­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րը պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւ­նը կը տօ­նէ 23ա­մեա­կը ­Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զեր­ծու­մին, որ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի յաղ­թար­շա­ւին մեծ թափ տո­ւաւ։

­Փետ­րո­ւար 25էն 26 լուս­ցող գի­շե­րը, 1992ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն չորս մղոն դէ­պի հիւ­սիս գտնո­ւող ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ, ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ռազ­մա­ քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թեամբ կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ մը Ար­ցա­խի ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­րիւ­նա­լի, այ­լեւ հե­րո­սա­կան պատ­մու­թեան մէջ։

­Հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը այդ օր ընդ­հա­նուր յար­ձա­կո­ղա­կա­նի ձեռ­նար­կե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան հրե­տա­նիի ահ ու սար­սափ եւ մահ սփռող կեդ­րոն դար­ձած ­Խո­ջա­լո­ւի վրայ։

Թշ­նա­մին ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան մատ­նե­լով ու ­Խո­ջա­լո­ւէն դուրս մղե­լով՝ հայ­կա­կան ու­ժե­րը վտան­գա­զեր­ծե­ցին Ար­ցա­խի ոս­տան­նե­րը։ ­Վեր­ջա­կէտ դրին ­Խո­ջա­լո­ւէն ար­ձա­կո­ւող Կ­րատ ու այլ տի­պի ռում­բե­րու եւ հրթիռ­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ տա­րա­փին։

­Յատ­կա­պէս մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կերտն ու ­Բեր­դա­ձո­րը ա­մէ­նօ­րեայ ռմբա­կոծ­ման թի­րախ դար­ձած էին ­Խո­ջա­լո­ւի կող­մէ։ ­Շու­շիի ա­նա­ռիկ բար­ձունք­նե­րէն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րու ծա­ւա­լած ռմբա­կո­ծում­նե­րուն պատ­ճա­ռած քան­դումն ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու կու գար ­Խո­ջա­լուն։

Աս­կե­րա­նի շրջա­նին մէջ ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիրք գրա­ւող ­Խո­ջա­լուն նաեւ ի­րար­մէ կտրած էր ­Մար­տա­կերտն ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տը՝ ան­շար­ժու­թեան մատ­նե­լով պա­շա­րո­ւած ­Մար­տա­կեր­տին մարդ­կա­յին թէ զի­նա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նող հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րը։

­Թէեւ Ար­ցախ ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին ար­դէն հռչա­կած էր իր ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ձեռ­նար­կած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գու­մի ստեղ­ծու­մին, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Շու­շին, ­Խո­ջա­լուն եւ Աղ­դա­մը, մնա­ցած ըլ­լա­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րու ձեռ­քը, կը շա­րու­նա­կէին հան­դի­սա­նալ հայ­կա­կան ար­ծո­ւե­բոյն լեռ­նա­յին Ար­ցա­խը պա­տու­հա­սե­լու եւ, մահ ու ա­ւեր սփռե­լով, ծուն­կի բե­րե­լու ու­ղին ընտ­րած ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնու­թեանց վտան­գա­ւոր յե­նա­կէ­տե­րը։

­Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զերծ­ման գոր­ծո­ղու­թիւ­նը մե­ծա­թիւ զո­հեր խլեց ոչ միայն ա­զե­րի զի­նեալ­նե­րուն, այ­լեւ հոն ապ­րող մես­խեթ­ցի թուրք ան­զէն բնակ­չու­թեան շար­քե­րէն։ ­Միայն զի­նեալ ընդ­հա­րում­նե­րու հե­տե­ւան­քով չին­կան մես­խեթ­ցի­նե­րը։ ­Հայ­կա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ ­Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զերծ­ման հե­տե­ւե­ցաւ իր տե­սա­կին մէջ «թրքա­վա­րի» սադ­րանք մը, որ նոյ­նինքն ատր­պէյ­ճա­նեան բա­նա­կա­յին ու­ժե­րու կող­մէ գոր­ծո­ւած սպանդն էր ­Խո­ջա­լուն պար­պող ան­զէն մես­խեթ­ցի­նե­րուն…

­Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զեր­ծու­մը եւ բնակ­չու­թե­նէ պար­պու­մը վերջ գտան ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թեամբ, երբ հայ­կա­կան ջո­կատ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ առ­ճա­կատ­ման գի­ծը կտրած եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի ա­ռա­ջա­ւոր դիր­քե­րը հա­սած մես­խեթ­ցի բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քին կող­մէ։

­Խո­ջա­լո­ւի այդ ող­բեր­գու­թեան ծալ­քե­րը բարդ են եւ եր­կար ժա­մա­նա­կի պէտք ե­ղաւ, որ­պէս­զի տա­կաւ առ տա­կաւ բա­ցա­յայ­տո­ւին օ­րո­ւան Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն՝ յատ­կա­պէս ­Հայ­տար Ա­լիե­ւի սադ­րած դա­ւադ­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

­Բայց օ­րին, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան սադ­րան­քին ծալ­քե­րը դեռ բա­ցա­յայ­տո­ւած չէին, ­Պա­քու եւ Ան­գա­րա ան­մի­ջա­պէս, ձայն-ձայ­նի տո­ւած, հա­ւար փրցու­ցին հայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն դէմ՝ զա­նոնք ամ­բաս­տա­նե­լով իբր թէ ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» գոր­ծած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով։

