­Փետ­րո­ւար 3ի այս օ­րը հա­յոց տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ կը նշէ տա­րե­դար­ձը Պար­սից Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թեան դէմ Ք­րիս­տո­նեայ Հա­յաս­տա­նի 571 թո­ւի մեծ ապս­տամ­բու­թեան։

1444 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած հայ­կա­կան այդ ապս­տամ­բու­թիւ­նը չու­նե­ցաւ տա­րո­ղու­թիւնն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը իր նա­խա­դէ­պին՝ Ա­ւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տին, որ Վար­դա­նանց նա­հա­տա­կու­թեան օ­րի­նա­կով ու խոր­հուր­դով՝ դա­րե­րուն յանձ­նեց «­Մահ ի­մա­ցեալ ան­մա­հու­թիւն է» ազ­գա­կերտ ա­ւան­դը։

Այ­դու­հան­դերձ՝ 3 Փետ­րո­ւար 571ի ապս­տամ­բու­թիւ­նը ե­ղաւ ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­կան դա­ժան դա­սե­րով յատ­կան­շո­ւող ան­մո­ռա­նա­լի, ու­սա­նե­լի՛ փոր­ձա­ռու­թիւն մը հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

571 թո­ւի ապս­տամ­բու­թիւ­նը եւս, կրօ­նա­կան առ­ճա­կատ­ման իր կե­ղե­ւին տակ, ու­նե­ցաւ շեշ­տա­կիօ­րէն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մի­ջուկ։ Պար­սից Ար­քա­յից Ար­քան ան­գամ մը եւս փոր­ձեց Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թիւ­նը պար­տադ­րել իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ ապ­րող հայ ժո­ղո­վուր­դին, բայց այս ան­գամ ոչ ուղ­ղա­կիօ­րէն՝ ար­քու­նի պա­լա­տէն ե­կած ճնշու­մով ու վերջ­նագ­րով, այլ՝ իր կող­մէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր կար­գո­ւած մարզ­պա­նին մի­ջո­ցաւ։

Յատ­կան­շա­կան են զոյգ ապս­տամ­բու­թեանց մի­ջեւ զու­գա­հեռ­նե­րը։

Ա­ռա­ջին.- 571ի ապս­տամ­բու­թիւնն ալ ղե­կա­վա­րո­ւե­ցաւ Մա­մի­կո­նեանց Տան կող­մէ. այդ ա­տեն ալ հայ­կա­կան զօր­քին սպա­րա­պե­տը Վար­դան Բ. Մա­մի­կո­նեանն էր, որ ա­ռաջ­նոր­դեց ապս­տամ­բու­թիւ­նը։

Երկ­րորդ.- Դար­ձեալ Սիւ­նեաց Տունն էր, որ օ­րո­ւան Հա­յաս­տա­նի մարզ­պետ Սու­րէն Սիւ­նի իշ­խա­նին ան­ձով, կանգ­նած էր ապս­տամ­բու­թեան հա­կա­դիր բե­ւե­ռին վրայ՝ հա­յոց հա­ւատ­քին սպառ­նա­ցող պարս­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը բրտօ­րէն պար­տադ­րե­լու վար­քա­գիծ դրսե­ւո­րե­լով։

Եր­րորդ.- Ի տար­բե­րու­թիւն Կար­միր Վար­դա­նի ղե­կա­վա­րած ապս­տամ­բա­կան շար­ժու­մին, 571 թո­ւի Փետ­րո­ւա­րին ծայր ա­ռած Վար­դան Բ. Մա­մի­կո­նեա­նի ապս­տամ­բու­թիւ­նը պսա­կո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան զօր­քին յաղ­թա­նա­կով, ո­րու կեր­տու­մին մէջ մե­ծակ­շիռ ե­ղաւ Բիւ­զան­դիո­նի քա­ղա­քա­կան, նիւ­թա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Չոր­րորդ.- Մինչ Ա­ւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տին պար­տու­թիւն կրե­լով հան­դերձ Հա­յաս­տան նո­ւա­ճեց ինք­նու­րոյն եւ ա­զատ ապ­րե­լու իր ի­րա­ւուն­քը, մաս­նա­կիօ­րէն զի­ջում կա­տա­րե­լով իր պե­տա­կան ան­կա­խու­թե­նէն ու մարզ­պա­նու­թիւն ըն­դու­նե­լով, ան­դին՝ 571ի ապս­տամ­բու­թեամբ յաղ­թա­նա­կե­լով եւ պար­սից զօր­քը Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տա­նէն դուրս մղե­լով հան­դերձ, հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ բան կորսն­ցուց ա­զատ ու ինք­նու­րոյն ապ­րե­լու իր ի­րա­ւուն­քէն, միա­ժա­մա­նակ վերս­տին են­թա­կայ դառ­նա­լով պար­սից Ար­քա­յից Ար­քա­յի հա­կա­յար­ձակ­ման եւ վրէժխն­դիր տի­րա­պե­տու­թեան։

