Նոյեմբեր 7ին հայ ժողովուրդը կ'ոգեկոչէ մահուան 303-րդ տարելիցը իր արժանաւոր դէմքերէն Իսրայէլ Օրիի։
Իսրայէլ Օրի կը հանդիսանայ արդի ժամանակաշրջանի հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան պայքարին անձնուէր նախակարապետը։

Հայոց պատմութեան դասագիրքերէն մինչեւ հայ քաղաքական մտքի քննարկման ու զարգացման նուիրուած աշխատութիւնները, հասկնալիօրէն, կարեւորութեամբ կանգ կþառնեն այս բացառիկ Հայու կեանքին ու գործունէութեան վրայ, արժեւորումը կը կատարեն ի նպաստ Հայ Դատին - միջազգային ազդու միջամտութիւն ապահովելու նպատակով - անոր թափած անդուլ ճիգերուն եւ միաձայնութեամբ կ'եզրակացնեն, որ Իսրայէլ Օրի թէեւ չկրցաւ իրականացնել անկախ Հայաստան եւ հայկական պետութիւն ստեղծելու իր քաղաքական ծրագիրը, բայց անպայման արդի ժամանակներ թեւակոխած հայ ժողովուրդին ու անոր հետագայ սերունդներուն կտակեց ազգային-քաղաքական մեծ տեսլական մը։
Նոյնիսկ խորհրդային կոչուած պոլշեւիկեան՝ ապազգային ու աղանդամոլ ամբողջատիրութեան շրջանին, Օրի շարունակեց ներշնչման աղբիւր մնալ մեր ժողովուրդին համար, իսկ խորհրդահայ պատմագրութեան ու գրականութեան թոյլատրուեցաւ մեծարել Իսրայէլ Օրին։ Պատճառը անշուշտ ա՛յն քարոզչութիւնն էր, ըստ որուն հայ ազգային-ազատագրական շարժման նախակարապետը հանդիսացաւ հայ քաղաքական այն առաջին գործիչը, որ Ռուսաստանի մէջ փնտռեց ու «գտաւ» Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի «պաշտպանութեան ու փրկութեան ապաւէն»ը։
Լրիւ ճշմարտութիւնը, անշուշտ, ա՛յլ էր. Իսրայէլ Օրի ամբողջ Եւրոպան շրջելէ եւ Հռոմի Պապէն սկսեալ մինչեւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ այլեւայլ իշխանները շահագրգռելու յամառ փորձեր կատարելէ ու ձեռնունայն մնալէ ետք միայն դիմեց… Պետրոս Մեծն ու Ռուսաստանը հայութեամբ եւ Հայաստանով շահագրգռելու քայլին։
Այդ առումով Իսրայէլ Օրիի քաղաքական Գործն ու Կտակը տակաւին կը սպասեն իրենց ամբողջական ու առարկայական արժեւորումին։
Ըստ ամենայնի՝ Իսրայէլ Օրի հայ ժողովուրդին ազատագրումը եւ Հայաստանի անկախութիւնը «օտարներէն սպասող» եւ «մուրացող» մը չեղաւ։ Ընդհակառակն՝ Օրի համոզուած էր եւ գործեց այն հաստատ վարքագծով, որ հայութիւնը իր սեփական ուժերով պէտք է մղէր ազատագրութեան եւ անկախութեան պայքարը։
Իսրայէլ Օրի միաժամանակ ունէր քաղաքական այն իրատեսութիւնը, թէ էապէս անհաւասար ուժերով պայքար մը վիճակուած է հայ ժողովուրդին, որ յաջողելու համար անխուսափելիօրէն կարիքը ունէր մեծապետական աշխարհի քաղաքական ուժերու նպաստաւոր դասաւորումին։
Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց դաժան լուծին տակ երկատուած ու աստիճանաբար մեռնող հայութեան եւ Հայաստանի միաւորումն ու ազատագրումը 17րդ դարուն կը պահանջէին, ինչպէս որ այսօր ալ անհրաժեշտ կը դարձնեն, համադրումը մէկ կողմէ սեփական ուժերուն հաւատացող եւ անձնուիրաբար անհաւասար կռուի դաշտ նետուող մարտունակ Հայ Կամքին, իսկ միւս կողմէ՝ մեծապետական ուժերը շահագրգռելու քաղաքական զօրաշարժին, որպէսզի հզօրները իրենց սեփական շահերու ապահովման վստահելի երաշխիք մը տեսնեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան մէջ։