Օ­րին մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը հա­լած իւ­ղի պէս կուլ տո­ւաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի եւ ա­նոր թափ տո­ւող թրքա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­կա­հայ քա­րո­զար­շա­ւին տա­րա­ծած այդ ան­հիմն վե­րագ­րում­ներն ու մե­ղադ­րանք­նե­րը։

­Մին­չեւ այ­սօր, մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծա­ռա­յող զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան մի­ջորց­նե­րը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հա­մա­ցան­ցի թրքա­մէտ կայ­քե­րը, սուտ ու կեղծ հա­զա­րու­մէկ «փաստ»եր հնա­րե­լով՝ կը շա­րու­նա­կեն ջուր հո­սեց­նել ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թրքա­կան կայ­քէ­ջե­րու կող­մէ հրամ­ցո­ւող «­Խո­ջա­լո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան»... խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու ջա­ղաց­քին։

Ի­րենց խիղ­ճը վար­ձու հա­նած թղթա­կից­ներ ու պատ­մա­բան­ներ միշտ ալ գտնո­ւած են եւ, այս պա­րա­գա­յին ալ, բա­ցա­ռու­թիւն չեն կազ­մեր բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք այս­պէս կո­չո­ւած «­Խո­ջա­լո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան» սուտ վկա­նե­րը կ­þու­զեն դառ­նալ՝ ձայ­նակ­ցե­լով ատր­պէյ­ճա­նա­կան եւ թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թեան։

Դժ­բախ­տա­բար միեւ­նոյն դա­տա­պար­տե­լի ըն­թաց­քին մէջ կը յայտ­նո­ւին նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րու կող­մէ եւ ա­նոնց ա­նու­նով հան­դէս ե­կող ո­րոշ հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին, այ­սօր եւս, կը շա­րու­նա­կեն ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րագ­րել ­Խո­ջա­լո­ւի մէջ «ա­զե­րի­նե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու յան­ցա­գոր­ծու­թիւն»ը։

23 տա­րի ան­ցած է ­Խո­ջա­լու վտան­գա­զեր­ծու­մէն աս­դին։ ­Վա­ւե­րագ­րա­կան ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւն մը ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի, որ­պէս­զի պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րու վրայ գտնո­ւող եւ հե­ղի­նա­կու­թիւն նկա­տո­ւող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներն ու շրջա­նակ­նե­րը քիչ մը ժա­մա­նակ տրա­մադ­րեն եւ ստու­գեն փաս­տե­րը, փո­խա­նակ կուլ տա­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան քաղց­րա­պատ թոյ­նե­րը։

Իսկ վա­ւե­րա­կան փաս­տե­րը բա­զում են՝ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի այդ ժա­մա­նա­կո­ւան նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րէն սկսե­լով, հա­կա­հայ վե­րագ­րում­նե­րը հե­տա­զօ­տած օ­տար լրագ­րող­նե­րու եւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու զե­կոյց­նե­րէն անց­նե­լով եւ ­Խո­ջա­լո­ւի ա­րիւ­նա­լի ող­բեր­գու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու վկա­յու­թեանց հաս­նե­լով։

Այ­սօր ար­դէն ա­րար¬աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցո­ւած են փաս­տա­ցի բա­ւա­րար տո­ւեալ­ներ, որ­պէս­զի մէ­կան­գա­մընդ­միշտ պարզ ու յստակ դառ­նայ ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը՝ ­Խո­ջա­լո­ւի բնակ­չու­թեան դէմ նոյ­նինքն ա­զե­րի բա­նա­կա­յին­նե­րու եւ զի­նեալ­նե­րու գոր­ծադ­րած սպան­դին մա­սին։ Ա­լիեւ հօր՝ ­Հայ­տար Ա­լիե­ւի մատ­նա­հետ­քե­րով սադ­րանք մըն էր ե­ղա­ծը ­Խո­ջա­լո­ւի բնա­կիչ­նե­րուն դէմ... Եւ ի՞նչ նպա­տա­կով. մէկ կող­մէ օ­րո­ւան նա­խա­գահ ­Մու­թա­լի­պո­վի դէմ ժո­ղո­վուր­դը գրգռե­լու եւ իշ­խա­նա­փո­խա­կան յե­ղաշր­ջում ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով, իսկ միւս կող­մէ՝ ­Պա­քո­ւի եւ ­Սում­կայ­թի մէջ հա­յե­րու բնաջն­ջու­մին դէմ բարձ­րա­ցած մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պար­տան­քի ա­լի­քին պա­տաս­խա­նե­լու... «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թեան» յե­րիւ­րան­քով եւ հա­մա­պա­տաս­խան հա­կա­հայ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ։

Ա­րար-աշ­խարհ շատ լաւ կը գի­տակ­ցի, թէ ո՞վ է ցե­ղաս­պա­նը…

­Կը մնայ, որ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րը ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան չգե­րա­դա­սեն ի­րենց նաւ­թա­յին ու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ինչ¬ինչ հա­շիւ­ներն ու ա­խոր­ժակ­նե­րը։

­Կը բա­ւէ, որ վերջ տրո­ւի քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հը եր­կու չափ եւ եր­կու կշի­ռով ղե­կա­վա­րե­լու մե­ծա­պե­տա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան։

­Խո­ջա­լո­ւի վտան­գա­զեր­ծու­մը, ի վեր­ջոյ, միակ ելքն ու գրա­ւա­կանն էր հայ­կա­կան Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան՝ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ա­նոր բնա­կան եւ անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին նո­ւա­ճու­մին։

Ն.