Ա­հա՛ հա­կիրճ պատ­մու­թիւ­նը 3 Փետ­րո­ւար 571 թո­ւա­կա­նի ապս­տամ­բու­թեան, ինչ­պէս որ ներ­կա­յա­ցո­ւած է պատ­մա­բան փրոֆ. Բաբ­գէն Յա­րու­թիւ­նեա­նի կող­մէ.-

Յով­հան­նէս Բ. Գա­բե­ղեան Կա­թո­ղի­կո­սի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան 17ա­մեայ շրջա­նը (557էն 574) յատ­կանը­շ-­ւած է Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին միու­թեան սպառ­նա­ցող դա­ւա­նա­կան կեդ­րո­նա­խոյս շար­ժում­նե­րու զար­գա­ցու­մով եւ հա­կադ­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց խոր­քին դե­րա­կա­տար ե­ղած են ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով հա­յոց նա­խա­րա­րա­կան տու­նե­րու կեդ­րո­նա­խոյս հա­կում­նե­րը։

Յով­հան­նէս Բ. Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Ա­թոռ բարձ­րա­ցաւ 557ին եւ վախ­ճա­նե­ցաւ 574ին՝ հո­վո­ւա­պե­տե­լով պար­սից Խոս­րով Ա­նու­շիր­վան ար­քա­յի եւ բիւ­զան­դա­կան կայս­րեր Յուս­տի­նիա­նոս Ա.ի եւ Յուս­տի­նոս Բ.ի իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին։ Յով­հան­նէս Բ.ի հայ­րա­պե­տու­թեան սկիզ­բին իսկ, օ­րո­ւան մարզ­պան Վահ­րամ Վշ­նա­սին փո­խա­րի­նեց Վա­րազ­դատ ա­նու­նով պար­սիկ մը, ո­րուն կա­ռա­վար­ման շրջա­նին Հա­յոց մարզ­պա­նու­թիւ­նը մին­չեւ 564 թո­ւա­կա­նը խա­ղա­ղու­թեան ու բար­գա­ւաճ աշ­խա­տան­քի շրջան մը ապ­րե­ցաւ։ Սա­կայն վի­ճա­կը ար­մա­տա­պէս փո­խո­ւե­ցաւ, երբ մարզ­պան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ Սու­րէ­նը, որ յայտ­նի էր Ճի­հովր-Վշ­նասպ ա­նու­նով։ Վեր­ջի­նիս վա­րած ազ­գա­հա­լած ու հա­կաք­րիս­տո­նէա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը միայն խռո­վու­թեանց առ­ջեւ դուռ բա­ցաւ։

Ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ խո­րա­պէս կը հա­րո­ւա­ծէր Հա­յաս­տա­նի այ­լա­պէս ար­դէն ջլա­տո­ւած ու­ժե­րը, Սիւ­նի­քի վար­չա­կան ան­ջա­տումն էր Հա­յոց մարզ­պա­նու­թե­նէն։ Ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար մին­չեւ հի­մա հա­նե­լուկ կը մնայ այն փաս­տը, թէ ին­չո՛ւ Սիւ­նի­քի իշ­խան Վահ­րա­մը ո­րո­շեց Սիւ­նի­քը դուրս բե­րել մարզ­պա­նու­թեան կազ­մէն եւ միաց­նել Ատր­պա­տա­կա­նի մարզ­պա­նու­թեան։ Հար­կա­մա­տեան­ներն ալ, որ մինչ այդ կը պա­հո­ւէին Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Դո­ւի­նի մէջ, տա­րո­ւե­ցան Վաս­պու­րա­կան քա­ղա­քը՝ նե­րա­ռո­ւե­լով վեր­ջի­նիս աշ­խար­հա­գի­րին կամ Շահր­մա­րի մէջ։ Մ. Օր­մա­նեան կը կար­ծէ, որ թե­րեւս պատ­ճա­ռը Սու­րէն մարզ­պա­նի բռնու­թիւն­ներն ու վայ­րա­գու­թիւն­ներն էին, ո­րոնց­մէ Վահ­րամ ա­զա­տո­ւիլ կը փոր­ձէր այդ ճամ­բով։ Այ­սու­հան­դերձ՝ կան նաեւ այլ տե­սա­կէտ­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կուն հա­մա­ձայն՝ պատ­ճա­ռը Մա­մի­կո­նեան­նե­րու գե­րիշ­խա­նու­թե­նէն դուրս գալն էր։

Պար­սից ար­քու­նի­քը, հա­մո­զո­ւե­լով Սիւ­նեաց զօ­րա­մա­սե­րու մար­տու­նա­կու­թեան մէջ, ո­րո­շեց Սիւ­նեաց իշ­խան­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ դնել Կով­կա­սեան լեռ­նանցք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։ Հասկ­նա­լի է, որ ա­տոր հե­տե­ւան­քով Սիւ­նեաց իշ­խան­նե­րը ստա­ցան ոչ միայն դրա­մա­կան մեծ վճար­ներ, այ­լեւ զա­նա­զան կար­գի ար­տօ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ստի­պէին ա­նոնց ամ­բող­ջա­պէս լծո­ւե­լու պար­սից քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կեն­սա­գոր­ծու­մին Այսր­կով­կա­սի մէջ։ Ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ՝ պար­սից ար­քու­նի­քը ինք հասկ­ցու­ցած էր Վա­հան Սիւ­նիին, որ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը դուրս բե­րէ Հա­յոց մարզ­պա­նու­թե­նէն։

Այդ­պէ՛ս, Հա­յաս­տա­նի մար­զա­պա­նու­թե­նէն Սիւ­նի­քի դուրս գալն ու Ատր­պա­տա­կա­նի մարզ­պա­նու­թեան միա­նա­լը, խթա­նեց նես­տո­րա­կա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թեան մե­ծա­ցու­մը, քա­նի որ Ատր­պա­տա­կա­նի մարզ­պա­նու­թիւ­նը չէր են­թար­կո­ւեր Հա­յոց մարզ­պա­նու­թեան եւ ո­րե­ւէ շա­հագրգ­ռու­թիւն չու­նէր պաշտ­պա­նե­լու Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ շա­հե­րը։ Գոր­ծին մի­ջամ­տեց Յով­հան­նէս Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը՝ դի­մե­լով Սիւ­նեաց Միհ­րար­տա­շիր իշ­խա­նին եւ երկ­րա­մա­սի ե­պիս­կո­պո­սին՝ հե­ռու մնա­լու նես­տո­րա­կան մո­լո­րու­թե­նէն ու հսկե­լու ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի չիյ­նայ նես­տո­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­դե­ցու­թեան տակ։

Այ­դու­հան­դերձ՝ հա­կա­ռակ Սու­րէն մարզ­պա­նի դէմ ե­ղած բազ­մա­թիւ գան­գատ­նե­րուն՝ պար­սից Ար­քան ո­րե­ւէ քայ­լի չդի­մեց՝ Սու­րէ­նը պաշ­տօ­նէն հե­ռաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Հա­յաս­տա­նի, այ­սինքն՝ Պարս­կա­հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը պղտո­րե­լու եւ Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծե­լու Սու­րէ­նի քայ­լե­րը ա­մէ­նէն ա­ռաջ պար­սից ար­քա­նե­րուն եւ Ա­րեաց Ար­քա­յից Ար­քա­յի հրա­հանգ­նե­րուն կեն­սա­գործ­ման կը մի­տէին։ Պար­սից ար­քան մէկ կող­մէ կը կա­մե­նար բա­րի եւ ժո­ղո­վուր­դին մա­սին մտա­ծող թա­գա­ւո­րի համ­բաւ ձեռք բե­րել, իսկ միւս կող­մէ՝ մարզ­պա­նին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած հա­կա­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մա­տու­ցա­նել որ­պէս հա­կա­ռակ իր կամ­քին կա­տա­րո­ւող քայ­լեր։

