­Փետ­րո­ւար 10ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ տա­րե­լի­ցը մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն ­Թոր­գոմ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Գու­շա­կեա­նի վախ­ճան­ման։

­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ւոր, նո­ւի­րեալ, ի­մաս­տուն եւ մտա­ւո­րա­կան սպա­սար­կու­նե­րուն պայ­ծառ դէմ­քը մարմ­նա­ւո­ րեց ­Թոր­գոմ Սր­բա­զան, որ հո­գեմ­տա­ւոր իր բե­ղուն ծա­ռա­յու­թիւ­նը պսա­կեց իբ­րեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց ­Պատ­րիարք իր ծա­ւա­լած մե­ծար­ժէք գոր­ծու­նէու­թեամբ՝ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րա­պե­տա­կան այս Ա­թո­ռը բարձ­րաց­նե­լով ­Կո­չու­մին ար­ժա­նի պա­տո­ւան­դա­նին։

­Պար­տի­զակ ծնած 27 ­Սեպ­տեմ­բեր 1874ին, ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով՝ ­Պի­լի­ճեան Մկր­տիչ, ­Թոր­գոմ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Գու­շա­կեան հան­դի­սա­ցաւ Ար­մա­շի Դպ­րե­վան­քի շուն­չով թրծո­ւած եւ այդ շուն­չը հա­յաշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած անձն­դիր հո­գե­ւո­րա­կա­նը։

Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին իսկ հո­գե­ւոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կո­չո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն Ար­մա­շի եւ, ա­պա, Կ. ­Պոլ­սոյ մէջ։ Իր ու­ղին հար­թեց իբ­րեւ հայ հա­ւա­տա­ցեա­լի սրտին խօ­սող եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հը մշա­կող հո­վիւ։ Ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն ­Հա­յու ­Հա­ւատ­քին ան­խոնջ տա­րա­ծի­չը դար­ձաւ, որ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին նկա­րագ­րին եւ ա­ռա­քե­լու­թեան ճա­ռա­գայ­թու­մին նո­ւի­րա­բե­րեց իր անձն ու գոր­ծը, հո­գեմ­տա­ւոր ու գրա­կան իր ողջ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։

­Թոր­գոմ Սր­բա­զա­նի ար­ժա­նիք­նե­րը ի յայտ ե­կան յատ­կա­պէս Ե­գիպ­տո­սի ­Հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան շրջա­նին, քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ եւ եր­րորդ տաս­նա­մեակ­նե­րուն։ Ի­րեն վստա­հո­ւե­ցաւ ոչ միայն քսանե­րորդ դա­րաս­կիզ­բին հայ­կա­կան գաղ­թաշ­խար­հի ա­մէ­նէն ծաղ­կուն օ­ճա­խը հան­դի­սա­ցած Ե­գիպ­տո­սի թե­մին ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը, այ­լեւ իբ­րեւ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նո­ւի­րա­կան պա­տո­ւի­րակ՝ ­Թոր­գոմ Ար­քե­պիս­կո­պո­սին վստա­հո­ւե­ցան կա­թո­ղի­կո­սա­կան նո­ւի­րա­կի կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րը ի ­Պարսկաս­տան եւ Հնդ­կաս­տան։ Ո՛ւր որ գոր­ծեց, ­Թոր­գոմ Սր­բա­զան ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր շար­ժում ա­ռա­ջա­ցուց իր շուրջ՝ ոչ միայն գրա­կան, բա­նա­սի­րա­կան եւ թարգ­մա­նա­կան իր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեամբ, այ­լեւ՝ իբ­րեւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի կամ կա­թո­ղի­կո­սա­կան նո­ւի­րա­կի, նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը դէ­պի բարձ­րա­գոյն ու­սում, ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տանք եւ հո­գե­ւո­րա­կան կո­չում մղե­լով։

Ար­մա­շի հայ հո­գե­ւո­րա­կան սե­րուն­դին ար­ժա­նա­ւոր այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ա­մէ­նուր պաշ­տա­մունք տա­րա­ծեց ­Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ։ ­Գաղ­թաշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը հայ­րե­նի հո­ղին կա­պե­լու, հայ­րե­նա­կան ար­ժէք­նե­րով տա­րա­գիր հա­յուն ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չումն ու հպար­տու­թիւ­նը ջրդե­ղե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան ան­խոնջ դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ։ Իր ներշն­չու­մով եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ էր, որ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մէն ետք, ի խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­յաց­ման եւ հզօ­րաց­ման, Ե­գիպ­տո­սի հայ գա­ղու­թի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ան թափ տո­ւաւ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու գաղ­թաշ­խար­հի հա­յու­թեան զօ­րա­շար­ժին։

­Թոր­գոմ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի հո­գեմ­տա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը հա­սու­նաց­ման իր փու­լը նո­ւա­ճեց յատ­կա­պէս 1931էն ետք, երբ ան ընտ­րո­ւե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիարք, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ւոր միւս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին՝ բա­նաս­տեղծ Ե­ղի­շէ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Դու­րեա­նի գոր­ծը։ Ոչ միայն ­Ժա­ռան­գա­ւո­րա­ցի ու­սուց­չա­կան կազ­մը հարըս­տա­ցուց ար­ժա­նա­ւոր եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր դա­սա­խօս­նե­րով, այ­լեւ՝ կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցաւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տար­բեր հա­յօ­ճախ­նե­րէն նոր սա­ներ ­Ժա­ռան­գա­ւո­րաց բե­րե­լու եւ ա­նոնց ու­սում ու հա­յե­ցի շունչ ջամ­բե­լու գոր­ծին մէջ։

Իր պատ­րիար­քու­թեան շրջա­նին էր, նաեւ, որ պաշ­տօ­նա­թերթ «­Սիոն»ը հա­յա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան գի­տա­կան հան­դէ­սի իր փայ­լուն ու ծաղ­կուն ժա­մա­նակ­նե­րը ապ­րե­ցաւ։

­Թոր­գոմ ­Պատ­րիար­քի կա­րա­պի եր­գը ե­ղաւ իր մղած հա­ւատ­քի պայ­քա­րը ի սպաս Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ան­սա­սան պահ­պա­նու­մին, երբ նախ հա­յաշ­խար­հով մէկ բա­ցա­յայ­տեց պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ձե­ռամբ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Խո­րէն ­Մու­րադ­բե­գեան ­Կա­թո­ղի­կո­սի խեղ­դա­մահ սպա­նու­թեան քստմնե­լի ո­ճի­րը, ա­պա՝ հա­մընդ­հա­նուր շար­ժում ծա­ւա­լեց ի պաշտ­պա­նու­թիւն ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգ­նու­մին ու լիար­ժէք ա­ռա­քե­լու­թեան։

Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ար­ժա­նա­ւոր ­Պատ­րիար­քը սրտի կաթո­ւա­ծով յան­կար­ծա­մահ ե­ղաւ 1939ի ­Փետ­րո­ւար 10ին։ ­Թոր­գոմ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Գու­շա­կեա­նէն ժա­ռանգ կը մնայ գրա­կա­նա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը, ո­րուն կա­րե­ւո­րա­գոյն նո­ւա­ճու­մը ի­րա­ւամբ կը նկա­տո­ւի ­Նա­րե­կա­ցիի «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» աշ­խար­հա­բա­րի թարգ­մա­նու­թիւ­նը։

Ն.