Հայոց յուշատետրին 3 Նոյեմբեր 1920ի էջը լեցուն է թրքական եղեռնագործութեան, ինչպէս նաեւ մեծապետական մեղսակցութեան մասին վկայող դառն ու դաժան դասերով։
Նոյեմբեր 3ի այս օրը, 94 տարի առաջ, վարագոյրը իջաւ հերոսական Հաճընը գրաւելու, հրկիզելու ու քարուքանդ աւերելու քեմալական զօրքին ոճրագործութեան վրայ։
Կիլիկիոյ հայակերտ ու հայաբնակ քաղաքին՝ Հաճընի վերջնական անկումին 94րդ տարելիցն է այսօր։
Հաճընի հայութիւնը ութ ամիս շարունակ ինքնապաշտպանութեան անհաւասար կռիւ մղեց թրքական ասպատակող, պարտուող, նահանջող եւ դարձեալ յարձակող զօրքերուն դէմ։ Հայուն դիմադրական կորովին եւ յաղթելու վճռականութեան դէմ յանդիման անզօր մնացին թուաքանակով եւ զինամթերքով գերակշիռ ուժ ներկայացնող թրքական զօրքերը։ Եւ հերոսական Հաճընի անկումը բացառուած էր, եթէ շրջանին վրայ ռազմական իր գերակշռութիւնը հաստատած Դաշնակից Ֆրանսան, քաղաքական ինչ-ինչ հաշիւներէ մղուած, դիմած չըլլար Կիլիկիան քեմալականներուն զիջելու խոստմնադրուժ քայլին…
Այդպէ՛ս, Ֆրանսա որոշեց պարպել Կիլիկիան եւ Հաճնոյ հերոսական հայութիւնը դրաւ կա՛մ ֆրանսական զօրքին հետ նահանջելու, կա՛մ քեմալական անխուսափելի ներխուժման եւ անոր հետ եկող բնաջնջման վտանգին ենթարկուելու դաժան ընտրանքին առջեւ։
Այդպէ՛ս տեղի ունեցաւ 3 Նոյեմբեր 1920ին Հաճնոյ վերջնական անկումը։
Հնագոյն ժամանակներէ եկած քաղաք էր Հաճընը՝ Քրիստոսէ առաջ Ա. դարուն կառուցուած իր հռոմէական բերդի աւերակներով հռչակաւոր։ Կը գտնուէր Տաւրոսեան լեռնաշղթայի եռանկիւնաձեւ բլուրի մը վրայ, Ատանա քաղաքէն 160 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք։
Հաճընի մէջ հայեր հաստատուած էին հին ժամանակներէ սկսեալ եւ մինչեւ այսօր պահպանուած կիսաւեր Ս. Յակոբ Վանքը կառուցուած էր 11րդ դարուն։ Հայոց Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին Հաճըն ապրեցաւ իր ծաղկման փառքի օրերը եւ երկար դարեր պահպանեց հայկական իր դիմագիծը, նոյնիսկ օսմանեան գրաւումէն յետոյ։
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին Հաճըն ունէր 35 հազար բնակիչ, որուն մօտաւորապէս 30 հազարը հայեր, իսկ մնացեալը թուրքեր էին, որոնք կը բնակէին քաղաքի արուարձաններուն մէջ։ Քաղաքին առեւտուրն ու արհեստները հայերու ձեռքն էր. ունէին ինը եկեղեցիներ ու տասնեակաւոր դպրոցներ, որոնց շարքին հռչակաւոր էր «Սահակ¬Մեսրոպեան» վարժարանը։ Հաճընի հայութիւնը ենթարկուեցաւ 1896ի համիտեան ջարդերուն եւ 1909ի իթթիհատական կոտորածին, իսկ 1915ի Մեծ Եղեռնի ժամանակ իր կարգին տարագրուեցաւ ու Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մեծ մասով զոհ գնաց թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրին։
