21 Փետրուարին, քաղաքակիրթ ողջ մարդկութեան հետ, աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւս կը նշէ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ը։
21 Փետրուարը իբրեւ «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» հռչակելու որոշումը կայացուց ԵՈՒՆԵՍՔՕն՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութիւնը (United Nations Educational, Scientific and Cultural Organization)։
Որոշումը տրուեցաւ 2009ի Նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր Ժողովի 30րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով։
ԵՈՒՆԵՍՔՕի որոշումը կþառաջադրէր, պաշտօնական բանաձեւումով, միջազգային ճիգերով աջակցիլ «մայրենի լեզուներու իրաւունքներուն ճանաչման եւ գործածութեան»։
Այդպէ՛ս, Նոյեմբեր 1999ի ԵՈՒՆԵՍՔՕի որոշումին հիման վրայ, 21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, աշխարհի չորս ծագերուն, Փետրուար 21ին կը նըշւի քաղաքակիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիի պահպանման, պաշտպանութեան եւ զարգացման նուիրական այս տօնը։
Վերջին տարիներուն նաեւ Հայաստանի մէջ պաշտօնական հանդիսաւորութեամբ կը նշուի այս Օրը եւ ողջունելի աւանդութիւն դարձած է, որ Հանրապետութեան Նախագահը հանդիսաւորապէս Ողերձ կը նուիրէ Մայրենիի միջազգային օրուան։
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ որոշապէս Փետրուար 21ին կը նշուի «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրը»։
Հանրագիտական աղբիւրներուն համաձայն՝ մայրենի լեզուներուն միջազգային օր նուիրելու գաղափարը հնչեղութիւն ստացաւ 1950ականներուն, երբ 1947ին կեանքի կոչուած եւ մեծամասնաբար Ուրտուներէ բաղկացած Փաքիստանի մէջ, ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակով յայտնուած պենկալցիները լըծւեցան, կեանքի գնով, իրենց Մայրենիի՝ Պենկալերէնի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան պայքարին։
Փաքիստանի կառավարութիւնը փորձեց արեան մէջ խեղդել պենկալցիներու յանուն Մայրենիի ծաւալած պայքարը։ 1952ին փաքիստանեան կառավարական ուժերը բրտօրէն ճզմեցին, Տաքքայի մէջ, պենկալերէնի ազատ գործածութեան եւ պետական պաշտպանութեան պահանջով պենկալցի ուսանողներու կազմակերպած ցոյցը։ Բազմաթիւ պենկալցի ուսանողներ զոհ- հուեցան այդ բախումին հետեւանքով։ Այդուհանդերձ՝ պայքարը ոչ միայն կանգ չառաւ, այլեւ յաւելեալ թափով շարունակուեցաւ տարիներ, մինչեւ որ 1956ին միջազգային հանրութիւնն ու Փաքիստանի իշխանութիւնները ճանչցան Պենկալերէնը իբրեւ պետական լեզու։ Իսկ 1971ին, երբ ի վերջոյ Փաքիստանէնիր անկախութիւնը ստացաւ եւ կեանքի կոչուեցաւ Պենկլատէշ պետութիւնը, նորանկախ երկրի իշխանութիւնները որոշեցին Փետրուար 21ը հռչակել իրենց մայրենի լեզուին՝ Պենկալերէնի պահպանման ու պաշտպանութեան ազգային Օր։
Հետեւաբար, մինչեւ 2000 թուականը, միջազգային հանրութիւնը չունէր Փետրուար 21ին նշուող Մայրենիի միջազգային Օր։
Ամենայնդէպս, Մայրենի Լեզուներու Միջազգային Օրը, թէեւ ուշացումով, եկաւ նուիրագործելու քաղաքակիրթ մարդկութեան կտրական Ո՛Չը ընդդէմ աշխարհի տարածքին յամեցող խտրականութեանց ամէնէն ահաւոր դրսեւորումներէն մէկուն՝ մայրենի լեզուներու պահպանման, ազատ գործածութեան ու անկաշկան զարգացման դէմ շարունակուող անհանդուրժողութեան ու այլամերժութեան։
Փաստօրէն, քաղաքակրթութեանց պատմութեան բազմազգեան բոլոր մատեաններուն մէջ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդկութիւնը դէմ յանդիման գտնուած է բռնակալ ու տիրակալ հզօր ազգերու մայրենի լեզուն - նաեւ այդ ճամբով անոնց գերիշխող մշակոյթը - փոքր ու տկար ազգերուն պարտադրելու մեղսագործութեան։
Այն աստիճան, որ քաղաքակրթութեանց պատմութեան ճակատին իբրեւ ցեղապաշտութեան մուր եւ ամօթի խարան դրոշմուած է անպաշտպան ազգերու Մայրենին աշխարհի երեսէն սրբելու մեծագոյն յանցագործութիւնը...