Այդ համոզումով՝ Իսրայէլ Օրի յառաջամարտիկը եղաւ արդի հասկացողութեամբ հայ քաղաքական լոպիինկին, հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ի նպաստ օտար ու հզօր ուժեր սիրաշահելու եւ ազդու միջամտութեան մղելու առումով։
Ինչպէս իր ատենին, նաեւ հետագային ու մինչեւ մեր ժամանակները գտնուեցան Իսրայէլ Օրին ուժգնօրէն քննադատող հեղինակներ։ Ոմանք զինք մեղադրեցին այն թիւր ընկալումով, թէ երիտասարդ հայորդին պարզապէս իրեն համար իշխանութեան գահ փնտռող քաղաքական բախտախնդիր մըն էր... Ուրիշներ ծանր տարին հայ առաքելական եկեղեցիէն առերես հրաժարելու եւ կաթոլիկութիւն թէ ուղղափառութիւն ընդունելու Օրիի... քաղաքական պատրաստակամութիւնը։
Խորքին մէջ Իսրայէլ Օրի պարզապէս քաղաքական ու դիւանագիտական խաղին ուրոյն օրէնքներն ու կանոնները լաւ ըմբռնած եւ կիրարկած ազգային գործիչն էր, որ յանուն իր Ազգի եւ Հայրենիքի պետական անկախութեան՝ տիրապետած էր զիջումներ խաղարկելու եւ հիմնական շահեր ապահովելու արուեստին։ Գիտէ՜ր մանաւանդ աշխարհասփիւռ հայերու անհատական յաջողութիւնները ծառայեցնել ազգային հաւաքական նպատակներու իրականացումին, ինչը առանցքն ու հիմքն է ազդու եւ յաջող լոպիինկին։
Հայ ազգային-ազատագրական պայքարին յառաջապահ գործիչը ծնած էր հայրենի Սիւնեաց աշխարհին մէջ, 1659 թուին։ Ստուգապէս իր մասին առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք 1677ին, երբ հօր՝ Մելիք Իսրայէլի կողքին, 18 տարեկանին, կը մասնակցի Ս. Էջմիածնի մէջ Գէորգ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ գումարուած գաղտնի ժողովին, որուն օրակարգին գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան նպատակով քրիստոնեայ տէրութեանց պաշտօնապէս դիմում ներկայացնելու առաջադրանքն էր։ Այդ առաքելութեան համար ընտրուած պատուիրակներու շարքին էր Մելիք Իսրայէլ, որուն ընկերացաւ որդին՝ Իսրայէլ Օրին, երբ 1679ի Դեկտեմբերին պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Կ. Պոլիս:
Պատուիրակութիւնը չյաջողեցաւ Եւրոպա մեկնիլ եւ այդ ձախողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ բոլորը վերադառնան իրենց տեղերը։ Միայն 20ամեայ Իսրայէլ Օրին շարունակեց ճամբան։
Այդ օրէն Իսրայէլ Օրի իր կարճատեւ՝ 52ամեայ կեանքին աւելի քան 30 տարիները նուիրեց եւրոպական երկիրներու եւ անոնց տէրութեանց օգնութեամբ թրքական լուծէն սեփական հայրենիքը ազատագրելու նպատակին։
