18 Փետրուար 1921ին, 94 տարի առաջ, հայրենի իր հողին վրայ, հայ ժողովուրդը ապստամբեցաւ իր նորաստեղծ՝ երկուքուկէս տարեկան Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային բռնակալ լուծին դէմ։
Հայ ժողովուրդի պատմական ըմբոստ ոգիին հերոսական շղթայազերծումն էր Փետրուարեան ապստամբութիւնը, որ Ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան մէջ գրաւեց իր նշանակալից տեղը, իբրեւ նախկին Ռուսական Կայսրութեան տարածքին արձանագրուած համաժողովրդային առաջին ազգային ըմբոստացումը։
1917ի Հոկտեմբերին պոլշեւիկեան յեղաշրջումով հաստատուած համայնավար խորհրդային ամբողջատիրութեան դէմ՝ ժողովրդային ըմբոստացման, այլ ոչ թէ պետական յեղաշրջման քայլ էր Փետրուար 18ը։
Լենինի եւ Քեմալի զօրքերուն միացեալ գրոհին տակ պարտութեան մատնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութիւն եւ ազատութիւն կորսնցուցած էր եւ, հետեւաբար, չունէր եւ չէր կրնար ունենալ իշխանութիւն փոխելու խնդիր։ 2 Դեկտեմբեր 1920ին, ի տես պոլշեւիկեան եւ քեմալական գործակցութեամբ նորանկախ Հայաստանի ամբողջական պաշարումին եւ պետական կործանման վտանգին, երկու չարեաց փոքրագոյնը ընտրելու քաղաքական հաշուարկով, Հայաստանի ազգընտիր կառավարութիւնը երկրին իշխանութիւնը զիջեցաւ խորհրդայիններու լիազօր ներկայացուցիչ Լեգրանին եւ անոր հովանաւորած պոլշեւիկներ Կասեանի, Նուրիջանեանի ու Աթարբէգեանի այսպէս կոչուած Յեղկոմին...
Երբ մէկ կողմէ Հայաստանի հիւսիսէն ու արեւելքէն Կարմիր բանակը, իսկ միւս կողմէ հարաւէն ու արեւմուտքէն քեմալական զօրքը կը շարունակէին զինու զօրութեամբ իրենց կամքը պարտադրել հայ ժողովուրդին, աւելի քան բնական ու հասկնալի էր, որ Հայաստանի համար քաղաքականապէս միայն ինքնասպանութիւն կրնար նշանակել, նման պայմաններու մէջ, պետական յեղաշրջումի որեւէ քայլ։
Ճիշդ է եւ պատմական անհերքելի իրողութիւն է, որ նոյն այդ ժամանակամիջոցին Զանգեզուրն ու Լեռնահայաստանը յաղթարշաւի մէջ էին եւ, անզուգական Նժդեհի հրամանատարութեամբ, հայկական կանոնաւոր զօրքն ու աշխարհազօրայինները հերոսաբար կը դիմադրէին ու ետ կը մղէին թշնամական գրոհները։ Բայց Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան հերոսական մարտերը ուղղուած էին «Կարմիր» համազգեստ հագած Ատրպէյճանի դէմ՝ հեռահար նպատակ ունենալով Արցախի հայութեան պաշտպանութիւնը համաթրքական սպառնալիքին դէմ։
Ամէն պարագայի, 1921ի սկզբնաւորութեան, շրջանային մեծ քաղաքականութեան պաստառին վրայ, արդէն վճռուած էր Հայաստանի ճակատագիրը։ Լենինի Ռուսաստանը որոշած էր քեմալական Թուրքիոյ զիջիլ Արեւմտահայաստանը՝ Կարսն ու Արտահանն ալ իբրեւ «բարեացակամութեան յաւելեալ ապացոյց» նուէր տալով, իսկ քեմալական Թուրքիան փոխարէնը խոստացած էր զօրակցիլ Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման եւ ռուսական տիրապետութեան վերականգնման։
Նման կայսերապետական գործարքի դէմ յանդիման՝ միայն կործանարար արկածախնդրութիւն կրնար ըլլալ հայ ժողովուրդին թէ անոր քաղաքական կամքը ղեկավարող Դաշնակցութեան կողմէ պետական յեղաշրջման որեւէ փորձ։
Նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ պէտք է ընդգծել, որ արտաքին¬քաղաքական օրհասական այդ պայմաններուն մէջ կատարուած Փետրուարեան Ապստամբութիւնը, իբրեւ ազատութեան եւ արդարութեան ի խնդիր ծաւալած համաժողովրդային ըմբոստացում, ոչ միայն արկածախնդրութիւն չէր, այլեւ՝ պատմական անհրաժեշտութիւն էր։
