«Մեր կուսակցութիւնն իր վրայ ունի այնպիսի՛ պարտաւորութիւններ, որոնցից ազատ են ուրիշ կուսակցութիւնները։ Մենք ունինք ազգովին վտանգուելու հոգսը, եւ չենք կարող անտես առնել այդ հանգամանքը։ Ամէն անգամ, որ Դաշնակցութիւնը ստիպուած է եղել դուրս գալ ազգովին գործելու, նրան մեղադրել են, թէ նա բուրժուական է, կղերական... Ես կը կամենայի, որ Դաշնակցութիւնը ապագային էլ նոյնը լինէր եւ պէտք եղած ժամանակ պաշտպանէր ազգի շահը»։
Ա՛յս հաւատամքով եւ ուղեգիծով պատմական ամբողջ դարաշրջան մը նուաճեց, այլեւ իր անհատականութեամբ, կեանքով ու գործով հայ ժողովուրդի ազգային Կամքին եւ կազմակերպ Ուժին յեղափոխական դարբինը հանդիսացաւ Ռոստոմ, որ 1919ի Յունուար 18էն 19 լուսցող գիշերը, Թիֆլիսի մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած եւ անբուժելի թոքատապի մատնուած, յոգնատանջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց եւ վերջնական հրաժեշտ տուաւ իր պաշտած հայութեան եւ Հայաստանին։
Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կրտսերագոյն անդամն է Ռոստոմ (աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան)։ Թէեւ ներկայ գտնուած ալ չէր 1890ի ամրան Թիֆլիսի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովին (Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով), այսուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ 1890-1919 երեսնամեակի հայոց պատմութեան եւ Հ.Յ.Դ. գործունէութեան գլխաւոր բոլոր փուլերուն վրայ։
Ռոստոմի մտայղացումով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը իր անունը սղեց, սկիզբը ներկայացաւ իբրեւ Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութիւն, իսկ 1892ին վերածուեցաւ պարզապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած «Այբուբեն» ծրագրային յօդուածաշարքը ամբողջացնելով եւ մեր ժողովուրդին ներկայացնելով իբրեւ «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու Հ.Յ.Դ. Ծրագիր։
Նոյնպէս Ռոստոմի ուղղակի ձեռքն է, որ կþերեւի Դաշնակցութեան Զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։
Ռոստոմի գործնական նախաձեռնութեանց կամ ղեկավար դերակատարութեան մասին հակիրճ պատկերացում մը կազմելու կը ծառայէ թուարկումը իր անունին կապուած հետեւեալ իրագործումներուն.-
1) Հզօրացուց եւ զէնքի ու զինամթերքի Դաշնակցութեան ուրոյն արտադրամաս-պահեստանոցին ավերածեց Հ.Յ.Դ. առաջին զինագործարանը Սալմաստի մէջ։
2) Ապահովեց եւ կանոնաւորեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի անխափան հրատարակութիւնը։
3) Յաջողութեամբ պսակեց, 1890ականներու երկրորդ կիսուն, Երկրի տարածքին հայ դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը։
4) Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, իրագործեց հայ յեղափոխական շարժման եւ տարբեր ազգերու յեղափոխական ուժերուն միջեւ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումն ու ամրապնդումը։
5) 1903ին գլխաւոր մղիչ ուժը եղաւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ ծաւալած համաժողովրդային բողոքի շարժումին։ Յատկապէս վճռորոշ եղաւ Ռոստոմի դերակատարութիւնը օրուան ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ կանգնելու առումով։
6) 1903էն 1905, Դաշնակցութեան կովկասեան կազմերուն կողմէ որդեգրուեցաւ Հ.Յ.Դ. պատմութեան մէջ նոր դարաշրջան բացած  «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը հանդիսացաւ Ռոստոմ, Արեւմտահայութեան ազգային¬ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ Արեւելահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։
7) 1905ին, ցարական իշխանութեան հրահրած հայ¬թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, Ռոստոմ ստանձնեց հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։
8) Ռոստոմ առանցքային դեր ունեցաւ - 1907ի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին - Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը ապահովելու պայքարին մէջ՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերն ու սադրանքները ձախողութեան մատնելով։
9) 1908էն սկսեալ, Ռոստոմի ջանքերով իրականացաւ Դաշնակցութեան անդամագրումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցին հիմնումը։
10) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան Դաշնակցութիւնը բերաւ գործօն մասնակցութիւն՝ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ¬Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ։
11) Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Ռոստոմ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական¬մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին։
