Յունուար 27ին, 72 տարի առաջ, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ, վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի մեծանուն ու բազմավաստակ զաւակներէն Նիկողայոս Ադոնց։
Ուսումով ու պատրաստութեամբ պատմաբան, բանասէր ու լեզուագէտ էր Ն. Ադոնց, որ իր տիտանական աշխատասիրութեանց միջոցաւ ուղի հարթեց հայ ազգային¬քաղաքական մտածողութեան զարգացման առջեւ։
Ն. Ադոնցի ազգային կտակը կարելի է խտացնել Հոկտեմբեր 1920ին գրուած եւ Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութեան նուիրուած իր աշխատասիրութեան հետեւեալ եզրափակիչ միտքը.
«Հայկական Հարցը վաղուց դադարել է սոսկ հայկական լինելուց։ Այն ժամանակակից մարդկութեան գիտակցութեան հարցն է։ Հայերն արել են մարդկայնօրէն հնարաւոր ամէն բան՝ հիմնաւորելու սեփական տունը։ Պատմութիւնը չգիտէ ոչ մի ուրիշ ժողովրդի խնդիր, որն այդքան զոհաբերութիւններ արած լինէր յանուն ազատութեան։ Ստրկութեան եւ նուաստացման անդունդից նա բարձրացել է վեհապանծ հերոսութեան եւ ինքնազոհութեան բարձունքները։ Հայ ժողովուրդը դեռեւս խեղդւում է արիւնից եւ անհամբեր սպասում է անկողմնապահ իրաւարարի վերջնական վճռին (ակնարկութիւնը կը վերաբերի նախագահ Վ. Ուիլսընի կողմէ, Սեւրի Դաշնագրին հիման վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու ճշդումին ¬ Ն.)»։
Սիւնեաց աշխարհի Բռնակոթ գիւղի ծնունդ էր Հայ Մտքի առասպելատիպ այս հսկան, որ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ եւ հայու հռչակը ամէնուր տարածեց իր Նիկողայոս Ադոնց անունով ու պատմաբանասիրական անմահ գործով։
Գէորգ Տէր¬Աւետիքեանի յարկին տակ ծնած Նիկողայոսը սերած էր դիւցազնական Դաւիթ Բէկի աջակից եւ հերոսատիպ Տէր¬Աւետիքի տոհմէն։ Ազգային ինքնահաւատարմութեան այդ զուլալ ակունքէն ըմպեց սեփական ժողովուրդին ու անոր հոգեմտաւոր պատմութեան ու ժառանգութեան լիարժէք հաղորդուելու կենարար ջուրը։
Գիտութեան եւ Իմաստութեան տիրանալու անյագ ծարաւ մը, մանուկ ու պատանի տարիքէն, վարակեց ի վերուստ իմացական անսահման շնորհներով օժտուած Տէր¬Աւետիքեան Նիկողայոսին։
Եւ այդ ծարաւը յագեցնելու անխոնջ ջանադրութիւնը ուսումնատենչութեան վարար կիրքի մը վերածուեցաւ Ադոնց գրչանունը ընտրած Մեծ Հայուն մէջ, որ իր կեանքին մեծագոյն մասը թէեւ անցուց հայրենի ոստանէն հեռու՝ Ռուսաստան եւ Եւրոպա, բայց անպայման իր օրն ու գործը շնչաւորեց հայրենիի ու մայրենիի խորագոյն ճանաչողութեամբ ու պաշտամունքով։
Իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ յաջորդաբար ծննդավայրի՝ Տաթեւի ծխական դպրոցին, Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր Ճեմարանի եւ Թիֆլիսի ռուսական Գիմնազիայի մէջ։ Փայլուն ուսանող՝ 1885ին ընդունուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը ու անոր արեւելեան լեզուներու եւ պատմաբանասիրական բաժանմունքները պատուոյ յիշատակութեամբ ու ոսկեայ պարգեւանշանով աւարտեց 1889ին։ Դասախօս ունեցաւ մեծ հայագէտ Ն. Մառը։ Ուսումնասիրեց եւ տիրապետեց, հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին, լատիներէնին եւ հին յունարէնին, ֆրանսերէնին եւ գերմաներէնին, անգլերէնին եւ վրացերէնին։
1889էն 1891, մասնագիտական իր պատրաստութիւնը խորացնելու նպատակով՝ Ադոնց գիտական աշխատանքով շրջեցաւ Եւրոպան.- Միւնիխ, Փարիզ, Լոնտոն եւ Վենետիկ։ Պատմագիտական, բանասիրական եւ լեզուագիտական իր ընդհանուր պատրաստութեան կողքին, Ադոնց խորացաւ բիւզանդագիտութեան մէջ։ 1893ին վերադարձաւ Կովկաս եւ, որոշ ժամանակ Թիֆլիսի մէջ վրացական սկզբնաղբիւրներու վրայ աշխատելէ ետք, հաստատուեցաւ Էջմիածին ու փարեցաւ Մատենադարանի ձեռագիրներու աշխարհին։
Տարիներու իր այդ աշխատանքին եւ հետազօտութեանց արգասիքը եղաւ 1898ին աւարտած «Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում» կոթողական գործը (ռուսերէն), որ հանդիսացաւ վաղ¬միջնադարու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նուիրուած պատմագիտական գլուխ¬գործոց երկ մը։ Գիտական այդ մեծարժէք աշխատասիրութեան վրայ, 1908ին, Ադոնց պաշտպանեց Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանի իր մագիստրոսական աւարտաճառը եւ արժանացաւ «պրիվատ¬դոցենտ» տիտղոսին ու միացաւ համալսարանի դասախօսական կազմին։