Այսպէս, 1680ի վերջաւորութեան, Պոլսէն մեկնած խումբ մը հայ վաճառականներու հետ, Իսրայէլ Օրի հասաւ Վենետիկ։ Քանի մը տարի վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք, 1683ին ան անցաւ Փարիզ, ուր սկիզբը ձեռնամուխ եղաւ ֆրանսական բանակի պարենամատակարարման աշխատանքներու, ապա՝ մտաւ զինուորական ծառայութեան եւ հասաւ հեծելազօրի լէյթենանթի, յետոյ եւ հեծելազօրի Քափիթանի աստիճանին։ Իբրեւ այդպիսին 1688-95ին մասնակցեցաւ անգլեւֆրանսական պատերազմին։ Անգլիացիներու ձեռքը գերի ինկաւ, կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուեցաւ եւ մօտէն ծանօթացաւ անգլիական բանակի կազմաւորման ու պետական կառավարման արուեստին։
1698ին անցաւ Գերմանիա, ուր Յովհան Վիլհելմ իշխանին հետ կապեր հաստատելով՝ անոր ներշնչեց Հայաստանը նուաճելու, անոր թագաւորը դառնալու եւ Օսմանեան Կայսրութեան թիկունքին անկախ Հայաստան ու Վրաստան ստեղծելու միտքը։ Յովհան Վիլհելմ համաձայնեցաւ եւ Իսրայել Օրիի միջոցաւ թուղթեր յղեց Քարթլիի Գէորգի ԺԲ. թագաւորին, Հայաստանի մելիքներուն եւ Ամենայն Հայոց ու Աղուանաց Կաթողիկոսներուն՝ մանրամասն տեղեկութիւններ խնդրելով Հայաստանի ու յարակից երկիրներու տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական պայմաններուն մասին։
Նոյն 1698ի Օգոստոսին Իսրայէլ Օրի ժամանեց Վիեննա՝ Աւստրիոյ Լէոփոլտ Ա. կայսրէն եւս յուսադրող գրութիւն ստանալու նպատակով, բայց մերժումի հանդիպեցաւ՝ այդ օրերուն թուրքերու հետ սկսած խաղաղութեան բանակցութեանց պատճառով։ Այնուհետեւ մեկնեցաւ Ֆլորենցիա, ուր ստացաւ Թոսքանյաի դուքս Քոզմաս Գ.ի համաձայնութիւնը եւ հուսկ, 1699ին, ուղեւորուեցաւ Հայաստան։
Սակայն Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ իրադրութիւնը լրիւ փոխուած էր։ Նախապէս ապստամբ Գէորգի Զ.ն արդէն հնազանդած էր պարսիկ արքունիին եւ կը գտնուէր Սպահան, իսկ Հայոց Կաթողիկոս Նահապետ Ա. Եդեսիացին ու Գանձասարի Սիմէոն Կաթողիկոսը չընդառաջեցին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեան։ Միայն Մելիք Սաֆրազի օժանդակութեամբ Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ, Անգեղակոթ աւանին մէջ, Ապրիլին գումարել Սիւնիքի 11 մելիքներու խորհրդաժողով մը, ուր կազմուեցան եւ հաստատուեցան գրութիւններ՝ ուղղուած Յովհան Վիլհելմին, Հռոմի Պապին, Աւստրիոյ կայսեր, Թոսքանայի դուքսին եւ ռուսաց ցար Պետրոս Մեծին՝ Հայաստանի ազատագրութեան գործին սատարելու խնդրանքով։ Անգեղակոթի ժողովը Իսրայելի Օրիին տրամադրեց նաեւ մաքուր, բայց կնքուած թուղթեր, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային այլ դիմումներ եւս կատարէր։
Իսրայէլ Օրի վերադարձաւ Եւրոպա՝ այս անգամ իր կողքին ունենալով, ժողովի թելադրութեամբ, Մինաս վարդապետ Տիգրանեանցը՝ իբրեւ մելիքներու ներկայացուցիչ եւ Օրիի օգնական։ 1699ի Սեպտեմբերին հասնելով Տիւսելտորֆ՝ Օրի եւ Մինաս վարդապետ մշակեցին ու 1700ի սկիզբը Յովհան Վիլհելմին ներկայացուցին Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը, ըստ որուն՝ պէտք է կազմուէր եռեակ դաշինք։ Դաշնակիցներու բանակը պէտք է անցնէր Ռուսաստանի վրայով՝ վերջինիս համաձայնութեամբ եւ, հետեւաբար, ծրագրի իրագործման պէտք է մասնակցէր նաեւ Ռուսաստանը։ Ծրագրին համաձայն՝ եւրոպական ուժերու այդ արտաքին օգնութիւնը կը դիտուէր իբրեւ անհրաժեշտ լծակ՝ բուն երկրէն ներս ապստամբական շարժումին թափ տալու համար։
