­փած ա­զե­րի գաղ­թա­կան­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս գոր­ծա­ծո­ւե­ցան ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, որ­պէս­զի ամ­բո­խա­յին գրգռու­թեանց քո­ղով ծած­կո­ւի հայ բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կե­լու եւ, այդ սպառ­նա­լի­քով, ­Սում­կա­յի­թի եւ ամ­բողջ Ատրպէյ­ճա­նի հա­յե­րը երկ­րէն վտա­րե­լու ատր­պէյ­ճանեան մեծ ո­ճի­րը։

Այ­սօր մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րը ի­րե՛նք ա­նուն-ազ­գա­նու­նով կը յի­շա­տա­կեն ­Սում­կա­յի­թի իշ­խա­նա­ւոր այն դէմ­քե­րը, ո­րոնք նախ հրահ­րե­ցին եւ, ա­պա, գա­զա­զած ամ­բո­խին գլու­խը ան­ցած, նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած ցու­ցակ­նե­րու հի­ման վրայ, հա­յե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն եւ խա­նութ­նե­րուն վրայ յար­ձա­կում եւ ե­ռօ­րեայ ա­րեան բաղ­նիք կազ­մա­կեր­պե­ցին...

Ո­րո­շա­պէս կը տրո­ւի գլխա­ւոր դահ­ճա­պետ ­Ճա­հան­կիր ­Մուս­լում­զա­տէ կո­չո­ւած ­Սում­կա­յի­թի ­Կոմ­կու­սի ա­ռա­ջին քար­տու­ղա­րին ա­նու­նը, որ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն ե­ղաւ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած հա­յե­րու ­Սում­կա­յի­թեան ­Փոկ­րո­մին, ո­րուն շու­տով պի­տի հե­տե­ւէին ­Պա­քո­ւի եւ այլ վայ­րե­րու ա­ւե­լի լայ­նա­ծա­ւալ ո­ճիր­նե­րը։

­Սում­կա­յի­թի հա­յոց սպան­դին մէջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան իր բա­ժի­նը ան­կաս­կած ու­նե­ցաւ նաեւ խորհր­դա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Կ­րեմ­լի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շատ ուշ մի­ջամ­տեց՝ ատր­պէյ­ճա­նեան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը սան­ձե­լու հա­մար։ Իսկ երբ մի­ջամ­տեց, քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեան կոր­պա­չո­վեան խա­ղե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժե­ցաւ՝ խու­սա­փե­լով հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած ող­բեր­գու­թեան հա­մար­ժէք կե­ցո­ւածք ճշդե­լէ, անհ­րա­ժեշտ հա­տու եւ զսպիչ հա­րո­ւա­ծը չտա­լով յան­ցա­գործ­նե­րուն։

­Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը օ­րին մին­չեւ իսկ նսե­մացնել փոր­ձեց ­Սում­կա­յի­թի սպան­դին տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի միայն 30 մե­ռեալ ցոյց տայ հայ զո­հե­րու թի­ւը, մինչ­դեռ ա­կա­նա­տես­նե­րու եւ վե­րապ­րող­նե­րու ան­հեր­քե­լի վկա­յու­թիւն­նե­րով ու տո­ւեալ­նե­րով՝ ա­զե­րի ջար­դա­րար­նե­րը ա­ւե­լի քան 200 ան­զէն ու խա­ղաղ բնա­կիչ հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­ցին։

27 տա­րի­ներ ան­ցած են ­Սում­կա­յի­թի սահմռ­կե­ցու­ցիչ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան փետ­րո­ւա­րեան սեւ օ­րե­րէն։ ­Հա­յե­ւատր­պէյ­ճա­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­րեան եւ մա­հո­ւան ամ­բողջ ճամ­բայ մը կտրած են ­Սում­կա­յի­թէն աս­դին։ ­Բուն կռո­ւախն­ձո­րը՝՝ Ար­ցա­խը ի­րո­ղա­պէս ա­զա­տագ­րո­ւած եւ իր ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տած է։ ­Բայց ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րի գնով հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կո­խե­լու քա­ղա­քա­կան մո­լուց­քը տա­կա­ւին կ­’ե­ռայ ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց ե­րակ­նե­րուն մէջ, ինչ ա­նուն ալ կրեն ա­նոնք։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն կը սգայ եւ կ­þո­գե­կո­չէ ­Սում­կա­յի­թի իր նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րոնք անլռե­լի վկա­ներն են հա­յաջն­ջու­մի թրքա­տիպ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան շա­րու­նա­կո­ւող վտան­գին։

­Մեր ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր նաեւ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րով եւ քա­ղա­քա­կան ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս կու գայ աշ­խար­հի բո­լոր ծա­գե­րուն, յատ­կա­պէս մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժի կեդ­րոն­նե­րուն առ­ջեւ՝ ­Սում­կա­յի­թի Ս­պան­դին դա­տա­պար­տու­մը եւ պատ­ժու­մը պա­հան­ջե­լով։

­Մին­չեւ որ ան­մեղ հա­յոց ա­րիւն թա­փող թշնա­մին խո­նար­հի եւ ըն­դու­նի ­Հայ­կա­կան Ի­րա­ւունքն ու Ար­դա­րու­թիւ­նը։

Ն.