13 Յու­նո­ւա­րի 1878-ին, 137 տա­րի ա­ռաջ, Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի ծո­վու­ժը գրա­ւեց Պոլ­սոյ ա­ր­ւար­ձան­նե­րէն Սան Ս­թե­ֆա­նոն՝ ծանր պար­տու­թեան մատ­նե­լով Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան նա­ւա­տոր­մը։

Հա­յոց Յու­շա­տետ­րին մէջ կա­րե­ւոր իր տե­ղը վստա­հա­բար պի­տի չու­նե­նար Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի մէջ Ցա­րա­կան զօր­քին ար­ձա­նագ­րած ռազ­մա­կան

յաղ­թա­նա­կը, ե­թէ Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեան ան­մի­ջա­պէս չհե­տե­ւէր ստո­րագ­րու­թիւ­նը Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի հռչա­կա­ւոր դաշ­նա­գի­րին՝ յաղ­թա­նա­կած Ցա­րա­կան եւ պար­տեալ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեանց մի­ջեւ։

 

Իսկ Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի դաշ­նա­գի­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա ե­ղաւ մի­ջազ­գա­յին այն ա­ռա­ջին պայ­մա­նա­գի­րը, ուր յի­շա­տա­կո­ւած է Հայ­կա­կան Հար­ցը՝ ա­ռան­ձին յօ­դո­ւա­ծով մը յա­տուկ շեշտ դնե­լով Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րուն մէջ անհ­րա­ժեշտ բա­րե­նո­րո­գում­ներ կա­տա­րե­լու հրա­մա­յա­կան պա­հան­ջին վրայ։

Սան Ս­թե­ֆա­նոն ծո­վե­զե­րեայ ա­րո­ւար­ձան մըն է Պոլ­սոյ ա­րեւ­մուտ­քը եւ ներ­կա­յիս, թրքա­ցո­ւած ա­ն­ւա­նու­մով, ծա­նօթ է իբ­րեւ Ե­շիլ­քէոյ (կա­նաչ գիւղ)։ Այ­սօր ա­ռեւտ­րա­կան եւ վար­չա­կան կա­րե­ւոր կեդ­րոն մըն է Ե­շիլ­քէո­յը, ուր կը գոր­ծէ Ա­թա­թուր­քի ա­նո­ւան մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նը, որ իր կար­գին ա­նո­ւա­նա­փո­խո­ւած է Ե­շիլ­քէո­յի մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նի։

1878ին, պատ­մու­թեան մէջ ծա­նօթ իր յու­նա­րէն ա­նո­ւա­նու­մով՝ Ա­յոս Ս­թե­ֆա­նոն ցան­ցառ բնակ­չու­թեամբ ծո­վե­զե­րեայ հանգս­տա­րան մըն էր, Պոլ­սոյ կեդ­րո­նէն 11 քի­լո­մեթր դէ­պի ա­րեւ­մուտք։ Մաս կը կազ­մէր Պոլ­սոյ վար­չա­կան թա­ղա­մա­սե­րէն Պա­քըր­քէո­յի։

1877-1878ի ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, երբ Պալ­քան­նե­րէն եւ Կով­կա­սեան սահ­մա­նա­գի­ծէն ցա­րա­կան բա­նա­կը յաղ­թա­կան կ’ար­շա­ւէր օս­մա­նեան մայ­րա­քա­ղա­քի գրաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ, ռու­սա­կան նա­ւա­տոր­մը 1877ի վեր­ջե­րուն ար­դէն հա­սած էր Պոլ­սոյ նա­ւա­մա­տոյց­նե­րուն։ Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան այդ ա­տե­նո­ւան գլխա­ւոր մրցա­կի­ցը՝ Մեծն Բ­րի­տա­նիան իր նա­ւա­տոր­մով մի­ջամ­տեց եւ ար­գելք կե­ցաւ, որ Ցա­րը ի­րա­կա­նաց­նէ իր զօր­քը Պո­լիս մտցնե­լու մտադ­րու­թիւ­նը։ Բայց օս­մա­նեան բա­նա­կը ար­դէն ջախ­ջա­խիչ պար­տու­թիւն կրած էր եւ սուլ­թա­նա­կան գա­հին նոր բազ­մած Հա­միտ Բ. ստի­պո­ւե­ցաւ 31 Յու­նո­ւար 1878ին զէն­քե­րը վար դնել եւ հաշ­տու­թիւն ու խա­ղա­ղու­թիւն ա­ղեր­սել Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նէն։

Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ 3 Մարտ (հին տո­մա­րով՝ 19 Փետ­րո­ւար) 1878ին կնքո­ւե­ցաւ Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի Դաշ­նա­գի­րը, որ ինչ­պէս Պալ­քա­նեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, այն­պէս ալ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար դար­ձաւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ օ­րէն­քի հիմ­քը՝ թա­փով փա­րե­լու հա­մար օս­մա­նեան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու ի­րենց հե­տա­գայ պայ­քա­րին։

Թէեւ Ցա­րա­կան Կայս­րու­թիւ­նը սուլ­թա­նի բռնա­տի­րու­թեան դէմ մղո­ւած պա­տե­րազ­մին մէջ մտաւ իբր թէ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը թրքա­կան խժդժու­թիւն­նե­րէն պաշտ­պա­նե­լու կար­գա­խօ­սով, բայց ըստ ա­մե­նայ­նի հե­տա­մուտ էր Մի­ջերկ­րա­կա­նի տաք ջու­րե­րուն հաս­նե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան Մեծն Պետ­րոս Ցա­րի հին ծրագ­րին ի­րա­գործ­ման։

