99 տարի առաջ այս օրը՝ 5 Նոյեմբերին, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, որուն իթթիհատական կառավարութիւնը արդէն նետուած էր Առաջին Աշխարհամարտի գեհենին մէջ՝ Գերմանիոյ եւ անոր զինակից Կեդրոնի ուժերուն կողքին դիրք բռնելով։

Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա այդ քայլով փաստօրէն եկան զօրակցելու Դաշնակից Ուժերու իրենց գլխաւոր զինակիցին՝ Ցարական Ռուսաստանին, որ երեք օր առաջ, 2 Նոյեմբերին, պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարած էր թրքական պետութեան դէմ, որովհետեւ իթթիհատական ղեկավարութիւնը 28 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս պատերազմի փող հնչեցուցած էր Ցարական Կայսրութեան դէմ։
Շղթայակապ իրարու հետեւած պատերազմի այդ պաշտօնական յայտարարութիւնները պարզապէս եկան օրինականացնելու արդէն իրողապէս ծաւալած պատերազմը։ Կատարուած իրողութեանց հետեւող օրինական այդ քայլերը ի վերջոյ բնութագրական նշանակութիւն ունեցան՝ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկման ու ծաւալման գործնական ընթացքը բացատրելու իմաստով։
Աշխարհամարտը կանխած ժամանակաշրջանը, աւելի քան երեք տասնամեակ, անընդհատ սրած էր հակասութիւնները Հին Աշխարհին ճակատագիրը ըստ կամս տնօրինող մեծ տէրութեանց միջեւ։ Պարբերաբար բռնկած էին տեղական բնոյթի պատերազմներ, որոնք վէճերը հարթելու փոխարէն՝ անլոյծ մնացած հարցերու գորդեան հանգոյց մը առաջացուցած էին՝ ազգային-ազատագրական պայքարներու խարոյկը վառելով Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Պալքաններ։
Յատկապէս Պալքանները ունեցան վառօդի տակառի նշանակութիւն, որովհետեւ 1913ի Պալքանեան Պատերազմը ծանրագոյն հարուած հասցուցած էր Եւրոպական մեծ տէրութիւններէն երկու միապետութեանց՝ Աւստրօհունգար եւ Օսմանեան կայսրութեանց։ Նոյն Պալքաններէն ալ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը 28 Յունիս 1914ին, երբ սերպ ազգայնական յեղափոխական մը ահաբեկեց Աւստրօհունգար կայսրութեան գահաժառանգ Ֆերտինանտ իշխանը։ Գահաժառանգի ահաբեկումին անմիջապէս հետեւեցան պարագայական ռազմական ընդհարումներ, որոնք ախտանշանն էին տասնամեակներով կուտակուած Հին Աշխարհի հակասութիւնները՝ գաղթատիրական մրցապայքարը զինու զօրութեամբ լուծելու մեծապետական հիւանդութեան։
Հակադիր ճամբարներու՝ Կեդրոնի եւ Դաշնակից ուժերու վերածուած Եւրոպական վեց մեծ պետութիւններու միջեւ սկսած իրողական պատերազմը շուտով եւ պաշտօնապէս արիւնոտ իր ջաղացքին մէջ առաւ ատենի քաղաքական աշխարհի 52 պետութիւններէն 35ը, աւելի քան 70 միլիոն զինուոր հաշուող բանակներ իրարու դէմ կռուի դաշտ նետելով եւ 15 միլիոն զոհ խլելով։
Հայ մարդուն յատկապէս կը յուզէ Առաջին Աշխարհամարտի ողբերգական ընթացքը այսպէս կոչուած Արեւելեան Ճակատին վրայ, ուր իթթիհատական եռապետութիւնը (Էնվեր, Թալաաթ եւ Ճեմալ) 2 Օգոստոսին Գերմանիոյ հետ ստորագրեց զինակցութեան գաղտնի համաձայնագիր մը եւ գործնապէս միացաւ Աշխարհամարտին, առանց որ պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարէ Դաշնակիցներուն դէմ։
Թէեւ 99 երկար տարիներ անցած են այդ ժամանակներէն ասդին, բայց պատմութիւնը տակաւին կը շարունակէ լուսարձակի տակ պահել այժմէական դասերու ամբողջ շարք մը թէ՛ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին, թէ՛ անոր հետեւած անմիջական կամ ապագայ հանգրուաններուն, թրքական պետութեան որդեգրած կողնորոշումներուն եւ անպատիժ գործած ոճիրներուն վերաբերեալ։
Պատմական այդ դասերու շարքին յատուկ կարեւորութիւն ունի Հայկական Հարցին նկատմամբ թրքական պետութեան որդեգրած ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ, անոր զուգահեռ, մեծապետական աշխարհին ցուցաբերած գաղթատիրական սադրանքներուն սպառիչ ախտաճանաչումը։ Հայկական Ցեղասպանութեամբ սկսած եւ բուն Հայաստանի աւելի քան երկու երրորդին բռնագրաւումով ամբողջացած թուրք պետական ցեղամոլ վարքագիծը դեռ չէ արժանացած համապատասխան մերկացման ու դատապարտանքի։ Ընդհակառա՛կն. մինչեւ մեր օրերը կը շարունակուի թուրք պետական յանցագործութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումով ու Հայասպանութեան մերկապարանոց ուրացումով։ Աւելի՛ն. նաեւ մեր օրերուն շարունակուող թրքական հայամերժ քաղաքականութիւնը շարունակ կþարժանանայ մեծապետական աշխարհի ծածուկ կամ բացայայտ մեղսակցութեան։
