96 տարի առաջ ճիշդ այս օրը, 29 Յունուար 1919ին, Երեւանի իր համեստ բնակարանին մէջ, մարմնապէս հիւծած ու անկողնին գամուած, բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց ԱՐԱՄը, Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու Արդի Հայ Պետականութեան հիմնադիրը։
Արամ Մանուկեան կարճատեւ կեանք ունեցաւ, հազիւ քառասուն տարեկանին հեռացաւ մեր աշխարհէն, բայց իր անձով ու գործով իրաւամբ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդին ազգային-քաղաքական ճակատը պայծառացնող լուսաւոր աստղերուն ամէնէն ճառագայթողը։
Արամ ունեցաւ մէկ ու միակ դաւանանք, որ կը խտանար սեփական ժողովուրդին նկատմամբ պարտքի ու պատասխանատուութեան զգացումով գործելու յեղափոխական յանձնառութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին պատանի տարիքէն զինուորագրուելով՝ Արամ շարունակ ծառայեց ու գործեց այն սկզբունքով, թէ՝
« Ես մի բանից եմ վախենում։ Վախենում եմ՝ մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»։
Թէեւ Արամ վաղաժամ վախճանեցաւ եւ ժամանակը չունեցաւ իր կերտած ազատ ու անկախ Հայաստանը պաշտպանելու Լենին-Քեմալ սադրանքին դէմ, այդուհանդերձ՝ Հայաստանի անկախութեան առաջին ամիսներու կեանքին մէջ անգամ յաջողեցաւ երկաթեայ կամքով ու արդար խստապահանջութեամբ՝ կարգ ու կանոն հաստատել որբերու եւ գաղթականներու անձեւ քաւս մը ներկայացնող նորանկախ Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ։
Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879ին, Ղափանի Զէյվա գիւղը։ Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր։ Ուսումը շարունակելու խնդիր չունեցաւ Արամ, որովհետեւ Երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր անոր միտքն ու սիրտը։
1901ին, արդէն Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ ուղարկուեցաւ Բագու, ուր լծուեցաւ հայ պանդուխտ բանուորներու ազգային¬յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքին։ Արամի միակ երազն էր Երկիր անցնիլ եւ արդէն ծաւալած հայ ազգային-ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերել։ Բայց Բագուի Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր հաոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը։
Ի վերջոյ 1903ին Արամին բախտ վիճակուեցաւ անցնելու Կարս՝ հոնկէ Երկիր մուտք գործելու առաջադրանքով, բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները դարձեալ նախընտրեցին իրենց մօտ պահել մարդիկ իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով յատկանուող երիտասարդ գործիչ Արամին։ Թէեւ Արամ միայն տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը հռչակուեցաւ Կարսի Սերգէյի վաստակով։
Արամի սիրտը Երկրին կապուած էր եւ 1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամի, որպէսզի անցնի Վան եւ հոնկէ ուղղուի դէպի Սասուն։ Բայց Վանի պարագային եւս տեղւոյն դաշնակցական կազմակերպութեան պատասխանատուները ամրօրէն փարեցան արդէն Արամ անունով գործող դաշնակցական երիտասարդին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ։
Վանի մէջ գործունէութեան երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային¬քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով։
Սկզբնապէս «պարոն Արամ» ճանչցուեցաւ եւ եկուոր նկատուեցաւ վանեցիներուն կողմէ՝ դաշնակցական ըլլան անոնք թէ արմենական։ Բայց ժամանակը շատ արագ վանեցիներու հարազատն ու առաջնորդը դարձուց ողջ էութեամբ Դաշնակցութեան հետ միաձուլուած այս գործիչին։ Ոչ միայն Հ.Յ.Դ. Դուրան¬Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ «պարոն Արամ» տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը։
Օսմանեան կառավարութեան աչքի փուշը դարձած Արամին որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով նայեցան Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները։ Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը։ Ազգային¬քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց վանի մէջ։ Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ։ Իբրեւ այդպիսին՝ ան նշանակուեցաւ անկախութեան տիրացած Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան։
Այսուհանդերձ՝ Արամի յատկապէս երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը։
1917ի իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 1919ի իր թոքախտով հիւծումն ու մահը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ։
Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուած Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէյի յաղթական հերոսամարտներուն։
Պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամին եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագրին դարբնումը։ Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայ Ազգային Պետականութեան վերականգնումին։
Անկախութեան առաջին վեց ամիսներուն, գաղափարապաշտ ու յեղափոխական գործիչի իր դաշնակցական նկարագրին մղումով՝ նորանկախ մեր պետականութեան դարբինն ու ոգին հանդիսացող Արամը կամովին վար դրաւ Սարդարապատեան հերոսամարտները կերտած «Դիկտատոր»ի իր լիազօրութիւնները։ Վարչապետ Յ. Քաջազնունիի գլխաւորած Հ.Հ. անդրանիկ կառավարութեան մէջ Արամ ստանձնեց Ներքին Գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը եւ կարգն ու անդորրը հաստատեց երկրի տարածքին։
Բայց այդ ժամանակաշրջանին Երեւանը հարուածած մահաբեր համաճարակը կտրեց կեանքին թելը, հազարաւորներու շարքին, նաեւ Արամ Մանուկեանի՝ անաւարտ ձգելով անոր ձեռնարկած մեծ գործը։
1919 թուականի Յունուար 28ի այս օրը փակուեցան աչքերը անզուգական ԱՐԱՄի։

Ն.