Հա­կա­ռակ պար­սից ար­քու­նի­քի սպա­սում­նե­րուն, սա­կայն, Սու­րէն մարզ­պա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ճիշդ հա­կա­ռակ ար­դիւն­քը տո­ւին։ Դժ­գո­հու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ ու­ժե­ղա­ցաւ ժո­ղովր­դա­կան լայն զան­գո­ւած­նե­րուն մէջ՝ պատ­րաստ ա­մէն վայր­կեան վե­րա­ծո­ւե­լու հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թեան, ո­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը, դա­տե­լով ա­մէն ին­չէ, ար­քու­նի­քը անն­շան կը հա­մա­րէր։ Դէպ­քերն ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ա­րա­գաց­նե­լու ե­կաւ Վարդ մարզ­պա­նի թոռ Մա­նո­ւէլ Մա­մի­կո­նեա­նի սպա­նու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Խոս­րով Ա­նու­շիր­վա­նի գա­հա­կա­լութ­յան 41րդ տա­րին՝ 571 թո­ւին։ Ի­րենց տոհ­մա­կի­ցին սպա­նու­թիւ­նը յոր­դե­ցուց համ­բե­րու­թեան բա­ժա­կը Մա­մի­կո­նեան իշ­խա­նա­զուն­նե­րուն, ո­րոնց մէջ աչ­քի կը զար­նէր սպա­նեա­լին եղ­բայ­րը՝ Վար­դան Մա­մի­կո­նեա­նը, ո­րուն, մե­զի հա­մար ան­յայտ պատ­ճառ­նե­րով, ո­րոշ ու­սում­նա­սի­րող­ներ հա­կա­մէտ են նոյ­նաց­նե­լու Կար­միր Վար­դա­նի հետ։

Կա­մե­նա­լով ձեռք բե­րել բիւ­զան­դա­կան կայ­սեր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ Վար­դան Բ. Մա­մի­կո­նեան սպան­նո­ւած Սու­րէն մարզ­պա­նի գլուխն ու­ղար­կեց Թէո­դո­սո­պո­լիս՝ Բիւ­զան­դա­կան ա­րե­ւե­լեան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար Յուս­տի­նիա­նո­սին։ Բիւ­զան­դա­կան ար­քու­նի­քը, մե­ծա­պէս շա­հագրգ­ռո­ւած ըլ­լա­լով հայ­կա­կան ապս­տամ­բու­թեան յա­ջո­ղու­թեամբ, ի դէմս Կայս­րին՝ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց օգ­նե­լու հա­յե­րուն եւ օգ­նա­կան զօր­քեր ու­ղար­կեց Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տան։ Հայ ապս­տամբ­նե­րը յի­շեալ զօր­քե­րուն հետ միա­սին ար­շա­ւե­ցին Դո­ւին եւ զայն պա­շա­րե­լով՝ շատ չան­ցած գրա­ւե­ցին Հա­յաս­տա­նի միջ­նա­դա­րեան հռչա­կա­ւոր մայ­րա­քա­ղա­քը։ Պարս­կա­կան կա­յա­զօ­րը ստի­պո­ւե­ցաւ տե­ղի տալ ու հա­յե­րուն եւ ա­նոնց օգ­նու­թեան ե­կած յոյ­նե­րուն ճնշման տակ նա­հան­ջել Պարս­կաս­տան։