Յատ­կա­պէս Կով­կա­սեան ճա­կա­տի պա­րա­գա­յին՝ ան­վի­ճե­լի ճշմար­տու­թիւն էր Ցա­րիզ­մի ռազ­մա­վա­րա­կան այդ նպա­տա­կադ­րու­մը։

Այ­սու­հան­դերձ՝ ոչ միայն Պալ­քան­նե­րու մէջ պուլ­կար­ներն ու սեր­պե­րը, յոյ­ներն ու չե­խե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն մաս կազ­մե­ցին պա­տե­րազ­մին, այ­լեւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նը հա­տող եւ Պոլ­սոյ ուղ­ղու­թեամբ ար­շա­ւող ռու­սա­կան զօր­քե­րը, Կով­կա­սի ընդ­հա­նուր կա­ռա­վա­րիչ մեծն դուքս Մի­խա­յիլ Նի­կո­լա­յե­ւի­չի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գտնո­ւե­լով հան­դերձ՝ փաս­տօ­րէն ռազ­մա­կան ի­րենց յաղ­թար­շա­ւին մէջ ղե­կա­վա­րո­ւե­ցան ցա­րա­կան բա­նա­կի հա­յազ­գի հրա­մա­նա­տար­նե­րուն կող­մէ։ Զօ­րա­վար­ներ Բէյ­բուտ Շել­քով­նի­քով, Մի­խա­յիլ Լո­րիս-­Մե­լի­քով, Ի­վան Լա­զա­րեւ եւ, յա­տակ­պէս, Ար­շակ Տէր-­Ղու­կա­սով բա­ռին բուն ի­մաս­տով յաղ­թա­նա­կէ յաղ­թա­նակ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ռու­սա­կան զօր­քը։

Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով ա­ւե­լի քան բնա­կան էր, որ Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի գրաւ­ման հե­տե­ւած եւ նոյն ա­րո­ւար­ձա­նին մէջ գու­մա­րո­ւած խա­ղա­ղու­թեան խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ծնած Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի Դաշ­նա­գի­րը, իր ա­ռաջ­նա­հերթ 16րդ­ եւ 19րդ յօ­դո­ւած­նե­րով, յա­տուկ պա­հանջ­ներ դրաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ։

Դաշ­նագ­րի 16րդ յօ­դո­ւա­ծը պար­տա­ւո­րե­ցուց Սուլ­թա­նին, որ ան­յա­պաղ բա­րե­կար­գու­թիւն­ներ ի­րա­գոր­ծէ հայ­կա­կան բո­լոր նա­հանգ­նե­րուն մէջ՝ թրքա­կան, քրտա­կան եւ չեր­քէ­զա­կան խժդժու­թեանց վերջ տա­լու հա­մար, իսկ ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նին վե­րա­պա­հեց անհ­րա­ժեշտ մի­ջամ­տու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու եւ յօ­դո­ւա­ծի ի­րա­գործ­ման հսկե­լու ե­րաշ­խա­ւո­րի ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը։

Իսկ 19րդ յօ­դո­ւա­ծով՝ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով Ռու­սաս­տա­նի նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րը հա­տու­ցա­նե­լու հա­մար, Սուլ­թա­նը պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան զի­ջիլ Ար­տա­հա­նը, Կար­սը, Պա­թու­մը եւ Պա­յա­զի­տը։

Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի Դաշ­նա­գի­րը դժբախ­տա­բար մե­ռեալ ծնունդ ե­ղաւ, յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­բե­րող իր յօ­դո­ւած­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ Եւ­րո­պան չու­զեց հա­մա­կեր­պիլ Օս­մա­նեան փլու­զո­ւող կայս­րու­թեան ա­ւա­րը իւ­րո­վի սե­փա­կա­նաց­նե­լու Ցա­րա­կան նկրտում­նե­րուն։

Մեծն Բ­րի­տա­նիա յա­ջո­ղե­ցաւ իր կող­քին ու­նե­նալ կայ­սե­րա­կան Գեր­մա­նիան եւ Ֆ­րան­սան, որ­պէս­զի միաս­նա­բար ար­գելք կանգ­նին Ցա­րա­կան Կայս­րու­թեան ա­խոր­ժակ­նե­րուն եւ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նեն Օս­մա­նեան ա­ւա­րին յաղ­թա­կա­նի դիր­քէն միանձ­նեայ տի­րա­նա­լու Ցա­րին նպա­տա­կը։

Առ այդ, Եւ­րո­պա­յի ճնշու­մին տակ, Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի պար­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ Պեր­լի­նի այս­պէս կո­չո­ւած խա­ղա­ղու­թեան Դաշ­նագ­րով, ուր Հայ­կա­կան Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ 16րդ յօ­դո­ւա­ծը մղո­ւե­ցաւ ար­դէն 61րդ տե­ղը։

Պեր­լի­նի դաշ­նագ­րին 61րդ յօ­դո­ւա­ծը բա­ւա­րա­-

րո­ւե­ցաւ Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ պարտք դնե­լով բա­րե­նո­րո­գում­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ա­ռանց այդ բա­րե­կար­գում­նե­րուն քա­ղա­քա­կան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը յստա­կաց­նե­լու եւ, մա­նա­ւանդ, ա­ռանց ա­նոնց գոր­ծադ­րու­թեան հսկե­լու ե­ղա­նա­կը եւ հսկող-ե­րաշ­խա­ւո­րը ճշդե­լու։

Բայց այդ ա­մէ­նը ա­ռան­ձին քննարկ­ման նիւթ է։

Ն.