1918ին, Աշխարհամարտի աւարտէն եւ Օսմանեան Կայսրութեան պարտութենէն ետք, երբ Դաշնակից ուժերու՝ Ֆրանսայի ու Անգլիոյ միջեւ կնքուած Սայքըս¬Փիքոյի պայմանագրով Կիլիկիան դրուեցաւ ֆրանսական հոգատարութեան տակ, շուրջ 8000 վերապրող հայեր վերադարձան Հաճըն եւ արագօրէն վերակառուցեցին քանդուած քաղաքը։
Բայց վերականգնումի եւ վերաշինութեան հայկական կենսունակութիւնը շուտով վերստին վտանգուեցաւ 1920ի գարնան, երբ Քեմալի հետ գաղտնի գործարքով՝ Ֆրանսա թուրք ազգայնամոլներուն զիջեցաւ հայկական Կիլիկիան եւ որոշեց իր զօրքը հեռացնել ամբողջ շրջանէն։ Քեմալական բանակը յարձակողականի անցաւ ու ֆրանսական զօրքերու հեռացման հետ գրաւեց, յաջորդաբար, Ուրֆան եւ Այնթապը, Մարաշն ու Սիսը՝ ճզմելով հայոց ինքնապաշտպանութիւնը եւ կոտորելով անզէն ժողովուրդը։
Հաճընի հայութիւնը կանուխէն ձեռնարկեց իր ինքնապաշտպանութեան՝ միաժամանակ յուսալով, որ Դաշնակից Ուժերու կողքին կռուած Հայկական Լեգէոնի կազմութեան ձեռնարկած Ֆրանսան հայութիւնը այդպէս առանձին չի լքեր կատաղած թշնամիին դէմ։ Հաճընի հոգեւոր առաջնորդ Պետրոս Սարաճեանի նախագահութեամբ կազմուեցաւ ինքնապաշտպանական խորհուրդ մը՝ հայկական երեք կուսակցութեանց մասնակցութեամբ եւ միասնական ղեկավարութեամբ, ի մի բերելով Հայկական Լեգէոնի լուծարումէն ետք իրենց զէնքերը պահպանած հաճընցի հերոսամարտիկները։
Մարտ 1920ի առաջին օրերէն սկսեալ Հաճըն հերոսաբար դիմադրեց թրքական ամէն կարգի ներխուժման փորձերուն։ Թէեւ լքուած ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ՝ Հաճընի հերոս հայութիւնը շուրջ ութ ամիս քաջաբար դիմադրեց քեմալականներու քաղաք մուտքին, բայց ժամանակն ու քաղաքական պայմանները գործեցին թուրքերու օգտին։ Հոկտեմբեր 1920ի վերջերուն, քեմալականները մտան Հաճըն եւ ձեռնարկեցին պաշարուած քաղաքին մէջ մնացած վեց հազար հայերու կոտորածին։ Չխնայեցին մանուկին, ծերունիին կամ կանանց։ Միայն 365 հայեր կրցան ճեղքել պաշարման շղթան եւ փրկուիլ թրքական արհաւիրքէն։ Նոյեմբեր 3ին ոչ մէկ շնչաւոր հայ էակ ողջ մնացած էր. ամբողջ քաղաքը հրոյ ճարակ դարձած ու քարուքանդ եղած էր։
Հաճնոյ հայութեան հերոսամարտը մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն փառահեղ էջերէն մէկը կը հանդիսանայ եւ անջնջելի կը մնայ պահանջատէր հայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ՝ իր արժանաւոր հերոսներով ու ռազմական քաջագործութիւններով։
Նաեւ՝ անմոռանալի կը մնայ իր ահաւոր վախճանին խտացուցած դասերով, որովհետեւ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած հայասպանական մեծ ոճիրէն ետք անգամ, փոխանակ ցեղասպան Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչելու եւ քաղաքական հատուցման հարկադրանքին տակ դնելու, Եւրոպան մեղսակցեցաւ դահիճին հետ եւ վերապրող հայութիւնը կրկին զոհաբերեց ոսոխին։
Հերոսական Հաճընին բաժին հանուած ողբերգական վախճանը չեն կրնար մոռնալ հայութեան նորահաս սերունդները։
Ն.