Անիկա վիրաբուժական անխուսափելի նշդրակի եւ փրկարար սրբագրումի նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապագային համար։
Ճաստօրէն, հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ Լեգրանի կնքած Համաձայնագրին, որ կը նախատեսէր Պաշտպանութեան նախարար Դրոյի հետ նորահաստատ Յեղկոմի գործակցութիւնը եւ կը բացառէր ինքնակամ հրաժարած կառավարութեան անդամներուն դէմ պոլշեւիկեան հալածանքը, Կասեաններու Յեղկոմը լրիւ հակառակ ուղղութեամբ գործեց 4 Դեկտեմբեր 1920էն սկսեալ, երբ Երեւան գալով իշխանութիւնը ձեռք առաւ։
Դրոն հսկողութեան տակ առնուեցաւ, Համօ Օհանջանեանի եւ Համազասպի տարողութեամբ կառավարական եւ ազգային գործիչներ բանտ նետուեցան, Զօր. Նազարբէգեանի գլխաւորութեամբ Հայկական Բանակի ամբողջ սպայակազմը, 1200 սպաներ, հետիոտն աքսորուեցան դէպի Ռուսաստան։ Իսկ վարչապետ Սիմոն Վրացեանի օրինակով պետական¬կուսակցական գործիչներ ընդյատակ անցան՝ խոյս տալով նորակազմ Չեկայի խելացնոր հետապնդումներէն։
Հաւանաբար այս բոլոր հալածանքները ինքնըստինքեան բաւարար չըլլային, որպէսզի մեր ժողովուրդին համբերութեան բաժակը յորդէր։ Ի վերջոյ արտաքին¬քաղաքական ծանրակշիռ պայմաններու տակ իշխանութիւնը ինքնակամ յանձնուած էր պոլշեւիկեան Ռուսաստանի դրածոներուն եւ հարկ էր ակռաները սեղմել ու դիմանալ, մինչեւ որ կործանարար փոթորիկը խաղաղէր ու անցնէր։
Բայց Նուրիջանեաններու Յեղկոմը դժգոհ էր, որ առանց քաղաքացիական արիւնահեղ պատերազմին՝ Հայաստան ընտրած էր խաղաղ խորհրդայնացման ուղին եւ հարկ էր... «բաց դուռը կոտրելով ներս մտնելու» օրինաչափութիւնը կիրարկել։
Շուտով թալանն ու հալածանքը ծափ առաւ նոյնինքն սեփական ժողովուրդին դէմ՝ յատկապէս գիւղական շրջաններու մէջ դասակարգային շինծու պայքարի մթնոլորտ հրահրելով։ Սեփականազրկումի եւ ինչքերու բռնագրաւման մեծ խրախճանք մը սկսան նորահաստատ իշխանութեանց վերին թէ ստորին մակարդակի պաշտօնատարները։ Եւ ահա այդ ատեն յորդեցաւ հայ ժողովուրդին համբերութեան բաժակը։
Երբ 16 Փետրուարին ժողովրդային ըմբոստացման առաջին խմորումները սկսան եւ շրջաններէն ժողովուրդը, դաշնակցական երբեմնի խմբապետներու գլխաւորութեամբ, սկսաւ շարժիլ դէպի Երեւան, Յեղկոմը ինքնսրբագրման ելքեր փնտռելու փոխարէն՝ աւելի կատաղի դարձաւ իր բռնութեանց մէջ։ Նոյնինքն 18 Փետրուարի վաղ առաւօտեան ժամերուն Երեւանի բանտերուն մէջ բառացիօրէն խոշտանգուելով սպաննուեցան Համազասպի նշանակութեամբ հայ հերոսներ...
Այս իմաստով պատմական անհրաժեշտութիւն եղաւ 18 Փետրուար 1921ի արեւածագին Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդին իրագործած ապստամբութիւնը, որ ոչ միայն բանտերէն ազատեց իր հերոսական զաւակներն ու քաղաքական կամքին ներկայացուցիչները, այլեւ՝ իշխանութենէն խուճապահար փախուստի մղեց Կասեանները...
Մինչեւ Ապրիլ 2 ապստամբութիւնը Հայաստանի պետական ղեկէն հեռու պահեց խորհրդայինները, որոնք թէեւ ի վերջոյ վերատիրացան իշխանութեան, բայց արդէն Ալ. Միասնիկեանով փոխարինուած Յեղկոմով մը վերադարձան՝ ստանալով... Հայաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի հրահրումէն խուսափելու լենինեան« յանձնարարականը»։
Տարբեր հարց է, որ այդ յանձնարարականը եւս դատապարտուեցաւ մեռեալ տառ մնալու եւ Հայաստան աստիճանաբար թաւալեցաւ ստալինեան մաքրագործումներու ահաւոր անդունդը։
Բայց Փետրուարեան ապստամբութիւնը կատարեց իր պատմական դերը եւ սեփական ժողովուրդին համբերատարութիւնը յարգելու պետական հասունացման հարկին տակ դրաւ խորհրդային սուիններով Հայաստանի ղեկին տիրացած պոլշեւիկ գործիչները։
Ն.