Յուշատետրի 22 Յունուարի էջին կը յայտնուի առնական դէմքը հայ երգի եւ երաժշտութեան սիրուած վարպետներէն Առնօ Բաբաջանեանի։
Այսօր ծննդեան տարեդարձն է տաղանդաշատ երաժիշտին, որ մանուկ տարիքէն իսկ, հնչիւններու հետ հաղորդակցութեան մոգական ուժով, կրցաւ մնայուն ու անվերջ երգահանդէսի մը վերածել իր կեանքին ժամանակը, անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը։
Իր կեանքի վերջալոյսին, «ազատ ժամերում նա ինչո՞վ է զբաղւում» հարցումին պատասխանելով՝ վարպետը ի՛նք խոստովանեցաւ, թէ «Ես ազատ ժամեր չունեմ եւ չեմ էլ ունեցել։ Ամբողջ կեանքում նման եմ եղել պաշարուած ամրոցի։ Այո՛, ես պաշարուած եմ հնչիւններով։ Քուն թէ արթուն՝ շոշանքների մէջ եմ։ Մի՛ զարմացէք, եթէ ասեմ, որ իմ տեսած երազներն էլ հնչիւնների հետ են կապուած։ Այդ հնչիւններից ես ընտրում եմ սրտահաճները եւ երգեր յօրինում։ Ինձ համար ազատ ժամ ունենալ՝ նշանակում է կտրուել հնչիւններից, որ նոյնն է՝ թէ հրաժեշտ տալ կեանքին»։
Առնօ Բաբաջանեան ծնած էր Երեւան, 22 Յունուար 1921ին։ Հազիւ 5 տարեկան մանուկ էր, երբ իր յաճախած մանկապարտէզը այցի եկած մեծ վարպետը՝ Արամ Խաչատուրեան, շնորհալի մանուկներ յայտնաբերելու իր փնտռտուքին ընթացքին, խորապէս տպաւորուած էր Առնոյի դաշնակի կատարողութեամբ եւ թելադրած էր, որ մանուկը անպայման նուիրուի երաժշտութեան։
Այդպէս ալ եղաւ։ Առնօ Բաբաջանեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ երաժշտութեան եւ միայն 9 տարեկան էր, երբ ստեղծեց իր առաջին երաժշտական գործը՝ «Պիոներական մարշ»ը, որ անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւեց ժամանակի գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի ականաւոր գործիչներուն եւ քննադատնեպուն։ Անձնապէս Չարենց իր հոգածութեան տակ առաւ Բաբաջանեանին՝ անոր առջեւ բանալով դռները Երեւանի պետական երաժշտանոցին կից երաժշտական դպրոցին։
Այնուհետեւ՝ շնորհալի երաժիշտը մասնագիտական իր ուսումը ստացաւ նախ Երեւանի Պետական Երաժշտանոցին մէջ, ապա՝ 1948ին ընդունուեցաւ Մոսկուայի Պետական Երաժշտանոցին դաշնամուրի բաժինը, միաժամանակ իր արուեստը կատարելագործելով Մոսկուայի Հայաստանի Կուլտուրայի Տան արուեստանոցին մէջ։
Արուեստի քննադատներն ու կենսագիրները կþընդգծեն, որ Առնօ Բաբաջանեանի երաժշտական կազմաւորման վրայ խոր ազդեցութիւն գործեցին Արամ Խաչատուրեան եւ Սերգէյ Ռախմանինով։ Բայց շեշտակի անհատականութեամբ օժտուած տաղանդ էր Բաբաջանեան, որ իբրեւ դաշնակահար թէ երաժիշտ՝ ինքնատիպ դրոշմով յատկանշուեցաւ ինչպէս իր կատարողական մեկնաբանութեանց, նոյնպէս եւ իր ստեղծագործութեանց մէջ։
Առնօ Բաբաջանեան եղաւ մեր ժողովուրդին սիրուած երաժիշտը, որուն «Վաղարշապատի պարը», «Հերոսական բալլադ»ը, «Հայկական ռապսոդիան» եւ «Դաշնամուրային եռեակ»ը մինչեւ այսօր լայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն։ Նոյնպէս եւ «Կամուրջներ», «Գուշակիր ցանկութիւնս» ու «Մի շտապիր» երգերու օրինակով քնարական գործերը։
Առնօ Բաբաջանեան մեծ գործ կատարեց նաեւ թատերական եւ շարժանկարային գլուխ¬գործոցներու երաժշտական դաշնաւորման ասպարէզին մէջ։ Իրենց ժողովրդականութիւնը մինչեւ այսօր կը պահպանեն «Իմ սիրտը լեռներում է», «Առաջին Սիրոյ երգը», «Երջանկութեան մեխանիկան» եւ «Հարսնացուն հիւսիսից» գործերու բեմականացման համար Բաբաջանեանի ստեղծած երաժշտական դաշնաւորումները։
Առնօ Բաբաջանեան դաշնակահարը գերազանց էր յատկապէս սեփական երգերու եւ երաժշտական ստեղծագործութեանց մեկնաբանութեան ժամանակ։ Դաշնամուրի առջեւ՝ Առնօ Բաբաջանեան կը վերածուէր հայ երգի ու երաժշտութեան մոգական ուժը շնչաւորող կախարդի, որ իրեն կապուած կը պահէր ունկնդիրն ու հանդիսատեսը։
Վարպետը 1956էն սկսեալ բնակութիւն հաստատեց Մոսկուայի մէջ, ուր եւ աչքերը փակեց 11 Նոյեմբեր 1983ին՝ գերելով մոսկուացիներու հոգին, իբրեւ Սիրոյ եւ Հայաստանի մեծ երգիչն ու երաժիշտը։
Իսկ հայ ժողովուրդին՝ Առնօ Բաբաջանեան պարգեւեց սրտի ու սիրոյ առինքնող երաժշտութիւն մը, որուն էութիւնը անվիճելիօրէն հայկական էր, որովհետեւ ինչպէս առիթով մը վարպետը ինք ընդգծած էր, «ինչ էլ որ գրեմ, ստացւում է հայեցի»...
Սրտի եւ Սիրոյ երաժշտութեան հայաշունչ կախարդանքին անկորնչելի նուաճումներէն է Առնօ Բաբաջանեանի դաշնաւորած «Չքնաղ Երազ»ը, որուն բառերը ստեղծագործութիւնն են սիրուած գրող Արամայիս Սահակեանի.-

Դու ինձ համար սիրոյ աղբիւր,
Ես քեզ համար՝ գուցէ ոչինչ։
Դու ինձ համար երազ մաքուր,
Ես քեզ համար՝ գուցէ ոչինչ։

Հեռուի՜ց՝ ես քեզ գոնէ՛ տեսնեմ, սիրեմ,
Որպէս կեանքիս չքնաղ երազ։
Արեգակին պէտք է հեռուի՜ց նայել,
Կþայրի՛, եթէ շատ մօտենաս։

Կեանքում դու միշտ ուրախ մնայ,
Եւ միշտ եղիր պայծառ ու ջինջ։
Ամբողջ մի կեանք սիրով կը տամ,
Ես քեզ համար՝ գուցէ ոչինչ։

Հեռուի՜ց՝ ես քեզ գոնէ՛ տեսնեմ, սիրեմ,
Որպէս կեանքիս չքնաղ երազ։
Արեգակին պէտք է հեռուի՜ց նայել,
Կþայրի՛, եթէ շատ մօտենաս։

Ն.