Յատկապէս քսաներորդ դարու ամբողջ երկայնքին, գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան կապանքներէն ազատագրուելու քաղաքակրթական դըժուարին պայքարին հետ, միջազգային հանրութիւնը բաղկացնող միջակ ու փոքր ազգերն ու ազգային փոքրամասնութիւնները օրհասական կռիւ մղեցին ի խնդիր իրենց մայրենի լեզուին պաշտպանութեան՝ Մայրենիի անհետ կորուստի վտանգին դէմ մաքառելով իրենց բոլոր ուժերով։
Ահա այդ պայքարին արգասիքը եղան «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»ուան աշխարհով մէկ հռչակումն ու նուիրագործումը։
Որոշապէս հայ ժողովուրդին համար տարուան տօնական օրերուն ամէնէն նուիրականը կը հանդիսանայ Մայրենիին Օրը։
Այդպէ՛ս է ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, ուր ամէն վայրկեան զգալի են եւ տագնապեցնող՝ Մայրենիի նահանջն ու տեղատուութիւնը, այլեւ հայրենի հողին վրայ, ուր հայութիւնը տակաւ կը թօթափէ խորհրդային կարգերու տակ Մայրենիին պարտադրուած գաղափարախօսական ամբողջատիրութեան կապանքները։ Փաստօրէն, ամբողջ 70 տարի Հայերէնին ոչ¬պետական լեզու հռչակուելու վտանգին դէմ մղուած պայքարէն ետք, Հայաստանի վերանկախացման պայմաններուն մէջ ալ, Մայրենիի պահպանումն ու լիարժէք զարգացումը կը դիմագրաւեն ծանրակշիռ գրոհը համաշխարհայնացման հարթիչ գլանին։
Համաշխարհայնացման նորօրեայ ճնշումն ու վտանգը դիմագրաւելու նախանձախնդրութեամբ է, որ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնապահպանման ու հայօրէն զարգացման Օրակարգին առաջնահերթ խնդիրը կը շարունակէ մնալէ Հայ Լեզուի անաղարտ պահպանումն ու ժամանակի ոգիով վերաթարմացումը։
Հայրենական եւ սփիւռքեան միասնական զօրաշարժով եւ պետական թէ հասարակական ուժերու լարումով՝ հայոց Մայրենիին պարտք ենք իր ուրոյն զարգացման ապահովումը, որպէսզի հայաշխարհով մէկ հնչէ մեծագոյն իմաստութիւնը մեր ազգային ածուին՝ մեսրոպեան տառերով բանաձեւուած «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» պատգամով։
Ի վերջոյ ունկնդիր պէտք է մնալ հայոց մեծերուն անփոխարինելի այն իմաստութեան, որ երբ Հայրենին՝ հո՛ղը կ’երերայ հայ ազգի ոտքին տակ, Մայրենի՛ն է միակ ու կենարար ապաստանը հայուն։
Աչքի լոյսի պէս պէտք է գուրգուրալ Մայրենիի պաշտպանութեան եւ ազատ զարգացման վրայ, որովհետեւ Ազգի եւ Հայրենիքի հոգեմտաւոր Տունը աներեր պահելու անփոխարինելի երախիքն է ատիկա, ինչպէս որ մեր բանաստեղծները կը պատգամեն՝
«Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն»։
Ն.