Աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ու կորսուած անկիւնն անգամ ապրող հայ մարդուն եթէ հարցնէք, թէ իր մանկութեան սորված արտասանութիւններէն ի՞նչ կը յիշէ, վստահաբար յուզումով ու մանկական երանութեամբ պիտի մտաբերէ «Քաջ Վարդանի թոռը» ըլլալու հպարտութիւնը թեւաւորող իր հայաշունչ առաջին թոթովանքը.-
«Հայ եմ ես, հա՛յ եմ ես,
Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»...
Աւելի քան մէկուկէս հազարամեակ տարի անցած է 26 Մայիս 451ին մղուած Աւարայրի միօրեայ ճակատամարտէն ասդին, բայց պատմական այդ եզակի օրը իր խորհուրդով ու պատգամով կը շարունակէ ջերմացնել հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու հոգին՝ բոլորիս ինքնաճանաչման, ինքնավստահութեան եւ ինքնահաստատման ազգային անխարդախ ու կենսատու աղբիւրը մնալով։
Այս տարի Փետրուար 12ին կը զուգադիպի Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Թէեւ Աւարայրի ճակատամարտն ու Վարդանանց մարտիրոսացումը տեղի ունեցան 26 Մայիսին, բայց Քաջ Վարդանի եւ իր մարտիրոսացած զինակիցներու սրբացումէն սկսեալ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին Մեծ Բարեկենդանը կանխող Հինգշաբթին նուիրած է Սրբոց Վարդանանց տօնին։ Եւ որովհետեւ փոփոխական է Քրիստոսի Յարութեան տօնին ամսաթիւը, նոյնպէս փոփոխական են Մեծ Պահոց սկիզբը ազդարարող Բարեկենդանի տօնին եւ Սրբոց Վարդանանց տօնին ամսաթիւերը։
Ամենայնդէպս, ի՛նչ ամսաթիւի ալ զուգադիպի Վարդանանց տօնը, մեր ժողովուրդը միեւնոյն ու միահամուռ ջերմեռանդութեամբ իր հոգին՝ սիրտն ու միտքը կը լեցնէ եւ կը վերաթարմացնէ Վարդանանց հերոսութեան դարակազմիկ խորհուրդով ու անոնց սրբացման հոգեպարար պատգամով։
Այդ առումով զարմանալի չէ, որ աշխարհի չորս ծագերուն օտարները եւս հայութիւնը կը ճանչնան Քաջն Վարդանով։
Հայոց «փոքր ածու»ն խորհրդանշող նիւթեղէն հսկային՝ Արարատին չափ ու անոր կողքին, Հայը կը ճանչցուի իր հոգեմտաւոր արարատացումով, որ նոյնինքն Վարդանանց խոյանքով միս ու ոսկոր կապեց եւ խորհրդանշուեցաւ հայոց բազմադարեան պատմութեան մէջ։
Ազգային մեր էութեան ու ինքնութեան անպարտելի եւ անմահ յաղթարշաւին սրբացեալ խորհրդանիշ են Վարդանանք՝ իրենց նուաճած Բարոյական Յաղթանակի մեծագոյն խորհուրդով եւ Մահ Իմացեալ Անմահութիւն Է ուսուցանող գերագոյն իմաստութեամբ։
Ճիշդ է, Վարդանանք զոհուեցան Աւարայրի դաշտին վրայ եւ հայ ժողովուրդը կորսնցուց ճակատամարտը, բայց յանուն Հայու Հաւատքին եւ Անկախութեան մղուած ազգային մեր պայքարին սրբազան պատերազմը վերջ չգտաւ Աւարայրի ճակատամարտով ու... Վարդանանց պարտութեամբ եւ նահատակութեամբ։
Ընդհակառակն՝ հայութեան պայքարը վերանորոգ թափով շարունակուեցաւ ամբողջ տասնամեակներ Վահան Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ, ի վերջոյ, 485 թուականին Նուարսակի դաշնագրին ստորագրութիւնը պարտադրելով պարսից արքայից արքային, պսակուեցաւ յաղթանակով։
Յատկանշականօրէն, Վարդանանց խորհուրդին ու պատգամին շուրջ տակաւին կը շարունակուին հայ մտքի հնամենի տարակարծութիւններն ու վէճերը՝ նորովի տարազումներով ու հարցադրումներով։ Մինչեւ մեր օրերը լսելի կը դառնան, հայ քաղաքական մտքի տարբեր շրջանակներուն կողմէ, Վասակ Սիւնիի մարմնաւորած պարտուողական համակերպումին արդարացում փնտռելու ապարդիւն ձայներ։
Քաղաքական իրատեսութեան կամ դիւանագիտութեան անունով հանդէս եկող նման ձայները այսօր եւս անարձագանգ կը մնան, որովհետեւ Վարդանանց վերաբերեալ մեր ժողովուրդը արձակած է իր վճիռը եւ, Վարդանանք դասելով Հայ Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին, ամրագրած է իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելու հայութեան ազգային ընտրանքը։
Իբրեւ այդպիսին՝ Վարդանանց խորհուրդն ու պատգամը անկորնչելի հարստութիւնը կը կազմեն հայոց սերունդներուն եւ Հայոց Պատմութեան խորերէն կը պատգամեն՝
-Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր կողքին կռուի դաշտ նետուած ու մարտիրոսացած հայոց քաջազն իշխաններն ու զինուորները, իրենց գերագոյն զոհաբերութեան օրինակով եւ յաղթելու կամքով, ամրագրեցին ինքնուրոյն՝ ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։
-Պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունած Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց կրօնքին ու հաւատքին մէջ տեսան միակ եւ անփոխարինելի գրաւականը ազգային մեր ինքնութեան պահպանումին եւ ազատ ու անկախ պետականութեամբ զարգացումին։ Վարդանանք ընտրեցին մազդէական Յազկերտի պարտադրած կրօնափոխութեան դէմ ըմբոստացման ուղին՝ անձնական իմացեալ մահուան գնով նուաճելու համար սերունդներու հայօրէ՛ն ապրելու կռուանները։ -Վարդանանց ըմբոստացման մէջ ի մի եկան հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները, առանց սեռի կամ տարիքի խտրութեան՝ հետագայ սերունդներուն պատգամելով, որ հայ ժողովուրդին միակ փրկութիւնը կը գտնուի հաւաքական ուժով իր պայքարին մէջ, յանուն ազգային ինքնութեան կռուաններուն մարտունակ պաշտպանութեան եւ անկաշկանդ զարգացման։
Աւելի քան մէկուկէս հազարամեակ անցած է Աւարայրի ճակատամարտէն ասդին, այդուհանդերձ՝ հայոց պատմութեան աստեղային այդ օրուան խորհուրդն ու պատգամը մարմնաւորած Վարդանանք կը շարունակեն, իրենց մարտիրոսացման ու սրբացեալ հերոսութեան օրինակով, վերապրումի եւ ազգային ինքնահաստատման երթը շարունակելու անսպառ ուժ ներշնչել հայոց սերունդներուն։
Ն.