Պարս­կա­կան 15 հա­զար­նոց զօր­քը ջախ­ջա­խո­ւած էր, սա­կայն ա­տի­կա չէր նշա­նա­կեր, թէ Հա­յաս­տա­նը պի­տի չդառ­նար պարս­կա­կան նոր բա­նակ­նե­րու ներ­խուժ­ման հա­մար աս­պա­րէզ։ Մին­չեւ ապս­տամ­բու­թիւ­նը կնքո­ւած հայ-բիւ­զան­դա­կան պայ­մա­նագ­րով՝ կայս­րու­թիւ­նը պար­տա­ւո­րո­ւած էր հա­յե­րուն ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւն ցոյց տալ Պարս­կաս­տա­նի դէմ մղո­ւող պայ­քա­րին մէջ, սա­կայն երբ եր­կու կայս­րու­թեանց մի­ջեւ պա­տե­րազ­մը դար­ձաւ ան­խու­սա­փե­լի, պար­զո­ւե­ցաւ, որ Բիւ­զան­դիոն պատ­րաստ չէ մեծ պա­տե­րազմ մղե­լու։ Բո­լորն ալ կը հասկ­նա­յին, որ պարս­կա­կան ներ­խուժ­ման ա­ռա­ջին զո­հը պի­տի դառ­նա­յին ապս­տամ­բու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը։ Ուս­տի շատ մը նա­խա­րար­ներ եւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ա­նոնց շար­քին նաեւ Յով­հան­նէս Բ. Կա­թո­ղի­կոսն ու Ս­պա­րա­պե­տը, ստի­պո­ւած ե­ղան ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րով փո­խադ­րո­ւե­լու Կոս­տանդ­նու­պո­լիս, ուր կայ­սե­րա­կան ար­քու­նի­քը ա­նոնց փա­ռա­հեղ ըն­դու­նե­լու­թիւն ցոյց տո­ւաւ։

Բայց շու­տով պար­զո­ւե­ցաւ, որ հա­յե­րը բա­ւա­կան սուղ գին պի­տի վճա­րէին բիւ­զան­դա­կան՝ դեռ չի­րա­կա­նա­ցած օգ­նու­թեան հա­մար։ Հա­շո­ւի առ­նե­լով հայ ապս­տամբ նա­խա­րար­նե­րուն ծանր կա­ցու­թիւ­նը՝ Յուս­տի­նոս Բ. կայս­րը ա­նոնց­մէ պա­հան­ջել քաղ­կե­դո­նա­կա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նիլ։ Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ ի­րա­պէս ծանր կա­ցու­թիւն։ Պար­սից ար­քու­նի­քի հետ ան­կախ ի­րենց կամ­քէն սրե­լով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ստի­պո­ւած ըլ­լա­լով լքել Պարս­կա­հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը, հա­յե­րը բա­ցա­յայ­տօ­րէն են­թար­կո­ւե­ցան բիւ­զան­դա­կան ար­քու­նի­քին կող­մէ դա­ւա­նա­փո­խու­թեան հար­կադ­րան­քի։ Կա­թո­ղի­կո­սը ստի­պո­ւե­ցաւ ա­ռե­րես ըն­դու­նիլ Քաղ­կե­դո­նի դա­ւա­նան­քը։

Այդ­պի­սի՛ ող­բեր­գա­կան վախ­ճան ու­նե­ցաւ Վար­դան Բ. Մա­մի­կո­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ Յով­հան­նէս Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ 3 Փետ­րո­ւար 571ին բռնկած ապս­տամ­բու­թիւ­նը՝ ընդ­դէմ Պար­սից Զ­րա­դաշ­տա­կա­նու­թիւ­նը հա­յոց պար­տադ­րե­լու ճնշում­նե­րուն։

571ին բռնկած, յաղ­թա­նա­կով պսա­կո­ւած, բայց ող­բեր­գա­կան վախ­ճան ու­նե­ցած հա­յոց ապս­տամ­բու­թիւ­նը հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցեց այն պատ­գա­մը, թէ սե­փա­կան բա­զու­կին եւ ու­ժին ա­պա­ւի­նե­լու ռազ­մա­վա­րու­թե­նէն դուրս ո­րե­ւէ ընտ­րանք, ուշ կամ կա­նուխ, դա­տա­պար­տո­ւած է ան­փա­ռու­նակ ձա­խո­ղու­թեան եւ ազ­գա­կոր­ծան պար­տու­թեա­ն։

Ն.