1915ին Ն. Ադոնց աւարտեց «Դիոնիսիոս Թրակացին եւ հայ մեկնիչները» աշխատասիրութիւնը, որուն հիման վրայ 1916ին պաշտպանեց իր բարձրագոյն ուսման աւարտաճառը եւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանէն արժանացաւ բանասիրութեան տոքթորի աստիճանին եւ փրոֆեսորի կոչման։ Նոյն տարին իսկ Ադոնց ձեռնարկեց հետազօտական շրջապտոյտի Հայաստանի տարածքին։ Եղաւ Էջմիածին, Մուշ եւ Կարին։ Մասնակցեցաւ նաեւ Վանի հնագիտական պեղումներու արշաւախումբին։
1917ին ընտրուեցաւ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանի հոգաբարձու¬պրոֆեսոր եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1920, երբ խորհրդային կարգերու կաշկանդումներուն հետեւանքով վերջնականապէս անցաւ Եւրոպա, ուր Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ տասնամեակ մը դասախօսական պաշտօններ ստանձնելէ եւ գիտական իր աշխատութիւնները շարունակելէ ետք, 1930ին հրաւիրուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանը՝ ստանձնելու համար նորաբաց հայագիտական ամպիոնի պատասխանատուութիւնը։
Եւրոպական եւ յատկապէս Պրիւքսէլեան տարիները եւս բեղմնաւոր եղան Ն. Ադոնցի կեանքին մէջ։ Ոչ միայն նոր աշխատասիրութիւններով հարստացուց պատմագիտական, բանասիրական, լեզուագիտական եւ պատմաքաղաքական իր մեծարժէք վաստակը, այլեւ՝ հասցուց սերունդ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ զայն վերանորոգելու իր մեծ ծարաւին ու պաշտամունքին բաժնեկից դարձնելով հայ թէ օտար ուսանողները։
Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն Պելճիքան եւս ինկաւ նացիական գրաւման տակ։ Ադոնց դարձեալ դիմագրաւեց նորաբնոյթ ճնշումներ եւ կաշկանդումներ, մինչեւ որ 1941ին փակուեցաւ Պրիւքսէլի համալսարանին մէջ իր ղեկավարած ամպիոնը։
Եւ 27 Յունուար 1942ին, աշխատելու եւ արարելու իր ծարաւը առանց լրիւ յագեցուցած ըլլալու՝ մեր աշխարհէն հեռացաւ Հայ Մտքի 20րդ դարու Հսկան հռչակուած Նիկողայոս Ադոնցը։
Իր մահուան տարելիցին նուիրուած Յուշատետրի այս էջը կարելի չէ փակել՝ առանց անդրադառնալու Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն եւ աւարտին, Հայկական Հարցի ուսումնասիրութեան եւ օտարներու ծանօթացման ուղղութեամբ, Նիկողայոս Ադոնցի կատարած մեծարժէք ներդրումին։ 1918ին անգլերէնով լոյս տեսած իր երկու գործերը՝ «Հայկական Հարցի պատմական հիմքը եւ Թուրքիոյ կործանումը» (Historical Foundation of the Armenian Question and the Collapse of Turkey) եւ «Թուրքիոյ բաժանումը» (The Partition of Turkey) ոչ միայն հիմնաւորեցին պատմաքաղաքական նշանակութիւնը Հայկական Հարցին, այլեւ՝ մեծապէս սատարեցին հայանպաստ տրամադրութիւններու տարածումին ու արմատաւորումին։
Նոյն տարին Ադոնց ռուսերէնով հրատարակեց երկու այլ աշխատասիրութիւններ՝ «Թրքական նոթը եւ Արեւմտեան Հայաստանը» (Turkey՚s Note and Western Armenia) եւ «Հայկական Հարցն ու գերմանական ծրագիրները» (The Armenian Question and Germany Plans), որոնք իրենց կարգին կարեւոր ներդրում ունեցան հայ ժողովուրդի նկատմամբ արդարութիւն գործելու միջազգային զօրաշարժի առաջացման մէջ։
Այդ առումով ամբողջական եղաւ 1920ին անգլերէնով Լոնտոն հրատարակուած Ադոնցի «Հայկական Հարցը Սեւրի մէջ» գործը (The Armenian Question at Sevres)։։
Ընդգծելի է, որ պատմաքաղաքական իր այս գործերով՝ Ն. Ադոնց դատապարտեց հաւասարապէս թէ՛ եւրոպական մեծ տէրութիւնները, որոնք Հայկական Հարցը կը ծառայեցնէին Թուրքիոյ վրայ իրենց ազդեցութիւնը զօրացնելու հաշիւներուն, թէ՛ խորհրդայինները, որոնք Պրեսթ¬Լիթովսքիի դաշնագրով Արեւմտահայաստանը իրողապէս «ընծայաբերեցին» թուրքերուն...
Հայ ժողովուրդի ապրող սերունդները, ներառեալ «մեծ ու բարձր քաղաքականութենէ» ճառող պատմաբանները եւ ակադեմականները որքա՜ն շատ բան ունին սորվելիք Նիկողայոս Ադոնցէն։

Ն.