12) 1913ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներ ունեցան նշանակալից մասնակցութիւն ընդդէմ օսմանեան զօրքին՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ։
13) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Ռոստոմ տենդագին լծուեցաւ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, հակառակ անոր որ անձնապէս ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով, ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական Շարժման հզօրացման գործին։
14) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ, անփոխարինելի եղաւ Ռոստոմի ներդրումը, որ պսակուեցաւ Պաքուի Հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու պոլշեւիկներու ղեկավար Ստեփան Շահումեանի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրքեւթաթար ջարդարար ներխուժման։
Ահա՛ ամփոփ ցուցակը այն ներդրումներուն, որոնք Ռոստոմին դափնեպսակը կազմեցին եւ անմահութեան արժանացուցին Ստեփան Զօրեան անուն¬ազգանունով ծնած եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ դարբինը մարմնաւորած ՌՈՍՏՈՄը։
Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնա գիւղը 18 Յունուար 1867ին։ Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։ Բայց ունէ՛ր զգայուն հոգի, որ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։ Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային¬հասարակական, իսկ խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար¬ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով։
Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ¬Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական Ճեմարանը։
Թէեւ բնական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի հասնելու ամէն հնարաւորութիւն ունէր, այսուհանդերձ՝ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն կը փախցնէր։ Այդ առումով, մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ։
Աւելի՛ն. ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթոթ» անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր։ Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կþասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ ինչպէս Յովսէփ Տէր¬Դաւթեան կը յիշատակէ Ռոստոմի նուիրուած իր յուշերուն մէջ, մահուան սնարին մէջ «պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է։ Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը»։
Ուսման եւ ինքնազարգացման առընթեր, Ռոստոմի երիտասարդական կեանքը յատկանշուեցաւ ուսանողական բողոքի քայլերու եւ ցոյցերու աշխոյժ, այլեւ ղեկավար մասնակցութեամբ՝ բոլոր արդար դատերուն եւ ազատագրումի բոլոր պայքարներուն անձնուէր ու յանձնառու դրօշակիրը դառնալով եւ միշտ առաջնորդուելով այն խոր ու հաստատ համոզումով, թէ հայ ժողովուրդին ազատ ու արդար կեանքը հնարաւոր է, երբ նոյնպէս ազատ ու արդար կþապրին շրջապատի միւս ազգերն ու ժողովուրդները։
Ուսանողական շրջանի իր յեղափոխական աշխուժութեան համար Ռոստոմ հալածուեցաւ ցարական իշխանութիւններէն (երկու անգամ ձերբակալուեցաւ ու աքսորուեցաւ), բայց այդ հալածանքը իր մէջ ամրապնդեց յեղափոխականի յանդգնութիւնը եւ մարտունակութիւնը (երկու անգամ անցագիր փոխեց, որպէսզի կարենայ աքսորավայրէն փախուստ տալ եւ շարժումի ազատութիւն ունենալ)։
Իր այս կազմաւորման շնորհիւ Ռոստոմի մէջ միաժամանակ արմատաւորուեցան՝
¬ Ազգային եւ ընկերային բոլոր արդար դատերուն բոլորանուէր պաշտպանի ու յառաջապահի տիպարը,
¬ Յեղափոխական միտք ու հաւատք տարածող մտաւորականը (ուսուցիչ ու խմբագիր), որ դաւադիր յեղափոխականի մարտական գործիչն էր միաժամանակ (զէնքի եւ ռումբի պատրաստութենէն մինչեւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կռուի կազմակերպումը),
¬ Ազգային¬հասարակական ծառայութեան նուիրեալը, որ որքան զինուելու եւ պաշտպանուելու մղեց մեր ժողովուրդը, նոյնքան հոգածու եղաւ հայութեան ընկերային ու մշակութային կեանքի բարելաւումին եւ բազմակողմանի զարգացման նկատմամբ։
Ռոստոմ կը մարմնաւորէ Հայ Յեղափոխականի ու Դաշնակցականի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ կերպարին բնորոշ նկարագիրը։
Ռոստոմի արժանաւոր աշակերտը հանդիսացած Սիմոն Վրացեանի հանրածանօթ թեւաւոր վկայութեամբ՝
¬ «Եթէ Քրիստափորը եղաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միտքն ու կամքը, եւ Զաւարեանը՝ նրա սիրտն ու խիղճը, Ռոստոմը ե՛ւ միտք էր, ե՛ւ կամք ու խիղճ՝ Դաշնակցութիւնը ինքը իր բովանդակ էութեամբ»։

Ն.