Հայաստանի ազատագրութիւնը պէտք է իրագործուէր, հիմնականին մէջ, սեփական ուժերով։ Ծրագրին մէջ առաջնահերթ կարեւորութիւն տրուած էր նախ պարսկական լուծի տակ գտնուող Արեւելեան Հայաստանի ազատագրութեան՝ յատկապէս ընդգծելով հայ ու վրացի ժողովուրդներու համատեղ պայքարին անհրաժեշտութեան գաղափարը։
Հանրագիտական աղբիւրները կþաւելցնեն, որ այս Ծրագիրը իրականացնելու համար Յովհան Վիլհելմը, համապատասխան յանձնարարականներով, Իսրայէլ Օրիին ուղարկեց Թոսքանայի դուքսին եւ Աւստրիոյ կայսեր մօտ, սակայն վերջինս դարձեալ հրաժարեցաւ Հայաստանի ազատագրման գործին մասնակցելէ՝ այս անգամ ալ Սպանական գահի ժառանգութեան համար սկսած պատերազմին պատճառով։
Աւստրիոյ բացասական կեցուածքը խափանեց Ծրագրով նախատեսուած եռեակ դաշինքին ստեղծումը եւ, Արեւմուտքէն իր յոյսը կտրած, Իսրայէլ Օրի 1701ին մեկնեցաւ Մոսկուա։
Ռուս պետական գործիչներուն հետ իր վարած բանակցութիւնները Իսրայէլ Օրիի մէջ արմատաւորեցին այն գաղափարը, որ քրիստոնեայ Ռուսաստանը, իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ լուրջ քաղաքական ու տնտեսական շահագրգռութիւններ ունեցող երկրի, ի վիճակի եւ տրամադիր էր սատարելու Հայաստանի ազատագրութեան գործին։ Ուստի՝ Օրի մշակեց նոր Ծրագիր, ուր Հայաստանի ազատագրութեան հարցով գլխաւոր դեր կը յատկացուէր Ռուսաստանին։ Ըստ այս նոր Ծրագրին՝ Ռուսաստանը պէտք է յատկացնէր 25 հազարնոց բանակ մը, որ Դարիալի կիրճով ու Կասպից ծովով պիտի մտնէր Հայաստան, ուր անոր պիտի միանային հայ ու վրացի ապստամբները եւ, համատեղ ուժերով, օգտուելով Պարսկաստանի ընդհանուր թուլութենէն, կարճ ժամանակի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլար ազատագրել Արեւելեան Հայաստանը։
Ըստ Իսրայէլ Օրիի՝ ռուսական օգնութիւնը պէտք է զուգակցուէր հայերու ապստամբական լայն շարժումին՝ իբրեւ ազատագրութեան եւ հայրենի պետականութեան վերականգնման կայուն երաշխիքի։
Գիտակցելով՝ որ Արեւելեան Հայաստանը ազատագրելու անյաջող փորձը կրնար վտանգաւոր կացութիւն ստեղծել հայ ժողովուրդին համար, Իսրայէլ Օրի կը ձգտէր ապահովել Ռուսաստանի եւ Հռոմի Սրբազան Կայսրութեան հակաթրքական համախոհութիւնն ու միացեալ ճակատը, որպէսզի միաժամանակ կարելի ըլլար հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դուրս բերել ազգային սահմանափակումէ։ Այդ նպատակով ալ Օրի սերտ յարաբերութիւններ հաստատեց Մոսկուա ապաստանած Իմերեթի թագաւոր Արչիլ Բ.ի, իսկ հետագային նաեւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ։
Ծրագիրը ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ 1701ի Յուլիս 25ին։ Հոկտեմբերին, Պետրոս Մեծը ընդունեցաւ եւ յատուկ զրոյց ունեցաւ Իսրայէլ Օրիի եւ Մինաս վարդապետի հետ, իսկ 1702ի Մարտին հայ պատուիրակներուն պաշտօնապէս յայտնուեցաւ, որ ռուսական արքունիքը Հայաստանի ազատագրութեան խնդրով կը զբաղուի միայն շուետական պատերազմէն յետոյ։