Այսօր արդէն գաղտնիք չէ, որ 1913ի Պալքանեան պատերազմին անփառունակ պարտութիւն կրած եւ Պալքաններէն վերջնականապէս զրկուած Օսմանեան Կայսրութիւնը 1914ին կը գտնուէր կենաց¬մահու կռիւ մղող մահամերձ պետութեան կացութեան մէջ։ Կը դիմագրաւէր ամբողջական կազմալուծման ու քայքայման ստոյգ օրհասը։ Իսկ կայսերապետական ազգայնամոլութեամբ վարակուած թուրք պետական մտածողութիւնը, ծանրօրէն խոցուած կատաղի գազանի մը նման, փոխանակ իր մէջ փնտռելու չարիքին աղբիւրները, փրկութեան ելքն ու ներքին միասնականութեան ռազմավարական երաշխիքը կը նկատէր արեւելեան նահանգներու հայ եւ ոչ-թուրք բնակչութեան, ինչպէս եւ Կիլիկիոյ հայութեան ֆիզիքական բնաջնջումը։
Այդպէս ալ եղաւ։ Արեւելքէն ու Հարաւէն յառաջացող Դաշնակիցներու՝ ֆրանսական, բրիտանական եւ ռուսական զօրքերու դէմ պատերազմական գործողութիւնները պատրուակելով, իթթիհատական իշխանութիւնը ձեռնամուխ եղաւ հայերու տեղահանութեան, որ յարմարագոյն եղանակն էր հայ ժողովուրդի բնաջնջման թրքական՝ համիտեան ժամանակաշրջանէն եկող պետական մեծ ոճիրի ծրագիրը գործադրելու համար։
Թրքական պետութեան ցեղասպանական ծրագրին ամբողջական գիտակցութիւնը ունէր մեծապետական Եւրոպան։ Համիտեան կոտորածներն ու 1909ի Կիլիկեան ջարդը բաւարար էին՝ մանուկն անգամ մղելու այն սթափ գնահատանքին, որ 1913ի Պալքանեան պատերազմէն ետք ներկայացող համաշխարհային ցնցումի առաջին առիթն իսկ թրքական պետութիւնը պիտի ծառայեցնէր հայ ժողովուրդէն ցեղասպանութեան միջոցաւ «ձերբազատուելու» իր ծրագրին գործադրութեան։
Եթէ Գերմանիան մեծ զինակիցն էր Թուրքիոյ եւ պատճառ ունէր չսանձելու թրքական ոճրագործութիւնը, Դաշնակիցներ Ռուսաստանը, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան՝ պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարելով Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, որեւէ պատճառ չունէին անտարբերութեամբ նայելու հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուող ցեղասպանութեան։ Ընդհակառա՛կն. ամէն պատճառ ունէին թումբ կանգնելու թրքական խորշակին։
Պատմութիւնը եկաւ արձանագրելու, որ թէ՛ Աշխարհամարտի ընթացքին, թէ՛ այնուհետեւ՝ պատերազմական աւարը իրենց միջեւ բաժնուելու ժամանակ, մեծապետական ուժերը միայն խօսքով զօրավիգ կանգնեցան հայ ժողովուրդի արդարագոյն պահանջատիրութեան։ Աւելի՛ն. Դաշնակիցները դարձան դաւադիր մեղսակիցները Քեմալական Թուրքիոյ ստեղծման ու հզօրացման, նախ՝ նորովի ոտնակոխելով հայ ժողովուրդին իրաւունքները, ապա՝ մինչեւ մեր օրերը անպատիժ ձգելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումն ու Հայաստանը ամէն գնով խեղդամահ դարձնելու թրքական քայլերը։
5 Նոյեմբեր 1914ի պատմական էջը լուսարձակի տակ առնելով՝ հայ մարդը ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունի այս դաժան դասերու պրիսմակէն նայելու հայեւթուրք մերձեցման ու հաշտեցման գովքը հիւսող մեծապետական սին քարոզներուն։ Հայաստանը պարփակող Մերձաւոր Արեւելքը չի կրնար դառնալ մեծապետական աշխարհի քարոզած ազատ ու կայուն, ժողովրդավարական եւ խաղաղ տարածաշրջանը, այնքան ատեն որ թրքական պետութիւնը հաշուետուութեան չէ կանչուած, այլեւ՝ անխուսափելի քաղաքական հատուցում կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ դրուած։
Ի վերջոյ յատկապէս մեծապետական աշխարհը չի կրնար անտեսել, որ այս օրերուն սուրիական տագնապին մէջ իր գործած ոտնձգութիւններով, ինչպէս նաեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին իր հրահրած ազգային ու կրօնական հակամարտութիւններով՝ թրքական պետութիւնը փաստօրէն կը շարունակէ առաւելագոյնս օգտուիլ մեծապետական աշխարհի ներքին մրցապայքարներէն, որպէսզի յագուրդ տայ օսմանեան դարաշրջանի մեծապետական ուժի իր դիրքերը հնարաւորինս վերականգնելու... ախորժակին։

Ն.