1703ին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ եւ ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի քարտէսը։ Իսկ դէպի Անդրկովկաս նախատեսուող արշաւանքի յաջողութեան համար, Իրանի ներքին կացութեան վերաբերեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ հայ ու վրացի ապստամբական ուժերը համախմբելու նպատակով՝ ռուսական արքունիքը հաւանութիւն տուաւ նաեւ Իսրայէլ Օրիի առաջադրած Պարսկաստանի մօտ ռուսական դեսպանութիւն հաստատելու եւ անոր իրագործումը անձամբ Օրիի վստահելու գաղափարին։
Դեպանութեան նկատմամբ կասկածանք չառաջացնելու նպատակով՝ 1704ին Իսրայէլ Օրի մեկնեցաւ Եւրոպա, Հռոմի Պապէն ձեռք բերաւ պարսկական տիրապետութեան տակ ապրող քրիստոնեաներու հալածանքը դադրեցնելու մասին Պարսից Շահին ուղղուած դիմում, նաեւ՝ գնեց զէնքեր ու 1706ին վերադարձաւ Ռուսաստան։ Պետրոս Մեծը նոյնպէս գրեց համանման դիմում, Իսրայէլ Օրիին շնորհեց ռուսական բանակի գնդապետի աստիճան եւ զինք նշանակեց դեսպանութեան ղեկավար ու 1707ին ուղարկեց Պարսկաստան։
Շքախումբով եւ ռազմական ջոկատի ուղեկցութեամբ՝ Իսրայէլ Օրի 1708ի սկիզբը մուտք գործեց պարսկական պետութեան սահմանները։ Չնայած, որ Օրի պաշտօնապէս Հռոմի Պապի դեսպանն էր, սակայն ան հանդիպեցաւ մեծ արգելքներու։ Իրանի մէջ գործող եւրոպական, յատկապէս ֆրանսական միսիոնարները Հուսէյին Շահին ներշնչեցին, թէ Իսրայէլ Օրիի նպատակը հայկական պետութեան վերականգնումն է։ Այնուամենայնիւ, 1709ին, Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ տեսակցիլ Շահին հետ։
Այնուհետեւ Օրի վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր եւ մնաց մինչեւ 1711։ Այդ շրջանին հանդիպումներ ունեցաւ Հայոց Կաթողիկոս Ալեքսանդր Աշ Ջուղայեցիի, Աղուանաց Կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի, հայ մելիքներու եւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ՝ առաջադրելով ազատագրական կռուին շղթայազերծումը եւ ընդհանուր ճակատի ու հայկական միացեալ զօրական ուժերու ստեղծումը։
Այդ շփումներու ծիրէն ներս, Եսայի Հասան-Ջալալեանի հետ Իսրայէլ Օրի 1711ին մեկնեցաւ Աստրախան, ուր Օգոստոս ամսուն, մութ հանգամանքներու մէջ, յանկարծամահ եղաւ։
Այդպէ՛ս յանկարծական եւ վաղաժամ ընդհատուեցաւ կեանքն ու գործունէութիւնը Իսրայէլ Օրիի՝ հայ ազգային-քաղաքական առաջին այն գործիչին, որ սկզբնաւորեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին քաղաքական, այլեւ դիւանագիտական հետապնդումը։
Թէեւ Իսրայէլ Օրիի մշակած եւ տենդագին հետապնդած ծրագիրները չիրկանացան, բայց անոր գաղափարները երկար ժամանակ սնուցանեցին հայ ազատագրական միտքը, դարձան ներշնչման աղբիւր հայոց հետագայ սերունդներու ազգային ազատագրութեան պայքարին համար։

Ն.